­Տոքթ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

1950 թո­ւա­կա­նի սկզբնա­կան տա­րի­նե­րուն ­Կիպ­րո­սի հար­ցը ­Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գի ա­ռա­ջին կար­գին վրայ էր: 1955 թո­ւա­կա­նին թրքա­կան մա­մու­լը եւ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը սկսան ­Թուր­քիոյ յու­նա­կան հա­մայն­քին նկատ­մամբ ժխտա­կան կե­ցո­ւածք մը ու­նե­նա­լու եւ հա­կակ­րան­քի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը մշա­կե­լու: Իսկ կա­ռա­վա­րու­թիւնն ալ կը գտնո­ւէր հետզ­հե­տէ ծան­րա­ցող տնտե­սա­կան կա­ցու­թեան մը դի­մաց եւ կը փոր­ձէր կաս­կա­ծե­լի մի­ջոց­նե­րով մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ ընդ­դի­մադ­րու­թիւ­նը լռեց­նել:
6 ­Սեպ­տեմ­բեր 1955 թո­ւա­կա­նին յայ­տա­րո­ւե­ցաւ, թէ ­Թուր­քիոյ հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր Ա­թա­թուր­քի ­Սե­լա­նի­քի տան մէջ ռումբ մը պայ­թե­ցո­ւած է եւ ռմբա­կո­ծը իբր թէ յոյն ե­րի­տա­սարդ մըն է. նոյն օ­րը, թուրք մա­մու­լը եւ պաշ­տօ­նա­կան եւ կամ ոչ-պաշ­տօ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը սկսան հա­կա­յու­նա­կան քա­րոզ­չու­թեամբ՝ թուրք հա­սա­րա­կու­թիւ­նը շարժ­ման անց­նե­լու հա­մար խրա­խու­սիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­նե­լու:­Նոյն իր­կո­ւան ժա­մե­րուն սկսաւ ա­ռա­ջին յար­ձա­կու­մը եւ շա­րու­նա­կեց քան­դու­մի ու թա­լա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն մը, որ ան­նա­խա­դէպ էր ­Թուր­քիոյ հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նի պատ­մու­թեան մէջ:
­Յար­ձա­կում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ­Պոլ­սոյ այն թա­ղե­րուն մէջ, ուր հա­ւա­քա­բար կ­՚ապ­րէին փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նե­րը: ­Կազ­մա­կեր­պեալ խում­բե­րը յար­ձա­կե­ցան ու թա­լա­նե­ցին նախ յոյ­նե­րու, ա­պա՝ հա­յե­րու, հրեա­նե­րու եւ նոյ­նիսկ սխալ­մամբ քա­նի մը թուր­քե­րու պատ­կա­նող խա­նութ­նե­րը, տու­նե­րը, գոր­ծա­տե­ղի­նե­րը, ա­ղօ­թա­տե­ղի­նե­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, դպրոց­նե­րը, գե­րեզ­մա­նա­տու­նե­րը: ­Մա­հա­ցան 15 ան­ձեր, վի­րա­ւո­րո­ւե­ցաւ 300 հո­գի, բռնա­բա­րուե­ցան 400 կի­ներ, յար­ձա­կու­մի են­թար­կո­ւե­ցան շուրջ 4200 բնա­կա­րան­ներ, 1000 խա­նութ, եր­կու վանք, 73 ե­կե­ղե­ցի, մէկ սի­նա­կոկ, 26 դպրոց, 5300 պան­դոկ եւ ճա­շա­րա­նի նման վայ­րեր։
6-7 ­Սեպ­տեմ­բեր 1955ի դէպ­քե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ յոյ­նե­րը զան­գո­ւա­ծա­յին կեր­պով հե­ռա­նան ­Թուր­քիա­յէն, մին­չեւ 1960 թո­ւա­կան հա­զա­րա­ւոր թիւ յոյ­ներ ար­տա­գաղ­թե­ցին եւ հա­լե­ցաւ ­Թուր­քիոյ յոյն բնակ­չու­թեան թի­ւը. յոյն հա­մայն­քին հետ մեծ կո­րուստ­ներ կրեց նաեւ ­Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը, յար­ձա­կու­մի են­թար­կո­ւե­ցան շուրջ 150 հա­յու տու­ներ եւ շուրջ 900 հա­յու գոր­ծա­տե­ղի­ներ։
Ան­տա­րա­կոյս, այս դէպ­քը ժխտա­կան ու քան­դիչ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց ­Թուր­քիոյ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու կեան­քին վրայ, ո­րուն հե­տե­ւան­քով հա­րիւր հա­զար­նե­րով յոյ­ներ ու հա­յեր՝ լքե­լով ի­րենց ծննդա­վայ­րը՝ ար­տա­գաղ­թե­ցին: 1955 թո­ւա­կա­նին, թա­ղիս հայ­կա­կան ­Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի եր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ էի: ­Տա­սը տա­րե­կան էի: 6 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն, երբ մեր տան դրան առ­ջեւ թուրք ըն­կե­րոջս հետ քա­րէ-գնդակ (գնդիկ) կը խա­ղա­յի, մեր թա­ղին մէջ յան­կարծ անս­պա­սե­լի, ան­սո­վոր ի­րա­րան­ցում մը, խառ­նա­կու­թիւն մը սկսաւ: ­Մար­դիկ ձեռ­քեր­նին փայտ, գա­ւա­զան, բահ, թի, ցուպ, եր­կա­թէ ձող՝ փո­ղո­ցէ փո­ղոց կը վազվ­զէին, եւ քիչ յե­տոյ սկսան յար­ձա­կիլ ու թա­լա­նել յոյ­նե­րուն տու­նե­րը, խա­նութ­նե­րը, դպրոց­նե­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ ազ­գա­յին այլ հաս­տա­տու­թիւն­ներ: Այս ահ­ռե­լի ու վա­խազ­դու դէպ­քին ա­ւեր­նե­րէն զերծ չմնա­ցին նաեւ հա­յե­րը:
Ես շատ վախ­ցած էի. լա­լով ներս՝ մեր տու­նը փա­խայ եւ մահ­ճա­կա­լիս տա­կը, ան­ձայն պա­հո­ւը­տե­ցայ: ­Մայրս շու­տով քովս ե­կաւ ու զիս գրկեց, դռնե­րը, պա­տու­հան­նե­րը փա­կեց ու սկսաւ ա­ղօ­թել, հօրս սպա­սել ու միւս կող­մէ ալ ին­ծի «­Մի՛ վախ­նար, տղաս, մի՛ վախ­նար, հայ­րի­կը շու­տով պի­տի գայ, մի՛ վախ­նար, միայն ա­ղօ­թէ»,- ը­սե­լով կը սրտապն­դէր, սա­կայն կը զգա­յի, որ մայրս ալ վախ­ցած էր:
Ես հասկ­ցայ, որ մայրս հասկ­ցեր էր, թէ մե­զի հա­մար ի՞նչ կը նշա­նա­կէին այս վա­խը, խառ­նա­կու­թիւնն ու թա­լա­նը:
Երբ հայրս տուն ե­կաւ, ես ու մայրս քիչ մը հանգս­տա­ցանք: ­Հայրս ալ հասկ­ցած էր, որ այս գի­շեր ­Պոլ­սոյ քրիս­տո­նեա­նե­րուս հա­մար խա­ղաղ ու հան­գիստ գի­շեր մը պի­տի չըլ­լար. հե­տե­ւա­բար, ըն­տա­նեօք միա­տեղ ու միա­սին ըլ­լա­լու մի­տու­մով, ա­ռանց ժա­մա­նակ կորսնց­նե­լու, հայրս պա­տո­ւի­րեց մօրս, որ դէ­պի մեծ հայ­րի­կիս տու­նը եր­թա­լու հա­մար պատ­րաս­տո­ւի: ­Մեծ հայրս, մեծ մայրս ու հօ­րեղ­բայր­ներս մեզ­մէ եր­կու-ե­րեք փո­ղոց հե­ռու կը բնա­կէին:
Երբ մեր տան պար­տէ­զի դռնէն դէ­պի մեծ հայ­րի­կին տու­նը ճամ­բայ կ’ել­լէինք, մեր տան զան­գը հնչեց: Այդ պա­հուն մայրս վա­խէն դողդ­ղալ սկսաւ, ես ալ նոյն­պէս:
­Մեր դրան զան­գը հնչեց­նո­ղը մեր թուրք դրա­ցին էր, որ մեր տան պա­տու­հա­նէն թրքա­կան ազ­գա­յին դրօ­շը ան­պայ­ման կա­խե­լու հա­մար մե­զի պա­տո­ւէր ը­նել կ’ու­զէր:
­Մեր թուրք դրա­ցիին այս խոր­հուր­դին վրայ հայրս շու­տով թրքա­կան դրօշ մը գտաւ ու զայն մեր պա­տու­հա­նէն վար կա­խեց ու թե­լադ­րեց, որ հան­դար­տինք ու չվախ­նանք: ­Բո­լորս ալ քիչ մը հանգս­տա­ցած էինք, սա­կայն մեր մտա­հո­գու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւէր, հե­տե­ւա­բար բո­լորս կ’ու­զէինք տու­նէն դուրս ել­լել: ­Մեր տան պար­տէ­զի դռնէն ել­լե­լով դէ­պի մեծ հօրս տուն եր­թալ ո­րո­շե­ցինք: ­Հայրս, մայրս, ես, քոյ­րերս՝ ­Լու­սա­բեր (եօ­թը տա­րե­կան) եւ Հ­ռիփ­սի­մէ (եր­կու տա­րե­կան), գի­շե­րո­ւան մու­թին մէջ վա­խով ու զգոյշ քայ­լե­րով, տա­սը վայր­կեա­նէն, մեծ հօրս ե­ռա­յարկ, փայ­տա­շէն տու­նը հա­սանք: ­Մեծ հայրս՝ մէկ կող­մէ «մի՛ վախ­նաք, հոս ա­ւե­լի ա­պա­հով է, վախ­նա­լիք բան չկայ» ը­սե­լով՝ կ’աշ­խա­տէր մեզ հանգստաց­նել, միւս կող­մէ մեծ մօրս կը պա­տո­ւի­րէր, որ մօր­մովս մօ­տէն հե­տաքրք­րո­ւի ու լաւ խնամք տա­նի, քա­նի որ մայրս եօ­թը ամ­սու յղի էր փոքր եղ­բօր­մովս՝ Ա­րա­յով:
Այդ գի­շեր, բո­լորս միա­տեղ, մեծ հօրս տու­նը գի­շե­րե­ցինք: ­Թէեւ մեծ հօրս տան մէջ ինք­զինքս ա­ւե­լի ա­պա­հով կը զգա­յի, սա­կայն վախ մը ու­նէի ու չկրցայ քնա­նալ: Ես եւ ­Լու­սա­բեր քոյրս յա­ջորդ ա­ռա­ւօտ դպրոց չկրցանք եր­թալ. եր­կու օր մեծ հայ­րի­կիս տու­նը մնա­ցինք, իսկ եր­րորդ օ­րը մեր տու­նը վե­րա­դար­ձանք: ­Կարճ ժա­մա­նա­կի մը մէջ մեր սո­վո­րա­կան ա­ռօ­րեայ կեան­քը դար­ձեալ իր ըն­թաց­քը ա­ռաւ, սա­կայն ես ու քոյրս կը վախ­նա­յինք փո­ղոց ել­լե­լէ ու չէինք ու­զեր մեր փո­ղո­ցի ըն­կեր­նե­րուն հետ խա­ղալ, կը նա­խընտ­րէինք տու­նը ա­ռան­ձին մնալ, քոյր ու եղ­բայր միայն ի­րա­րու հետ խա­ղալ: Այս վա­խը իմ եւ քրոջս դպրո­ցա­կան կեան­քին վրայ ալ ազ­դեց ու եր­կուքս ալ ո­րոշ ժա­մա­նակ դա­սա­րա­նին մէջ դա­սե­րուն հե­տե­ւե­լու եւ ու­շադ­րու­թեան խան­գա­րում­ներ ու­նե­ցանք:
Երբ հայրս մեր կա­ցու­թեան անդ­րա­դար­ձաւ, մօրս հետ խորհր­դակ­ցե­լով՝ ո­րո­շեց, որ մօրս ծննդա­բե­րու­թե­նէն իսկ ա­ռաջ մեր տու­նը փո­խենք ու մեծ հայ­րի­կին տան մօտ տուն մը տե­ղա­փո­խուինք: ­Հե­տե­ւա­բար 1955-1956 կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նին, ճամ­բու հե­ռա­ւո­րու­թեան պատ­ճա­ռաւ պի­տի փո­խէինք նաեւ մեր ա­շա­կեր­տած հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նը, այ­սինքն՝ վերջ կը գտնէր ­Ֆէ­րի­գիւ­ղի ­Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեանս շրջա­նը: Ես եւ քոյրս՝ ­Լու­սա­բեր պի­տի դառ­նա­յինք ­Հար­պիէի ­Պէ­զա­զեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­ներ. քոյրս՝ ման­կա­պար­տէ­զի, իսկ ես՝ նա­խակր­թա­րա­նի եր­րորդ դա­սա­րա­նի:
6-7 ­Սեպ­տեմ­բեր 1955 թո­ւա­կա­նին, 10 տա­րե­կան ե­րե­խայ տա­րի­քիս, նե­րաշ­խար­հիս մէջ ապ­րե­ցայ հո­գե­կան ցնցում, խտրա­կա­նու­թեան ու զա­տո­րո­շու­թեան վի­րա­ւո­րիչ ու նա­խա­տիչ դառ­նա­համ ցա­ւը։
6-7 ­Սեպ­տեմ­բեր 1955ի ան­մո­ռա­նա­լի դէպ­քե­րու 62ա­մեա­կին մաղ­թենք, որ աշ­խար­հի ո­րե­ւէ եր­կի­րի մէջ այ­լեւս նմա­նօ­րի­նակ ող­բեր­գու­թիւն­ներ թող չապ­րո­ւին։

3 ­Սեպ­տեմ­բեր 2017