ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Երբ կը փոր­ձենք հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան — այ­սօր՝ եր­կուքն ալ ա­ւե­լի քան այժ­մէա­կան — «գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու» բնո­րո­շու­մը կա­տա­րել, հարկ է փոր­ձել ա­սոր ախ­տա­ճա­նա­չու­մը կողմ­նո­րո­շել՝ եր­կու­քին հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան յստա­կաց­ման, ազ­դե­ցու­թեան ու ո­րա­կին մա­սին, ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը դա­տե­լով իր ժա­մա­նա­կի ու վայ­րի վի­րա­ւոր այժ­մէա­կա­նու­թեան մը ու­սում­նա­սի­րու­թեան շրջա­գի­ծին մէջ, տրո­ւած ըլ­լա­լով, որ 21րդ ­դա­րու նա­խա­մուտ­քին կը գտնո­ւինք եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րատն­տե­սա­կան ու քա­ղա­քակր­թա­կան ի­րար յա­ջոր­դող նո­րա­նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը ծա­ռա­նան որ­քան հա­յու­թեան, նոյն­քան մըն ալ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ՝ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն սպառ­նա­լով ա­նոր գո­յու­թեան յա­ջոր­դա­կա­նու­թեան, մեր կեան­քին մէջ տի­րող ինք­նաբ­նո­րոշ­ման ա­նո­րո­շու­թեան պատ­ճա­ռով:
­Մարդ­կու­թիւ­նը իր ապ­րած ըն­կե­րա­յին տագ­նապ­նե­րու ճիշդ գնա­հա­տան­քը ը­նե­լու զգայ­նու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած ըլ­լալ կը թո­ւի:
­Տե­սէ՛ք, հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը կորսն­ցու­ցած են հա­սա­րա­կաց քա­լուած­քով ըն­թա­նա­լու ի­րենց մշա­կոյ­թը. հա­մա­մարդ­կա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ ու փոր­ձո­ւած հաս­տա­տա­կամ պատ­մա­փի­լի­սո­փա­յա­կան շա­րա­կար­գու­մով ու­ղե­ւո­րո­ւե­լու ի­րենց ան­հաշտ ճի­գի եր­թին մէջ, ա­նոնք ծու­ղակ­նե­րու կ­՚են­թար­կո­ւին: ­Միայն կոյ­րե­րը չեն տես­ներ, թէ աշ­խար­հիս տա­րած­քին, մա­նա­ւանդ ֆրան­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան յա­ռա­ջա­դէմ գա­ղա­փար­նե­րով ներշն­չո­ւած Եւ­րո­պա­յի մէջ, ծայ­րա­յեղ աջ ու ֆա­շա­կան-հիթ­լե­րա­կան շար­ժում­նե­րը հետզ­հե­տէ կը հզօ­րաց­նեն ի­րենց ամ­բո­խա­վա­րա­կան ճար­տա­սա­նու­թիւ­նը՝ ապ­րե­լով կամ վե­րապ­րե­լով ի­րենց ան­նա­խա­տե­սե­լի վե­րել­քի լու­սա­շա­ւի­ղը:
Անտ­րա­մա­բա­նա­կան սկզբունք­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւող աշ­խար­հի մը մէջ, ինչ­պէ՞ս տրա­մա­բա­նա­կան պա­տաս­խան­ներ գտնել մեզ ճմռթկող հար­ցադ­րում­նե­րուն…:

***

Այս նա­խա­բա­նին իբ­րեւ ար­դիւնք, ճշդուած մեր նիւ­թի մի­ջու­կին թա­փան­ցե­լէ ա­ռաջ, անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րե­լը ան­հար­կի չէ, բնո­րո­շե­լու հա­մար տո­ւեալ «գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու» վե­րա­փո­խո­ւած դի­մա­գի­ծի եւ խոր­քա­յին ո­րա­կի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու զտու­թիւ­նը, հիմ­նադ­րու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րը եւ ան­կէ բխող մղում­նե­րուն տեղ տո­ւող շար­ժա­ռիթ­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման ար­դիւնք­նե­րը, վի­ճա­կագ­րա­կան վեր­լու­ծում­նե­րու կողմ­նա­կալ կամ ան­կողմ­նա­կալ հան­դի­սադ­րում­նե­րու եւ գի­տակ­ցա­կան խե­ղա­թիւ­րում­նե­րու հե­տե­ւան­քով:
Այ­սօր որ­քա՞ն հա­ւա­տալ ա­նոնց: ­Հա­ւատ­քը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու թմրե­ցու­ցի­չի հա­մա­զօր կրնայ հա­մա­րո­ւիլ՝ այն­քան ա­տեն, որ ներ­գոր­ծօն ոյժ կը դրսե­ւո­րէ:
Ի­րա­պէս, անց­նող ժա­մա­նակ­նե­րուն, ո­րո՞նք կրնան հա­մա­րո­ւիլ այս եր­կու­քին ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ի՞նչ տես­լա­կան­ներ կրնան ներշն­չել մարդ­կա­յին հա­սա­րա­կու­թեան ա­պա­գա­յին հա­մար:
­Կա՞յ բան մը ար­դեօք, որ չենք գի­տեր, չենք հասկ­նար. ան­գի­տու­թեան վար­կա­ծը միշտ առ­կայ պի­տի ըլ­լայ: ­Բայց կար­ծեմ, որ ա­մէն ինչ յստակ ու պարզ է: Յստակ են նաեւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան են­թա­կայ ե­ղող այս­պի­սի ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնք ի­րենց գա­ղա­փա­րա­կեդ­րո­նա­ցո­ւած ժա­մա­նա­կը հա­սուն­ցած հա­մա­րե­լով, յան­կարծ մարդ­կու­թեան կը ներ­կա­յա­նան մարդ­կա­յին խա­ղաղ ջու­րե­րը պղտո­րե­լու հա­կու­մով, մերթ քո­ղար­կո­ւած յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թեամբ, առ­հա­սա­րակ սա­կայն, ա­ւե­լի ըն­դու­նե­լի դառ­նա­լու ո­ճի մը ճի­գով, ի հար­կին ըն­կե­րա­բա­նա­կան, գի­տա­կան եւ պատ­մա­կան հո­լո­վոյ­թի մը պրպտու­մին տեղ տո­ւող հե­տա­զօ­տա­կան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ: Ս­խալ պատ­կեր չտրո­ւի. եր­կու «գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու» խտա­ցո­ւած պատ­կե­րի ար­ժա­նա­հա­ւատ դիր­քա­ւոր­ման գծով՝ ա­ռա­ջին մէկ նա­յո­ւած­քով կ­՚ու­նե­նանք տա­տա­նող այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ ըն­դու­նո­ւած ու պար­զա­բա­նո­ւած ի­մաս­տով՝ ա­նոնք աշ­խար­հա­յեաց­քա­յին տե­սա­բա­նա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թիւն­ներ են: Իսկ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը իբ­րեւ հա­սա­րա­կա­ցօ­րէն ըն­դու­նո­ւած գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան մտա­տի­պա­րի՝ ա­ռա­ւե­լա­գոյն մա­կար­դա­կով ար­ժա­նի է իր համ­բա­ւին: ­Հոս՝ ­Սո­ղո­մոն-Ի­մաս­տու­նիա­կան եր­կընտ­րանք­նե­րու խնդիր չկայ:
Իսկ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը՝ ա­ւե­լի ժա­մա­նա­կա­կից տե­սա­բա­նու­թեան կար­գին կը դա­սենք, նախ­քան տե­սա­բա­նու­թիւն ըլ­լա­լը:
Ա­ռա­ջի­նը՝ իր գա­ղա­փա­րա­հա­յեաց­քա­յին սկզբունք­նե­րով եւ ի­տէա­լա­կա­նա­ցած ո­լորտ­նե­րու պար­բե­րա­կան յայտ­նա­բե­րում­նե­րով:
Երկ­րոր­դը՝ նո­րահ­նար ու ա­ռանձ­նա­յատ­կօ­րէն մշա­կո­ւած վար­չա­գի­տա­կան տա­րա­զով, որ հու­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ հնա­րա­ւոր բո­լոր մի­ջոց­նե­րով մեր կեան­քին մէջ՝ ճա­նա­չում, ինք­նա­հաս­տա­տում եւ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն գտնե­լու, իր ծրագ­րած հե­ռան­կա­րը հաս­տա­տուն կեր­պով ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար:
Եր­կու­քի տար­բե­րու­թեանց բա­ժան­ման գի­ծե­րու վրայ հիմ­նո­ւե­լով՝ հոս, կը հաս­տա­տենք, թէ եր­կուքն ալ բո­լո­րո­վին ու ար­մա­տա­կա­նօ­րէն տար­բեր մեկ­նա­կէ­տով կ­՚ըն­դու­նո­ւին որ­պէս ներ­քին ու ար­տա­քին ար­տա­յայտ­չա­կա­նու­թեան բա­ցո­ւածք­նե­րու տե­սա­բա­նա­կան նշա­նա­կա­լի ի­րա­գոր­ծում­ներ, ո­րոնք յե­ղա­փո­խու­թեամբ, պա­տե­րազ­մով թէ մե­ծահռ­չակ քա­րոզ­չա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, կո­չո­ւած են մարդ­կու­թեան մա­շած դի­մա­գի­ծը քա­ղա­քաըն­կե­րա­յին կա­տա­րե­լու­թեան յան­գեց­նող ու ներշնչող պատ­գամ­նե­րու վե­րա­ծե­լու:
Ա­ւե­լորդ յոյ­սեր չկա­պենք եւ ի­րա­տե­սու­թեան կաշ­կան­դող սահ­ման­նե­րէն ան­դին չանց­նինք. գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու խոս­տա­ցո­ւած տես­լա­կան­նե­րը, ան­շո՛ւշտ, տե­սա­բա­նա­կան պարզ տե­սա­դաշ­տէ մը ան­դին կ­՚անց­նին եր­բեմն, եւ գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն հե­տապն­դե­լի գե­րիշ­խա­նու­թիւն­նե­րէ ան­դին կը ստեղ­ծեն տիտ­ղո­սա­ւոր՝ վար­չա­կան, վար­չա­գի­տա­կան, վար­չախմբա­յին, իշ­խա­նա­կան թէ մե­նիշ­խա­նա­կան ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում­նե­րու տա­նող բա­ժան­ման կար­միր գի­ծեր:
Այս վեր­ջին բնո­րո­շում­նե­րը, յատ­կա­պէս ի­րենց խոր­քայ­նու­թեամբ, կը կրեն քո­ղար­կո­ւած կամ յայտ­նա­բե­րո­ւած հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման ազ­դե­ցիկ կնի­քը:
Ա­հա թէ ուր­կէ՛ կու­գան պատ­մա­կան ինք­նաս­պա­նու­թիւն­նե­րը: ­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը կը փո­խէ լե­զու, սահ­ման, ազ­գու­թիւն, սահ­մա­նադ­րու­թիւն՝ ստեղ­ծե­լով մեր ակ­նար­կած ազ­գե­րու ինք­նաբ­նո­րոշ­ման ա­նո­րո­շու­թիւն­ներ, չա­րա­փո­խում­ներ, ան­կում­ներ:
Արդ, ինչ­պէ՞ս քա­կել խորհր­դա­ւոր ճա­խա­րա­կէն ճամ­բայ ել­լող դեր­ձա­նին հան­գոյ­ցը. ա­նոր սկիզ­բը ո՞ւր կը գտնուի. ա­նոր վեր­ջը ո՞ւր պի­տի յան­գի:
­Քա­ղա­քա­գի­տա­կան ա­ռու­մով պի­տի ար­ժէր մեկ­նա­բա­նել:
­Կէս-կա­տար խօս­քե­րը չեմ սի­րած եր­բեք: ­Բո­լորս կը հասկ­նանք, որ կը խօ­սինք հար­ցի մը մա­սին, որ գե­ղա­րո­ւես­տին կամ մշա­կոյ­թին չի վե­րա­բե­րիր: ­Հար­ցը իր լման հա­սա­կով քա­ղա­քա­կան է, տնտե­սա­կան է, ըն­կե­րա­յին է, «գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան» է, հան­րայ­նօ­րէն վար­չա­գի­տա­կան է, ու տար­բե­րա­կո­ւած քննար­կում­նե­րու եւ իր հսկո­ղու­թեան են­թար­կող դրու­թեան մը տա­րօ­րի­նակ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու, պղտոր խա­ղե­րու հե­ռան­կար­նե­րով շար­ժող մե­քե­նա­յու­թիւն մըն է, սկիզ­բէն մին­չեւ վերջ:
­Մենք այս մե­քե­նա­յու­թեան դի­մաց ի՞նչ կրնանք հան­դի­սադ­րել. թո­ւա­բա­նա­կան հա­շո­ւար­կում­նե­րը մաս­նա­կի լու­ծում կրնա՞ն բե­րել: Այս­պի­սի աշ­խար­հա­յեացք­նե­րու տե­ւա­կա­նա­ցու­մը ինչ­պէ՞ս կ­՚ա­պա­հո­վո­ւի: Իսկ ձա­խո­ղու­թիւն­նե՞­րը:
Ն­մա­նա­տե­սակ բարդ, ան­նա­խա­դէպ ու ոչ-դիւ­րա­հա­ղորդ վա­րա­նում­նե­րու դի­մաց՝ ի­րա­պաշ­տա­կան քա­նի մը հար­ցադ­րում­ներ պէտք է կա­տա­րել, մէկ ու միակ պա­տաս­խան ստա­նա­լու հա­մար: ­Բայց տրո­ւած պա­տաս­խա­նին բա­րո­յա­կան ճշմար­տու­թեան ծան­րու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս կը կշռա­դա­տո­ւի, երբ բա­ժան­ման ան­ջա­տող սահ­ման­նե­րը կ­՚ա­ւել­նան եւ չեն նո­ւա­զիր:
­Հար­ցի բազ­մա­բե­ւեռ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը ի­րա­ւունք կու­տայ մե­զի այս­պի­սի աշ­խար­հա­յեացք­նե­րու էու­թիւ­նը խնդրա­կան դարձ­նե­լու: ­Յա­ջո­ղու­թիւ­նը թէ ձա­խո­ղու­թիւ­նը ի՞նչ հան­գա­մանք­նե­րու տակ կը ճշդո­րո­շո­ւի, ի՞նչ պայ­ման­նե­րու տակ կ­՚ար­ժե­ւո­րո­ւի, ինչ­պէ՞ս տես­լա­կա­նի կը վե­րա­ծո­ւի, տո­ւեալ տես­լա­կա­նը ինչ­պէ՞ս կը մարմ­նա­ւո­րո­ւի հա­սա­րա­կու­թեանց ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ:
­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը ինք­նա­կո­չօ­րէն ճամ­բայ ե­լաւ իբ­րեւ ա­րեւմ­տաս­տեղծ «գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն», բայց շու­տով ան ցոյց տո­ւաւ իր իս­կա­կան դի­մա­գի­ծը: Ան­խու­սա­փե­լի է ար­դէն. տնտե­սու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն կա­պո­ւած է քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու փո­խա­դար­ձօ­րէն: ­Մէ­կը միւ­սի հաշ­ւոյն կամ ի վնաս մի­ջամ­տու­թիւն­ներ չի կա­տա­րեր:
Այ­սօր ա­ւե­լի քան ակն­յայտ է, որ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը լուրջ ու խորհրդա­ւոր պա­րա­պու­թիւն­ներ ստեղ­ծած է ազ­գե­րու, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, եր­կիր­նե­րու եւ մար­դոց կեան­քին մէջ: ­Մարդ­կու­թեան ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը՝ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հան­դէպ հիա­ցում զգա­լու պատ­ճառ չու­նի: ­Հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պը աղ­քա­տա­ցած է:
Ազ­գեր, ժո­ղո­վուրդ­ներ, վե­րագ­նա­հա­տու­մի են­թար­կե­լէ ետք ի­րենց գա­ղա­փա­րա­կան զի­նա­նո­ցը, սկսած են փնտռել ի­րենց դե­րը ի­րենց հայ­րե­նիք­նե­րուն մէջ: ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րը այ­սօր ա­ւե­լի դիւ­րին կը հասկ­նան, թէ ի՞նչ ար­գի­լո­ւած եւ ի՞նչ ար­տօ­նո­ւած է. լա­ւա­պէս կը հասկ­նան, թէ լիար­ժէք թա­փան­ցի­կու­թիւ­նը չի կրնար զար­գա­նալ ի­րեն թե­լադ­րո­ւած ար­ժէ­քա­հա­մա­կար­գա­յին բա­ցա­կա­յու­թեան կողմ­նո­րո­շու­մով:
­Հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման իբ­րեւ հա­կազ­դե­ցու­թիւն՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի տի­րա­կան դեր պէտք է վերց­նէ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեան­քին մէջ, բայց որ­քան կը դի­տենք, դժբախ­տա­բար մեր ըն­կե­րու­թիւ­նը այս­պէս դաս­տիա­րա­կուած ըլ­լա­լու նմոյշ­ներ չի զար­գաց­ներ:
­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը Անդր­կով­կաս հա­սա՞ւ:
­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը Անդր­կով­կաս հա­սա՞ւ: ­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը ա­մէն տեղ հա­սաւ. նոյ­նիսկ էս­քի­մո­ցի­նե­րէ բնա­կո­ւած հիւ­սի­սա­յին բե­ւե­ռի եւ հա­րա­ւա­յին բե­ւե­ռի ­Փա­թա­կո­նիոյ մէջ:
Իսկ կով­կա­սեան ա­մէ­նէն փոքր երկ­րի՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ի՞նչ դեր վե­րա­պա­հո­ւած է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան թէ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման:
­Թո՛ղ բա­ցա­յայտ դառ­նայ. այն­քան ա­տեն որ մար­գա­րէա­կան «վար­դա­պե­տու­թիւն­նե­րու» պատ­գամ­նե­րուն մէջ գա­ղա­փա­րա­կան ճեղ­քեր կը նկա­տենք, ա­ւե­լին՝ գա­ղա­փար­նե­րու մեկ­նար­կա­յին ինք­նա­հեր­քում­ներ, չամ­րագ­րո­ւած ազ­գա­յին կա­յուն դիր­քե­րու փո­փո­խու­թիւն­ներ, քա­ղա­քա­կան թէ ա­պա­քա­ղա­քա­կան վե­րի­վայ­րում­ներ, մեր­ժո­ղա­կան դիր­քա­ւո­րում­ներ ու չլե­ցո­ւող պա­րա­պու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ կա­ցու­թիւն­նե­րու հա­մա­կեր­պե­լու պար­տադ­րող ընտ­րանք­ներ, այդ պա­րա­գա­յին ա­նոնք եր­բեք պի­տի չյա­ջո­ղին պատ­ճա­ռա­բա­նե­լու ի­րենց պատ­գամ­նե­րու սկզբուն­քա­յին շար­ժա­ռիթ­նե­րու վա­ւե­րա­կա­նու­թիւնն ու ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թիւ­նը: Ան­կէ յե­տոյ, ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեան ա­ռաս­պե­լը ինչ­պէ՞ս եւ ի՞նչ հա­մե­մա­տու­թեամբ պի­տի ապ­րի ու գո­յա­տե­ւէ հա­յու­թեան մէջ, մարդ­կու­թեան մէջ:
Ա­մէն ջեր­մա­չափ ու­նե­ցո­ղը բժիշկ չ­՚ըլ­լար: Բ­ժիշ­կը մաս­նա­գի­տա­կան ու­րիշ գոր­ծիք­նե­րու ալ պէտք ու­նի:
­Մեր հայ­րե­նի­քին մէջ, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման մի­ջեւ հի­նի եւ նո­րի պայ­քար կը տես­նէ՞ք: ­Զի­րենք հեշ­տօ­րէն դի­մա­ւո­րե­լու հրա­շա­լի փո­փո­խու­թիւն­ներ կ­՚ըն­կա­լէ՞ք:
­Հաս­տա­տե­լի է, թէ եր­կուքն ալ նոր են.- կը յի­շեց­նէ յստա­կա­ցու­մի կա­րօ­տը հի­նի եւ նո­րի միշտ ա­նո­րոշ, բայց միշտ ակն­կա­լե­լի խա­ղը:
­Հի­նի եւ նո­րի գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժա­ռիթ­ներն ու հա­կա­շար­ժա­ռիթ­նե­րը դիր­քեր փո­խե­լու տրա­մադ­րու­թին ցոյց կու­տա՞ն: Հ­նա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի՞ն: Ի­րենց կեան­քի ա­ռօ­րեայ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը պար­զա­բա­նող ժա­մա­ցոյ­ցին սլաք­նե­րը ի­րենց լա­րե­րու կշռոյ­թին ճշդու­թիւն կրնա՞ն պահ­պա­նել: Այս մթնո­լոր­տով գո­յա­տե­ւե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան ի­րենց փոր­ձը ար­դիւ­նա­ւո­րե­լու քայ­լեր կ­՚առ­նե՞ն.- ­Հա­մա­մարդ­կայ­նա­կան ա­ւան­դա­պաշ­տու­թեա՞մբ, ար­հես­տա­գի­տա­կան նո­րա­րա­րու­թեա՞մբ, նիւ­թա­կան վե­րել­քի աշ­խա­տա­սի­րու­թեան մաս­նա­յատ­կու­թեա՞մբ: Ինչ­պէ՞ս:
­Մար­դիկ հայ­րե­նի­քին մէջ մնա­լու հա­մար զի­րենք ներգ­րա­ւե­լու, ա­ւե­լի բար­գա­ւաճ կեանք ա­պա­հո­վե­լու հե­ռան­կա­րով հա­մո­զիչ ներդ­րում­ներ, աշ­խա­տանք, հե­ռան­կար, տես­լա­կան, հո­րի­զոն, ա­պա­գայ կը ներշ­նո­ւի՞: Ի՞նչ ո­ճով, ի՞նչ տո­ւեալ­նե­րով, ո՞ր փաս­տե­րով ու դրա­կան մղում­նե­րով: Ար­դիա­կան պատ­մու­ճա­նով յե­ղա­փո­խա­կան տե­սու­թիւն­նե­րը ինչ­պէ՞ս գոր­ծի կը վե­րա­ծո­ւին:
­Փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու­տայ, թէ ո­րե­ւէ նո­րու­թեան քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին խորք սնու­ցա­նող շար­ժում­նե­րը՝ ճշմար­տու­թեան ու բա­րո­յա­կա­նու­թեան տար­բեր հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու ազ­դակ­նե­րը ի­րար կրնայ հա­կադ­րել: ­Հոս տո­կու­նու­թեան ու գո­յա­տեւ­ման կա­նո­նը կրնայ տար­բե­րու­թիւն­ներ ու վե­րի­վայ­րում­ներ ստեղ­ծել:
­Քա­ղա­քա­կան բա­րեա­ցա­կա­մու­թեան մա­սին մեր առ­ջեւ ցցո­ւող հար­ցադ­րում­նե­րը տար­բեր ու այ­լա­բա­նա­կան ո­ճով կ­՚ար­ժէ դրսե­ւո­րել: Ա­նոնք՝ նա­՛եւ դա­րե­րուն մէջ չմա­շող վա­ւե­րա­կան պայ­մա­նա­գիր­ներ կ­՚ու­զեն: ­Բայց ո՞վ պի­տի խոս­տա­նայ այդ մէ­կը, ո՞վ պի­տի կա­տա­րէ ա­նոր ճար­տա­սա­նա­կան բարձ­րո­րակ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը: Այդ­պի­սի բեմ կա՞յ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:
­Հայ­րե­նա­կից­ներ, հին­ցած գա­ղա­փար­նե­րուն վրա­յէն ծո­ւա­րած ժան­գը ինչ­պէ՞ս կը սրբո­ւի: Ո՞վ մե­զի պի­տի հա­մո­զէ գա­ղա­փա­րա­կան ժան­գի ան­նա­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին, երբ տո­ւեալ ժան­գին կցկտուր կեն­սագ­րու­թիւ­նը իր խնդրա­կան քա­ղա­քակրթու­թեան թի­րա­խին չկրցաւ հաս­նիլ: Ա­սոր նման հին մտայ­նու­թիւն մը կը գե­րակշ­ռէ, թէ ինչ­պէ՞ս ան­տե­սել զայն, քա­նի այն այ­սօ­րո­ւան գա­ղա­փա­րէն ա­ւե­լի հին է: Մ­տայ­նու­թիւ­նը լաւ ի­մաս­տով կը գոր­ծա­ծեմ, ո­րով­հե­տեւ իր իսկ ա­ւան­դու­թեան ճամ­բով կը գո­յա­տե­ւէ եւ չի հին­նար: ­Կեան­քի եր­կա­րու­թեան վրայ իր խորհր­դան­շա­կան բնոյթն ու ու­ժը ու­նի: ­Բո­լո­րին յստակ է, որ ժան­գը չի ներշն­չեր. ա­նոր հե­ւի­հեւ շնչա­ռու­թիւնն ալ չի քա­ջա­լե­րո­ւիր ոե­ւէ մէ­կէն, քա­նի ան ար­ժա­նա­հա­ւա­տու­թեան անձ­նա­գիր չու­նի:
Չ­հաս­նինք տեղ մը, որ համ­րե­րու լե­զո­ւով, աչ­քի, ուն­քի, յօն­քի եւ ձեռք-ոտ­քի շար­ժում­նե­րով խօ­սինք, որ­պէս­զի հասկ­ցո­ւինք ի­րա­րու հետ՝ հո­գե­կան ար­գե­լա­պատ­նէշ­ներ բարձ­րաց­նե­լով մար­դոց մի­ջեւ:
­Գի­տէ՞ք, այս նիւ­թը չի սպա­ռիր եւ ան­շուշտ ա­ռիթ պէտք է տալ վե­րանդ­րա­դառ­նա­լու: ­Նե­ղա­ցու­ցիչ ըլ­լա­լու վե­րար­ժե­ւո­րո­ւած դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը կրնայ անվ­նաս հա­մա­րո­ւիլ, երբ շեշ­տա­կիօ­րէն չի գրգռեր գրգռե­լու աս­տի­ճան, եբր այդ գրգռու­թիւ­նը կը սահ­մա­նա­փա­կուի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ տա­րա­կար­ծիք ըլ­լա­լու բազ­մա­քա­ղա­քակր­թա­կան, բազ­մա­տե­սա­կու­թեան տար­բե­րա­կա­նու­թեան յար­գու­մով, մա­նա­ւանդ երբ իր սահ­մա­նին մէջ կը պատս­պա­րո­ւի, չ­՚ա­րիւ­նիր, չ­՚ա­րիւ­ներ, երբ կը յար­գէ ժա­մա­նա­կագ­րա­կան սահ­ման­նե­րու ախ­տա­ճա­նաչ­ման շեշ­տակշ­ռոյ­թը:

***

Հու­նա­ւո­րո­ւած յու­շը մարդ­կա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու ա­մէ­նէն ազ­նիւ բազ­կե­րա­կը կը հան­դի­սա­նայ: Ճշ­մար­տու­թիւ­նը յու­շի ու յի­շո­ղու­թեան մէջ է. յու­շը չի լքեր մար­դուն:
Ազ­գա­յին կեան­քի մէջ, տաս­նա­մեակ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւն հա­շո­ւող մար­դիկ կրնան լա­ւա­պէս յատ­կան­շո­ւիլ ի­րենց հա­մայն­քին թէ հայ­րե­նի­քին հան­դէպ ար­տա­յայ­տած յան­դուգն ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րով:
­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցում եւ ըն­կեր­վա­րու­թիւն եր­բեմն կը տրտնջան ի­րա­րու դէմ, եր­բեմն ալ ի­րա­րու ա­կան­ջին տա­րօ­րի­նակ բա­ներ կը փսփսան: ­Մերթ սրո­ւած ո­ճով ճա­ռեր ալ կը փո­խա­նա­կեն, թա­ցը չո­րէն զա­նա­զա­նե­լու ճի­գի մը մէջ:
Ա­սոնք բո­լորն ալ փաս­տի ճա­նաչ­ման պայ­քա­րի մը կը վե­րա­բե­րին, քա­նի ի­րենց մէջ կը պար­փա­կեն յաղ­թա­նակ­ներ ու պար­տու­թիւն­ներ, ռազ­մա­տեն­չու­թիւն ու կրա­ւո­րա­կա­նու­թիւն, սուգ ու ճա­կա­տա­գիր, ճա­կա­տա­գիր ու ի­րա­պաշ­տու­թիւն, ա­զա­տու­թիւն ու ան­կա­խու­թիւն, ան­կա­խու­թիւն ու ձգտում:
­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը նեղ կօ­շիկ հագ­ցուց մարդ­կու­թեան: Ո՞ւր կ­՚ու­զեն տա­նիլ մարդ­կու­թիւ­նը: ­Մենք՝ հա­յերս, մա­քուր խօս­քով հարց պի­տի տանք.- Ի­րենց ռազ­մա­վա­րա­կան հա­շո­ւար­կում­նե­րով ո՞ւր կ­՚ու­զեն տա­նիլ ­Հա­յաս­տա­նը:
­Հա­յաս­տա­նը սի­րող ու պաշտ­պա­նող քա­նի՞ հա­յա­սէր օ­տա­րազ­գի­ներ զո­հուե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի կամ Ար­ցա­խի հա­մար:
­Մեր ղե­կա­վար­նե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դը կը սի­րե՞ն: ­Չե՞ն տես­ներ, որ հայ­րե­նի բնակ­չու­թեան թի­ւը մեծ եր­կիր­նե­րու գիւ­ղի մը բնակ­չու­թե­նէն նո­ւազ մնա­ցած է:
Ե­թէ յոյն դա­սա­կան փի­լի­սո­փա­նե­րու գա­ղա­փար­նե­րուն մօ­տե­նա­լու եւ զա­նոնք հասկ­նա­լու փա­ռա­սէր փորձ մը կա­տա­րած ըլ­լա­յինք, մեր­ժե­լով փառ­քի, ցու­ցա­մո­լու­թեան ու սնո­տիա­պաշ­տու­թեան ա­ռօ­րեայ ե­րե­ւոյթ­ներ, թե­րեւս մեր հան­դի­սադ­րած հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խան­նե­րէն մաս մը հոն գտնէինք, ո­րով­հե­տեւ պի­տի անդ­րա­դառ­նա­յինք մեր մի­ջեւ մտա­ծե­լու եւ զգա­լու գա­ղա­փար­նե­րու տար­բե­րու­թեան, քա­նի մտա­ծու­մը տե­ւա­բար տար­բե­րու­թիւն­ներ կը ծնի ու կը ծնեց­նէ:
­Մեր ազ­գա­յին վէր­քե­րը բու­ժե­լու անհրա­ժեշ­տու­թեան պա­հան­ջը ա­մէն տեղ նոյնն է. բու­ժու­մին ձե­ւը քիչ մը կը տար­բե­րի:
­Հին բա­նե­րուն ի­մաս­տը մեր օ­րե­րու ի­մաստ­նե­րուն պատ­շա­ճեց­նե­լու ա­րուես­տը ու­սում­նա­սի­րենք: Վ­նա­սով դուրս չենք գար. փոր­ձը այդ ցոյց տո­ւած է, քա­նի մար­դիկ կան, որ տար­բեր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ու­նին ժո­ղովր­դա­վար ­Հա­յաս­տա­նի մը հա­մար:
­Հա­յաս­տա­նի մէջ, հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման ե­րե­ւու­մով, մար­դիկ յու­սա­ցին օգ­տո­ւիլ ու հարս­տա­նալ. բայց մաս մը յու­սա­խաբ ե­ղաւ: Իսկ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ե­րե­ւու­մով, մար­դիկ ալ յու­սա­ցին ոտ­քի կանգ­նիլ, բայց հա­կա­ռա­կը պա­տա­հե­ցաւ, ա­նոնք հիաս­թա­փո­ւած քսքրտո­ւիլ սկսան ի­րենց ա­ռօ­րեայ կեան­քի ան­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն դի­մաց:
­Գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րը բնո­րո­շու­մի պէտք ու­նին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ. ձե­ւա­չա­փի դա­սա­ւոր­ման, դիր­քե­րու ամ­րապնդ­ման, երկ­րին մէջ գա­ղա­փա­րա­կան քա­ղա­քա­ցին երկ­րին տէր դարձ­նե­լու յոյ­սը ներշն­չե­լով ի­րեն:
Ե­թէ հարց տաք ին­ծի, թէ ի՞նչ կրնան բե­րել մեր հայ­րե­նի­քին հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցումն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, ձե­զի պի­տի պա­տաս­խա­նեմ, թէ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հրէ­շը ինչ որ բե­րաւ եւ դեռ կրնայ բե­րել հայ կեան­քին, ա­ւե­լի քան բա­ւա­րար է: ­Պի­տի փա­փա­քէի, որ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը բան մը ա­ւե­լի բե­րէ, մա­նա­ւանդ մոռ­ցո­ւած մար­դոց հա­մար: Ա­ւե­լին ը­սո­ւա­ծը՝ ներ­քին ու ար­տա­քին ար­ժէք­նե­րու հա­սու­նա­ցումն է, հայ­րե­նի­քի մը մէջ՝ որ դա­րեր կը մարմ­նա­ւո­րէ եւ չի փո­խա­նա­կո­ւիր, քա­նի հոն՝ հա­զո­ւա­դէ­պօ­րէն կը զու­գոր­դո­ւին կա­րօ­տը, յար­գան­քը եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը:
­Գա­զա­նը պէտք է սպան­նել իր որ­ջին մէջ: