­Հինգ­շաբ­թի 16 ­Փետ­րո­ւար 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8։30-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ս. պա­տա­րագ Ս. ­Վար­դա­նանց զօ­րա­վա­րաց ազ­գա­յին տօ­նին ա­ռի­թով, ո­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ու­սուց­չա­կան կազմն ու ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը։
Ս. պա­տա­րա­գը մա­տու­ցա­նեց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան։ Ս. խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին ­Կա­րա­պետ սրկ. ­Քէօ­սէեան եւ չորս ա­շա­կերտ­ներ։ Իսկ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին դպրաց դասն ու վար­ժա­րա­նի բարձր դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը։
Ա­ւար­տին պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նայ հայ­րը ա­շա­կեր­տու­թեան փո­խան­ցեց օ­րո­ւան պատ­գա­մը։ Ան իր շեշ­տը դրաւ Ս. ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նի քա­ջու­թեան վրայ։ Ս. ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեան քաջ հայ, քաջ զի­նո­ւոր եւ քաջ քրիս­տո­նեայ մըն էր իր ամ­բողջ կեան­քին ըն­թաց­քին։ Ան իր քա­ջու­թեամբ ա­մուր պա­հեց իր հա­յու­թիւ­նը եւ հա­ւա­տա­րիմ մնաց իր հայ­րե­նի­քին ու ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դէպ։ Եւ նոյն քա­ջու­թեամբ ան իր ա­րիւ­նը նո­ւի­րա­բե­րեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Սուրբ հո­ղին հա­մար։ Ա­պա Տ. ­Պա­րէտ քա­հա­նայ քա­ջա­լե­րեց ա­շա­կերտ­նե­րուն, որ Ս. ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նի օ­րի­նա­կէն ներշն­չո­ւե­լով ըլ­լան քաջ հա­յեր, քաջ ա­շա­կերտ­ներ ու քաջ քրիս­տո­նեա­ներ։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, վար­ժա­րա­նի բարձր դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Հայ­կան ­Մի­նա­սեա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցին ո­գե­ւո­րիչ ու գնա­հա­տե­լի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր մը, Ս. ­Վար­դա­նանց զօ­րա­վա­րաց տօ­նին նո­ւի­րո­ւած եր­գե­րով ու ո­տա­նա­ւոր­նե­րով։

ԹՂԹԱԿԻՑ