15 Մա­յիս 1916

15 Մա­յիս 1916. Հա­յոց գա­ղա­փա­րի զի­նո­ւոր ա­ռիւ­ծը՝ քաջն ՔԵՌԻ ին­կաւ Ռը­ւան­տու­զի ա­հեղ կռո­ւին Ն.

0
1753

15 Մա­յի­սի այս օ­րը, 1916 թո­ւա­կա­նին, թան­կա­գին ա­րեամբ գրո­ւե­ցաւ հե­րո­սա­կան ու ան­մո­ռա­նա­լի է­ջե­րէն մէ­կը Հա­յոց դիւ­ցազ­նա­կան Ա­զա­տա­մար­տին։
101 տա­րի ա­ռաջ, Մա­յիս ամ­սու այս օ­րը, զո­հո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­զու­գա­կան հե­րոս­նե­րէն Քե­ռին, որ ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ար­շակ Գա­ւա­ֆեան մկրտո­ւած էր, եւ որ իր զո­հա­բե­րու­թեան, քա­ջա­գոր­ծու­թեան ու ա­ռա­քի­նու­թեան հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ ՔԵՌԻ կո­չո­ւե­լու սրտա­բուխ պա­տի­ւին։

Չոր­րորդ գնդի հրա­մա­նա­տար քաջ Քե­ռի,
Ինքդ ա­րի եւ գոր­ծերդ միշտ բա­րի,
Սր­տաճմ­լիկ լուրդ ա­ռինք ցա­ւա­լի,
Քա­ջաց քաջն հե­րոս Քե­ռի պան­ծա­լի։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան դէմ­քե­րու լու­սապ­սակ մա­տեա­նին մէջ իր ան­զու­գա­կան տե­ղը ու­նի Քե­ռին, իբ­րեւ ա­ռինք­նող մարմ­նա­ւո­րու­մը մար­տու­նակ քա­ջու­թեան, յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քին ու ան­կեղծ զի­նո­ւո­րի նկա­րագ­րին, ո­րոնք երբ կը մէկ­տե­ղո­ւին հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թեամբ իր ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին պա­հա­պան կանգ­նող մար­դուն մէջ, ո՛չ յոգ­նու­թիւն կը ճանչ­նան, ոչ ալ ժա­մա­նա­կի մա­շում։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ի վի­ճա­կի են պահ­պա­նե­լու ի­րենց անս­պառ թար­մու­թիւ­նը եւ ա­նա­րատ յանդգ­նու­թիւ­նը, որ­քան ալ ժա­մա­նա­կը փոր­ձէ խո­հե­մու­թեան ու ի­րա­տե­սու­թեան, հա­մա­կեր­պու­մի ու ձեռն­թա­փու­թեան կա­պանք­նե­րուն են­թար­կել ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­քին բնո­րոշ մարդ­կա­յին ըմ­բոս­տաց­ման ո­գին։
«­Քա­ջաց քա­ջը հե­րոս Քե­ռին պան­ծա­լի» ճիշդ այդ յա­ւերժ ե­րի­տա­սարդ դէմքն է ա­լե­հեր հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի, որ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն անվ­հատ մար­տու­նա­կու­թիւն եւ ա­նե­րեր հա­ւատք ներշն­չող ան­կորն­չե­լի ա­ւանդ մը դար­ձաւ թէ՛ իր կեն­դա­նու­թեան, թէ՛ ռազ­մի ճա­կա­տին վրայ իր հե­րո­սա­կան թռիչ­քով ու մար­տի­րո­սա­ցու­մով։
Ա­ւե­լի քան դար մըն է ա­հա, որ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար Մա­յիս 15ը կը խորհր­դան­շէ յաղ­թա­կան վեր­ջին գրո­հը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման տի­տան­նե­րէն ան­զու­գա­կան Քե­ռիին, որ Ռը­ւան­տու­զի (այժ­մու Ի­րա­քի մէջ) ճա­կա­տին վրայ, թրքա­կան զօր­քե­րու օր­հա­սա­կան պա­շար­ման մէջ գտնո­ւող հայ եւ ռուս զի­նո­ւոր­նե­րը ա­զա­տե­լու պա­հուն, ճակ­տէն զար­նո­ւած ին­կաւ ռազ­մի դաշ­տին վրայ։
Ինչ­պէս որ Քե­ռիին նո­ւի­րո­ւած ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան հան­րա­ծա­նօթ եր­գը կը վկա­յէ՝

Ռը­ւան­տու­զի կռիւն էր շատ ա­հա­ւոր,
Թշ­նա­մու զօր­քերն էին բիւ­րա­ւոր,
Տաս­նըի­նը տաս­նը­վեց Մա­յիս տաս­նը­հին­գին,
Հա­յոց ա­ռիւծն ին­կաւ վրէ­ժը կրծքին։

1916ի Մա­յիս 12էն 18 եր­կա­րող օ­րե­րը բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­պա­գա­յին հա­մար։
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի թո­հու­բո­հին մէջ, թուրք-ռու­սա­կան պա­տե­րազ­մի եր­կար ճա­կա­տի հա­րա­ւա­յին՝ Պարս­կաս­տա­նի հա­տո­ւա­ծին վրայ, թրքա­կան բա­նա­կը յա­ջո­ղած էր պա­շար­ման վտան­գա­ւոր օ­ղա­կի մէջ առ­նել ռու­սա­կան զօրքն ու հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րը.- Ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թիւնն ու ստոյգ կոր­ծա­նու­մը կը սպառ­նա­յին ռու­սեւ­հայ­կա­կան կող­մին։
Մա­յիս 12ին, թրքա­կան 12 հա­զա­րա­նոց բա­նա­կը ու­ժեղ յար­ձա­կում մը գոր­ծեց պարս­կա­կան Ռը­ւան­տուզ քա­ղա­քին վրայ, ուր դիր­քա­ւո­րո­ւած էին ռու­սեւ­հայ­կա­կան ու­ժե­րը։ Թշ­նա­մին գրա­ւեց Ռը­ւան­տու­զը ե­զե­րող լեռ­նա­յին բարձր դիր­քե­րը եւ աս­տի­ճա­նա­բար սկսաւ սեղ­մել պա­շար­ման օ­ղա­կը։
Ա­հա՛ այդ օր­հա­սա­կան պա­հուն, Մա­յիս 15ին, քա­ջա­րի հե­րոս մը շրջեց պատ­մու­թեան ա­նի­ւին կոր­ծա­նա­րար թա­ւա­լու­մը։
Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան 4րդ Գուն­դի հրա­մա­նա­տար քաջ Քե­ռին ձեռ­նար­կեց թրքա­կան պա­շար­ման շղթան ճեղ­քե­լու յան­դուգն գրո­հի մը։
Մա­յիս 15ին, իր վաշ­տե­րէն մէ­կուն եւ 40-50 ձիա­ւոր­նե­րու գլուխն ան­ցած՝ Քե­ռի ա­նակն­կա­լօ­րէն յար­ձա­կում գոր­ծեց թրքա­կան դիր­քե­րուն վրայ եւ ա­հե­ղի մար­տով կրցաւ դէ­պի ձո­րը հրել թշնա­մի զօր­քը։
Քե­ռի յա­ջո­ղե­ցաւ իր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ. թրքա­կան պա­շա­րու­մը ճեղ­քո­ւե­ցաւ եւ Ռը­ւան­տու­զի մէջ դիր­քա­ւո­րո­ւած ռուս-հայ­կա­կան ու­ժե­րը ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի ան­ցան։
Բայց յաղ­թա­նա­կով պսա­կո­ւած այդ գրո­հի գլխա­ւոր հե­րո­սին հա­մար, ճա­կա­տա­գի­րը վե­րա­պա­հած էր դառ­նա­գոյն իր խա­ղե­րէն մէ­կը. յաղ­թա­կան իր թռիչ­քի ա­ւար­տին, մա­հա­ռիթ փա­փուշ­տը յան­կարծ ճակ­տէն հա­րո­ւա­ծեց ա­ռիւ­ծա­կերպ հե­րո­սին։ Քե­ռի հա­զիւ կրցաւ «­Վա՜յ, բա­լա­նե՜րս, ես խփո­ւե­ցայ»… ճի­չը ար­ձա­կել ու վեր­ջին շուն­չը ա­ւան­դեց։
Ծանր էր կո­րուս­տը. մեծ էր կսկի­ծը. բայց Ռը­ւան­տու­զի կռի­ւը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ Մա­յիս 18, երբ ռուս-հայ­կա­կան ու­ժե­րը վերջ­նա­կան ու ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թեան մատ­նե­ցին թրքա­կան բա­նա­կը, որ ա­ւե­լի քան հինգ հա­զար զոհ տա­լով՝ խու­ճա­պա­հար փա­խուս­տի դի­մեց։

Ան­գութ մա­հը քեզ մե­զա­նից բա­ժա­նեց,
Մեր սրտե­րում ան­բու­ժե­լի վէրք բա­ցեց,
Մի՞­թէ չար գնդա­կը քե­զի ո­րո­նեց,
Գա­ղա­փարդ եւ յոյ­սերդ խոր­տա­կեց։

Քե­ռի իր ա­րեամբ՝ իր կեան­քի նո­ւի­րա­բե­րու­մով նո­ւա­ճեց յաղ­թա­նա­կը։
Քե­ռիի ան­կեն­դան մար­մի­նը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Թեհ­րան, ուր մեծ շու­քով՝ ժո­ղովր­դա­յին սի­րո­ւած հե­րո­սի փառ­քով, Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու դես­պա­նա­կան եւ հրա­մա­նա­տա­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ար­ժա­նա­ցաւ պե­տա­կան եւ ազ­գա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան։ Ա­պա՝ մար­տի­րոս հե­րո­սին ան­շունչ մար­մի­նը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Թիֆ­լիս, որ­պէս­զի հա­յոց Խո­ջե­վան­քի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ գտնէ իր յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տը։
Ծա­նօթ է, որ խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ Խո­ջե­վան­քի հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տու­նը ան­տի­րու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ եւ շատ ու շատ մե­ծա­նուն հա­յոր­դի­նե­րու շի­րիմ­նե­րուն հետ քան­դո­ւե­ցաւ ու ան­հե­տա­ցաւ նաեւ Քե­ռիին գե­րեզ­մա­նը։
Այ­դու­հան­դերձ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը առ­յա­ւէտ իր սրտին մէջ կեն­դա­նի ու վառ պա­հեց յի­շա­տա­կը քա­ջա­րի իր հե­րո­սին՝ ա­նոր նո­ւի­րո­ւած եր­գը դարձ­նե­լով մեր սե­րունդ­նե­րու ա­մէ­նէն սրտա­մօտ ու հո­գե­հա­րա­զատ բա­բա­խում­նե­րէն մէ­կը.

Թող լռեն սո­խակ­ներ է՛լ չը ճլո­ւը­լան,
Ս­լա­ցէ՛ք կռունկ­ներ դէ­պի Հա­յաս­տան,
Լուր տա­րա­ծե­ցէք դուք հա­մայն հա­յու­թեան,
Հա­յոց պաշտ­պան Քե­ռին մտաւ գե­րեզ­ման։

Քե­ռի հե­րո­սի մա­հով պսա­կեց անն­կուն յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ քա­ջա­րի ֆե­տա­յիի իր եր­կար ու փշոտ, այ­լեւ փա­ռա­հեղ ու­ղին։
Քե­ռի ծնած էր Կա­րին, որ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման շղթա­յա­զերծ­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն օր­րա­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ։ Դժ­բախ­տա­բար միայն կցկտուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ պա­հո­ւած են Էրզ­րում­ցի Քաւ­թար Ար­շակ ա­նու­նով հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած քաջ ֆե­տա­յիին կեան­քի ման­րա­մաս­նե­րուն՝ ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն, ման­կու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ Մին­չեւ ան­գամ ծննդեան թո­ւա­կա­նը ստու­գե­լու դժո­ւա­րու­թիւն ու­նինք. կեն­սա­գիր­նե­րը կը տա­րու­բե­րին 1858ի եւ 1863ի մի­ջեւ։
Քե­ռի շատ կա­նու­խէն մաս­նա­կից դար­ձած էր հայ յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րուն։ 1880ի Կար­նոյ մեծ ցոյ­ցին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն էր. Ա­րամ Ա­րա­մեա­նի սերտ գոր­ծա­կի­ցը ե­ղած էր. մաս­նակ­ցած էր Կու­կա­նեա­նի հռչա­կա­ւոր ար­շա­ւա­խում­բին, ո­րուն դէմ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց ձեռ­նար­կած հա­լա­ծան­քի ժա­մա­նակ յա­ջո­ղած էր ձեր­բա­կա­լու­թե­նէ փա­խուստ տալ. 1894-5ի կո­տո­րած­նե­րու շրջա­նին, մաս­նակ­ցած էր Կար­նոյ ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռիւ­նե­րուն. այ­նու­հե­տեւ ան­ցած էր Կով­կաս եւ ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւած էր Դաշ­նակ­ցու­թեան ֆե­տա­յա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։
1898ին մաս­նակ­ցած էր Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին, ա­պա ան­ցած էր Սա­սուն, ուր 1903-1904ին սերտ գոր­ծա­կի­ցը դար­ձած էր Անդ­րա­նի­կի՝ Սաս­նոյ ապս­տամ­բու­թեան շրջա­նին։ 1905ին քաջ հայ­դու­կը Սի­սիա­նի ճա­կա­տի ղե­կա­վարն էր հայ-թա­թա­րա­կան կռիւ­նե­րու ժա­մա­նակ։ 1908ին ան­ցած էր Պարս­կաս­տան՝ Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման կռիւ­նե­րուն Եփ­րե­մի աջ բա­զու­կը դառ­նա­լով եւ, վեր­ջի­նի նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք, ստանձ­նե­լով գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Իր քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար պարս­կա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ար­ժա­նա­ցած էր Խան տիտ­ղո­սին եւ կեն­սա­թո­շա­կի։
Ա­նո­ւա­նի հայ­դու­կա­պետ եւ ժո­ղովր­դա­կան սի­րո­ւած հե­րոս էր Քե­ռի, երբ 1912ին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մին եւ իր քա­ջա­գոր­ծու­թեանց հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ ռու­սա­կան բա­նա­կի Ս. Գէորգ պա­տո­ւան­շա­նին։
Իսկ երբ բռնկե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը, Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Գուն­դե­րէն մէ­կուն՝ Չոր­րորդ Գուն­դին հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ար­դա­րօ­րէն յանձ­նո­ւե­ցաւ հայ­դու­կա­պետ Քե­ռիի։ Մին­չեւ Ռե­ւան­տու­զի օր­հա­սա­կան կռի­ւը, Քե­ռի իր ղե­կա­վա­րած Կա­մա­ւո­րա­կան Չոր­րորդ Գուն­դով հե­րո­սա­կան նոր քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­պեց իր ա­նու­նին՝ յատ­կա­պէս Սա­րը­ղա­մի­շի կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին։
Թէեւ կեն­սա­գիր­նե­րը շատ ժլատ գտնո­ւած են Քե­ռիի անձն ու գոր­ծը ըստ ար­ժան­ւոյն սպա­ռիչ կեր­պով ներ­կա­յաց­նե­լու ի­մաս­տով՝ այ­սու­հան­դերձ, բո­լորն ալ հա­մա­կար­ծիք են, որ «պարզ, հա­մեստ, բայց խիստ, Քե­ռին պաշ­տո­ւած էր ա­մէ­նու­րեք՝ իր ֆե­տա­յի­նե­րուն եւ կա­մա­ւոր­նե­րուն կող­մէ, ու շա՜տ սի­րո­ւած՝ զի­նո­ւո­րա­կան թէ յե­ղա­փո­խա­կան իր բո­լոր ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ»։

Դու ա­մէն տեղ վա­զում էիր օգ­նու­թեան,
Քեզ ազ­դում չէր ո՛չ սուր, ո՛չ թուր, ո՛չ գնդակ,
Ա­մէն­քին անխ­տիր էիր դու պաշտ­պան,
Կոչ­մանդ ար­ժա­նի հե­րոս Քե­ռի խան։

Մի­քա­յէլ Վա­րան­դեան, 1916ի Դեկ­տեմ­բեր 28ին, Թիֆ­լի­սի «­Հո­րի­զոն»ին մէջ ներ­կա­յաց­նե­լով Քե­ռիի հայ­դու­կա­պե­տի վաս­տա­կը, հա­յոց «քա­ջաց քաջ»ին մա­սին գրեց.
«Ո­չինչ այն­քան չէր յու­զում ինձ Ե­րե­ւա­նեան մեր ըն­կե­րա­կան հա­ւա­քոյթ­նե­րի ժա­մա­նակ, ինչ­պէս այն վայր­կեա­նը, երբ Անդ­րա­նիկ ու Քե­ռի նստում էին քո­վէ քով եւ ձիե­րը ի­րա­րու վզով փա­թա­թում։ Հայ ժո­ղովր­դի եր­կու մեծ ռազ­միկ­նե­րը՝ ի­րա­րու փա­րո­ւած — կոշտ ու կո­պիտ, ինչ­պէս ին­քը՝ այդ ժո­ղո­վուր­դը, ան­սահ­մա­նօ­րէն խի­զախ ու անձ­նու­րաց… մի մի ժայ­ռեր՝ բռնա­կա­լու­թեան հող­մե­րի հան­դէպ»։
Ա­յո՛, թրքա­կան բռնա­կա­լու­թեան դէմ ծա­ռա­ցած հայ­կա­կան ա­նա­ռիկ ժայռ մը ե­ղաւ Քե­ռին, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր իր կտրած մար­տի ճա­նա­պար­հը պսա­կեց յաղ­թա­նա­կով՝ վա­հա­նի վրայ վե­րա­դառ­նա­լով ռազ­մի դաշ­տէն
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ «­Չոր­րորդ Գն­դի հրա­մա­նա­տար քաջ Քե­ռին» յա­ւէտ պի­տի ապ­րի հայ ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ մարմ­նա­ւո­րե­լով ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ու յա­նուն գա­ղա­փա­րի մղո­ւած յա­րա­տեւ կռո­ւի մէջ մա­զե­րը ճերմկ­ցու­ցած, բայց յոգ­նու­թիւն եւ ծե­րու­թիւն չճանչ­ցող յա­ւերժ ե­րի­տա­սարդ դէմ­քը ան­կեղծ դաշ­նակ­ցա­կա­նին եւ ան­բա­սիր ֆե­տա­յիին։

Մահդ Դաշ­նակ­ցու­թեան մեծ ցաւ պատ­ճա­ռեց,
Եւ ըն­տա­նի­քիդ ալ սիր­տը խռո­վեց,
Հա­մա­րեա՛ թէ ամ­բողջ Կով­կա­սը ցնցո­ւեց,
Քեզ հա­մար շատ մայ­րեր լա­ցին ող­բա­ցին։

Ինչ­պէս որ Քե­ռիի մար­տի­րո­սաց­ման ա­ռի­թով Գա­հի­րէի Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Յու­սա­բեր» պի­տի հաս­տա­տէր 11 Յու­լիս 1916ի իր խմբագ­րա­կա­նով՝
«Ամ­բողջ ե­րե­սուն տա­րի, ա­նի­կա իր լայն հո­գիին մէջ ապ­րած էր բո­վան­դակ զու­լումն ու տար­տը իր դժբախտ ու սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դին, միա­ցած էր ա­նոր հնհնուք­նե­րով, ար­տա­սո­ւած էր ա­նոր ար­ցունք­նե­րով, փո­թոր­կո­ւած էր ա­նոր խռովք­նե­րով։
«­Պարզ ու ան­պա­ճոյճ, ինչ­պէս վա­յել է գա­ղա­փա­րի զի­նո­ւո­րին, լուռ ու մռայլ՝ ինչ­պէս մռայլ էր հայ­կա­կան ցա­ւոտ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը՝ Քե­ռին միակ սէր մը ճանչ­ցած էր՝ հայ­րե­նի­քի սէ՛­րը. միակ կիրք մը՝ պայ­քա­րին տար­փա՛ն­քը. միակ ի­տէալ մը՝ ա­զա­տու­թեա՛ն ի­տէա­լը»։
Ա­յո՛, թրքա­կան բռնա­կա­լու­թեան դէմ ծա­ռա­ցած հայ­կա­կան ա­նա­ռիկ ժայ­ռը մարմ­նա­ւո­րեց Քե­ռին, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր իր կտրած մար­տի ճա­նա­պար­հը պսա­կեց յաղ­թա­նա­կով՝ վա­հա­նի վրայ վե­րա­դառ­նա­լով ռազ­մի դաշ­տէն
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ իբ­րեւ միշտ ե­րի­տա­սարդ ու հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը ո­գեշն­չող յե­ղա­փո­խա­կա­նի ու գա­ղա­փա­րի զի­նո­ւո­րի՝ «­Չոր­րորդ Գն­դի հրա­մա­նա­տար քաջ Քե­ռին» յա­ւէտ պի­տի ապ­րի հայ ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թեան մէ­ջ։