­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թով ժա­պա­ւէն մը

­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թով ժա­պա­ւէն մը ար­ժա­նա­ցաւ ­­Յու­նաս­տա­նի շար­ժա­պատ­կե­րի ա­շա­կեր­տա­կան փա­ռա­տօ­նին ա­ռաջ­նու­թեան

0
925

Ուր­բաթ՝ 10 ­­Մա­յիս 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11ին, ա­նո­ւա­նի բե­մադ­րի­չի ա­նո­ւան՝ «­­Մի­խա­լիս ­­Քա­քոեա­նիս հաս­տա­տու­թիւն» թա­տե­րաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ պար­գե­ւատ­րում մը, մաս­նակ­ցու­թեամբ` մեծ թի­ւով դպրո­ցա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու — ամ­բողջ ­­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քէն, եւ երկ­րի պե­տա­կան, կա­ռա­վա­րա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին Ա­շա­կեր­տա­կան ­­Մի­ջազ­գա­յին ­­Շար­ժա­պատ­կե­րի ­­Փա­ռա­տօ­նի պար­գե­ւատ­րում­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան ու ա­ւար­տա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցէին ի­րենց ընդ­հա­նու­րին մէջ ամ­բողջ ­­Յու­նաս­տա­նէն ու ­­Կիպ­րո­սէն տար­բեր մա­կար­դա­կի 300 վար­ժա­րան­ներ 65.000 ա­շա­կերտ­նե­րով:
­­Սոյն փա­ռա­տօ­նը կ’ի­րա­գոր­ծո­ւի ­­Յու­նաս­տա­նի ձայ­նաս­փիւռ-հե­ռա­տե­սի­լի ե­լեկտ­րո­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու, ա­նոր հա­մա­պա­տաս­խան յու­նա­կան նա­խա­րա­րու­թեան, Ա­թէն­քի մօտ ­­Կիպ­րո­սի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տան, ­­Յու­նաս­տա­նի ­պե­տա­կան հե­ռա­տե­լի­լի բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէ­նու­թեան, հիւ­սի­սա­յին ­­Յու­նաս­տա­նի Տ­րա­մա եւ ­­Սե­րէս քա­ղաք­նե­րու շար­ժա­պատ­կե­րի կար­ճա­մեթ­րաժ փա­ռա­տօ­նի տնօ­րէ­նու­թեանց եւ յա­րա­կից այլ կա­ռոյց­նե­րու:
­­Փա­ռա­տօ­նը կը վա­յե­լէր պաշ­տօ­նա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ­­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հա­կան բա­ժան­մուն­քի հա­ղոր­դակ­ցա­կան գրա­սե­նեա­կի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­թեան, ­­Յու­նաս­տա­նի կ­­րօ­նից ու կր­­թու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան, Ա­թէն­քի մէջ ­­Կիպ­րո­սի ­­Տան եւ ­­Կիպ­րո­սի դես­պա­նա­տան կրթա­կան բա­ժան­մուն­քին:
­­Պար­գե­ւատ­րու­մի ա­րա­րո­ղու­թեան նո­ւի­րո­ւած հան­դի­սու­թեան ներ­կայ ե­ղան կ­­րօ­նից ու կր­­թու­թեան նա­խա­րար ­­Գոս­թաս ­­Ղաւ­րօղ­լու, գաղ­թա­կա­նաց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նա­խա­րար ­­Տի­միթ­րիս ­­Վի­ցաս, ե­լեկտ­րո­նա­կան ու հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նա­խա­րար ­­Նի­քոս ­­Փա­փաս, «Ե­րե­խա­յի ժպիտ» ան­պաշտ­պան ան­չա­փա­հաս­նե­րու հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէն Անտ­րէաս Եա­նո­փու­լոս, Իս­րա­յէ­լի ու ­­Կիպ­րո­սի դես­պան­ներ ու հիւ­պա­տոս­ներ, բե­մադ­րիչ­ներ, ա­րուես­տա­գէտ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­ներ ու դաս­տիա­րակ­ներ եւ թատ­րո­նը լե­ցու­ցած ա­շա­կեր­տա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ՝ նա­խակր­թա­րան, միջ­նա­կարգ եւ լի­կիոն­ներ:

***

Օ­րո­ւան ա­ռն­­չո­ւած անհ­րա­ժեշտ թղթակ­ցա­կան բա­ժի­նը ամ­բող­ջաց­նե­լով՝ նշենք, թէ հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թեան պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րը կը վե­րա­բե­րէր ­­Նէա Զ­միռ­նիի 7րդ ­լի­կիո­նի ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած ու նկա­րա­հա­նո­ւած ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թեան, որ կը վե­րա­բե­րէր 1922ի ­­Փոքր Ա­սիոյ գաղ­թա­կա­նա­կան ա­հա­ւոր ա­լի­քի հե­տե­ւանք­նե­րուն ու մէկ մի­լիոն յոյն գաղ­թա­կա­նու­թեան հետ, մօտ հա­րիւր հա­զար տա­րա­գիր հայ գաղ­կա­թա­նա­կան վե­րապ­րած բե­կոր­նե­րու Ա­թէն­քի թի­թե­ղա­պատ գաղ­թա­կա­յան­նե­րէն մէ­կուն՝ ­­Տուր­ղու­թիի ան­հիւ­րըն­կալ պայ­ման­նե­րու մէջ ա­պաս­տան գտնե­լու տխրա­յի­շա­տակ պատ­մու­թեան: ­­Ժա­պա­ւէ­նի տիտ­ղոսն էր՝ «Ο Νέος Κόσμος των Αρμενίων» («­Հա­յե­րու ­­Նէոս ­­Գոզ­մո­սը (­Նոր Աշ­խար­հը)»:
Այս ժա­պա­ւէ­նի մա­սին ա­ռիթ ու­նե­ցած ենք մեր թեր­թի է­ջե­րուն մէջ գրե­լու տա­րի մը ա­ռաջ ու նշե­լու, թէ լի­կիո­նի նիւ­թի ընտ­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ հոն ա­շա­կեր­տող հայ ա­շա­կերտ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու պնդու­մով ի­րենց տնօ­րէ­նու­թեան դի­մու­մին ու գոր­ծի կազ­մա­կերպ­ման դա­սա­ւո­րում­նե­րը ստանձ­նած Ա­թէն­քի Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ ­­Մա­նու­կեան» ­­Կո­մի­տէի, որ այս գոր­ծը իր ա­տե­նին կար­գա­ւո­րեց գա­ղու­թա­յին այլ կա­ռոյց­նե­րու՝ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բին, ­­Յու­նաս­տա­նի «­­Հա­մազ­գա­յին» ­­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան, «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թին, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին, ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չին, ո­րոնք իւ­րա­քան­չիւրն իր բնա­գա­ւա­ռէն ներս հա­մադ­րո­ւած հար­ցազ­րոյց­նե­րով, լաւ աշ­խա­տանք մը կա­տա­րեց՝ ա­շա­կերտ­նե­րու եւ ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ այս գոր­ծը լա­ւա­գոյն յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­լու ու հան­դի­սադ­րե­լու հա­մար:
Ա­հա ա´յս ­ժա­պա­ւէնն է, որ ամ­բողջ ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ՝ իբ­րեւ լա­ւա­գոյն ժա­պա­ւէն ար­ժա­նա­ցաւ դա­տա­կան 20ան­դամ կազ­մի ա­ռաջ­նու­թեան ո­րո­շու­մին ու գնա­հա­տու­մին:
­­Պար­գե­ւատր­ման օ­րը՝ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու ներ­կա­յու­թեան հա­տո­ւած­ներ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան ու ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան զուտ հայ­կա­կան ու պատ­մա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ այս ժա­պա­ւէ­նի հա­տո­ւած­նե­րէն ու տե­սա­րան­նե­րէն:
­­Պար­գե­ւատ­րու­մը կա­տա­րե­լու հրա­ւի­րո­ւած էր ­­Յու­նաս­տա­նի «­­Հա­մազ­գա­յին» ­­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. ­­Յով­սէփ ­­Պա­րա­զեա­ն, որ իր կար­գին պար­գե­ւատ­րու­մի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք խօ­սե­ցաւ 20րդ ­դա­րու Ա­ռա­ջին ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ­­Փոքր Ա­սիոյ Ա­ղէ­տին, հայ եւ յոյն գաղ­թա­կա­նու­թեան պատ­մա­կան թղթած­րա­րի հե­տե­ւանք­նե­րուն եւ ­­Թուր­քիոյ ներ­կայ ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­պա­ռողջ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին:
­­Փա­ռա­տօ­նին տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, տեղ­ւոյն վրայ խնդրեց մեր ըն­կե­րոջ­մէ, որ կա­տա­րէ փա­ռա­տօ­նի երկ­րոր­դու­թեան կար­գին ար­ժա­նա­ցած հրէա­կան «­­Հո­լո­քոսթ» ժա­պա­ւէ­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան պար­գե­ւատ­րումն ալ: ­­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէր Ա­թէն­քի Իս­րա­յէ­լի դես­պա­նու­հին:
«Ο Νέος Κόσμος των Αρμενίων» ժա­պա­ւէ­նը կա­րե­լի է դի­տել հե­տե­ւեալ հաս­ցէին՝ https://www.youtube.com/watch?v=jFZuDjZaHaI

Թղթակից