­Վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան Ե­րեք­շաբ­թի՝ 25 Ապ­րի­լին հան­դի­պե­ցաւ «­Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» (IDeA) հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու խում­բը կը գլխա­ւո­րէր IDeAի հա­մա­հիմ­նա­դիր ­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեան։
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տար­բեր ո­լորտ­նե­րէ ներս ի­րա­կա­նա­ցո­ւող զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րը եւ նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը:
Ըստ ­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեա­նի՝ 2007էն ցայ­սօր IDeA հիմ­նադ­րա­մը գոր­ծըն­կեր­նե­րու, նո­ւի­րա­տու­նե­րու հետ միա­սին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար ար­դէն ներդ­րած է ա­ւե­լի քան 550 մի­լիոն տո­լար եւ կը նա­խա­տե­սէ յա­ռա­ջի­կայ 15 տա­րի­նե­րուն շուրջ 1,3 մի­լիառ տո­լա­րի յա­ւե­լեալ ներդ­րում­ներ ներգ­րա­ւել:
IDeAի հիմ­նա­դի­րը ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման նոր նա­խա­գի­ծե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րու ծրա­րը, որ կը նե­րա­ռէ գոր­ծող ծրա­գիր­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը եւ նոր ուղ­ղու­թիւն­ներ:
­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեան ման­րա­մաս­նեց ա­ռա­ջար­կո­ւած ծրա­գիր­նե­րը՝ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան, կրթու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, հան­քար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու զար­գաց­ման, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման եւ ե­լեւմ­տա­կան-դրա­մատ­նա­յին հա­մա­կար­գի հզօ­րաց­ման ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի զար­գաց­ման ուղ­ղո­ւած ներդ­րու­մա­յին ծրա­գիր­նե­րը:
«Ես ու­զում եմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել ­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեա­նին եւ իր գոր­ծըն­կեր­նե­րին, որ մտա­հոգ են ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար, կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տանք­ներ են ի­րա­կա­նաց­նում մեր երկ­րում, եւ մենք մեր վե­րա­բեր­մուն­քով, հա­մար­ժէք ար­ձա­գան­գով պէտք է ո­գե­ւո­րենք նրանց: ­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը շա­հագրգ­ռո­ւած է, որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր ներդ­րող ­Հա­յաս­տա­նում ի­րեն պաշտ­պա­նո­ւած ու յար­մա­րա­ւէտ զգայ: Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, պե­տու­թիւն-մաս­նա­ւոր հա­տո­ւած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պէտք է լի­նի հաս­կա­նա­լի եւ ձեռն­տու: ­Մենք պատ­րաստ ենք քննար­կե­լու բո­լոր ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րը»,- հան­դիպ­ման ա­ւար­տին ը­սաւ վար­չա­պետ ­Կա­րա­պե­տեան: