Հ.Կ.­Խա­չի Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը Շա­բաթ՝ 8 Յու­նիս 2019ին կազ­մա­կեր­պեց միօ­րեայ պտոյտ մը Համ­բարձ­ման տօ­նին ա­ռի­թով, դէ­պի Օ­սիօ Լու­քա եւ Ան­տի­քի­րա Վիո­թիաս շրջա­նը:
Պ­տոյ­տին՝ ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը տրո­ւե­ցաւ Օ­սիօս Լու­քաս վան­քը: Այս վան­քը կը նե­րառ­նո­ւի «UNESCO»ի մշա­կու­թա­յին ցան­կին մէջ: Իս­կա­պէս բա­ցա­ռիկ ե­կե­ղե­ցի մըն է: Շատ մեծ, ծա­ռա­խիտ տա­րա­ծու­թեան վրայ, վան­քը կը տի­րա­պե­տէ շրջա­նին մէջ: Սր­բան­կար­նե­րը, խճան­կար­նե­րը, մար­մա­րով պա­տո­ւած ու ա­պա­կի­նե­րով պաշտ­պա­նո­ւած բո­լոր ա­ռար­կա­նե­րը կը յի­շեց­նեն ե­կե­ղեց­ւոյ հնու­թիւ­նը եւ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, նա մա­նա­ւանդ պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն:
Ն­շուե­լու ար­ժա­նի է վան­քի շրջա­կայ­քի բնու­թիւ­նը: Ծա­ռեր եւ բոյ­սեր՝ շատ լաւ խնա­մո­ւած, ի­րենց շու­քով ու զո­վու­թեամբ, կը հանգս­տաց­նեն այ­ցե­լո­ւին մար­մինն ու հո­գին:
Մեկ­նե­լով վան­քէն, ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցանք դէ­պի Ան­տի­քի­րա­յի ծո­վա­փը, կէ­սօ­րո­ւան ճա­շի հա­մար:
Վար­չու­թիւ­նը՝ իր կազ­մա­պեր­պած պտոյտ­նե­րուն հե­տե­ւող ու հա­ւա­տա­րիմ ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ, ճա­շէն ետք՝ փոր­ձեց հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թիւ­նը պահ­պա­նել ու փո­խան­ցել նոր սե­րուն­դին: Ինք­նա­շար­ժին մէջ, տե­ղե­կու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան այ­ցե­լու­թեան վայ­րե­րուն ու Համ­բարձ­ման տօ­նին մա­սին: Ն­շո­ւե­ցաւ՝ որ Ք­րիս­տո­սի Համ­բարձ­ման տօ­նը հայ քրիս­տո­նեա­նե­րը նշած են ժո­ղովր­դա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րով՝ «­Ջան գիւ­լում»ի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով (գիւլ` կը նշա­նա­կէ վարդ, ծա­ղիկ): Տօ­նը Հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ նշուած է ու ա­ւան­դոյ­թը պահ­պա­նո­ւած է: Զա­տի­կէն ետք Հա­յաս­տա­նի շատ գա­ւառ­նե­րու մէջ կը սկսէր «կա­թի պա­սը», այ­սինքն, կաթ­նամ­թերք չէին օգ­տա­գոր­ծեր, որ­պէս­զի կո­վե­րու կա­թը չպակ­սի: Համ­բարձ­ման տօ­նին «կա­թի պա­սը» կը լուծուի: Այս եւս կա­պո­ւած է մայ­րու­թեան, պտղա­բե­րու­թեան պաշ­տա­մուն­քին հետ:
Համ­բարձ­ման վաղ ա­ռա­ւօ­տեան բո­լոր տու­նե­րուն մէջ կաթ­նա­պուր կ’ե­փէին, ո­րու տակ վա­ռո­ւող կրա­կին մէջ կը դնէին եօ­թը տար­բեր բա­կե­րէ հա­ւա­քած ճիւ­ղեր:
Եր­բեմն կաթ­նա­պու­րը կ’ե­փէին խմբո­վին, ար­տե­րուն մօտ:
Ե­փե­լէն ետք կաթ­նա­պու­րէն քա­նի մը շե­րեփ կը թա­փէին ար­տին շուր­ջը, որ­պէս­զի տա­րին ա­ռատ ըլ­լայ, իսկ բեր­քը ա­պա­հով ըլ­լայ կար­կու­տէ եւ այլ վնաս­նե­րէ:
Համ­բար­ձու­մը բնա­պաշ­տա­կան ժա­մա­նակ­նե­րուն նշո­ւած է, որ­պէս բնու­թեան զար­թօն­քի, կե­նա­րար ու­ժե­րու տօն: Համ­բարձ­ման օ­րը նա­խա­պէս կը կա­տա­րո­ւի ծաղ­կա­հա­ւաք, բազ­մա­գոյն ծա­ղիկ­ներ կը դրո­ւին աղ­բիւ­րի ջու­րով լե­ցո­ւած ա­մա­նի մէջ, ուր եւ աղ­ջիկ­նե­րը կը դնեն «վի­ճա­կի ա­ռար­կա­ներ»՝ ի­րենց պատ­կա­նող փոք­րիկ ի­րեր:
Հարս­ներն ու աղ­ջիկ­նե­րը միա­սին կ­’եր­թան բնու­թեան մէջ՝ դաշ­տե­րուն կամ այ­գի­նե­րուն զբօս­նե­լու-ու­րա­խա­նա­լու: Կ’ու­տեն-կը խմեն-կ­’եր­գեն, իսկ յե­տոյ կը սկսի վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը: Ե­րե­սը քո­ղով ծած­կած փոք­րիկ աղջ­կան մը կը նստեց­նեն խում­բի մէջ­տե­ղը, վի­ճա­կի ա­մա­նի մը մօտ, կ­’եր­գեն ա­ւան­դա­կան քա­ռա­տո­ղեր, իսկ աղջ­նա­կը ա­մէն քա­ռա­տո­ղէ ետք իր մը կը հա­նէ ծա­ղիկ­նե­րով ու ջու­րով լե­ցուն ա­մա­նէն: Ո­րուն որ կը պատ­կա­նի ա­ռար­կան, կը հա­մա­րո­ւի, որ ա­նոր մա­սին կ’եր­գո­ւի քա­ռա­տո­ղը՝ վատ կամ լաւ կան­խա­տե­սում­նե­րով:
Այս­պէս ալ փոր­ձո­ւե­ցաւ վե­րա­կեն­դա­նաց­նել ա­ւան­դու­թիւ­նը: Կէ­սօ­րո­ւան կեր ու խու­մէն ետք, պտոյ­տին մաս­նակ­ցող­նե­րը շրջա­նակ մը կազ­մե­լով՝ ըստ ա­ւան­դու­թեան, տօ­նե­ցին Համ­բար­ձու­մը:
Ու­րախ եւ հա­ճե­լի ժամ մը ան­ցաւ ու լաւ տրա­մադ­րու­թեամբ վե­րա­դար­ձի ճամ­բան առ­նո­ւե­ցաւ:
Վար­չու­թեան կող­մէ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նո­ւե­ցաւ մաս­նակ­ցող­նե­րուն, որ միշտ կը քա­ջա­լե­րեն մաս­նա­ճիւ­ղի ձեռ­նարկ­նե­րը:

Թղ­թա­կից