Ար­ցա­խեան գո­յա­մար­տի այս օ­րե­րուն, հա­մայն հա­յու­թի­ւը մէկ մար­դու նման ոտ­քի կանգ­նած կը պայ­քա­րի իր անժխ­տե­լի մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան­ու­թեան ի խնդիր: Այս ա­ռու­մով, մեր վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը եւ յատ­կա­պէս բարձր դա­սա­րան­նե­րը, ­28 ­Սեպ­տեմ­բե­րէն ի վեր հա­յե­րէ­նի եւ ­հա­յոց ­պատ­մու­թեան դա­սա­պա­հե­րուն ըն­թաց­քին կը տե­ղե­կա­նան եւ կը հե­տե­ւին ­­Հայ­րե­նի­քի օր­հա­սա­կան դէպ­քե­րուն եւ ի­րա­կա­նու­թեան: Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, ա­շա­կերտ­նե­րը Ար­ցա­խի եւ ­­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւոր­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած ի­րենց պա­տի գծագ­րու­թիւն­նե­րէն եւ գրու­թիւն­նե­րէն ան­կախ՝ մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ ­Հա­յաս­տան ­հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի «­­Բո­լորս Ար­ցա­խի հա­մար. ­­Մենք ենք մեր սահ­ման­նե­րը» ֆոն­տին, մեծ մա­սամբ՝ ի­րենց գան­ձա­նակ­նե­րուն մէջ պա­հո­ւած գու­մար­նե­րով: Այդ նպա­տա­կով, ու­սուց­չա­կան կազ­մի վեր­ջին ժո­ղո­վին ստու­գո­ւած՝ ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ հան­քա­նա­կո­ւե­ցաւ 470 եւ­րո­յի գու­մա­րը, որ ան­մի­ջա­պէս պի­տի փո­խան­ցո­ւի դրա­մա­տան պատ­կան դրա­մա­հա­շի­ւին՝ դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան ա­նու­նով:

Տ­նօ­րէ­նու­թիւն