Հայոց Ցեղասպանութեան 103ամեակ
Հայաստանի Անկախութեան
Հռչակման 100ամեակ

Հրաւէր համայն հայութեան

Կեդրոնական Քաղաքական ձեռնարկ

Կիրակի՝ 22 Ապրիլ 2018 առաւօտեան ժամը 11։00ին
Աթէնքի «Բալլաս» թատերասրահ
(Վուքուրեսթիու 5, մեթրօ Սինտաղմա)

Կը նախագահէ ընկ.Արթօ Շեմմաս

Ողջոյնի խօսքեր՝
Հելլէն Կառավարութիւն, Հելլէն Խորհրդարան, Ատտիկէի Մարզպետարան
Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան ներկայացուցիչ՝
դեսպանորդ՝ պրն. Ալեքսանտր Սարգսեան
Ուղերձ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան՝ ընկ. Վազգէն Սավուլեան

Օրուան բանախօս՝
Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար
պրն. Իոաննիս Քասուլիտիս

Կը մասնակցին՝
— «Համազգային»ի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը
խմբավարութեամբ՝ պրն. Մկրտիչ Գրիգորեանի
— «Համազգային»ի «Նայիրի» պարախումբը
պարուսուցութեամբ՝ պրն. Էտկար Էկեանի

Պիտի յաջորդէ քայլարշաւ դէպի Սինտաղմայի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանը,
ուր տեղի պիտի ունենայ դափնեպսակներու զետեղում

* * *
Նախաձեռնութեամբ՝ Ատտիկէի մարզպետարանի
նախագահութեամբ՝ հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու
Հանդիսաւոր արարողութիւն եւ դափնեպսակներու

զետեղում Նէա Զմիռնիի յուշակոթողին առջեւ

Երկուշաբթի՝ 23 Ապրիլ 2018, կէսօրէ ետք ժամը 4:30ին

Կը նախագահէ ընկ. Մարլէն Քիւրտօղլեան — Պոտուրեան

Ողջոյնի խօսքեր՝
* Ատտիկէի Մարզպետարանի ներկայացուցիչ
Ակելիքի Լեվենտի

* Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիս

Տեղի կ’ունենայ դափնեպսակներու եւ ծաղիկներու զետեղում
Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

* * *
Ժողովրդային բողոքի ցոյց
դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն

Երկուշաբթի՝ 23 Ապրիլ 2018
Հաւաքավայր՝ Սինտաղմա, երեկոյեան ժամը 6ին

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ