Սուլթան Էրտողան եւ Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.

Սուլթան Էրտողան եւ Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.

0
1269

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Թուր­քիոյ վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան հե­տե­ւո­ղը նկա­տի պի­տի առ­նէ Ռե­չեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի ա­րագ վե­րել­քը երկ­րի քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ։ Նախ՝ իբ­րեւ Պոլ­սոյ քա­ղա­քա­պետ (1994-1998), ա­պա՝ իբ­րեւ հիմ­նա­դիր Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում Կու­սակ­ցու­թեան (2001), զոր ա­ռաջ­նոր­դեց 2002, 2007 եւ 2011 թո­ւա­կան­նե­րուն՝ երկ­րի ընդ­հա­նուր ընտ­րու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­նակ­նե­րուն ըն­թաց­քին, այ­նու­հե­տեւ՝ իբ­րեւ վար­չա­պետ (2003-2014) եւ, վեր­ջա­պէս, իբ­րեւ նա­խա­գահ:
Էր­տո­ղան, 1988ին, կարճ ժա­մա­նա­կով բան­տար­կո­ւած է՝ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյ­թի մը ըն­թաց­քին թրքե­րէն քա­ռեակ­ներ ար­տա­սա­նե­լուն հա­մար, երբ ը­սած է.- «Մզ­կիթ­նե­րը մեր զօ­րա­նոց­ներն են, ա­նոնց գմբէթ­նե­րը՝ մեր սա­ղա­ւարտ­նե­րը, մի­նա­րէ­նե­րը՝ մեր սո­ւին­նե­րը, երկր­պա­գող­նե­րը՝ մեր զի­նո­ւոր­նե­րը. այս բա­նա­կը կը հսկէ մեր կրօն­քը», եւ այդ­պի­սով, ան դրսե­ւո­րած է իր ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւ­նը:
Էր­տո­ղան իր վե­րել­քը սկսաւ իբ­րեւ ազ­դե­ցիկ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս Սուլ­թան Ապ­տուլ Հա­միտ Բ.ի ան­կու­մէն մէկ դար ետք (Ապ­տուլ Հա­միտ Բ. գա­հա­զուրկ ե­ղաւ 1909ին), եւ կը թո­ւի, թէ ան կ­՛աշ­խա­տի երկ­րին պատ­մու­թիւ­նը Ապ­տուլ Հա­միտ Բ.ի բռնու­թեան օ­րե­րուն վե­րա­դարձ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ՝ շու­քի տակ առ­նե­լով Ա­թա­թիւր­քի հաս­տա­տած աշ­խար­հիկ բո­լոր օ­րէնք­նե­րը, եւ եր­կի­րը մղե­լով դէ­պի մի­նա­տի­րու­թիւն՝ իս­լա­մա­կան օ­րէնք­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ:
Ա­րիւ­նար­բու Կար­միր Սուլ­թան Ապ­տուլ Հա­միտ Բ. դա­ժան բռնա­կալ մըն էր, իր հա­րա­զատ ժո­ղո­վուր­դէն եւ ան­մի­ջա­կան մի­ջա­վայ­րէն կաս­կա­ծող, նոյն­պէս՝ բա­րե­կամ եւ թշնա­մի եր­կիր­նե­րէ, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով, իր լրտես­նե­րը տա­րա­ծած էր երկ­րի ամ­բողջ տա­րած­քին: Իր գա­հը պա­հե­լու հա­մար, ան իս­լամ­նե­րու «խա­լի­ֆա»ն­ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին կառ­չած էր՝ կայս­րու­թեան իս­լամ­նե­րը ի­րեն թի­կունք պա­հե­լու եւ խա­լի­ֆա­յու­թիւ­նը ներ­քին ու ար­տա­քին թշնա­մի­նե­րու դա­ւադ­րու­թիւն­նե­րէն «փրկե­լու» մի­տու­մով: Երբ ա­նոր ճան­կե­րը ի՛ր իսկ ժո­ղո­վուր­դին հա­սան, ո՛չ խա­լի­ֆա­յու­թիւ­նը, ո՛չ կրօն­քը, ո՛չ ալ իր բռնա­պե­տու­թիւ­նը կրցան զինք փրկել, եւ ի վեր­ջոյ՝ ան գա­հէն վար առ­նո­ւե­ցաւ:
Էր­տո­ղա­նի ներ­քին թշնա­մի­ներն են քիւր­տե­րը, յա­ռաջ­դի­մա­կան­նե­րը, ձա­խա­կող­մեան­ներն ու թուրք ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տա­տենչ խա­ւը (­Թուր­քիոյ մէջ բան­տար­կո­ւած լրագ­րող­նե­րու թի­ւը ա­մե­նա­մեծն է աշ­խար­հի մէջ)։ Հայ եւ յոյն փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ի վեր, այդ երկ­րին մէջ ուժ մը չեն ներ­կա­յաց­ներ կամ վտանգ մը չեն սպառ­նար: Քիւր­տե­րու Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թիւ­նը (PKK) ար­դէն իսկ վա­ղուց երկ­րի թշնա­մին հռչա­կո­ւած է եւ Էր­տո­ղան, այդ ի­րո­ղու­թե­նէն օգ­տո­ւե­լով, քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թիւ­նը երկ­րի ներ­քին թշնա­մի­նե­րու շար­քին զե­տե­ղած է։ Քե­մա­լա­կան Հան­րա­պե­տա­կան- ժո­ղովր­դա­յին Կու­սակ­ցու­թիւնն ալ Էր­տո­ղա­նի բա­րե­կա­մը չէ. ա­նոր կող­քին մնա­ցած են միայն ծայ­րա­յեղ իս­լամ­նե­րը, ո­րոնք իր ծրա­գիր­նե­րուն եւ օս­մա­նեան փառ­քե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­լուն ա­ջա­կից­ներն են:
Ա­մե­րի­կան, Ռու­սիան եւ Եւ­րո­պան բո­լո՛րն ալ կաս­կա­ծի տակ են… Էր­տո­ղա­նի ա­մե­նա­մեծ թշնա­մին՝ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նը, Ա­մե­րի­կա­յի մօտ (որ ՆԱԹՕի մէջ Թուր­քիոյ գլխա­ւոր դաշ­նա­կիցն է) ա­պաս­տան գտած է։ Երբ Գեր­մա­նիա ար­գի­լեց թուրք նա­խա­րա­րին քա­ղա­քա­կան հա­ւա­քը՝ իր հո­ղին վրայ, Էր­տո­ղան Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը «նա­ցիա­կան վար­չա­կարգ» ա­նո­ւա­նեց. նոյ­նը ե­ղաւ նաեւ Հո­լան­տա­յի հետ. ար­դա­րեւ, Die Weltի գեր­մա­նահ­պա­տակ լրագ­րող Տե­նիզ Եու­չել տա­կա­ւին բան­տար­կո­ւած կը մնայ Թուր­քիոյ մէջ։ Ռու­սիա եւս շատ հա­շիւ­ներ ու­նի Թուր­քիոյ հետ, իսկ Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւ­նը ար­դէն իսկ դռնե­րը փա­կած է Թուր­քիոյ դի­մաց։ Իս­րա­յէ­լի հետ Թուր­քիոյ խնդիր­նե­րը շատ բար­դա­ցած են Պա­ղես­տի­նի հար­ցով։ Միւս կող­մէ, Էր­տո­ղան Ի­րա­քի մէջ զօրք կը պա­հէ՝ հա­կա­ռակ այդ երկ­րի կամ­քին։ Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի իս­լա­մա­կան եր­կիր­նե­րու, ա­պա շիի Պարս­կաս­տա­նը Թուր­քիոյ պատ­մա­կան մրցա­կիցն ու թշնա­մին է շրջա­նին մէջ։ Սա­կայն «Իս­լամ Եղ­բայր­ներ»ուն (Ի­խո­ւան) նե­ցուկ կանգ­նող Էր­տո­ղա­նին հա­մար, նո­րու­թիւ­նը Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ սիւն­նի-Ո­ւա­հա­պի դա­ւա­նանքն է, որ Թուր­քիոյ սիւն­նի-­Հա­նա­ֆի դա­ւա­նան­քին ու «Իս­լամ Եղ­բայր­ներ»ուն դէմ է:
Ներ­կա­յիս, Էր­տո­ղա­նի կա­ռա­վա­րու­թի­ւը կը մե­ղադ­րո­ւի շարք մը ա­պօ­րի­նի, ա­նի­րաւ եւ ան­մարդ­կա­յին գոր­ծե­րով ու վար­քա­գի­ծով. նախ, ան իր երկ­րէն մաս մը (Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի շրջան­նե­րը), ուր քիւր­տեր կը բնա­կին, ռմբա­կո­ծած է եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ քան­դել այդ շրջան­նե­րը, իսկ ա­նոնց բնա­կիչ­նե­րը պե­տու­թեան հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուած տա­րածք­նե­րու մէջ կը բնա­կեց­նէ:
Ըստ «CNN Turk»ին (­Յու­նո­ւար 1, 2017)՝ Թուր­քիոյ աշ­խատն­քի նա­խա­րար Մո­համ­մետ Մո­ւէ­զը­նօղ­լու ը­սած է, որ Թուր­քիոյ մէջ կան 135.000է ա­ւե­լի պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­զուրկ ե­ղած են՝ Կիւ­լէ­նի խում­բին կամ Քիւր­տիս­տա­նի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ կամ ա­ջա­կից ըլ­լա­լու յան­ցան­քով: Իսկ լրագ­րող Մարք Մա­քի­նոն Պո­լի­սէն տե­ղե­կա­ցու­ցած է («The Globe And Mail», Յուն. 5, 2017), թէ Էր­տո­ղա­նի քա­ղա­քա­կան մաք­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով՝ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րու եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու գրե­թէ 50.000 ան­դամ­ներ պաշ­տօ­նա­զուրկ ե­ղած են՝ «­Կիւ­լե­նի յե­ղաշրջ­ման փորձ»ին մաս­նակ­ցե­լու կաս­կա­ծով: Էր­տո­ղան յայտ­նած է, թէ երկ­րին մէջ ար­տա­կարգ դրու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի. ան կը ջա­նայ նաեւ մա­հա­պա­տի­ժը վերս­տին օ­րի­նա­կա­նաց­նել. երկ­րին մէջ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը կ­՛ոտ­նա­կո­խո­ւին…
Իսկ այս բո­լո­րէն ա­ւե­լի վտան­գա­ւո­րը՝ թրքա­կան կրթա­կան հա­մա­կար­գի իս­լա­մա­ցումն է: Ըստ www.middleeasteye (­Յու­լիս 18, 2017) կայ­քին՝ Թուր­քիոյ կրթու­թեան նա­խա­րար Իս­մեթ Եըլ­մազ մամ­լոյ ա­սու­լի­սի մը ըն­թաց­քին ը­սած է, թէ «ճի­հատ»ը նե­րա­ռուած է կրօ­նա­կան կրթու­թեան դա­սե­րու շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ «­Ճի­հատ»ը սուրբ պա­տե­րազմ է՝ իս­լա­մու­թիւ­նը տա­րա­ծե­լու հա­մար. ա­նի­կա նախ կ­՛ի­րա­գոր­ծո­ւի «ղե­զու»ով, որ կը նշա­նա­կէ՝ ներ­խու­ժում, ո­րուն կը յա­ջոր­դէ «ղե­նա­յիմ»ը, որ կը նշա­նա­կէ՝ կո­ղո­պուտ ու թա­լան, գրա­ւո­ւած հո­ղա­մա­սե­րու բնակ­չու­թիւ­նը գե­րի առ­նել եւ այդ հո­ղա­մա­սե­րուն տի­րա­նալ…
Ճիշդ ա՛յն, ին­չը ը­րաւ «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն»ը (ՏԱՀԵՇ) Սին­ճա­րի մէջ, Մու­սու­լի մօտ։ Նոյն այս ձե­ւով է նաեւ, որ ժա­մա­նա­կին ընդ­լայ­նո­ւած ու տա­րա­ծո­ւած է Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը:
Ան­ցած Ապ­րիլ 16ին կա­յա­ցած հան­րա­քո­ւէն Էր­տո­ղա­նին ընդ­լայ­նո­ւած լիա­զօ­րու­թիւն­ներ շնոր­հեց, սա­կայն «ա­յո՛» քո­ւէ­նե­րը միայն 51,3 տո­կոս էին: Ըստ թուրք լրագ­րող Փե­նար Թ­րըմբ­լէ­յի («Էլ Մո­նի­թոր», Յու­լիս 28, 2017), 16 Ապ­րիլ 2017ի հան­րա­քո­ւէին ընդ­հա­նուր ար­դիւնք­նե­րը հա­ճե­լի չէին Էր­տո­ղա­նի հա­մար։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիոյ 30 մեծ քա­ղաք­նե­րէն 17ին մէջ, ի մի­ջի այ­լոց նաեւ՝ Պոլ­սոյ, Ան­քա­րի եւ Իզ­մի­րի մէջ, Էր­տո­ղան պար­տո­ւե­ցաւ. ան կորսն­ցուց այս քա­ղաք­նե­րուն մէջ բնա­կող ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը… ա­ւե­լի՛ն, երկ­րի բնակ­չու­թեան 76 տո­կո­սը չի վստա­հիր ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գին:
Է­տո­ղա­նի մո­լո­րած ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եր­կի­րը տնտե­սա­կան լուրջ վնաս­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան տագ­նապ­նե­րու են­թար­կած է: Գեր­մա­նիոյ հետ, որ Թուր­քիոյ թիւ մէկ գոր­ծըն­կերն էր, ա­ռեւ­տու­րը տկա­րա­ցած է. նոյ­նը նաեւ՝ Եւ­րո­միու­թեան միւս եր­կիր­նե­րուն հետ։
Թուր­քիոյ կթան կո­վը Ծո­ցի ա­րա­բա­կան եր­կիր­ներն են, ո­րոնց հետ ան մի­լիառ­նե­րով գոր­ծարք­ներ ու­նի, եւ հոն հաս­տա­տո­ւած հա­րիւ­րա­ւոր ըն­կե­րու­թիւն­ներ ու հա­զա­րա­ւոր աշ­խա­տա­ւոր­ներ ու­նի։ Ներ­կա­յիս, այդ բո­լո­րը եւս վտան­գի մէջ են՝ Քա­թա­րի տագ­նա­պին պատ­ճա­ռով… Ար­դա­րեւ, Թուր­քիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վատ­թա­րա­ցած են Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ հետ, եւ թուրք գոր­ծա­տէ­րե­րը պա­հան­ջած են, որ Էր­տո­ղան հոն եր­թայ՝ փրկե­լու հա­մար ի­րենց լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այդ երկ­րին հետ։ Հե­տե­ւա­բար, ստի­պո­ւած՝ ան միջ­նոր­դեց Քա­թա­րին եւ միւս եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ տագ­նա­պը լու­ծե­լու, սա­կայն ա­պար­դիւն ե­ղան ա­նոր ջան­քե­րը։
Սուլ­թան Ապ­տուլ Հա­միտ Բ. իր գա­հէն վար առ­նուե­ցաւ ի՛ր իսկ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ: Երբ ժո­ղո­վուր­դը ո­րե­ւէ բա­րե­փո­խու­թիւն­ներ տես­նե­լու յոյս չու­նէր այ­լեւս, կրցաւ օ­րի­նա­կան խորհր­դա­տո­ւու­թիւն («­Ֆա­թո­ւա») ստա­նալ երկ­րի օ­րո­ւան կրօ­նա­պետ Շէյխ Ուլ-Իս­լա­մէն, որ այն ժա­մա­նա­կո­ւան երկ­րի ա­մե­նա­մեծ ու ա­մէ­նէն ազ­դե­ցիկ անձ­նա­ւո­րու­թիւնն էր, եւ Հա­մի­տը գա­հա­զուրկ ը­րաւ: Էր­տո­ղա­նի վախ­ճա­նը եւս նո՛յ­նը պի­տի ըլ­լայ: Բա­նա­կի շար­քե­րուն մէջ մաք­րա­գոր­ծում­նե­րէն եւ ի­րեն վստա­հե­լի ու հնա­զանդ նոր հրա­մա­նա­տար­ներ նշա­նա­կե­լէ ետք, յոյ­սը միա՛յն ժո­ղո­վուր­դին վրայ կը մնայ: Էր­տո­ղան իր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ դուրս պի­տի շպրտո­ւի, երբ երկ­րին տնտե­սա­կան ու քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը փա­կու­ղի հաս­նի։ Այս ան­գամ ժո­ղո­վուր­դը, խորհր­դա­րա­նի եւ քո­ւէար­կող­նե­րու ձայ­նե­րով, Էր­տո­ղա­նը իր ե­րա­զած խա­լի­ֆա­յու­թեան գա­հէն վար պի­տի առ­նէ։ Սա­կայն՝ տա­կա­ւին կա­նուխ է հոն հաս­նե­լո­ւ…