ՄԻՆՍԱՐ

Այս ան­գա­մո­ւան գրածդ հաւ­նե­ցայ…

Շ­նոր­հա­կալ եմ ըն­կեր ­Փա­նոս… կրցա՞ր հասկ­նալ…

Այս ան­գամ գո­նէ մեր հասկ­ցած լե­զո­ւով գրած էիր…

­Մաս­նա­ւո­րա­բար, ու­րախ եմ որ դուն նոյ­նիսկ կրցար հասկ­նալ…
­Ծուռ-ծուռ նա­յե­ցաւ ու շա­րու­նա­կեց…

­Սա դդում կա­ֆա­յովդ, ինչ­պէ՞ս ալ կը մտա­ծես եաօ՜… այ­սինքն իբ­րեւ թէ ոտ­քե­րուդ առ­ջե­ւը ե­կած, այդ պատռ­տո­ւած «Ա­զատ Օր»ին հետ խօ­սակ­ցու­թիւնդ, բա­ւա­կան ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն կ­՚ու­զեր…

Գ­րածս ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն չէր ­Փա­նոս, բո­լո­րո­վին ի­րա­կա­նու­թիւն էր, գո­նէ… յօ­դո­ւա­ծիս ա­ռա­ջին եւ վեր­ջին մա­սը: Ան­շուշտ տա­կա­ւին ու­րիշ գրո­ւե­լիք­ներ ալ կա­յին, բայց նա­խընտ­րե­ցի օ­րա­թեր­թին հիւ­րա­սիւ­րու­թիւ­նը չօգ­տա­գոր­ծել…

Այ­սինքն ու­րիշ ի՞նչ պի­տի գրէիր…

Ե­թէ ժա­մա­նակ ու­նիս, քե­զի սի­րով կը բա­ցատ­րեմ…

Ա­սա՞նկ, ոտ­քի վրա՞յ, սեւ սուրճ մը գո­նէ պի­տի չհրամ­ցե՞ս…

­Սի­րով ըն­կերս, հրամց­նեմ, ե­կուր մե­զի եր­թանք…
Տուն հա­սանք եւ ուղ­ղա­կի խո­հա­նոց նստանք մեր սուր­ճե­րը ե­փե­լու հա­մար:

Իմ սուր­ճիս շա­քա­րը պոլ-պոլ դիր հա… քու գրած­նե­րուդ պէս ան­համ թող չըլ­լայ…

­Շա­քա­րը սուղ­ցեր է, պէտք է խնա­յո­ղու­թեամբ գոր­ծա­ծենք…

Կծ­ծի…
Սուր­ճե­րը պատ­րաս­տե­ցի եւ հրամ­ցու­ցի…
Նախ սի­կա­րէթ մը վա­րեց, յե­տոյ գա­ւա­թէն ումպ մը ֆրթեց, ա­պա սկսաւ ծուռ-ծուռ շի­տակ ե­րե­սիս նա­յիլ…

Ի՞նչ կայ ­Փա­նոս, սուր­ճիդ շա­քա­րը քի՞չ ե­ղաւ…

­Ծօ ո՞ր շա­քա­րը, հայ­տէ սկսէ, պատ­մե­լիքդ պատ­մէ նա­յիմ…

Ու­րեմն աս­կէ մօ­տա­ւո­րա­պէս քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ «Ա­զատ Օր» հե­ռա­ձայ­նե­ցի, ո­րոշ առ­կախ հար­ցեր կար­գադ­րե­լու հա­մար: ­Թեր­թին հա­շո­ւա­պա­հը շատ մօ­տիկ բա­րե­կամս ըլ­լա­լուն, սո­վո­րա­բար «բաց» կը խօ­սինք ի­րա­րու: Ս­կիզ­բը զա­նա­զան ու­րիշ նիւ­թե­րու մա­սին խօ­սակ­ցե­լէ ետք, ի­րեն հար­ցու­ցի թեր­թին այ­սօ­րո­ւայ նիւ­թա­կան կա­ցու­թեան մա­սին: Ըն­կերս՝ հա­մեստ անձ մը ըլ­լա­լուն, չու­զեց ին­ծի նե­ղաց­նել, ներ­կա­յաց­նե­լով թեր­թին ներ­կայ՝ «ոչ այն­քան ալ փայ­լուն» նիւ­թա­կան պատ­կե­րը: ­Վեր­ջա­պէս, իր ը­սած կէս-կա­տար խօս­քե­րէն կրցայ հասկ­նալ, որ մեր թեր­թը նիւ­թա­պէս այդ­քան ալ ինք­նա­բաւ չէ…

Այ­սի՞նքն…

Այ­սինքն թեր­թին տպա­քա­նա­կը, ե­ղած նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը, ընդ­հան­րա­պէս թեր­թին ե­կա­մու­տը, կար­ծես բա­ւա­կան չեն՝ հո­գա­լու «Ա­զատ Օր»ին ա­մէ­նօ­րեայ ծախ­սե­րը…

Ի՞նչ կ­՚ը­սես…

Ու­րեմն հար­ցու­ցի ըն­կե­րոջս, որ ան­ցեա­լի նման գա­ղու­թին մէջ գոր­ծող ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը եւ ­Միու­թիւն­նե­րը, տա­րե­կան ո­րոշ ցենզ մը չե՞ն վճա­րեր «Ա­զատ Օր»ին, թեր­թին է­ջե­րէն լոյս տես­նող ի­րենց յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն եւ ծա­նու­ցում­նե­րուն հա­մար…

Ի՞նչ ը­սաւ…

Ը­սաւ որ ­Միու­թիւն­նե­րը եւ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ի­րենք ալ նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւեն ե­ղեր, ու թէեւ լաւ կը գի­տակ­ցին, որ տնտե­սա­պէս նե­ցուկ պէտք է կանգ­նին թեր­թին, սա­կայն եւ այն­պէս ներ­կա­յի դժո­ւար պայ­ման­նե­րը, դժո­ւա­րա­ցու­ցած են նաեւ ի­րենց նիւ­թա­կան պատ­կե­րը…

­Հա­պը կլլե­ցինք ը­սես նէ…

­Լաւ, — (ը­սի ի­րեն), — բա­ժա­նորդ­նե­րէն գան­ձո­ւած ամ­սավ­ճառ­նե­րը, գո­նէ ո­րոշ չա­փով ծակ մը չե՞ն գո­ցեր: Ա­սոր վրայ ըն­կերս կա­տա­կա­բա­նե­լով ը­սաւ…

«­Բա­ժա­նորդ­նե­րէն գան­ցո­ւած ամ­սավ­ճառ­նե՞­րը…: Ո­րոշ գա­ղա­փար մը կազ­մե­լու հա­մար քե­զի ը­սեմ, որ բա­ժա­նորդ­ներ կան ո­րոնք ա­միս­նե­րով չեն վճա­րած ի­րենց բա­ժա­նոր­դագ­րու­թիւ­նը: ­Թէեւ, ա­մէն օր կա­նո­նա­ւո­րա­պէս թեր­թը կը ստա­նան, բայց եւ այն­պէս… կը մոռ­նան վճա­րե­լու»…
Փա­նո­սը ջղայ­նա­ցաւ…

Ի­րեն պէտք է ը­սէիր որ չվճա­րող­նե­րուն ան­գամ մը եւս «Ա­զատ Օր» պէտք չէ ղրկեն…

­Շի­տա­կը ես ի­րեն ու­րիշ բան ը­սի ­Փա­նոս…

Ի՞նչ ը­սիր…

Ը­սի որ անձ­նա­պէս կը նա­խընտ­րեմ այն բա­ժա­նորդ­նե­րուն, ո­րոնք թեր­թը կը կար­դան եւ չեն վճա­րեր, քան թէ ա­նոնց՝ ո­րոնք թեր­թը կը վճա­րեն բայց չեն կար­դար… գի­տեմ որ ը­սածս չա­փա­զանց ծայ­րա­յե­ղու­թիւն էր…

Աս ը­սա­ծիդ մէկ ա­ւե­լի ծայ­րա­յեղն ալ կայ…: ­Դուն պահ մը ե­րե­ւա­կա­յէ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք… թէ՛ թեր­թը կը ստա­նան, թէ՛ չեն կար­դար, թէ՛ չեն վճա­րեր, ու թե­րեւս… լո՛ւր ալ չու­նին որ «Ա­զատ Օր»ի բա­ժա­նորդ են…:
Ծայ­րա­յե­ղու­թիւն ը­սածդ աս է…


(*) ՃՇԴՈՒՄ…
­Հին տա­րի­նե­րուն, գո­նէ լաւ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն մը ու­նէինք, մեր «աչ­քէն բա­խած» սխալ­նե­րը պատ­ճա­ռա­բա­նե­լու հա­մար: Կ­՚ը­սէինք թէ յան­ձա­ւո­րը «տպա­րա­նի սա­տա­նան» էր: ­Սա­կայն ներ­կա­յիս որ ա­մէն բան հա­մա­կար­գի­չով կ­՚ը­նենք, ի՞նչ կրնանք ը­սել…: Ու­րեմն թիւ 2 «ՄԵՐ «ԱԶԱՏ ՕՐ»Ը»ին մէջ, վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու՝ ԱՐՄԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱ­Նին մա­կա­նու­նը, սխալ­մամբ Ս­տե­փա­նեան գրած էինք… ան­պատ­ճա­ռա­բա­նե­լի սխալ մը… գո­նէ մե­զի հա­մար…


(*) «­Մեր» բա­ռը յօ­դո­ւած­նե­րուն խո­րա­գիր­նե­րուն սկիզ­բը, գոր­ծա­ծած ենք ան­վե­րա­դար­ձօ­րէն ան­ցած, այդ հի՜ն տա­րի­նե­րուն քաղցր յի­շա­տա­կին: ­Նաեւ, ը­սենք որ, յօ­դուա­ծա­շար­քը կը վե­րա­բե­րի 1969էն — 1985 տա­րի­նե­րուն եր­կա­րող՝ «Ա­զատ Օր»ի պատ­մու­թեան մէկ չա­փա­զանց փոքր շրջա­նին:

15/06/2003
minsar55@gmail.com