«ՀՈՐԻԶՈՆ»

­Գա­նա­տա­հայ զոյ­գը հա­յու հա­մար միակ հայ­րե­նի­քը ­Հա­յաս­տա­նը կը հա­մա­րեն: ­Մար­գար եւ Է­լիզ ­Շա­րապ­խա­նեան­նե­րը 2007 թո­ւա­կա­նէն կ’ապ­րին Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զի Ու­շի գիւ­ղին մէջ: ­Սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րով վե­րա­նո­րո­գած են գիւ­ղի դպրո­ցը, մշա­կոյ­թի տու­նը:
­Մար­գար ­Շա­րապ­խա­նեան ծնած է ­Յու­նաս­տան, կրթու­թիւն ստա­ցած Ի­տա­լիոյ մէջ, 40 տա­րի բնա­կած է ­Գա­նա­տա, բայց ինչ­պէս ան վստա­հե­ցու­ցած է «Ար­մէնփ­րես»ի թղթա­կի­ցին, միայն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ինք­զինք հայ կը զգայ:
«­Տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րած եմ , բայց ոչ մէկ տեղ` ո՛չ ­Յու­նաս­տա­նի, ո՛չ Ի­տա­լիոյ եւ ո՛չ ալ ­Գա­նա­տա­յի մէջ, ես հայ զգա­ցած եմ, իմ ինք­նու­թիւնս միայն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կը զգամ: ­Դուր­սը ծնած, մեծ­ցած ու ապ­րած մար­դու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի մէջ պէտք է ապ­րիլ: Ու­զենք, թէ չու­զենք բո­լոր եր­կիր­նե­րու մէջ օ­տար ենք, միակ եր­կի­րը որ կը զգանք, որ մերն է, ­Հա­յաս­տանն է»,- նշեց ­Մար­գար ­Շա­րապ­խա­նեան` հաս­տա­տե­լով, որ ­Հա­յաս­տան միայն Ե­րե­ւա­նը չէ, այլ նաեւ մար­զերն ու գիւ­ղերն են: «Ես կը հա­ւա­տամ ­Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղե­րուն, եւ ­Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղե­րու տնտե­սու­թիւ­նը պէտք է զար­գա­նայ: Ու­շին փոքր գիւղ է` 10 տա­րի ա­ռաջ հո­ղա­մաս գնե­ցի, տուն կա­ռու­ցե­ցի, հի­մա հո­ղա­մա­սին մէջ ես եւ ու­րիշ­նե­րը կ’աշ­խա­տինք: Դպ­րո­ցը նո­րո­գե­ցինք ու մշա­կոյ­թի տուն կա­ռու­ցե­ցինք»:
­Գա­նա­տա­յի մէջ 10 տա­րի հա­մալ­սա­րա­նի գրա­դա­րա­նին մէջ աշ­խա­տե­լէ ետք, ­Մար­գար ­Շա­րապ­խա­նեան 1979 թո­ւա­կա­նին կ’ո­րո­շէ դպրոց հիմ­նել:
­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեամբ հիմ­նո­ւե­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նը: «Սկ­սայ ման­կա­պար­տէ­զէն եւ ա­մէն տա­րի մէկ դա­սա­րա­նով կը բարձ­րաց­նէինք, այս­պի­սով` 75 ա­շա­կեր­տով սկսանք, հի­մա վար­ժա­րա­նը ու­նի 650 ա­շա­կերտ: ­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը 18 տա­րե­կա­նէն հա­մալ­սա­րան կ’եր­թան` 100 շրջա­նա­ւար­տէն 97ը այն­տեղ հա­մալ­սա­րան կ’ըն­դու­նուին: Դպ­րո­ցին մէջ թէեւ անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն կ’անց­նին, բայց հայ­կա­կան դպրոց է»,- կը պատ­մէ ­Մար­գար ­Շա­րապ­խա­նեան:
­Թէեւ խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն պա­րոն ­Մար­գա­րը ­Հա­յաս­տան ե­կած է, բայց ա­տի­կա այն չէր: «1986 թո­ւա­կա­նին շրջա­նա­ւարտ­նե­րուս ծնող­նե­րը կան­չե­ցի եւ ը­սի` ե­րե­խա­նե­րուն ժա­մա­ցոյց, խաչ կամ այլ իր նո­ւի­րե­լու փո­խա­րէն՝ ­Հա­յաս­տա­նի տոմս գնէք, եւ 22 հո­գիով ե­կանք ­Հա­յաս­տան: ­Խորհր­դա­յին տա­րի­ներն էին»:
­Խօ­սե­լով կնոջ հետ ­Հա­յաս­տան գա­լու մա­սին` պա­րոն ­Մար­գար վստա­հե­ցու­ցած է, որ ու­շե­ցի են ինքն ալ, կինն ալ: «­Չէ դժգո­հած ու չի դժգո­հիր: ­Հա­յաս­տան գա­լու հա­մար պէտք է նաեւ կինդ ալ ու­զէ ու քե­զի հետ գայ: ­Մի­նակ չ­՚ըլ­լար»,- ա­ւել­ցուց ­Մար­գար ­Շա­րապ­խա­նեան:
Այ­սօր ալ զոյ­գը շատ ծրա­գիր­ներ ու­նի գիւ­ղին հետ կա­պո­ւած: ­Գա­նա­տա վե­րա­դառ­նա­լու մտադ­րու­թիւն չու­նին: Ու­շիով հիա­ցած են եւ զայն կը հա­մա­րեն ի­րենց միակ տու­նը: