106 տարի
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի սկաուտները կը յիշեն ու կը դատապարտեն
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ։
Աթէնքի եւ Գոքինիոյ սկաուտական մասնաճիւղերու քոյրերն ու եղբայրները, «Զաւարեան» կեդրոնի բակին մէջ, կազմեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերդի մանրանկարը։
Շաբաթ՝ 24 Ապրիլ 2021-ին, «Զաւարեան» կեդրոնը բաց պիտի մնայ ժամը 17:00-20:00-ին, որպէսզի մեր հայրենակիցները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեն
հայ ժողովուրդի նահատակներու յիշատակին:
Համավարակի տարածման դէմ կանխարգիլման միջոցներու գործադրումը եւ կարգն ու կանոնը պիտի հսկեն սկաուտ աստիճանաւորները:
Կը յիշենք ու կը պահանջենք:
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ