Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակի
ձեռնարկներու շարք Թեսաղոնիկէի մէջ
Կիրակի, 19 Ապրիլ, Ժամը 11։00
Թեսաղոնիկէի Սպայից Պահակագունդի Դահլիճ ΛΑΦΘ (Էթնիքիս Ամինիս 1)
Կեդրոնական Քաղաքական Ձեռնարկ
Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետարանի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի համակազմակերպութեամբ
Բանախօս՝ տոքթ. Եորղիոս Ֆիլիս,
Միջազգային յարաբերութեանց փրոֆէսէօր, Կիպրոսի Ledra College Եւրոպական հարցերու եւ աշխարհաքաղաքականութեան հարցերու դասախօս
Նիւթ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Ոճիրի մը պատմական եւ աշխարհաքաղաքական հետեւանքները՝ 20-րդ դարէն 21-րդ դար»
Կը մասնակցի Թեսաղոնիկէի «Երաժշտութեան բարեկամներ միութեան»
մանկական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ տիկին Սոֆիա Եոլտասիի
ժամը 13։00
Քայլարշաւ եւ դափնեպսակներու զետեղում ΑΣΔΗΜ-ի Հերոսներու Յուշարձան (Սթրաթու պողոտայ)
Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ մինչեւ Կիրակի, 26 Ապրիլ
Ժամը 10։00-22։00
Քարոզչական կրպակ՝ Աղիաս Սոֆիաս փողոց
Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբին
Ուրբաթ, 24 Ապրիլ, Ժամը 11։00
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի
Գոհաբանական հանդիսաւոր արարողութիւն
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին
Նախագահութեամբ` Եղիա վրդ. Մալխասեանի
եւ ներկայութեամբ պետական ու քաղաքապետական անձնաւորութիւններու
Խօսք պիտի ուղղէ Կեդրոնական Մակեդոնիոյ
Մարզպետ տիկին Այտոնա Աթանասիատու
ժամը 19։15
Բողոքի ժողովրդային ցոյց դէպի Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարան կազմակերպութեամբ՝
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի
Հաւաքավայր՝ Այիաս Սոֆիաս փողոցի հայկական կրպակին առջեւ ժամը 18։30
Շաբաթ, 25 Ապրիլ
ժամը 09։30-13։30
Տէր Զաքարեան սրահ Արիւնատուութիւն կազմակերպութեամբ՝ Հ. Գթ. Խաչի «Անի» մասնաճիւղի
Հեծելարշաւ
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին «Մարաթոնային հեծելարշաւ» 200 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ
BREVET անունով Յիշատակի ճանապարհ։ Հայաստան եւ Պոնտոս
Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղին
Հովանաւորութեամբ՝ Յունաստանի ներքին գործոց նախարարութեան
Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ բաժնի Կեդրոնական Մակեդոնիոյ Մարզպետութեան Թեսաղոնիկէի Մարզային շրջանի Թեսաղոնիկէի
քաղաքապետութեան Մարաթոնային հեծելարշաւը կիրագործուի Յունաստանի հեծելանիւային Միութեան արտօնութեամբ եւ
ֆրանսական Brevet Randonneurs Mondiaux & Audax Club Parissien կանոնագրութեան համաձայն
ժամը 07։00
Սկիզբ՝ Հայկական խաչքարին առջեւէն (Ցիմիսքի պողոտայ)
ժամը 17։00-20։00
Ժամանում՝ Մեծն Աղեքսանդրի արձանին առջեւ (ծովեզերք)
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբ — Թեսաղոնիկէ










