Ո­րոշ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կ­‘ար­ժա­նա­նան յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան՝ ի­րենց մտա­ծու­մի, նպա­տա­կի եւ գոր­ծադ­րու­թեան ո­ճի խորհր­դան­շա­կան բնոյ­թին պատ­ճա­ռով: Էու­թիւնն այն է, որ նա­խա­ձեռ­նու­թեան ներ­քին բնու­թա­գիրն ու բա­ղադ­րի­չը իր մար­դա­սի­րա­կան դի­տա­ւո­րու­թե­նէն ան­դին, շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կը կազ­մէ պատ­մա­կան ող­բեր­գու­թեան մը վկա­յա­կո­չու­մին, որ կը վե­րապ­րեց­նէ յու­շը ու միա­ժա­մա­նակ իր պատ­գամ­նե­րը կը տա­րա­ծէ քա­ղա­քա­կիրթ հա­սա­րա­կու­թեան:
­Բա­ցատ­րենք:
­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Տո­տէ­քա­նէ­զի (Եր­կո­տաս­նեայ կղզի­նե­րու) մայ­րա­քա­ղաք՝ թրքա­մերձ ­Ռո­տոս կղզիի մաս­նա­ճիւ­ղը՝ «­Տիգ­րան-Եր­կաթ», 1915ի Ապ­րի­լեան մեր մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին, նա­խա­ձեռ­նեց հայ­կա­կան սե­ղան մը սար­քել կղզիի յա­տուկ կա­րի­քի ե­րե­խա­նե­րու հաս­տա­տու­թեան պատս­պա­րեալ պա­տա­նի­նե­րուն եւ պար­մա­նու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ անոնց դաս­տիա­րակ­նե­րուն ու հսկիչ­նե­րուն հա­մար: ­Սոյն հիւ­րա­սի­րու­թեան ճա­շե­րը սի­րա­յօ­ժա­րօ­րէն հո­գա­ցած էր ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, ըն­դա­ռա­ջե­լով «­Հա­մազ­գա­յին»ի հրա­ւէ­րին, հա­կա­ռակ որ միու­թիւ­նը կը գտնո­ւէր իր տա­րե­կան սի­րոյ պա­զա­րի ե­ռուն օ­րե­րու նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան մէջ:
­Ճա­շա­սե­ղա­նի ըն­թաց­քին կը սփռո­ւէր հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն եւ իւ­րա­քան­չիւր սե­ղա­նի վրայ զե­տե­ղո­ւած էր փոք­րիկ Ե­ռա­գոյն դրօշ մը, իսկ սրա­հին կեդ­րո­նը «­Հա­մազ­գա­յին»ի մե­ծա­ծա­ւալ խորհր­դա­նի­շը:
­Ճաշ­կե­րոյ­թին բա­ցու­մը կա­տա­րեց «­Տիգ­րան-Եր­կաթ» մաս­նա­ճիւ­ղի նո­րըն­տիր ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Վա­սի­լի ­Պար­տիզ­պա­նեան, որ խօ­սե­ցաւ միու­թեան, հա­յե­րու պատ­մու­թեան ու ­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած 20րդ ­դա­րու Ա­ռա­ջին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին:
­Յա­ջոր­դա­բար պաս­տա­ռի վրայ ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ զուտ հայ­կա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ ու ե­րաժշտու­թեամբ վի­տէօ մը, որ ներ­կա­նե­րուն կը ծա­նօ­թաց­նէր մեր հայ­րե­նի­քը իր տե­սար­ժան ու բազ­մամ­շա­կու­թա­յին տար­բեր ե­րես­նե­րով: ­Ներ­կա­նե­րը չա­փա­զանց գոհ մնա­ցին վի­տէօի ցու­ցադ­րու­թե­նէն, որ ի­րենց առ­ջեւ կը բա­նար ի­րենց հա­մար բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ եր­կիր մը, իր պատ­մու­թեամբ ու հա­րուստ մշա­կոյ­թով:
­Փոք­րիկ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւե­ցան յի­շա­տա­կի նո­ւէր­ներ: ­Տի­կին ­Նի­րեան­նա­քի եւս Avori հաս­տա­տու­թեան կող­մէ նո­ւէր­ներ բաժ­նեց պա­տա­նի­նե­րուն:
«­Հա­մազ­գա­յին»ի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցաւ ­Հա­րա­ւա­յին Ե­գէա­կա­նի Ըն­կե­րա­յին ­Հո­գա­տա­րու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն պրն. Եան­նի ­Մա­րի­նո­յի կող­մէ, որ հրա­պա­րա­կաւ իր շնոր­հա­կա­լու­թիւնն ու գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց միու­թեան, այ­լեւ ե­լոյ­թը հիւ­րըն­կա­լող «Semiramis» պան­դո­կին ու անոր տի­րոջ պրն. Վ. ­Պար­տիզ­պա­նեա­նին:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ ե­լոյ­թին եր­գե­րով ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած ե­րա­ժիշտ պրն. Եան­նի Եա­քու­մա­քիին եւ իր ե­րա­ժիշտ ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րոնք հա­ճե­լի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­ցին պան­դո­կի սրա­հին մէջ:
­Ռո­տոս կղզիի հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րը (մա­մուլ, ռա­տիօ, հե­ռա­տե­սիլ) անդ­րա­դար­ձան «­Հա­մազ­գա­յին»ի տե­ղա­կան այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ու այս ա­ռի­թով գրու­թիւն­ներ լոյս տե­սան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թաեն 104րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով:
­Յա­ջոր­դող ա­միս­նե­րուն «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Տիգ­րան-Եր­կաթ» մաս­նա­ճիւ­ղը կը ծրագ­րէ կազ­մա­կեր­պել ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին, ­Ռո­տո­սի հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ:
Իսկ ամ­րան ըն­թաց­քին ­Ռո­տո­սի ­Պոն­տա­կան միու­թեան հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ժա­պա­ւէն­նե­րու շա­բաթ, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի ցու­ցադ­րո­ւին հայ­կա­կան ժա­պա­ւէն­ներ, յոյն ժո­ղո­վուր­դին ճա­շակ մը տա­լու հա­մար հայ­կա­կան ֆիլ­մա­րո­ւես­տին շուրջ: Ար­դէն սկսած է ժա­պա­ւէն­նե­րու ա­պա­հով­ման աշ­խա­տան­քը:

«­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ող­ջոյ­նի խօս­քը

­Ճա­շի հիւ­րա­սի­րու­թեան ա­ռի­թով ներ­կա­նե­րուն ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան խօս­քը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի հին թէ նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան շուրջ ամ­փոփ անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րե­լէ ետք, տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէր հա­մազ­գայ­նա­կան միու­թե­նա­կան կա­ռոյ­ցի, նպա­տա­կի, գոր­ծու­նէու­թեան ու մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու մա­սին, ամ­բողջ ­Յու­նաս­տա­նի, այ­լեւ աշ­խար­հի տա­րած­քին:
Ող­ջոյ­նի խօս­քի երկ­րորդ բաժ­նով ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը, որ­պէս օ­րո­ւայ ե­լոյ­թի հա­մա­կազ­մա­կեր­պող միու­թիւն, ծա­նօ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով ներ­կա­նե­րուն մեր բա­րե­սի­րա­կան միու­թեան ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին:
Այս­պէս, Հ.Կ.­Խա­չը, որ հիմ­նո­ւած է 1924ին, կը գոր­ծէ 1926էն, ըն­դար­ձակ ու բազ­մա­ճիւղ կրթա­կան ու բա­րե­սի­րա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեամբ: Կ­նո­ջա­կան բա­րե­սի­րա­կան մեր միու­թիւ­նը ան­վե­րա­պա­հօ­րէն մար­դա­սի­րա­կան մեծ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած է 1922ի ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք ­Յու­նաս­տան ա­պաս­տան գտած հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դի գաղ­թա­կա­նա­կան բազ­մա­հա­զար մար­դոց ու մա­նուկ­նե­րուն, որ սո­վի ու տա­ռա­պան­քի հսկա­յա­կան ա­լիք­նե­րով ըն­դու­նո­ւե­ցան եղ­բայ­րա­կից ժո­ղո­վուր­դի հիւ­րըն­կալ գիր­քին մէջ:
­Բա­ցի Հ.Կ.­Խա­չի պատ­րաս­տած ու Ա­թէն­քէն ­Ռո­տոս կղզի ու­ղար­կո­ւած հա­մա­դամ ճա­շե­րէն, մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րու ցուց­մուն­քով ո­րոշ հայ­կա­կան ճա­շեր ալ պատ­րաս­տո­ւե­ցան կղզիի «­Սե­մի­րա­միս» պան­դո­կին մէջ, պան­դո­կի խո­հա­րա­րա­պե­տին եւ տեղ­ւոյն վար­չու­թեան ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնց բո­լո­րին շնոր­հա­կա­լա­կան ան­կեղծ ու սրտա­կից խօսք ուղ­ղո­ւե­ցաւ:
Վարձ­քը կա­տար վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք նա­խորդ տա­րի­նե­րուն կազ­մո­ւած մաս­նա­ճիւ­ղը լուրջ հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն՝ ­Ռո­տո­սի եւ շրջա­կայ թրքա­մերձ կղզի­նե­րու բնակ­չու­թեան կը ծա­նօ­թաց­նեն հայ մշա­կոյ­թը, Հայ Դա­տը եւ հա­յու­թիւ­նը:

«­Հա­մազ­գա­յին»ի թղթա­կից