2017 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նո­ւար-­Սեպ­տեմ­բեր ա­միս­նե­րուն ա­ւե­լի քան 1,5 մի­լիոն այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րո­ւած է ­Հա­յաս­տան: Ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն` այս տա­րո­ւան ա­ռա­ջին 9 ա­միս­նե­րուն ­Ռու­սիան ա­ռա­ջին տե­ղը կը գրա­ւէ ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած օ­տա­րերկ­րեայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու թի­ւով: ­Հա­յաս­տան այս երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն թի­ւը 349.800 է, ինչ որ կը կազ­մէ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւին 23%ը:
137.938 այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով երկ­րոր­դը Ի­րանն է, եր­րոր­դը` Վ­րաս­տա­նը, չոր­րոր­դը` ­Միա­ցեալ ­Նա­հագ­նե­րը, հին­գե­րոր­դը` Ֆ­րան­սան: Այս եր­կիր­նե­րէն նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու թի­ւը կազ­մած է հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար` 76.522, 32.701 եւ 15.628: ­Դէ­պի ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւն­ներ հիմ­նա­կա­նօ­րէն կա­տա­րո­ւած են ­Կեդ­րո­նա­կան եւ Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի, Ա.Պ.Հ. տա­րա­ծաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րէն: ­Հե­ռա­ւոր Ա­սիա­յէն ցու­ցա­կին մէջ ընդգր­կո­ւած են նաեւ ­Ֆի­լի­փին­նե­րը, ­Չի­նաս­տա­նը, ­Ճա­փո­նը, ­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէան: ­Ցու­ցա­կին մէջ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու թի­ւով ա­մե­նա­վեր­ջի­նը ­Պուլ­կա­րիան է` 1163 հո­գի: