Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան հայրապետական պատգամը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան հայրապետական պատգամը

0
2435

ՄԱՐԴԸ՝
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նին Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, հե­տե­ւեալ սրբա­սա­ցու­թիւ­նը կ­’եր­գո­ւի.- «­Զի Աս­տո­ւածն յա­ւի­տե­նա­կան ի յերկ­րի ե­րե­ւե­ցաւ եւ ընդ մարդ­կան շրջե­ցաւ, զի կե­ցուս­ցէ զան­ձինս մեր»։
Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան ա­ռա­ջին դա­րե­րէն սկսեալ, մա­տե­նա­դա­րան մը լեց­նե­լու չափ հա­տոր­ներ գրո­ւած են Ք­րիս­տո­սի մար­դե­ղու­թեան, ան­ձին ու ա­ռա­քե­լու­թեան մա­սին։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րեր, աս­տո­ւա­ծա­բան­ներ ու փի­լի­սո­փա­ներ փոր­ձած են վեր­լու­ծել ու մեկ­նա­բա­նել ­Բեթ­ղե­հէ­մի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դը։ ­Դա­րե­րը կ­’անց­նին, ժա­մա­նակ­նե­րը կը փո­խո­ւին, ան­նա­խըն­թաց գիւ­տեր մարդ­կա­յին կեանքն ու միտ­քը նոր հո­րի­զոն­նե­րու կը բա­նան, սա­կայն, հայ ե­կե­ղեց­ւոյ շա­րա­կա­նին բա­ռե­րով՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տոս միշտ կը մնայ «խոր­հուրդ մեծ…»։
­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սէն առ­նո­ւած վե­րոն­շեալ փունջ մը բա­ռե­րուն մէջ խտա­ցո­ւած է ե­կե­ղեց­ւոյ քրիս­տո­սա­բա­նու­թիւ­նը, այլ խօս­քով՝ Ք­րիս­տո­սի մար­դե­ղու­թեան խոր­հուր­դը, Ք­րիս­տո­սի ան­ձին իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը ու ա­ռա­քե­լու­թեան նպա­տա­կը։ ­Բա­րե­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցու­մէն ան­դին, քրիս­տո­նեայ մար­դը կո­չո­ւած է բա­նա­կա­նու­թեան ճամ­բով՝ որ­քան հնա­րա­ւոր է, ու հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ՝ որ­քան կա­րե­լի է, ըմբռ­նել ­Բեթ­ղե­հէ­մի խոր­հուր­դը։
­Փոր­ձենք հասկ­նալ նախ վե­րեւ յի­շո­ւած հաս­տա­տու­մին ա­ռա­ջին մա­սը՝ «­Զի Աս­տո­ւածն յա­ւի­տե­նա­կան ի յերկ­րի ե­րե­ւե­ցաւ»։ ­Յա­ւի­տե­նա­կան Աս­տու­ծոյ յա­ւի­տե­նա­կան Որ­դին պատ­մու­թեան մէկ հանգ­րո­ւա­նին եր­կին­քէն եր­կիր ի­ջաւ՝ սա­կայն ա­ռանց եր­կին­քէն հե­ռա­նա­լու. ժա­մա­նա­կին մէջ մտաւ՝ միշտ մնա­լով ժա­մա­նա­կէն վեր. հու­նա­ւո­րին մաս կազ­մեց՝ միշտ մնա­լով ան­հուն. ան­կա­տար մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը իւ­րա­ցուց՝ միշտ մնա­լով Աս­տո­ւած։ Այս­պէս, կա­տա­րեալ Աս­տո­ւած ե­ղաւ կա­տա­րեալ մարդ, ա­մէ՛ն­ ի­մաս­տով, բա­ցի ա­դա­մա­կան մեղ­քէն։ Աս­տու­ծոյ մար­դե­ղա­ցեալ Որդ­ւոյն ան­ձին այս եր­կու տա­րածք­նե­րը հարկ է միաս­նա­բար, ոչ ան­ջա­տա­բար ըմբռ­նել՝ պա­հե­լով իւ­րա­քան­չիւ­րին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը։ Ոե­ւէ բա­ժա­նում մեզ հե­րե­տի­կո­սու­թեան կ­’ա­ռաջ­նոր­դէ։ Ք­րիս­տոս մէկ անձ է, աս­տո­ւա­ծա­յին բնու­թեան մարդ­կա­յին բնու­թեան իւ­րա­ցու­մով ու միա­ցու­մով՝ «Եւ ­Բանն մար­մին ե­ղեւ» (­Յովհ. Ա.14)։ Ք­րիս­տոս միա­ւո­րեալ մէկ բնու­թիւն է՝ «մի բնու­թիւն ­Բա­նին մարմ­նա­ցե­լոյ» (­Կիւ­րեղ Ա­ղեք­սանդ­րա­ցի)… Ա՛յս­ է մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ուղ­ղա­փառ դա­ւա­նան­քը, որ այն­քան յստա­կօ­րէն բա­ցատ­րո­ւած ու մեկ­նա­բա­նո­ւած է, ինչ­պէս նաեւ ամ­րօ­րէն պաշտ­պա­նո­ւած, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րուն կող­մէ։
Ի՞նչ կը հասկ­նանք «եւ ընդ մարդ­կան շրջե­ցաւ» բա­ցատ­րու­թեամբ։ ­Մին­չեւ ե­րե­սուն տա­րե­կան, ­Յի­սուս ­Նա­զա­րէթ գիւ­ղին մէջ ա­ճե­ցաւ ու կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ իր ծնո­ղաց ­Յով­սէ­փի եւ ­Մա­րիա­մի ան­մի­ջա­կան խնամ­քին տակ եւ ա­պա, նոյն գիւ­ղէն սկսաւ իր երկ­րա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան։
­Չորս Ա­ւե­տա­րան­նե­րը հրաշք­նե­րով, ա­ռակ­նե­րով եւ ու­սու­ցում­նե­րով լե­ցուն Ք­րիս­տո­սի ա­ռա­քե­լու­թեան ամ­փոփ պատ­կե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն՝ ինչ­պէս նաեւ ա­նոր կեան­քին կա­րե­ւոր դրո­ւագ­նե­րը՝ չար­չա­րան­քը, խա­չե­լու­թիւ­նը, յա­րու­թիւ­նը ու համ­բար­ձու­մը։
Աս­տու­ծոյ Որդ­ւոյն եր­կիր էջ­քը՝ մարդ­կա­յին բնու­թեան իւ­րա­ցու­մով, խա­չե­լու­թեամբ ու յա­րու­թեամբ, մէկ նպա­տակ ու­նէր՝ «զի կե­ցուս­ցէ զան­ձինս մեր»։ ­Մա´րդն­ էր Ք­րիս­տո­սի ա­ռա­քե­լու­թեան հաս­ցէն։ ­Մար­դուն վե­րա­մար­դա­ցումն էր՝ իր աս­տո­ւա­ծա­յին պատ­կե­րին հա­մա­ձայն, դրախ­տէն վտա­րո­ւած մար­դուն վե­րա­դարձն էր՝ իր Երկ­նա­ւոր ­Հօր Ք­րիս­տո­սի մար­դե­ղու­թեան ու ա­ռա­քե­լու­թեան նպա­տա­կը։ ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նո­ւած ­Նի­կիա­կան հան­գա­նա­կը՝ Ք­րիս­տո­սի մար­դե­ղու­թեան մա­սին խօ­սե­լով, կ­’ը­սէ՝ «որ յա­ղագս մեր մարդ­կան եւ վասն մե­րոյ փրկու­թեան ի­ջեալ ի յերկ­նից մարմ­նա­ցաւ, մար­դա­ցաւ…»։ ­Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ շա­րա­կան­նե­րուն ու ա­ղօթք­նե­րուն մէջ եւս յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տո­ւած է Աս­տու­ծոյ Որդ­ւոյն մար­դե­ղա­ցու­մը՝ մար­դո՛ւն ­հա­մար։
Արդ, Ք­րիս­տո­սի մար­դե­ղու­թիւ­նը ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, խա­չե­լու­թիւնն ու յա­րու­թիւ­նը ճիշդ կեր­պով հասկ­նա­լու հա­մար հարկ է նա­յիլ մար­դուն, եւ՝ փո­խա­դար­ձա­բար։ Ք­րիս­տո­սա­բա­նու­թիւն ու մար­դա­բա­նու­թիւն ան­քակ­տե­լիօ­րէն ի­րա­րու հետ առն­չուած են քրիս­տո­նէա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ։
­Մար­դը ար­ժէ՛ք­ է Աս­տու­ծոյ հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ան գոր­ծա­կից է Աս­տու­ծոյ որ­պէս պա­հա­պանն ու պաշտ­պա­նը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։
Այս սպա­սու­մով Աս­տո­ւած մար­դը ստեղ­ծեց. այս կո­չու­մը տո­ւաւ մար­դուն։ ­Հե­տե­ւա­բար, մե­ղա­ւոր մար­դուն փրկու­թիւ­նը, այլ խօս­քով՝ ան­կեալ մար­դուն վե­րա­կանգ­նու­մը, գե­րո­ւած մար­դուն ա­զա­տագ­րու­մը, մա­հա­ցած մար­դուն յա­րու­թիւ­նը, կեն­սա­կան է մար­դուն ու ստե­ղա­գոր­ծու­թեան վե­րա­կան­գու­մով Աս­տու­ծոյ թա­գա­ւո­րու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար։ Այս է Ք­րիս­տո­սով սկիզբ ա­ռած աս­տո­ւա­ծա­յին փրկա­գոր­ծա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան նպա­տա­կը, որ կը շա­րու­նա­կո­ւի իր խորհրդա­նշական մարմ­նոյն՝ ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ իւ­րա­քան­չիւր ան­դամ մաս­նա­կից է փրկա­գոր­ծա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան կեն­սա­գործ­ման, մին­չեւ Ք­րիս­տո­սի երկ­րորդ գա­լուս­տը։
Արդ, Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դը հրա­ւէր մըն է, վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու ­Բեթ­ղե­հէ­մի խոր­հուր­դով։
Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դը յի­շե­ցում մըն է փրկու­թեան ճա­նա­պար­հին վրայ գտնո­ւող մար­դուն՝ հա­ւա­տար­մօ­րէն հե­տե­ւե­լու Ք­րիս­տո­սին։
Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դը կոչ մըն է, մաս­նա­կից դառ­նա­լու ե­կե­ղեց­ւոյ ճամ­բով ի­րա­գոր­ծո­ւող փրկա­գոր­ծա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան։
Այս գի­տա­կից հա­ւատ­քով մօ­տե­նանք Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դին ու հա­ղոր­դո­ւինք ա­նոր խոր­հուր­դով ու պատ­գա­մով։

* * *
Ս. Ծ­նունդի խոր­հուր­դով լե­ցուն այս օ­րե­րուն, ­Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ կ­’ող­ջու­նենք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վ­սե­մա­շուք ­նա­խա­գահ ­տիար ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նը եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­նա­խա­գահ տիար ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նը, մաղ­թե­լով ի­րենց ար­դիւ­նա­շատ ժո­ղովր­դա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թիւն։ Եղ­բայ­րա­կան ջերմ սի­րով կ­’ող­ջու­նենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը, հայ­ցե­լով Ա­մե­նա­բա­րին Աս­տուծ­մէ, որ ի­րեն շնոր­հէ եր­կար գա­հա­կա­լու­թիւն՝ ե­կե­ղե­ցա­շէն ի­րա­գոր­ծում­նե­րով լե­ցուն։
Ք­րիս­տո­նէա­կան սի­րով կ­’ող­ջու­նենք Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց ­Պատ­րիարք՝ Ա­մե­նա­պա­տիւ Տ. ­Նուր­հան Արք. ­Մա­նու­կեա­նը եւ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­կան ­Տե­ղա­պահ ­Բարձ­րաշ­նորհ Տ. ­Գա­րե­գին Արք. ­Պէք­ճեա­նը՝ մաղ­թե­լով ի­րենց աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ գոր­ծե­րով լե­ցուն ծա­ռա­յու­թիւն։
­Հայ­րա­կան սի­րով եւ օրհ­նու­թեամբ կ­’ող­ջու­նենք ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հո­վա­նին վա­յե­լող թե­մե­րուն ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, հո­գե­ւո­րա­կան դա­սը, ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­ներն ու յա­րա­կից մար­մին­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը՝ հայ­ցե­լով Աս­տուծ­մէ, որ ­Բեթ­ղե­հէ­մի ճա­ռա­գայ­թող լոյ­սով պայ­ծա­ռա­կեր­պէ ի­րենց կեանքն ու գոր­ծը։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ան­թի­լիաս, ­Լի­բա­նան