Մեր նորագոյն պատմութեան առեղծուածներէն մէկը կը կազմէ անհետ ու անյայտ վախճանը արդի հայ գրականութեան հիմնադիրներէն Խաչատուր Աբովեանի, որ 170 տարի առաջ, 1848ի Ապրիլ 2ի օրը, արեւածագը դեռ չբացուած՝ իր տունէն դուրս եկաւ եւ առյաւէտ… կորսուեցաւ այս աշխարհի երեսէն։
Շատ վարկածներ մշակուած են հայ գրականութեան մէջ նոր դարաշրջան բացած անկորնչելի գոհարին՝ «Վէրք Հայաստանի, Ողբ Հայրենասէրի» անմահ ստեղծագործութեան անկրկնելի հեղինակին անյայտացման մասին։
Հայրենի «Կրթութիւն» թերթի 2003 թուի 7րդ (116) համարով՝ Օ. Մելքոնեան իր «Ուշագրաւ վկայութիւն Խաչատուր Աբովեանի առեղծուածային անյայտացման մասին» խորագրեալ հրապարակման մէջ, հետեւեալ ամփոփումը կը կատարէ արդի հայ գրականութեան լուսաւորիչին անյայտացման մասին.-
«1828-1829 թթ. ռուս-թուրքական պատերազմի հետեւանքով սկսուեց հայերի զանգուածային արտագաղթ, եւ շուրջ 90.000 հայեր հարկադրուած լքեցին իրենց հայրենիքը։ Ժամանակի ցարական չինովնիկութեան (պաշտօնէութեան) հակահայկական քաղաքականութիւնը չէր կարող ազատամիտ Աբովեանի վրայ իր բացասական ազդեցութիւնը չունենալ։ Շատ կարեւոր է, թէ պատմական այդ ժամանակաշրջանում ինչպէ՛ս էին ձեւաւորւում Աբովեանի հասարակական-քաղաքական հայեացքները։ Ռուսաստանի նկատմամբ խանդավառ վերաբերմունք ունեցող Աբովեանի մօտ (Արեւելահայաստանի վրայ ցարական տիրակալութեան հաստատման առիթով Աբովեան գրած էր՝ «Օրհնուի էն սհաթը (պահը)…» — Ն.) առաջացան գաղափարական շրջադարձի բոլոր նախադրեալները՝ ձախողուեցին դպրոց ստեղծելու իր ծրագրերը եւ, ընդհանրապէս, չիրականացան սեփական պետականութիւնը վերականգնելու հայ ժողովրդի բոլոր ձգտումները։ Այս ամէնի արդիւնքը մեծ լուսաւորչի առեղծուածային անյայտացումն էր, որի ստոյգ մանրամասները առ այսօր թաղուած են թանձր խաւարի մէջ։
«- Ա. Բակունցի տեսակէտով՝ Աբովեանը գնացել է 1848 թ. Եւրոպական յեղափոխութիւններին մասնակցելու։
«- Ակադեմիկոս Աշոտ Յովհաննիսեանը կարծում էր, որ նա ինքնասպանութիւն է գործել։
«- Պատմական գիտութիւնների թեկնածու Վ. Աւետեանը համոզում է, որ Աբովեանը սպաննուել է իր պարտապան թուրքերի ձեռքով։
«- Այս բազմաթիւ տարբերակներից մէկն էլ Աբովեանի Սիբիր աքսորուելու վարկածն է, որը պնդում էր պատմաբան Վ. Ղազարեանը։ Առկայ է նաեւ մի փաստաթուղթ լուսաւորչի աքսորուած լինելու վերաբերեալ՝ յիշեցնելով, որ նման վկայութիւն կայ նաեւ մեծ բանաստեղծ Աւ. Իսահակեանի մօտ։»
Հանրագիտական այս տեղեկանքէն անդին անցնող ճշգրիտ տուեալներ չկան Խաչատուր Աբովեանի անյայտացման առեղծուածին մասին, բայց ընդհանուր է այն համոզումը, որ «Հայաստանի Վէրք»ն ու «Հայրենասէրի Ողբ»ը անզուգական պատմավէպով մը արդի հայ գրականութեան հիմնաքարը դարձուցած Խաչատուր Աբովեանը խորապէս դժգոհ էր հայ ժողովուրդին վիճակուած ճակատագրէն՝ ցարական Ռուսաստանի տիրակալութեան տակ։
Յատկանշական է, որ նաեւ «Վէրք Հայաստանի»ն, 1840ին գրուած ըլլալով հանդերձ, ամբողջ 18 տարի ձեռագիր վիճակի մէջ մնաց։ Թէեւ ամբողջ այդ ժամանակաշրջանին ձեռքէ-ձեռք խլուեցաւ ու յափշտակութեամբ կարդացուեցաւ, բայց միայն 1858ին, Աբովեանի անյայտ վախճանման 10ամեակին առիթով, լոյս տեսաւ տպարանէն Թիֆլիսի «Ներսիսեան» վարժարանին, որուն առաջին շրջանաւարտներէն եղած էր Աբովեան։
Պարսկական գրաւման տակ գտնուող Երեւանի մերձակայ Քանաքեռ աւանը ծնած պատանի Խաչատուր մանուկ տարիքէն ղրկուեցաւ Էջմիածին՝ ուսանելու եւ կուսակրօն դառնալու համար։ 1821ին անցաւ Թիֆլիս, ուր թաղային վարժարան մը յաճախելէ ետք ընդունուեցաւ նորաբաց Ներսիսեան վարժարանը, որուն ուսումնական շրջանը աւարտեց փայլուն արդիւնքով եւ վերադարձաւ Էջմիածին՝ Սարկաւագ ձեռնադրուելու եւ Կաթողիկոսի քարտուղարը դառնալու համար։
Էջմիածնի մէջ իբրեւ սարկաւագ ու քարտուղար կեանքի իր տարիներուն, Աբովեան սկսաւ հայրենասիրական ու քնարերգական ոտանաւորներ գրել՝ առաւելաբար գրաբարով։ (Այդ շրջանին կը պատկանի «Կարօտութիւն նանի վայելչութեանց հայրենեաց իմոյ» խորագրով իր բանաստեղծութիւնը)։ Միաժամանակ խորացան եւ հունաւորուեցան հայրենի հողին ու հայ շինականին նկատմամբ Աբովեանի տածած անհուն սէրը, օտարի տիրապետութեան եւ մահմետական բռնատիրութեան դէմ ազատասէր հայու աբովեանական ընդվզումի եւ ցասումը տարերքը։
Աստիճանաբար արմատաւորուեցաւ նաեւ դարու յառաջընթացին հետ քայլ պահելու՝ խաւարամտութեան անդունդին մէջ ապրող սեփական ժողովուրդը լուսաւորելու առաքելութեան կոչումը Աբովեանի մէջ։ Ապրեցաւ լուռ ու խոր տառապանքը՝ սեփական ժողովուրդին հետ հասկնալի լեզուով գրելու դժուարութեան, գրաբարով ազատութեան եւ հայրենասիրութեան գաղափարները տարածելու կաշկանդումին։ Այդ գաղափարներով ալ դասաւանդութիւն կատարեց Էջմիածնի վանական դպրոցին մէջ՝ արժանանալով իր պաշտօնակիցներուն դատապարտանքին ու հալածանքին, իբրեւ տարօրինակ եւ վնասակար գաղափարներու քարոզիչի։
Խ. Աբովեան տեղի չտուաւ այդ հալածանքին առջեւ եւ անխոնջ պայքար մղեց ու հայ ազգային գաղափարախօսութեան լուսաւորիչը դարձաւ՝ իր հռչակաւոր «Վաթան» քերթուածի բառերով մեր սերունդներուն պատգամելով.-
Ա՜խ վաթան, վաթան՝ քո հողին ղուրբան,
Քո ծխին ղուրբան, քո ջրին ղուրբան,
Է՞ս փառքն ունէիր, է՞ս պատիւն առաջ,
Որ հիմիկ աւրուել, մնացել ես անջան:
Ե՛րբ միտք կ’անէի՝ թէ էս հողերը,
Էս դաշտն ու սարերն, էս սուրբ ձորերը,
Էնպէս մեծութիւն, էնպէս լաւ օրեր
Քաշել են ու մնացել, ա՜խ, հիմիկ անտէր:
Հող ունենք՝ խլուած, կեանք ունենք՝ մեռած,
Ա՜խ, ջրի, կրակի մենք եսիր դառած,
Ո՛չ երկինքն տեսնի մեր սուգն ու լացը,
Ո՛չ երկիրը պատռուի մեզ տանի ցածը :
Ա՜խ, մեր սիրտն էնպէս ընչի՞ հովացել,
Արինը ցամքել, մեր կուռը թուլացել,
Եարա՜բ, կը տեսնե՞մ, ա՜խ, ես մէկ օր էլ
Մեր սուրբ երկիրը թշնամուց ազատել:
Էն ի՞նչ շունչ կ’ըլի, որ էս նոր հոգին
Փըչի վեր կացնի քնից մեր ազգին.
Էն ի՞նչ ձեռք կ’ըլի, որ մեր աշխարքին
Էլ ետ սիրտ տայ ու կանգնեցնի կրկին:
Վրայ հասաւ 1828ի ռուս-թրքական պատերազմը եւ Աբովեան մեծ խանդավառութեամբ փարեցաւ քրիստոեայ ռուս ժողովուրդին հետ միացման գաղափարին։
Բայց 1829ին Արարատ Լերան գագաթը մագլցելու իրեն ընծայուած հնարաւորութիւնն էր, որ իսկական դարձակէտ մը կազմեց Խաչատուր Աբովեան կեանքին ու գործին մէջ։ Էսթոնիայի Դորպատի համալսարանէն փրոֆ. Պարրորտ Երեւան ժամանած էր եւ Արարատը մագլցելու համար իրեն ընկերակցող հայ մը կը փնտռէր։
Խաչատուր Սարկաւագ կամաւոր ներկայացաւ, բայց Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի արգելքին բախեցաւ, որովհետեւ այդ օրերուն «սրբապղծութիւն» կը նկատուէր Սուրբ Լերան կատարը մագլցելու որեւէ փորձ։ Աբովեան չենթարկուեցաւ Կաթողիկոսի արգելքին եւ ընկերակցեցաւ Պարրոտին ոչ միայն «Դէպի լեառն Մասիս», այլ նաեւ այնուհետեւ մինչեւ Դորպատի համալսարան, ուր կատարելագործեց իր ուսումը լեզուներու՝ ռուսերէնի, գերմաներէնի, որոշ չափով ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի մէջ։
Երբ 1836ին վերադարձաւ Երեւան, Աբովեան դիմումներ կատարեց նորօծն Յովհաննէս Կարբեցի Կաթողիկոսին, որպէսզի Էջմիածնի մէջ արդիական դպրոց մը հիմնէ, գիւղական ուսուցիչներ պատրաստելու համար։ Ոչ միայն ընդառաջում չգտաւ, այլեւ՝ ընդհանրապէս հայկական վարժարաններու դռները փակուեցան ուսուցչութեան դիմում կատարող Աբովեանի առջեւ։ Ստիպուեցաւ Թիֆլիս մեկնիլ եւ պետական ուսուցիչ դառնալ։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ՝ հալածանքի, ապրուստի դժուարութեան եւ ակամայ օտար երեխաներու դասաւանդութեան լծուելու պարտադրանքին տակ, Աբովեան ապրեցաւ ստեղծագործական իր երկունքի կարեւորագոյն շրջանը, որուն ծնունդն ու անմահ կոթողական վկան եղաւ 1840ին աւարտած իր «Վէրք Հայաստանի»ն։
Դիւցազնավէպի կը նմանի «Վէրք Հայաստանի»ն, որ թէեւ վիպական կուռ մշակում չունի, բայց բանաստեղծական իր կրակով եւ ընթերցողի սիրտն ու միտքը վարար հոսանքի մէջ առնող-տանող իր հուժկու թափով՝ անկրկնելի բարձունք մը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ։
Աշխարհաբարով եւ քանաքեռի բարբառով գրուած՝ նոյնպէս քանաքեռի ծնունդ Աղասիի կերպարով հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան նոր դարաշրջանի դրօշակիրը քանդակած Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն համակ պաշտամունքն է հայ լեզուին, հայրենի հողին, քարին ու ջուրին, երգին ու հաւատքին, այլ մանաւանդ հայ շինականին, անոր բարութեան եւ ազնուութեան, նուիրումին ու արժանաւորութեան։
Իրաւամբ ըսուած է, որ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշրջանի «Նարեկ»ն է։
Հայու ազատատենչ ոգին ու լուսաւոր միտքը սանձազերծող անմահ գործ մը, որուն կերտիչը իր կենդանութեան հալածուեցաւ հայ հոգեւորական թէ ռուս ցարական իշխանութեանց կողմէ, մինչեւ որ այսպիսի օր մը, 1848ի Ապրիլի 2ին, վաղ առաւօտեան, իր տունէն դուրս եկաւ եւ անյայտ ուղղութեամբ գնաց՝ այլեւ երբեք չվերադառնալու համար, անհետ կորսուելով։
Որոշ կենսագիրներ նոյնիսկ կը պնդեն, թէ Խաչատուր Աբովեան Արարատ լեռը բարձրացաւ եւ կորսուեցաւ։
Բայց ինչ որ ալ ըլլայ բուն իրականութիւնը, Խաչատուր Աբովեան միայն մարմնով հեռացաւ հայ ժողովուրդի սրտէն ու մտքէն։
Ընդհակառակն՝ հաստատեց յաւերժական ներկայութեան իր շունչը եւ առյաւէտ նուաճեց իր անփոխարինելի տեղը Հայ Հոգիին մէջ։ Եւ ժառանգ ձգեց Արդի Հայուն վերականգնման պատգամը.
«Ո՛չ քսան, երեսուն տարուց աւելի ա, իմ ազիզ հե՛ր, իմ սիրելի ա՛զգ, որ սիրտս կրակ ա ընկել, էրւում, փոթոթւում ա. գիշեր֊ցերեկ լացն ու սուգ իմ աչքիցս, ա՜խն ու ո՜խը իմ բերնիցս չի՛ պակսում, ա՜յ իմ արիւնակից բարեկամք, որ մէկ միտքս ու մուրազս ձեզ պատմէի ու յետոյ հողը մտնէի։
Ամէն օր գերեզմանս առաջիս տեսնում էի, ամէն սհաթ մահուան հրեղէն սուրը գլխիս պտտում էր, ամէն րոպէի ձեր սիրտն ու դարդը հոգիս էրում, մաշում էր. լսում էի ձեր քաղցր ձէնը, տեսնում էի ձեր սիրուն երեսը, իմանում էի ձեր ազնիւ միտքն ու կամքը, վայելում էի ձեր ազիզ սէրն ու բարեկամութիւնը, մտածում էի ձեր կորցրած փառքն ու մեծութիւնը, մեր առաջին, է՛ն հիանալի թագաւորաց, իշխանաց գործքն ու կեանքը, մեր Հայրենեաց, մեր սուրբ աշխարքի առաջուան սքանչելիքն ու հրաշքը, մեր ընտիր ազգի աննման բնութիւնը ու արած քաջութիւնները։ Մասիս առաջիս էր կանգնած միշտ, որ մատով ցոյց էր տալիս, թէ ի՞նչ աշխարքի ծնունդ եմ ես. դրախտը մտքումս էր կենդանի, որ ինձ, երազում թէ լուրջ, միշտ մեր երկրի անունն ու պատուականութիւնը իմ առաջս էր բերում. Հայկ, Վարդան, Տրդատ, Լուսաւորիչ՝ քնած տեղս էլ ինձ ասում էին, որ ես իրա՛նց որդին եմ. Եւրոպա թէ Ասիա՝ ինձ անդադար ձէն էին տալիս, թէ Հայկայ զաւակն եմ ես, Նոյեան՝ թոռը, Էջմիածնայ՝ որդին, դրախտի՝ բնակիչը. դաշտում թէ ժամում, չոլում թէ տան՝ էն քարերն էլ ուզում էին, որ սիրտս պոկեն, հանեն, ուրտեղ որ իմ ազգի ոտը կոխել ա ու էսօր էլ կոխում ա. շատ անգամ, մէկ հայ տեսնելիս, ուզում էի էլած շունչս էլ հանեմ, նրան տամ…»։