Աւարտականներուն նկարը: Նստած ձախէն աջ` Մինասեան Մարիանա, Առաքելեան Վալենթինա, Պաղտասարեան Ռիթա, Աւագեան Մելին, Կարապետեան Վարդ, Ռոսի Մարիա Ոտքի ձախէն աջ՝ Ղազարեան Մարտին, Սանթուրճեան Եորղոս, Զատիկեան Լազարոս, Աւագեան Փոլ, Միխայիլիտիս Գաբրիէլ, Վելոթաս Նիքոլաոս, Յովհաննէսեան Արման, Մկրտչեան Միքայէլ, Արզումանեան Սերճիկ

Այս դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ։  Եր­կու տա­րօ­րի­նակ դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րէ ետք, այս տա­րի դպրո­ցը վե­րագ­տաւ իր բնա­կա­նոն ըն­թաց­քը, վե­րա­ծաղ­կե­ցաւ։  Ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­ցինք թէ, ո­րե­ւէ հե­ռա­վար ու­սու­ցում չի փո­խա­րի­ներ դպրո­ցա­կան կեան­քը, դպրո­ցին ան­փո­խա­րի­նե­լի ա­ռօ­րեան։  Դպ­րո­ցին մէջն է, որ եր­կու տա­րուան բա­ցա­կա­յու­թե­նէ ետք, ա­շա­կերտ­նե­րը ե­ռան­դով մաս­նակ­ցե­ցան Ծ­նո­ղա­կան Միու­թեան կազ­մա­կեր­պած Գիր­քե­րու ցու­ցադ­րու­թեան ի­րենց ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րով, «­Թա­լիս» (ΘΑΛΗΣ) եւ «­Փի­թա­ղո­րաս» (ΠΥΘΑΓΟΡΑΣ) թո­ւա­բա­նու­թեան մրցում­նե­րուն։ Դպ­րո­ցին մէջն է, որ դի­մա­ւո­րե­ցինք Նոր Տա­րին, ա­նակն­կալ ձիւ­նը, Բա­րե­կեն­դանն ու Փա­կեալ Խո­րա­նը՝ թռու­ցիկ ար­ձա­կե­լով, կա­տա­րե­ցինք մեր ա­ռա­ջին հնա­բա­նա­կան պե­ղում­նե­րը, տօ­նե­ցինք յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան ազ­գա­յին տօ­նե­րը, Վար­դա­նան­ցը, յի­շա­տա­կե­ցինք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու 107-ա­մեա­կը եւ ուխ­տե­ցինք շա­րու­նա­կել մեր ի­րա­ւունք­նե­րու ար­դա­րաց­ման ազ­գա­յին պայ­քա­րը։ Մեր մտեր­միկ օ­ճա­խին մէջն է, որ ըն­դու­նե­ցինք, հիւ­րա­սի­րե­ցինք Ս­փիւռ­քի՝ յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու հայ ման­կա­վարժ­ներ։
Այս տա­րեշր­ջա­նին ծրագ­րե­ցինք եւ ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք այժ­մէա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րով 25-է ա­ւե­լի միամ­սեայ, եր­կամ­սեայ, ե­ռամ­սեայ եւ կամ քա­ռամ­սեայ տե­ւո­ղու­թեամբ դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­ներ, շար­քը եր­կայն է, սա­կայն նշենք մի քա­նին․-

  • ΤΑΠΕΡΙΣΤΑΣ
  • ΧΟΡΕΥΟΝΤΑΣ ΜΕ ΤΙΣ ΛΕΞΕΙΣ ΤΟΥ ΤΟΠΟΥ ΜΟΥ
  • SAVING THE PLANET (անգ­լե­րէն)
  • « Το φαινόμενο της Αστικής Νησίδας
  • ΦΑ & ΦΙΛΑΝΑΓΝΩΣΙΑ
  • ΗΜΕΡΑ ΠΑΓΚΟΣΜΙΟΥ ΔΙΑΤΡΟΦΗΣ
  • ΗΜΕΡΑ ΑΤΟΜΩΝ ΜΕ ΑΝΑΠΗΡΙΑ
  • ΗΜΕΡΑ ΣΧΟΛΙΚΟΥ ΑΘΛΗΤΙΣΜΟΥ
  • 200 χρόνια Νεοελληνική Τέχνη»,­Մի­հա­լիս Քա­քո­յեա­նիս հիմ­նար­կու­թեան հետ առ­ցանց ու­ղիղ կա­պով․ 4 շա­բաթ տե­ւո­ղու­թեամբ ծրա­գիր․
  • Make a wish
  • Եւ այլն

Իսկ հա­յե­րէն լե­զո­ւով՝

  • Ա­րե­գակ­նա­յին դրու­թիւ­նը
  • Մեր ա­ւան­դա­կան խա­ղե­րը
  • Վե­րամ­շա­կում
  • Ըն­կե­րու­թիւն եւ բա­րե­կա­մու­թիւն
  • Հայ­կա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին խո­հա­նոց
  • Ղե­կա­վա­րե­լու վար­չա­ձե­ւեր՝ ի՞նչ է ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւ­նը
  • Ազ­գա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին խո­հա­նոց
  • Մե­տաք­սի ճամ­բան
  • Եւ այլն

Եւ ան­շուշտ մե­ծով ու պզտի­կով ներ­գոր­ծե­ցինք Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան Հիմ­նար­կու­թեան «Զն­տուկ»ի աշ­խար­հը եւ օգ­տո­ւե­ցանք ա­նոր բաց պա­տու­հա­նիկ­նե­րէն
­Յու­նաս­տա­նի կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ այս դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նին հա­մար ա­ռա­ջար­կո­ւած դպրո­ցին վե­րար­ժե­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րը (Ετήσια έκθεση Εσωτερικής Αξιολόγησης του εκπαιδευτικού Εργου της Σχολικής Μονάδας) լի ու լի կա­տա­րե­ցինք, ինչ­պէս նաեւ Հմ­տու­թեան աշ­խա­տա­նոց­նե­րը (Εργαστήρια Δεξιοτήτων)։
­Մա­յի­սին վեր­ջին շա­բա­թը մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին 14 հայ ու­սու­ցիչ­ներ Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րէ (­Փա­րիզ, Լիոն, Մար­սի­լիա), Ա․Մ․Ն․ Ա­րեւմ­տեան թե­մի 12 դպրոց­նե­րու վա­րիչ պա­տաս­խա­նա­տուն եւ Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան Հիմ­նար­կին Հայ­կա­կան բաժ­նի Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման պա­տաս­խա­նա­տուն, որ­պէս­զի դի­տար­կեն մեր Զա­ւա­րեան դպրո­ցին մէջ հա­յե­րէ­նի նո­րա­րար – ս­տեղ­ծա­րար ապ­րու­մով ու­սու­ցու­մը։  Կէ­սօ­րէն ետ­քե­րը այս ուղ­ղու­թեամբ կը յա­ջոր­դէր աշ­խա­տա­նոց։  Պա­տի­ւը եւ միա­ժա­մա­նակ պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւ­նը մեծ էր մեր դպրո­ցին հա­մար։  Սա­կայն այ­սօր, այս բե­մէն ան­վա­րան կրնամ ը­սել, թէ բա­ցա­ռիկ յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց եւ՝ սի­րե­լի Ա­նի, Ա­րաք­սի եւ Ա­նուշ, շնոր­հիւ մեր սքան­չե­լի գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ձեր ման­կա­վար­ժա­կան ե­զա­կի մե­թո­տա­բա­նու­թեան, «­Զա­ւա­րեան»ը փայ­լե­ցաւ Ս­փիւռ­քի ա­րեւմ­տեան տա­րած­քին հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ։

Մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն՝

  • Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր վար­ժա­րա­նիս հան­դէպ տա­րած գուր­գու­րան­քին հա­մար
  • Հայ Կա­պոյտ Խա­չին, որ ջանք չի խնա­յեր եւ ա­մէն վայր­կեան մեր կող­քին է
  • Ազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ Ու­սում­նա­կան, Տն­տե­սա­կան  եւ Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն դպրո­ցին զա­նա­զան կա­րիք­նե­րու մա­տա­կա­րար­ման հա­մար
  • Սուրբ Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, թա­ղա­յին եւ տիկ­նաց մար­մին­նե­րուն, ո­րոնք միշտ դպրո­ցին կող­քին են
  • «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­կան կազ­մին
  • «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին խմբագ­րու­թեան
  • Ա­մե­րի­կա­յի Յու­նա­հա­յե­րու Միու­թեան ազ­նո­ւա­փայլ տի­կին­նե­րուն եւ յար­գե­լի պա­րոն­նե­րուն
  • Սան պա­հող ազ­նո­ւա­փայլ բա­րե­րա­րու­հի­ներ Ա­նուշ Ճ­րա­գեա­նին ու Պեր­ճու­հի Ուն­ճեա­նին
  • Վար­ժա­րա­նիս շատ սի­րե­լի նո­րա­րար գա­ղա­փար­նե­րով Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան, որ միշտ մեր կող­քին է։ Այս տա­րի մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ կազ­մա­կեր­պեց հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան գիր­քե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը, ա­պա­հո­վագ­րեց մեր ա­շա­կերտ­նե­րը եւ յանձն ա­ռաւ ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի ա­ւար­տա­կա­ննե­րու նո­ւէր­նե­րը
  • Զա­ւա­րեան կեդ­րո­նի խոր­հուր­դին
  • Եւ բո­լոր սի­րե­լի նո­ւի­րա­տու­նե­րուն՝ Իոան­նա եւ Ա­րամ Գա­սար­ճեան, Հայկ Ա­ճե­մեան, Ռա­ֆա­յէլ Չա­լեան, Վարդ եւ Մու­րատ Ա­ւա­գեան, Տես­փի­նա Մա­քե­տո­նո­փու­լու։

Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք՝

Գա­լուստ Կիւ­պէն­կեան Հիմ­նար­կու­թեան հայ­կա­կան բաժ­նին կրթա­կան, բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թեան եւ նաեւ ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թեան հա­մար։

Վարձ­քը կա­տար՝

Մեր սի­րե­լի ա­շա­կեր­տնե­րուն, ո­րոնք տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին բա­ցի ի­րենց ա­մե­նօ­րեայ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն, գուր­գու­րա­ցին ի­րենց վար­ժա­րա­նին վրայ:
Դպ­րո­ցի մա­տա­կա­րար­ման պա­տաս­խա­նա­տո­ւին, դպրո­ցա­կան ինք­նա­շար­ժե­րու վա­րորդ­նե­րուն եւ ուղ­ղեկ­ցող­նե­րուն։ Ման­կա­պար­տէ­զի ու նա­խակր­թա­րա­նի բո­լոր գոր­ծըն­կեր­նե­րուս, Տես­փի­նա Մա­քե­տո­նո­փու­լո­ւին, Մա­րի­նա Փա­րաս­քե­ւա­յին, Տի­միթ­րա Ուկ­րի­նիին, Թէո­տո­րա Մա­ցա­կու­րա­յին, Ան­տի­ղո­նի Փեթ­րա­յին, Է­ֆի, Էլ­սա Փե­սեք­սի­տու­ին, Լո­ւի­զա Մի­խա­լա­քո­փու­լո­ւին, Ֆու­լի Քա­լոք­սի­տո­ւին, Է­մի­լիա Ֆո­լիա­յին, Է­ֆի Քի­րիա­քու­տիին եւ Ա­լեք­սանտ­րոս Ցա­ցոս-­Պա­պու­նի­սին, ման­կա­պար­տէ­զի օգ­նա­կան Թա­մար Պե­տո­յե­անին ու հայ ու­սոց­չա­կան կազ­մին։  Ա­նոնց հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ ան­կեղծ գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ մեր դպրո­ցը կը զար­գա­նայ, կը բար­գա­ւա­ճի եւ կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ  կիրթ մթնո­լոր­տի, ան­կեղծ, հա­ղոր­դա­կան ու ջերմ մի­ջա­վայ­րի մէջ։
­Յա­տուկ յի­շա­տա­կում մեզ­մէ ան­դարձ մեկ­նած Ս­թաւ­րօ-­Խա­չիկ Ա­պա­րեա­նին։ Ան ծա­ռա­յեց մեր դպրո­ցը 1986 Սեպ­տեմ­բե­րէն մին­չեւ իր ա­նակն­կալ մա­հը՝ 36 տա­րի­ներ շա­րու­նակ, դար­ձաւ ա­նոր ան­բա­ժան մա­սը։   Յա­ջորդ տա­րեշր­ջա­նի սե­մին Ս­թաւ­րո­յին հա­մար ծրագ­րո­ւած է յա­տուկ ե­րե­կոյ մը։

Սի­րե­լի ա­շա­կերտ­ներս,

Զո­ւար­թա­միտ, կա­տա­կա­սէր՝ բա­ռին իս­կա­կան ի­մաս­տով, ըն­կե­րա­սէր, գործ­նա­կան, ստեղ­ծա­գործ դա­սա­րան մը ե­ղաք, ուր յայտ­նա­բե­րո­ւե­ցան ա­պա­գա­յի տա­ղանդ­ներ, ի մի­ջի այ­լոց բա­նաս­տեղծ մը․․․։
­Ձեր կեան­քին մէջ շա­րու­նա­կե­ցէք զար­գաց­նել մեր դպրո­ցին՝ Զա­ւա­րեա­նին մէջ յայտ­նա­բե­րած ձեր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը։  Ա­նոնք վստահ եմ , պի­տի սա­տա­րեն ձեր ա­պա­գա­յի անձ­նա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ նաեւ պի­տի ներ­գոր­ծեն մեր հա­մայն­քի կեան­քին։
­Վառ պա­հե­ցէք ձեր շա­րու­նակ ներ­կա­յու­թիւ­նը – մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մար­զա­կան-սկաու­տա­կան խում­բե­րուն մէջ, Պա­տա­նե­կան Միու­թեան, եւ կամ պար­զա­պէս ա­զատ ժա­ման­ցը հո՛ս, Զա­ւա­րեան կեդ­րո­նին մէջ։

Բա­րի երթ ու­նե­նաք, սրտա­գին կը մաղ­թեմ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ եւ ձեր բո­լո­րին ե­րազ­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցում։

ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Այս տա­րի «Μαθηματικά Πυθαγόρας» մրցա­շար­քին 13 ա­շա­կերտ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան` ա­նուն­նե­րը պի­տի յայ­տա­րա­րո­ւին մեր դպրո­ցին կայ­քէ­ջէն (https://dim-kyan-stavr-nikaias.att.sch.gr/ ) եւ ա­նոնց­մէ մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցան 4 հո­գի (Է­կեան Մար­ղա­րի­թա, Մի­նա­սեան Սե­ւակ, է­կեան Ա­լեք­սանտ­րոս)։  Ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն մաս­նակ­ցող­նե­րը գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան, իսկ մրցա­նա­կին կ՛ար­ժա­նա­նայ Վա­լեն­թի­նա Ա­ռա­քե­լեան։
Հ.Կ.Խ.ը ա­մէն տա­րի Հ.Յ.Դ Պա­տա­նե­կան միու­թեան բա­նա­կու­մին մաս­նակ­ցու­թեամբ կը գնա­հա­տէ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն հա­յե­րէն լե­զո­ւի գե­րա­զանց ա­շա­կեր­տին։ 15 ա­շա­կերտ­նե­րէն 10-ն գե­րա­զանց, ո­րոնց­մէ 5-ը փայ­լուն ար­դիւնք­նե­րով՝ Փոլ, Վա­լեն­թի­նա, Մար­տին, Վարդ եւ Ար­ման։  Մր­ցա­նա­կին կ­՚ար­ժա­նա­նայ բա­ցա­ռիկ 10 նի­շով Վարդ Կա­րա­պե­տեան։
­Տի­կին Մէ­րի Փա­փա­զեան եւ պա­րոն Ռո­պերթ Ար­շա­կու­նի ի­րենց ծնո­ղած՝ Յա­կոբ եւ Մե­րի­լին Ար­շա­կու­նի­նե­րուն յի­շա­տա­կին 200 եւ­րո­յով կը պար­գե­ւատ­րեն Հա­յոց Պատ­մու­թեան լա­ւա­գոյն ա­շա­կեր­տին. Հոս ալ դժո­ւար էր ո­րո­շու­մը՝ Մե­լին, Փոլ, Մար­տին, Վարդ, Ռի­թա, Ար­ման։  Մր­ցա­նա­կին կ­՚ար­ժա­նա­նան Ա­ւա­գեան Փոլ եւ Ղա­զա­րեան Մար­տին։
­Դա­սա­րա­նը, ինչ­պէս ար­դէն  ներ­կա­յա­ցում­նե­րէն նկա­տե­ցիք, կը սի­րէ ստեղ­ծել, բա­նաս­տեղ­ծել․․․։  Երկ­լե­զու հա­կիրճ ներ­կա­յա­ցում­ներն ալ ի­րե՛նք ստեղ­ծե­ցին` Մե­լի­նը, Ռի­թան, Վա­լեն­թի­նան, Մա­րիան, Վար­դը, Մա­րիա­նան, Մի­քա­յէ­լը, Լա­զա­րոն, Գաբ­րիէ­լը, Նի­քո­լան, Սեր­ճի­կը, Ար­մա­նը, Եոր­ղոն, Մար­տի­նը, Փո­լը․․․­ներշն­չո­ւե­ցան «­Հայ­րե­նի Աղ­բիւր» դա­սա­գիր­քին «Պ» շար­քի «­Մեր ճա­փո­նա­կան ճա­շը» նիւ­թէն, իսկ յու­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը՝ Զա­ւա­րեան դպրո­ցին մէջ ի­րենց կեան­քէն։  Մեր 15 ա­շա­կերտ­նե­րը քո­ւէար­կե­ցին եւ ընտ­րե­ցին դա­սա­րա­նի բա­նաս­տեղ­ծը․ այն է՝ Ար­ման Յով­հան­նէ­սեան։  Ու­սուց­չա­կան կազ­մը ա­նոր կը նո­ւի­րէ Ար­մե­նի­քա պա­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան «Ար­մե­նի­քի Մու­սա» բա­նաս­տեղ­ծա­շար­քը եւ Ա­նա­հիտ Սար­գի­սեա­նի «­Բա­րեւ Ա­րեւ» շար­քէն «­Պա­րոն Սեդ­րա­կը» բա­նաս­տեղ­ծա­կան եր­գի­ծա­նա­շար­քը, մաղ­թե­լով եր­բեք չդադ­րի գրե­լէ։

Սի­րե­լի ծնող­ներ,

Շ­նոր­հա­կալ ենք ձե­զի, որ մե­զի վստա­հե­ցաք ձեր հո­գե­հա­տոր­նե­րը՝ զա­ւակ­նե­րը․ միա­սին ձեռք ձեռ­քի գոր­ծակ­ծե­ցանք 8, 6 եւ կամ ալ 3-4 տա­րի­ներ, ու այ­սօր հոս, բո­լորս միա­սին հրա­ժեշտ կու տանք մե՛ր զա­ւակ­նե­րուն։  Վարձ­քեր­նիդ կա­տա՛ր

Բա­րի ա­մառ։