­Թուր­քիոյ մղու­մով Էվ­րո­սի սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ հա­սած տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր գաղ­թա­կան­նե­րը կը փոր­ձեն ա­պօ­րի­նի կեր­պով խու­ժել ­Յու­նաս­տան, «պա­տե­րազ­մա­կան» վի­ճակ մը ստեղ­ծե­լով սահ­ման­նե­րու եր­կայն­քին։
­Յու­նաս­տան ա­մէն մի­ջոց­նե­րով կը փոր­ձէ ար­գելք հան­դի­սա­նալ ա­նոնց մուտ­քին, տե­ղա­կա­յե­լով յա­ւե­լեալ յա­տուկ ոս­տի­կա­նա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ջո­կատ­ներ, հսկե­լու հա­մար սահ­ման­նե­րու բո­լոր մա­սե­րէն մուտ­քը ­Յու­նաս­տան։
­Քաս­թա­նիէ­սի մուտ­քին առ­ջեւ հա­ւա­քո­ւած հա­զա­րա­ւոր գաղ­թա­կան­ներ ար­ցուն­քա­բեր կա­զե­րով, քա­րե­րով եւ այ­րած փայ­տե­րով փոր­ձե­ցին ճեղ­քել ա­պա­հո­վու­թեան ու­ժե­րու շղթան եւ անց­նիլ ­Յու­նաս­տան։ Ան­մի­ջա­կան ե­ղաւ յու­նա­կան ու­ժե­րու հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը, ո­րոնք կա­րո­ղա­ցան կան­խել ա­ւե­լի քան 25.000 գաղ­թա­կան­նե­րու ա­պօ­րի­նի ներ­խու­ժու­մը։ ­Միա­ժա­մա­նակ, ա­նոնք օգ­տա­գոր­ծե­լով Էվ­րոս գե­տի ցած մա­սե­րը, գի­շեր­նե­րը կը փոր­ձեն ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քը մտնել։ Ար­դէն տաս­նեակ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են։
­Նոյն ա­տեն, ծո­վա­յին ճամ­բով գաղ­թա­կան­ներ կը փոր­ձեն հաս­նիլ յու­նա­կան կղզի­նե­րը, մինչ յու­նա­կան նա­ւա­տոր­մի­ղը կը հսկէ եր­կար տա­րածք մը։ ­Յայտ­նի դար­ձած է, որ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հրա­հան­գով, թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը գաղ­թա­կան­նե­րը կը մղեն դէ­պի ա­րեւ­մուտք եւ ա­մէն կեր­պով կ­‘օգ­նեն, որ­պէս­զի ա­նոնք հաս­նին սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ, կամ նա­ւեր տրա­մադ­րե­լով ա­նոնց կը քշեն դէ­պի յու­նա­կան կղզի­նե­րը։
­Յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բե­րը յայտ­նեց, որ ­Յու­նաս­տան դի­մա­կա­յած է իր սահ­մա­նը ոտ­նա­հա­րե­լու կազ­մա­կեր­պո­ւած, հա­ւա­քա­կան ու ա­պօ­րի­նի փորձ մը:
­Կի­րա­կի գի­շեր, կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի նիս­տէն ետք, յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ հինգ ան­մի­ջա­կան քայ­լե­րու կի­րա­ռու­մը, հո­սանք­նե­րու ա­պօ­րի­նի մուտ­քին ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար։
Եւ­րո­պա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ուր­սու­լա ­Ֆոն ­Տեր ­Լա­յըն յայտ­նեց, որ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը մտա­հո­գու­թեամբ կը հե­տե­ւի գաղ­թա­կան­նե­րուն ­Թուր­քիա­յէն դէ­պի ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ միու­թեան սահ­ման­ներ հոս­քին` ա­ւելց­նե­լով, թէ ­Յու­նաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած տագ­նա­պը եւ­րո­պա­կան տագ­նապ է, իսկ ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նին գլխա­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նին եւ ­Պուլ­կա­րիոյ ամ­բող­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թեան տրա­մադ­րումն է, եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց ցա­մա­քա­յին սահ­ման­նե­րուն վրայ ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու:
Ե­րեք­շաբ­թի օր, վար­չա­պետ ­Մի­ցո­թա­քիս եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ պի­տի այ­ցե­լեն սահ­մա­նա­գի­ծը մօ­տէն քննե­լու հա­մար ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թիւ­նը։ Ուր­բաթ օր կը սպա­սո­ւի Ե.Մ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ար­տա­կարգ նիս­տը գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցով։ ­Մինչ այդ, յու­նա­կան կող­մի դի­մու­մէն ետք, FRONTEXը պի­տի ստանձ­նէ սահ­մա­նա­գի­ծի հսկո­ղու­թիւ­նը։