Հ. Կ. ­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու վե­րա­մուտ

Կրթութեան փոխ նախարարը ներկայ եղաւ բացման արարողութեան

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Եր­կու­շաբ­թի՝ 13 ­Սեպ­տեմ­բեր 2021-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին վար­ժա­րան­նե­րու վե­րա­մու­տի զան­գը հնչեց:
Այս­պէս, Հ.Կ.­Խա­չի «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան», ­Ֆիք­սի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րան­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ «Ա. ­Գա­լուս­տեան», «Հ. Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէզ­նե­րուն մէջ եւս կա­տա­րո­ւե­ցան վե­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի:
­Վար­ժա­րան­նե­րու բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ յար­գե­լով նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ճշդո­ւած հա­մա­վա­րա­կի դէմ նա­խազ­գու­շա­կան կա­նոն­նե­րը:
­Գո­քի­նիոյ վար­ժա­րա­նի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի Կր­թու­թեան եւ կրօ­նից նա­խա­րա­րու­թեան փոխ նա­խա­րար պրն. Ան­կե­լոս ­Սի­րի­ղոս: Սր­բա­զան հօր կող­քին, ներ­կայ էին շրջան­նե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ու տե­ղա­կան կո­մի­տէ­նե­րու, Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի եւ Հ.Կ.­Խա­չի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:
Ա­ւան­դա­կան ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, նոր տա­րեշր­ջա­նի մեկ­նար­կին ա­ռի­թով, բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցո­ւե­ցան ա­շա­կեր­տու­թեան Սր­բա­զան հօր, փոխ նա­խա­րար պրն. ­Սի­րի­ղո­սի, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նի եւ վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց կող­մէ:
Ա­շա­կեր­տու­թեան փո­խան­ցո­ւե­ցան ուղ­ղու­թիւն­ներ նոր տա­րեշր­ջա­նի ու­սում­նա­կան ըն­թաց­քին մա­սին: Ն­շենք նաեւ, որ այս տա­րի եւս «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի պատ­րաս­տու­թեամբ, մեր բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն կը տրա­մադրո­ւին տար­բեր տե­սա­կի գե­ղա­տե­սիլ տետ­րակ­ներ հայ­կա­կան այ­բու­բէ­նի եւ գոյ­նե­րու ճո­խու­թեամբ:
­Հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րը կրնան դի­մել վար­ժարան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց, ա­կումբ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ «Ա­զատ Օր»ի գրա­սե­նեա­կը: