«­Միայն մէկ գիր, ­Մես­րո­պեան գիր,
եւ մենք դար­ձանք լոյ­սի եր­կիր»
­Գէորգ Է­մին

­Հա­յոց Ազ­գի ինք­նու­թեան, մշա­կու­թա­յին ինք­նու­րոյ­նու­թեան հիմ­նա­քա­րը հան­դի­սա­ցող ­Մես­րո­պեան հան­ճա­րի Այբ ու ­Բէ­նի գիւ­տով սկիզբ ա­ռած պատ­մա­կերտ հանգ­րո­ւա­նը քէր­թո­ւա­ծի մէկ տո­ղի մէջ խտաց­նող այս բա­ռե­րը, մեր առ­ջեւ կը բա­նան դա­րե­րու վրայ եր­կա­րող ու հա­յոց մշա­կու­թա­յին ան­կախ հարս­տու­թիւ­նը կեր­տող աշ­խար­հը։
Ք.ե. ­Հա­յոց ­Պատ­մու­թեան չոր­րոդ դա­րը յատ­կանշնո­ւե­ցաւ քրիս­տո­նեայ ­Հա­յաս­տա­նով, որ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան նկա­րագ­րին ան­քակ­տե­լի մա­սը կազ­մեց, այն­քան մը միա­զան­գո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յու­թեան հետ, որ Ե­ղի­շէ պատ­մի­չի բա­ռե­րով դար­ձաւ հա­յուն մոր­թին գոյ­նը։
Իսկ, ­Հա­յոց ­Պատ­մու­թեան հին­գե­րորդ դա­րու ­Հա­յոց գի­րե­րու գիւ­տը, Ք­րիս­տո­նեայ ­Հա­յաս­տա­նը դրոշ­մեց հայ­կա­կան իւ­րա­յա­տուկ գոյ­նով, ո­րով քրիս­տո­նեայ հա­մայն աշ­խար­հի խճան­կա­րին մէջ ­Հայ Ազ­գը իր հա­յա­ցած քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քով զա­տո­րո­շո­ւե­ցաւ։
­Հա­յոց Այբ ու ­Բէ­նի գիւ­տով սկիզբ ա­ռաւ ­Հա­յոց ­Պատ­մու­թեան ոս­կե­դա­րը։ ­Հայ Ազ­գը դադ­րե­ցաւ այլ ազ­գե­րէ՝ ըլ­լայ պարս­կա­կան, հել­լե­նա­կան կամ ա­սո­րա­կան քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րէն լոյս առ­նող ար­բա­նեակ եւ ու­նե­ցաւ իր մշա­կու­թա­յին ա­րե­ւը, ո­րով լու­սա­ւո­րեց ի՛ր միտքն ու հո­գին։
­Հա­յոց ­Պատ­մու­թեան ոս­կե­դա­րը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ հայ դպրո­ցով։ Ս. ­Սա­հակ ­Հայ­րա­պե­տի ու Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի եւ Վ­ռամ­շա­պուհ թա­գա­ւո­րի տես­լա­պաշտ ջան­քե­րով, ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին բա­ցո­ւե­ցան հայ դպրոց­ներ, ո­րով հայ Ազ­գի սե­րունդ­նե­րը սկսան ստեղ­ծա­գոր­ծել սե­փա­կան գի­րով։
­Հայ դպրո­ցը ոս­կե­դա­րու կերտ­ման նա­խա­պայ­մանն էր։ ­Հայ դպրո­ցը պատ­մա­կան հանգ­րո­ւա­նի մէջ սկսաւ, բայց այդ հանգ­րո­ւա­նով չսահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ, այլ ե­ղաւ ­Հայ Ազ­գի գո­յու­թեան, ինք­նու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան հա­մար ան­փո­խա­րի­նե­լի եւ հրա­մա­յա­կան նա­խա­պայ­ման։ ­Հա­յոց ­Պատ­մու­թեան յե­տա­գա­յի բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ հա­յուն հա­մար` իր հայ­րե­նի­քին մէջ, թէ օ­տար երկ­նա­կա­մար­նե­րու տակ, օ­տար ա­մա­յի ճամ­բէք­նե­րու վրայ ե­ղած ա­տեն, միշտ ալ հայ դպրո­ցը ե­ղաւ իր գո­յեր­թին նա­խա­պայ­մա­նը։
­Հա­ւա­նա­կան է որ, Ք.ե. 387-ին ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին բա­ժա­նու­մը պարս­կա­կան եւ հռո­մէա­կան կայս­րու­թեանց մի­ջեւ, Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի հա­մար կա­րե­ւոր մէկ պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն մը հան­դի­սա­ցաւ, որ ­Հայ Ազ­գի գո­յու­թեան ամ­րա­կուռ կռո­ւան ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու իր ա­պա­գա­յա­տե­սիլ եւ հան­ճա­րեղ ռազ­մա­վա­րու­թիւնն էր հա­յե­րէն սե­փա­կան լե­զո­ւով գիր գրա­կա­նու­թիւն հաս­տա­տե­լը, որ­պէս­զի գա­լիք դա­րե­րուն քա­ղա­քա­կան նման կա­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ գտնո­ւե­լու պա­րա­գա­յին, հայ Ազ­գի զա­ւակ­նե­րը միշտ ալ պա­հեն ի­րենց հայ­կա­կան ինք­նու­թիւնն ու նկա­րա­գի­րը եւ ի­րա­րու միա­ցած մնան՝ թէ­կուզ հե­ռու եւ տար­բեր մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ ապ­րե­լով։ ­Հայ Ս­փիւռ­քի պատ­մու­թիւ­նը պեր­ճա­խօս վկան է, որ օ­տար մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ հա­սակ առ­նող նոր սե­րունդ­ներ ի­րենք զի­րենք ճանչ­ցան եւ ի­րա­րու հա­ղորդ մնա­ցին հայ­րերն լե­զո­ւով եւ ինք­նու­թեամբ։

* * *

Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի հան­ճա­րով ճամ­բայ ե­լած հայ Ազ­գի ինք­նա­տիպ մշա­կոյ­թի գո­յեր­թի պատ­մա­կան հե­ռան­կա­րին յա­րա­բե­րա­բար զու­գա­հեռ մը գծե­լով վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեա­կին հա­յու­թեան յե­տե­ղեռ­նեան գո­յա­պայ­քա­րին հետ, յատ­կա­պէս Ս­փիւռ­քի տա­րա­ծին հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րուն հաս­տատ­ման ու կազ­մա­կերպ­ման հանգ­րո­ւա­նին, նկա­տե­լի է թէ ինչ­պէս որ Ս. ­Մես­րոպ հայ դպրոց­ներ բա­ցաւ, նոյ­նը ը­րին իւ­րա­քան­չիւր գա­ղու­թի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, երբ ոտք դրին օ­տար ա­փե­րու վրայ։ ­Հար­ցը որ կը տրո­ւի ան է, որ հին­գե­րորդ դա­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կար մշա­կոյթ եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն, թէ­կուզ օ­տար, ին­չո՞ւ Ս. ­Մես­րոպ հրա­մա­յա­կան անհրա­ժեշ­տու­թիւն նկա­տեց ստեղ­ծել հայ գիր ու գրա­կա­նու­թիւն, ո­րուն հիմ­նա­քա­րը ե­ղաւ հայ դպրո­ցը։ ­Նոյն­պէս Ս­փիւռ­քի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ուր որ գա­ցին ու հաս­տա­տո­ւե­ցան, ար­դեօք այն­տեղ չկա­յի՞ն դպրոց­ներ եւ կրթու­թեան հաս­տա­տու­թիւն­ներ, թէ­կուզ օ­տար, ին­չո՞ւ հա­մար ան­պայ­ման ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ պէտք էր հայ դպրոց բա­նալ։
­Պա­տաս­խա­նը յստակ է ու մէ­կին։ ­Հայ նոր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար հա­յե­ցի հա­րա­զատ կրթու­թիւնն էր ան­ցեա­լին եւ կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ ցայ­սօր անհ­րա­ժեշտ, պա­հե­լու հա­մար ի­րենց հայ­կա­կան նկա­րա­գի­րը, ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ Եւ այդ ի­րա­կա­նու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րաշ­խի­քը հայ դպրոցն է, իր հայ­կա­կան հա­րա­զատ մի­ջա­վայ­րով, լե­զո­ւով, զգա­ցու­մով ու ապ­րու­մով։ ­Հայ դպրո­ցին հետ պէտք չէ վե­րա­բե­րիլ սոսկ որ­պէս կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը։ ­Հայ դպրո­ցը օ­տար այլ վար­ժա­րան­նե­րու կար­գին եւ ա­նոնց նման դպրոց մը չէ։ Ինչ­պէս իւ­րա­քան­չիւր նո­րա­ծին ու­նի զինք ծնող հա­րա­զատ բնա­կան մայ­րը, որ կա­րե­լի չէ փո­խա­րի­նել այլ կնոջ­մով, այդ­պէս ալ հայ նոր սե­րուն­դին ազ­գա­յին հա­րա­զատ սնունդ ջամ­բո­ղը, դիեց­նո­ղը հայ դպրոցն է։
Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին հա­րիւ­րա­մեակ բո­լո­րած գա­ղութ­նե­րուն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, կար­գին հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը, հա­յե­րէ­նա­գի­տու­թիւ­նը դար­ձած է հա­զո­ւա­գիւտ, այ­լա­պէս՝ մա­կե­րե­սա­յին վի­ճակ մը կը պար­զէ։ ­Հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու կեան­քին մէջ այ­լեւս շատ քիչ են ա­նոնք, ո­րոնք կրնան սա­հուն հա­յե­րէն խօ­սիլ, գրել կամ կար­դալ։
Ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րէն ներս հա­զո­ւա­գիւտ են ա­նոնք, ո­րոնք կրնան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ստանձ­նել եւ պա­հան­ջուած հա­յե­րէն լե­զո­ւի գի­տու­թեամբ շա­րու­նա­կել նախ­նեաց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Եւ երբ պա­տա­հի գտնո­ւի անձ մը որ ու­նի կա­րո­ղու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու, կ­՚ը­սենք, «ո­րով­հե­տեւ ան այ­սինչ հայ­կա­կան դպրո­ցը ա­ւար­տած է…»։
Այն ինչ որ մեր ազ­գա­յին կեան­քին մէջ բնա­կան ու թի­ւով շատ պէտք էր որ ըլ­լար, այ­սօր դար­ճած է պեր­ճանք եւ հա­զո­ւա­գիւտ։
­Ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր, հայ դպրո­ցին հետ առն­չուած ա­մէն ա­ռի­թի, ա­մէ­նուր այ­լեւս, կո­կորդ կը մա­շեց­նենք, մե­լան կը հո­սեց­նենք ա­պա­ցու­ցե­լու, հա­մո­զե­լու հայ դպրո­ցին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մար ա­նոր ան­փո­խա­րի­նե­լիու­թիւ­նը, եւ հե­տե­ւա­բար՝ մեր գա­ղու­թա­յին ազ­գա­յին կեան­քի կեն­սու­նա­կու­թեան կա­րիք­նե­րուն ցան­կին վրայ ա­նոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը։ ­Հայ դպրո­ցը կա­րի­քը չու­նի պաշտ­պան փաս­տա­բա­նի եւ ջա­տա­գո­վու­թեան։
­Հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը՝ սկսեալ հին­գե­րորդ դա­րէն ի վեր, պեր­ճա­խօս վկան է հայ դպրո­ցի ազ­գա­յին ա­նա­ռար­կե­լի սերն­դա­կերտ ա­ռա­քե­լու­թեան։ ­Հայ դպրո­ցը վե­րար­ժե­ւո­րու­մի կա­րի­քը չու­նի, այլ մենք է որ, բո­լորս անխ­տիր, կա­րի­քը ու­նինք մեր մօ­տե­ցու­մը, մեր վե­րա­բե­րու­մը վե­րա­կանգ­նե­լու հայ դպրո­ցին նկատ­մամբ։
­Ներ­կայ կեան­քի պայ­ման­նե­րը եւ տնտե­սա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը ո­չինչ են հա­մե­մա­տա­բար այդ պայ­ման­նե­րուն եւ տնտե­սա­կան կա­ցու­թեան, երբ մեր նախ­նիք օ­տար ա­փե­րուն վրայ հի­մը դրին հայ դպրո­ցին։ ­Գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­մե­նաթ­շո­ւառ եւ ա­մե­նադ­ժո­ւար պայ­ման­նե­րուն մէջ, ա­նոնք ա­ռօ­րեայ հա­ցին եւ ֆի­զի­քա­կան գո­յա­տե­ւու­մին հետ միա­սին, ա­ռաջ­նա­հերթ նկա­տե­ցին հայ դպո­ցը ի խնդիր հայ սե­րունդ­նե­րուն ազ­գա­յին գո­յա­տեւ­ման։
­Հայ դպրո­ցը կը մնայ իր սերն­դա­կերտ ա­ռա­քե­լու­թեան վրայ։ ­Պար­զա­պէս մենք բո­լորս անխ­տիր եւ ան­վա­րան՝ կրթա­կան դաս­տիա­րակ­ներ դպրո­ցէն ներս, ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­ներ դպրո­ցին շուրջ, հայ ծնող­ներ եւ մին­չեւ իսկ դպրո­ցին մէջ ա­շա­կերտ չու­նե­ցող ըն­տա­նիք­ներ, պէտք է գի­տակ­ցինք մեր հայ­կա­կան կեան­քի կա­րիք­նե­րուն եւ նա­խընտ­րու­թեանց մէջ հայ դպրո­ցին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նել։ ­Հայ դպրո­ցի ան­դաս­տա­նին ջրտու­քը որ­քան ար­գա­սա­բեր ըլ­լայ, այն­քան օ­գուտ կը քա­ղէ ամ­բողջ գա­ղու­թը. ա­նոր բերքն ու բա­րիք­նե­րը կը սնու­ցա­նեն ու քաղց­րա­ց­նեն բո­լո­րիս ազ­գա­յին կեան­քը։
­Սե­րունդ­ներ, դուք ձեզ ճա­նա­չէ՛ք հայ դպրո­ցով։
Ա՛յս է կար­գա­խօ­սը հայ դպրո­ցին։
­Բա­րի վե­րա­մուտ բո­լո­րիս։

­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չերեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ­Թե­մին
Ա­թէնք, 2021