Աշ­խար­հա­տա­րած սփիւռ­քի տար­բեր գա­ղութ­նե­րէ, ­Հա­յաս­տա­նէն եւ Ար­ցա­խէն հա­զա­րա­ւոր Հ.Օ.Մ.ա­կան­ներ եւ հա­յոր­դի­ներ, 6 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, նո­ւի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ մը հա­մախմ­բո­ւած էին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ` բո­լոր յար­մա­րու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած գե­ղե­ցիկ ման­կա­պար­տէ­զի նոր շէն­քին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րե­լու հա­մար:
­Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Ար­ցա­խի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան, Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեան, վար­չա­պետ Ա­րա ­Յա­րու­թիւ­նեան, պաշ­տօ­նա­տար այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն եւ սփիւռ­քէն:
­Նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ ը­սաւ, որ Ար­ցա­խի նա­խադպ­րո­ցա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու շար­քին կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ցան­ցը, որ հիմ­նադ­րո­ւած է սփիւռ­քի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ջան­քե­րով եւ կը հան­դի­սա­նայ ­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-սփիւռք ե­ռա­միաս­նու­թեան իւ­րա­յա­տուկ խորհր­դա­նիշ մը:
­Նա­խա­գա­հը ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք մաս­նակ­ցած են այս հայ­րե­նա­նո­ւէր նա­խա­ձեռ­նու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման, հե­տա­մուտ են Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­րը թե­թեւցնե­լու եւ հայ­րե­նի­քին միշտ օգ­տա­կար ըլ­լա­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ օժ­տո­ւած են:
­Հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Պար­գեւ Արք. ­Մար­տի­րո­սեան` օրհ­նե­լով դպրո­ցը եւ Հ.Օ.Մ.ա­կան­նե­րը՝ նշեց, որ այս նո­րա­կա­ռոյց շի­նու­թիւ­նը պէտք է մա­նուկ­նե­րու հա­մար դառ­նայ օ­ճախ, ուր ա­նոնք պի­տի ստա­նան հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն եւ հա­սակ պի­տի առ­նեն հա­ւատ­քի ու հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ա­ռողջ մթնո­լոր­տի մէջ: «­Մեր ազ­նիւ ու նո­ւի­րեալ Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րը կեան­քի կո­չե­ցին այս գե­ղե­ցիկ ծրա­գի­րը, որ նման է ռազ­մա­վա­րա­կան նոր բար­ձուն­քի մը նո­ւաճ­ման:
Աս­տո­ւած յա­ւերժ օրհ­նէ Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րը, մեր մա­նուկ­ներն ու դաս­տիա­րակ­նե­րը, մեր հայ­րե­նիքն ու ազ­գը»,- շեշ­տեց ­Պար­գեւ Արք. ­Մար­տի­րո­սեան:
­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Քա­րո­լին Շ­մա­ւո­նեան նշեց, որ միու­թիւ­նը այս նոր կա­ռոյ­ցով հիմ­նա­քար մը կը զե­տե­ղէ պատ­մու­թեան է­ջե­րուն մէջ եւ ա­նոր դռնե­րը կը բա­նայ իբ­րեւ կո­թող: «­Բազ­մա­յարկ ման­կա­պար­տէ­զը պաշ­տօ­նա­պէս իր դռնե­րը կը բա­նայ հայ կնոջ ան­պար­տե­լի կամ­քին շնոր­հիւ, մա­տաղ սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մար եւ ­Սօ­սէ մայ­րի­կի յի­շա­տա­կին:
Ան­գամ մը եւս կը հաս­տա­տենք, որ հայ ազ­գին հա­մար ա­մէ­նէն սուղ ար­ժէք­նե­րը իր փոք­րիկ մա­նուկ­ներն են` մեր պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ ինք­նու­թեան գո­յա­տեւ­ման ի­րա­կա­նա­ցու­մը ե­րաշ­խա­ւո­րող ան­փո­խա­րի­նե­լի գրա­ւա­կան­նե­րը:
Այս խոր հա­մո­զու­մով եւ նո­ւի­րու­մով ա­ռաջ­նոր­դուած, Հ.Օ.Մ.ը 107 տա­րի շա­րու­նակ մայ­րա­կան հո­գա­տա­րու­թեամբ նո­ւի­րո­ւած է մա­տաղ սե­րուն­դի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան»,- ը­սաւ ան:
Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ­Յա­կոբ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան` խօս­քը ուղ­ղե­լով աշ­խար­հի տաս­նեակ եր­կիր­նե­րէ Ար­ցախ գտնո­ւող Հ.Օ.Մ.ու­հին­նե­րուն՝ նշեց, որ Հ.Օ.Մ.ը իր գոր­ծու­նէու­թեան սկսած է հա­յոց պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հուն եւ ստանձ­նած է օգ­նու­թեան խաչ ըլ­լա­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը:
«Իբ­րեւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան քոյր կա­ռոյց, Հ.Օ.Մ.ը թի­կունք կանգ­նած է հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ պա­տո­ւով կա­տա­րած իր գոր­ծը: Ար­ցա­խի գո­յա­մար­տի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն ներ­կայ էիք Ար­ցա­խի մէջ` տար­բեր ծրա­գիր­նե­րով, ո­րոնց ար­գա­սիքն է այ­սօր «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ցան­ցը: Ար­ցա­խը ո՛չ միայն պէտք է գո­յա­տե­ւէ, այլ նաեւ բար­գա­ւա­ճի, ըն­դար­ձա­կո­ւի եւ միա­նայ ­Հա­յաս­տա­նին»,- շեշ­տեց ­Յա­կոբ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան եւ յաղ­թա­կան երթ մաղ­թեց Հ.Օ.Մ.ի կա­ռոյ­ցին:
Հ.Օ.Մ.ի Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի վե­րա­շի­նու­թեան հան­գա­նա­կա­յին յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Ան­ժէլ ­Մա­նու­կեան նշեց, որ Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րը` իբ­րեւ հայ մայ­րե­րու, բա­րո­յա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նին ծա­ռա­յե­լու ի­րենց հայ­րե­նի­քի զա­ւակ­նե­րուն` ա­ւելց­նե­լով, որ Ար­ցա­խը իր ա­զա­տագ­րո­ւած տա­րածք­նե­րով յա­ւի­տեան պէտք է մնայ միա­ձու­լո­ւած եւ հաս­տա­տե­լով, որ Հ.Օ.Մ.ը առ­յա­ւէտ կա­պո­ւած պի­տի մնայ հայ­րե­նի հո­ղին եւ ժո­ղո­վուր­դին:
Հ.Օ.Մ.ի Ար­ցա­խի միա­ւո­րի ա­տե­նա­պետ ­Ռու­զան­նա Աբ­րա­հա­մեան իր կար­գին ը­սաւ, որ «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զը պի­տի դառ­նայ իւ­րա­յա­տուկ ե­կե­ղե­ցի, ո­րուն քա­հա­նան հայ կի­նը պի­տի ըլ­լայ: «Ե­թէ հայ կի­նը կրնայ այս­պի­սի շքե­ղու­թիւն կեր­տել, ա­պա ին­չե՛ր կրնան ը­նել մեր այ­րե­րը»,- ը­սաւ Ռ. Աբ­րա­հա­մեան եւ ընդգ­ծեց, որ այս շէն­քէն դուրս պի­տի գան նպա­տա­կաս­լաց եւ գի­տու­թեան ու աշ­խա­տան­քին նո­ւի­րո­ւած սե­րունդ­ներ:
­Ման­կա­պար­տէ­զի տնօ­րէն ­Նել­լի ­Ղու­լեան նշեց, որ շատ ո­գե­ւո­րո­ւած է, քա­նի որ Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րը պի­տի յա­ճա­խեն ժա­մա­նա­կա­կից պայ­ման­նե­րով օժ­տո­ւած նոր ման­կա­պար­տէզ: Այ­սօր «­Սօ­սէ» յա­ճա­խե­լու կա­րե­լիու­թիւն ու­նին Ար­ցա­խի 120 փոք­րիկ­ներ:
­Ման­կա­պար­տէ­զի շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մօ­տա­ւո­րա­պէս 100 հա­զար տո­լար ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րած եւ շէն­քը հա­մա­ցան­ցա­յին կա­պով ա­պա­հո­ված «­Ղա­րա­բաղ ­Թե­լե­քոմ» ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէն ­Գա­րե­գին Օ­տա­պա­շեան նշեց, որ նպա­տա­կը ո՛չ միայն ման­կա­պար­տէ­զի նոր շէնք ու­նե­նալն էր, այ­լե՛ւ հա­յա­պահ­պա­նու­թիւ­նը, հայ­րե­նի­քի ամ­րապն­դու­մը, լե­զո­ւի եւ մշա­կոյ­թի զար­գա­ցու­մը:
­Ման­կա­պար­տէ­զի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ջակ­ցած է նաեւ ման­կա­պար­տէ­զի նախ­կին սան ­Տիգ­րան ­Դաւ­թեան: Ան Ս­տե­փա­նա­կեր­տի Վ. ­Փա­փա­զեա­նի ա­նո­ւան տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նին մէջ ստանձ­նե­լով իր ա­ռա­ջին դե­րը եւ ստա­նա­լով ա­ռա­ջին վար­ձատ­րու­թիւ­նը՝ զայն նո­ւի­րած է ման­կա­պար­տէ­զի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ան նշեց, որ իր ման­կա­պար­տէզ յա­ճա­խե­լէն ետք շէն­քը քան­դած են եւ ին­քը, թատ­րո­նին մէջ մարմ­նա­ւո­րե­լով «­Փոք­րիկ իշ­խան»ի դե­րը, ստա­ցած դրա­մը նո­ւի­րա­բե­րած է շէն­քի կա­ռուց­ման` յոյս ու­նե­նա­լով, որ փոք­րիկ եղ­բայ­րը եւս յա­ճա­խէ ման­կա­պար­տէզ:
Այս ա­ռի­թով հրա­պա­րա­կած հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն դի­տել տո­ւաւ, որ Հ.Օ.Մ.ը կը նշա­նա­կէ ա­ռա­քե­լու­թիւն, մէկ դա­րու ինք­նա­մո­ռաց նո­ւի­րում եւ ա­մէ­նօ­րեայ ան­դադ­րում աշ­խա­տանք:
«­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը աշ­խարհ ե­կաւ հա­յու­թեան մեծ տագ­նա­պի նա­խօ­րեա­կին` գթու­թեան ձեռք մեկ­նե­լու հա­մար կա­րի­քա­ւո­րին ու հա­լա­ծեա­լին, ըլ­լա­լով հո՛ն, ուր յոյ­սի ու կա­րեկ­ցան­քի կա­րիք կար: Իր 107ա­մեայ կեն­սագ­րու­թիւ­նը միու­թիւ­նը սեր­տօ­րէն շաղ­կա­պեց հայ ազ­գի ճա­կա­տա­գի­րին եւ ե­ղաւ հա­րա­զատ ժո­ղո­վուր­դին հետ, թէ՛ ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու եւ թէ յաղ­թա­նակ­նե­րու փու­լե­րուն: ­Ծա­ռա­յեց բա­րե­սի­րու­թեան գոր­ծին ան­կեղծ, ան­սա­կարկ գթասր­տու­թեամբ եւ իբ­րեւ հա­տու­ցում ար­ժա­նա­ցաւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան ան­վե­րա­պահ վստա­հու­թեան ու վաս­տա­կած սի­րոյն:
«­Հայ­րե­նի երկ­րի վե­րան­կա­խաց­ման եւ Ար­ցախ աշ­խար­հի ա­զա­տագր­ման հո­լո­վոյ­թը ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը ըն­կա­լեց իբ­րեւ մար­տահ­րա­ւէր` կա­մա­ւո­րա­բար ստանձ­նե­լով նո­րա­նոր պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ: Ազ­գա­յին տես­լա­կան­նե­րու ե­րե­ւա­կո­ւող նոր հո­րի­զոն­նե­րը ո­գե­ւո­րիչ ազ­դակ ծա­ռա­յե­ցին բազ­մա­պատ­կո­ւած ե­ռան­դով, հա­մար­ձա­կօ­րէն նե­տո­ւե­լու գոր­ծի յոր­ձա­նու­տը, ըլ­լա­լու պե­տա­կա­նա­կերտ­ման ոչ-դիւ­րին փոր­ձու­թիւն­նե­րուն մէ­ջէն անց­նող հա­յաս­տան­ցիին եւ ար­ցա­խեան բնա­գի­ծե­րուն մէջ հա­յաշ­խար­հի նոր սահ­ման­նե­րը ամ­րագ­րող ա­զա­տա­մար­տի­կի կող­քին: ­Հա­յու­թիւ­նը, եւ մենք՝ նե­րա­ռեալ, Հ.Օ.Մ.ի նո­ւի­րեալ­նե­րու տաք շուն­չը մնա­յուն կեր­պով զգա­ցած ենք մեր կող­քին, տո­գո­րո­ւե­լով այն հա­ւատ­քով, որ քրո­ջա­կան գո­րո­վա­գութ ձեռ­քը եւ յոգ­նու­թիւն չու­նե­ցող կո­րո­վը միշտ ի սպաս պի­տի դրո­ւին այն նա­խա­ձեռ­նու­թեան, ո­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը տուեալ պա­հուն ի յայտ պի­տի գայ:
«­Սի­րե­լի՛ Հ.Օ.Մ.ու­հի­ներ, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի նոր շէն­քի կա­ռու­ցու­մը մէկն է այն բազ­մա­թիւ բա­րի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րէն, ո­րով շիւղ մը եւս կ’ա­ւել­նայ դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւ­նը սլա­ցող հա­յոց մեծ տան պա­տին: ­Հեր­թա­կան ձեռք­բե­րու­մը հեր­թա­կան առ­հա­ւատ­չեան է ձեր ա­ռա­քե­լու­թեան ան­բե­կա­նե­լիու­թեան: ­Ձեր իւ­րա­քան­չիւր աշ­խա­տան­քին մէջ կը ցո­լայ Հ.Օ.Մ.ա­կան աշ­խար­հա­տա­րած կա­ռոյ­ցին ջան­քը: ­Միա­ժա­մա­նակ ակ­նե­րեւ է, որ յա­ւակ­նոտ ծրա­գիր­նե­րը չէին նիւ­թե­ղա­նար, ե­թէ Հ.Օ.Մ.ի ե­տին կանգ­նած չըլ­լար հա­մա­կիր­նե­րու հա­ւա­տա­ւոր բա­նա­կը:
«Ա­ռի­թէն օգ­տո­ւե­լով կը շնոր­հա­ւո­րենք Հ.Օ.Մ.ի ըն­տա­նի­քը, միու­թեան հա­մա­կիր­նե­րը, ար­ցախ­ցի­ներն ու այն մա­նուկ­նե­րը, ո­րոնք ջեր­մու­թեան ու հա­ւատ­քի ու­ժով խո­յա­ցած պա­տե­րուն ներ­քեւ հա­սակ պի­տի առ­նեն եւ ամ­րա­նան` իբ­րեւ վա­ղո­ւան զի­նո­ւոր­ներ եւ հայ մայ­րեր:
«­Ձեր վարձքը կա­տա՛ր, ձեր բո­լոր ե­րա­զանք­նե­րուն` նո­ւի­րա­գոր­ծո՛ւմ»: