Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, Թեսաղոնիկէ…
13 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտուն, եկեղեցիին կողքին գտնուող շէնքին արխիւի սրահին մէջ բացուեցաւ Յուշամատեանի կազմակերպած աշխատանոցը, գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» ամսաթերթին եւ Համազգային մշակութային եւ կրթական միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղին։
Յուշամատեանի խումբը վերջին անգամ նմանօրինակ աշխատանոց մը կազմակերպած էր երկու տարի առաջ Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մէջ, ուր զանազան ընտանիքներ իրենց հետ բերած էին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծնած իրենց նախնիներուն հին լուսանկարները, յիշողութեան առարկաները, վաւերաթուղթերը։ Այս բոլորը տեղւոյն վրայ լուսանկարուած եւ վերադարձուած էին իրենց տէրերուն։ Առաւել եւս, Յուշամատեանի խումբը աշխատանոցին իւրաքանչիւր մասնակիցի հետ հարցազրոյցներ վարած էր, նպատակ ունենալով վերականգնել ընտանիքին պատմութիւնը՝ հայրենի գիւղէն եւ քաղաքէն մինչեւ աքսորի առաջին տասնամեակները։
Ահաւասիկ այսպիսի աշխատանոց մըն էր, որ տեղի կ՚ունենար Թեսաղոնիկէի մէջ։ Արխիւներու սրահը, որ աշխատանոցին վայրն էր, կարծէք խորհրդանշական իմաստ մը առած էր այս առիթով։ Թեսաղոնիկէն մինչեւ 1912 թուականը մաս կազմած է Օսմանեան կայսրութեան։
Եկեղեցին կառուցուած է 1903-ին եւ քաղաքին հայկական համայնքը կազմուած եւ զարգացած է օսմանեան տարիներուն։ Այնպէս որ արխիւին մէջ գտնուող եւ այս տարիներէն մնացած եկեղեցական բազմաթիւ առարկաներ, տոմարներ, գիրքեր այդ տարիներէն մնացած ժառանգութիւններ են. ճիշդ այն նիւթերը, զորս Յուշամատեանի խումբը կը փորձէ գտնել, լուսանկարել/թուայնացնել եւ իրենց կայքէջին մէջ տեղադրել։
Յուշամատեանի խումբը մինակ չէր հոս։ Աթէնքէն եկած էին Քուինը, Մայքը, Անայիսը եւ Վերապատուելի Չոլագեանը։ Անոնք կը ներկայացնէին «Արմենիքա» ամսաթերթին խումբը։ Իսկ տեղւոյն վրայ, Համազգայինի խումբէն՝ Ռոզան եւ Նատիան, ամենայն բծախնդրութեամբ ծրագրած էին աշխատանոցը եւ նախատեսած անոր բոլոր պէտքերը։ Պերլինէն Թեսաղոնիկէ եկած Յուշամատեանի խումբին մաս կը կազմէին Սիլվինան, Էմճին եւ Վահէն։
13 եւ 14 Նոյեմբերին, աշխատանոցին ներկայացան մօտ 15 ընտանիքներ իրենց հետ բերելով հին լուսանկարներ, առարկաներ, վաւերաթուղթեր։ Իրենց նախնիներուն մասին բանաւոր վկայութիւնները գրի առնուեցան եւ արձանագրուեցան։
Պատմութիւնները բազմազան էին, անոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին փորձառութիւն մըն է, քով-քովի գալով կը լուսաբանեն հայերու պատմութեան զանազան եւ բազմազան երեսները՝ իրենց հայրենի բնակավայրներէն մինչեւ գաղթականութիւն։ Իւրաքանչիւր ընտանիքի հայրենի քաղաքն ու գիւղն ալ իրարմէ շատ տարբեր էին, տարածուած էին ընդարձակ Օսմանեան կայսրութեան բոլոր կողմերը, ինչպէս Սեբաստիա, Ռոտոսթօ, Չորլու, Պուրսա, Ատաբազար, Քեսապ, Աֆիոն Գարահիսար, Թալաս, Թոգատ, Մալկարա, Պոլիս, Անգարա, Կեսարիա, Կերէմէկ, Զմիւռնիա, Էտիրնէ, Չմշկածագ։
Յաջորդ ամիսներուն այս պատմութիւնները եւ հաւաքուած նիւթերը տեղ պիտի գտնեն Յուշամատեան կայքէջին մէջ։
Օսմանեան հայերու առօրեայ կեանքին եւ ընտանեկան պատմութիւններուն վերաբերող յատկանշական հետքեր եւ յիշողութիւններ են, որոնք այս ձեւով կը վերականգնին եւ մատչելի կը դառնան համայն մարդկութեան։ Նշենք որ Թեսաղոնիկէի աշխատանոցին հովանաւորն էր գերմանական EVZ («Յիշողութիւն, պատասխանատւութիւն եւ ապագայ») հիմնարկութիւնը։
Յայտնի էր, որ աշխատանոցը լուրջ խանդավառութիւն ստեղծած էր Սելանիկի հայկական փոքրաթիւ համայնքին մէջ։ Համաճարակին պատճառով համայնքային կեանքը երկար ատեն սառած վիճակի մը մէջ էր եւ այս մէկը առաջին հրապարակային ձեռնարկն էր, որ կը կատարուէր ամիսներու դադարէ ետք։ Փաստօրէն, ակնկալուածէն շատ աւելի ընտանիքներ մասնակցեցան երկօրեայ աշխատանոցին։ Իսկ համայնքային մարմիններ եւ անհատներ կը գործակցէին Համազգային միութեան հետ ի խնդիր աշխատանոցին յաջողութեան։
Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանը եւ Թաղային խորհուրդը իրենց կարգին ամէն դիւրութիւն ընծայեցին աշխատանոցին բարեյաջող կայացման համար։
Անհամբեր կը սպասենք Թեսաղոնիկէի ընտանեկան հաւաքածոներու լոյս ընծայումը Յուշամատեան կայքէջին մէջ։
Թղթակցութիւնը Յուշամատեանի