«Անց­նող քա­ռա­սուն տա­րի­նե­րուն հայ հա­մայնք­նե­րը ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ վաթ­սուն­հինգ
տո­կո­սէ ա­ւե­լի նո­ւա­զած են»

Օքս­ֆորտ ­Հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ հե­տե­ւեալ
շա­հե­կան հար­ցազ­րոյ­ցը տո­ւած է Պոլ­սոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օ­րա­թեր­թին

«Աւ­րո­րա երկ­խօ­սու­թիւն­ներ-2017» ծրա­գի­րի ծի­րէն ներս՝ «­Պա­տե­րազմ­նե­րը, կրօ­նա­կան ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րը եւ ա­պա­գա­յին սպա­սո­ւող մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ՝ Ա­րե­ւե­լեան Ք­րիս­տո­նէու­թեան հա­մար» նիւ­թով, վեր­ջերս, Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նին մէջ դա­սա­խօ­սու­թիւն տո­ւաւ ըն­կե­րա­բան-գիտ­նա­կան, Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Հ­րաչ ­Չի­լին­կի­րեան:
­Տոքթ. Հ­րաչ ­Չի­լին­կի­րեան խօ­սե­ցաւ այն կա­րե­ւոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք այ­սօր ծա­ռա­ցած են քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն առ­ջեւ՝ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ ըն­թա­ցող պա­տե­րազմ­նե­րուն, կրօ­նա­կան ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րուն, միջ-հա­մայն­քա­յին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րուն, ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան անկ­ման եւ բնակ­չու­թեան գաղ­թին ու տե­ղա­շարժ­նե­րուն հա­մա­տես­քին վրայ:
Իբ­րեւ ըն­կե­րա­բան՝ Հ­րաչ ­Չի­լին­կի­րեան վեր­ջին տա­րի­նե­րու իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն մէջ եւ հան­րա­յին ե­լոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րած է ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ի­րադ­րու­թեան վրայ, մա­նա­ւանդ գի­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նող­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս: Որ­պէս մտա­ւո­րա­կան՝ իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն, միտ­քե­րուն եւ ծրա­գիր­նե­րուն նպա­տակն է, մա­նա­ւանդ Ս­փիւռ­քի հա­մար, ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը, մշա­կոյ­թը եւ լե­զուն դարձ­նել ա­ռօ­րեայ ապ­րո­ւած ի­րա­կա­նու­թիւն:
Հ­րաչ ­Չի­լին­կի­րեան հան­դի­պում­ներ եւ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ Ար­ցա­խի մէջ, ուր­կէ վե­րա­դար­ձին Ե­րե­ւա­նի մէջ պա­տաս­խա­նեց «­Ժա­մա­նակ»ի հար­ցում­նե­րուն։

Այ­սօր ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը, ուր տե­ղի ու­նե­ցող խմո­րում­նե­րուն մա­սին խօ­սե­ցաք, աշ­խար­հի թէժ կէ՞­տը կը սե­պէք, ո­րուն վրայ կը «բա­բա­խի» աշ­խար­հի սիր­տը:

Ա­յո՛, եւ այդ տա­րա­ծաշր­ջա­նին առնչո­ւող իմ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուս հիմ­նա­կան կեդ­րո­նը քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­ներն ու ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներն են: Եւ ե­թէ աչք մը նե­տենք այս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցող պա­տե­րազմ­նե­րուն, ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ, լուրջ խնդիր­ներ դրուած են քրիս­տո­նեայ հա­մայն­քե­րուն առ­ջեւ: ­Գաղտ­նիք չէ, որ քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րը կը նօս­րա­նան ընդ­հան­րա­պէս ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ: Ան­շուշտ, ես այն կար­ծի­քին չեմ, որ լրիւ պի­տի վեր­նան այդ հա­մայնք­նե­րը:

­Բայց յա­ճախ լու­րեր կը տա­րա­ծո­ւին, որ յա­տուկ նպա­տակ մը կայ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը բնաջն­ջե­լու, այդ մա­սին ի՞նչ կ­՚ը­սէք:

Ես չէի ը­սեր՝ յա­տուկ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է: Ան­շուշտ, իս­լա­մա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թիւ­նը իր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մէջ ու­նի ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը մաք­րե­լու ոչ-իս­լա­մա­կան տար­րե­րէ, այդ ի­մաս­տով ի­րենց գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան կամ «աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան» բա­ցատ­րու­թեան մէջ այդ մէ­կը կայ: ­Բայց չեմ կար­ծեր, որ ա­տի­կա ծրագ­րո­ւած բան մըն է, եւ պե­տու­թիւն­ներ նստած ու ծրագ­րած են՝ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ի սպառ վերց­նել: Ան­շո՛ւշտ, վտան­գը ե­ղած է եւ տա­կա­ւին կայ:
Այ­սօր եր­կու հիմ­նա­կան խնդիր կայ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նէու­թեան առ­ջեւ: Ա­ռա­ջի­նը՝ ա­պա­հո­վու­թեան եւ անվտան­գու­թեան խնդիրն է: Եւ այս­տեղ, ըստ գո­նէ իմ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուս, ա­նա­պա­հո­վու­թեան հիմ­նա­կան ե­րեք մա­կար­դակ­ներ կան. մէ­կը ֆի­զի­քա­կան ա­պա­հո­վու­թեան, անվ­տան­գու­թեան խնդիրն է: ­Մար­դիկ գո­յու­թե­նա­կան խնդիր ու­նին այն­տեղ՝ ռում­բե­րու, կրա­կոց­նե­րու տակ ա­նոնք պէտք է ի­րենց կեան­քը ա­պա­հո­վեն կամ փրկեն:
Ա­նա­պա­հո­վու­թեան երկ­րորդ մա­կար­դա­կին վրայ կայ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան ա­պա­հո­վու­թեան խնդի­րը: Այ­սինքն՝ այս պա­տե­րազմ­նե­րը, բա­խում­նե­րը վեր­ջին վեց-եօթ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծած են, որ տնտե­սու­թիւն­նե­րը՝ մա­նա­ւանդ ­Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի պա­րա­գա­յին՝ լրիւ ան­կու­մի մէջ են, մար­դիկ աշ­խա­տանք չու­նին, գոր­ծա­տե­ղի­ներ կոր­սո­ւած են, ե­կա­մու­տի աղ­բիւր­նե­րը չքա­ցած են եւ այլն, եւ այլն:
Իսկ եր­րոր­դը, որ քիչ մը ա­ւե­լի եր­կա­րա­ժամ­կէտ ա­պա­հո­վու­թեան խնդիր է, այն ալ մշա­կոյ­թի եւ կրօն­քի անվ­տան­գու­թեան խնդիրն է: Այ­սինքն այդ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, մա­նա­ւանդ իս­լա­մա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան պա­րու­նա­կին մէջ, նաեւ լուրջ խնդիր է կրօ­նա­կան ա­զա­տու­թեան հար­ցը, եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւանդ քրիս­տո­նեա­նե­րը ի­րենց հա­ւատ­քը, կրօնքն ու մշա­կոյ­թը պահ­պա­նե­լու եւ ա­զա­տօ­րէն գոր­ծա­ծե­լու ան­մի­ջա­կան հարց ու­նին: Ա­պա­հո­վա­կան այս հար­ցերն են, որ այ­սօր կը դի­մագ­րա­ւէ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թիւ­նը:
­Միւս՝ երկ­րորդ խնդի­րը, որ կը բխի այս անվ­տան­գու­թեան հար­ցէն, գաղ­թա­կա­նու­թիւնն է, տե­ղա­շարժ­ներն ու տե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րը: ­Վեր­ջին տա­սը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հսկա­յա­կան ար­տա­գաղթ ե­ղած է եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կո­ւի:
Օ­րի­նակ, Ի­րա­քի պա­րա­գա­յին մէկ մի­լիո­նէ ա­ւե­լի քրիս­տո­նեա­ներ ար­դէն եր­կի­րը լքած են: ­Պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ Ի­րա­քի մէջ կար մօտ մէկ մի­լիոն ե­րեք հա­րիւր հա­զար քրիս­տո­նեայ, այ­սօր հա­զիւ եր­կու-ե­րեք հա­րիւր հա­զար մնա­ցած է ամ­բողջ Ի­րա­քի մէջ: ­Թի­ւե­րու ա­ռու­մով նոյն նո­ւա­զումն է նաեւ ու­րիշ եր­կիր­նե­րու մէջ:

Իսկ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ հա­յու­թեան տե­ղա­շարժ­նե­րուն եւ գաղ­թին մա­սին ի՞նչ տո­ւեալ­ներ կան:

Ես փոք­րիկ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը ը­րած եմ, եւ ե­թէ բաղ­դա­տենք անց­նող քա­ռա­սուն տա­րի­նե­րու հետ թի­ւե­րը, կը տես­նենք, որ հայ հա­մայնք­նե­րը ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ վաթ­սուն­հինգ տո­կո­սէ ա­ւե­լի նո­ւա­զած են: Այ­սօր ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մօտ տա­սը երկ­րի մէջ, ուր մեծ թի­ւով հայ հա­մայնք­ներ կա­յին, հա­զիւ մնա­ցած է մօտ եր­կու հա­րիւր յի­սուն հա­զար հա­յու­թիւն, նե­րա­ռեալ Ի­րա­նը, ­Լի­բա­նա­նը, ­Սու­րիան, Ի­րա­քը, Ե­գիպ­տո­սը, նաեւ՝ ­Թուր­քիան, ե­թէ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը նկա­տի առ­նենք քիչ մը լայն ի­մաս­տով: Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք, եօ­թա­նա­սու­նա­կան­նե­րուն, որ հա­յու­թիւ­նը վեց հա­րիւր յի­սուն-եօթ­հա­րիւր հա­զար էր, հի­մա մօտ եր­կու հա­րիւր յի­սուն հա­զար է միայն:

Այս տե­ղա­շարժ­նե­րու շնոր­հիւ այդ մար­դոց­մէ շատ քի­չե­րուն հա­յեաց­քը կ­՚ուղ­ղո­ւի դէ­պի հայ­րե­նիք. այլ եր­կիր­ներ կ­՚եր­թան ա­նոնք, այդ ալ ու­րիշ մտա­հո­գիչ հարց մըն է, քա­նի որ ­Հա­յաս­տան այ­սօր ու­նի ժո­ղովրդագ­րա­կան խնդիր եւ լաւ կ­՚ըլ­լար, որ ա­նոնք ­Հա­յաս­տան գա­յին, որ­պէս­զի այդ հարցն ալ ձե­ւով մը լու­ծո­ւէր:

Այս մէ­կը լուրջ հարց է: Ան­շուշտ, ցան­կա­լի է, որ մա­նա­ւանդ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն մար­դիկ ­Հա­յաս­տան գան, ո­րով­հե­տեւ նախ մշա­կոյ­թի, մի­ջա­վայ­րի եւ այլ նմա­նու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նին, նոյ­նիսկ աշ­խար­հագ­րա­կան մօ­տի­կու­թիւ­նը կրնայ դեր խա­ղալ: ­Բայց քա­նի որ ոե­ւէ գաղ­թա­կան նախ իր ա­մէ­նօ­րեայ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը ու­նի, իր ու ըն­տա­նի­քին ա­մէ­նօ­րեայ պէտ­քե­րը հայ­թա­յթե­լու ան­մի­ջա­կան հարցն ու­նի, ու­րեմն՝ տեղ մը պի­տի եր­թայ, ուր ինք կրնայ զա­նոնք ա­պա­հո­վել, պա­հել իր զա­ւակ­ներն ու ըն­տա­նի­քը:
­Հա­յաս­տա­նը այ­սօր, ա­յո՛, մենք կը ներ­կա­յաց­նենք որ­պէս մեր ինք­նու­թեան կա­րե­ւոր մէկ մա­սը, կ­՚ա­ռա­ջար­կենք մար­դոց, որ գան ­Հա­յաս­տան, ձե­ւով մը փոր­ձե­լով ա­նոնց հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րուն դի­մել, բայց միւս կող­մէ ե­թէ ա­նոր ա­ռըն­թեր այդ մար­դուն, այդ հա­յուն՝ որ գաղ­թա­կան է, ա­մե­նա­հա­սա­րակ պայ­ման­նե­րը չենք կրնար ա­պա­հո­վել, ու­րեմն այդ մար­դը թե­րեւս իր հո­գիով, սրտով կ­՚ու­զէ ­Հա­յաս­տան գալ, բայց հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը այս­տեղ բա­ւա­րար չեն, ը­սենք՝ տուն վար­ձե­լու դրամ չու­նի, իր աս­պա­րէ­զին մէջ աշ­խա­տանք գտնե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նի եւ այլն, ու­րեմն ­Հա­յաս­տան պի­տի գայ, ի՞նչ պի­տի ը­նէ: Ե­թէ գայ, թե­րեւս ինք­զին­քը նոյն վի­ճա­կին մէջ կը պատ­կե­րաց­նէ, ինչ­պէս որ էր իր երկ­րին մէջ, ուր­կէ նաե՛ւ այս հար­ցե­րուն պատ­ճա­ռով գաղ­թած է:
Այս հար­ցը շատ ա­ւե­լի բարդ է, քան մենք մեր ազ­գա­յին քննար­կում­նե­րուն մէջ կը պատ­կե­րաց­նենք: Ինչ­պէս ը­սի՝ զգա­ցում­նե­րով կը խօ­սինք այս հար­ցին մա­սին, բայց միայն զգա­ցա­կա­նը բա­ւա­րար չէ:
Այդ հա­յե­րը կ­՚եր­թան ­Գա­նա­տա կամ ու­րիշ եր­կիր­ներ, ո­րով­հե­տեւ հոն ո­րոշ նախ­նա­կան պայ­ման­ներ եւ ո­րոշ պատ­րաստ գե­տին կան, եւ երբ ան­մի­ջա­պէս հաս­նին, քիչ մը ի­րենք զի­րենք կը գտնեն եւ կա­մաց-կա­մաց կը սկսին ի­րենց կեան­քը վե­րա­կանգ­նել:
­Հի­մա, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ այլ խնդիր մը կայ, ո­րուն մա­սին ես քա­նիցս անդ­րա­դար­ձած եմ: ­Հա­յաս­տա­նի մէջ նոյն­քան կա­րի­քա­ւոր մար­դիկ կան, գաղ­թա­կան­նե­րու նման ա­նոնք պատ­շաճ տուն չու­նին, աշ­խա­տանք չու­նին, մեծ ըն­տա­նիք ու­նին, ո­րուն ա­մէ­նօ­րեայ հո­գե­րը չեն կրնար հո­գալ, ա­ռող­ջա­կան խնդիր­ներ ու­նին… ­Պաշ­տօ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րով՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ինն հա­րիւր հա­զար աղ­քատ կայ, այս մէ­կը պաշ­տօ­նա­կան տո­ւեալն է, թե­րեւս ա­ւե­լի է թի­ւը: Ու­րեմն, ձե­ւով մը կանգ­նած ենք խաչ­մե­րու­կի մը առ­ջեւ. ե­թէ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ե­կած գաղ­թա­կան­նե­րուն պի­տի օգ­նենք, ժո­ղո­վուր­դը կ­՚ը­սէ՝ մենք ալ հոս նոյն խնդիր­նե­րը ու­նինք, ին­չո՞ւ մե­զի չէք օգ­ներ…

Ինչ­պէ՞ս կը պատ­կե­րաց­նէք այս հար­ցե­րուն լու­ծու­մը:

Այ­սօր մենք կ­՚ապ­րինք աշ­խար­հի մը մէջ, ուր պէտք է բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք տա­նինք, բա­զում ուղ­ղու­թիւն­նե­րով մտա­ծենք: Այն­պէս չէ, որ ­Հա­յաս­տա­նի բո­լոր խնդիր­նե­րը պէտք է լու­ծենք, յե­տոյ՝ սկսինք սփիւռ­քի կամ հայ գաղ­թա­կան­նե­րու մա­սին մտա­ծե­լու: Ու­րեմն, զու­գա­հեռ, նոյ­նիսկ՝ բազ­մա­կող­մա­նի նա­յե­լով է, որ այս բո­լոր հար­ցե­րուն լու­ծում պէտք է տրո­ւի:

Իսկ գա­լով ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի տե­ղա­շարժ­նե­րուն, ինչ­պէ՞ս կը պատ­կե­րաց­նէք ա­պա­գան, ինչ­պէ՞ս կը դի­տար­կէք այդ ա­նո­րո­շու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ ո­րոշ գեր-տէ­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ փո­խո­ւած են եւ կը թուի, թէ ո­րո­շա­կի բան մը պի­տի ըլ­լայ:

­Նախ ը­սեմ, որ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս ա­րեւմտեան եր­կիր­նե­րու օ­րա­կար­գին մէջ ալ չի յի­շո­ւիր: Այս­պէս ը­սենք՝ ա­րեւմ­տեան պե­տա­կան կամ հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու տե­սա­դաշ­տին մէջ չեն ա­նոնք: Երբ ­Մի­ջին Ա­րե­ւելք կ­՚ը­սես՝ մար­դիկ ան­մի­ջա­պէս կը մտա­ծեն ա­հա­բեկ­չու­թեան մա­սին, «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» մա­սին, բայց ոչ ոք կը մտա­ծէ, որ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը քրիս­տո­նէու­թեան օր­րան է, այն­տեղ ծնած է քրիս­տո­նէու­թիւ­նը եւ այն­տեղ է, որ հին ար­մատ­ներ ու­նի եւ այդ ար­մատ­նե­րը այ­սօր մերթ ընդ մերթ կը տկա­րա­նան:
Ինչ կը վե­րա­բե­րի ա­պա­գա­յին՝ ա­նո­րոշ է, բայց ես այն կար­ծի­քին չեմ, որ քրիս­տո­նէու­թե­նէն լրիւ պի­տի պար­պուին այդ եր­կիր­նե­րը: Յս­տակ է, որ ե­կող տաս­նա­մեակ­նե­րուն թո­ւա­յին ի­մաս­տով շատ ա­ւե­լի փոքր հա­մայնք­ներ պի­տի ըլ­լան այն­տեղ: ­Յատ­կա­պէս մեր պա­րա­գա­յին՝ հա­ւա­նա­բար հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րը շատ ա­ւե­լի փոքր պի­տի ըլ­լան:
­Գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը իր զգա­լի հե­տե­ւանք­նե­րը պի­տի ձգէ այն­տե­ղի հա­մայնք­նե­րուն վրայ, ո­րով­հե­տեւ գաղ­թող­նե­րը ձե­ւով մը մի­ջին խա­ւի ան­դամ­ներն են՝ բժիշկ­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, ար­հես­տա­ւոր­ներ եւ այլք. այն խա­ւը, որ հիմ­նա­կա­նօ­րէն կը պա­հէր մեր հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րը՝ դպրոց, ա­կումբ, ե­կե­ղե­ցի եւ այլն: Ու­րեմն, երբ այդ խա­ւը կա­մաց-կա­մաց կը նօս­րա­նայ, կը նշա­նա­կէ, որ մենք ու­նինք ու­ղեղ­նե­րու ար­տա­հոսք եւ, ա­նոր հե­տե­ւան­քով, նիւ­թա­կան աղ­բիւր­նե­րու նուա­զում, քա­նի որ այդ ար­հես­տա­վարժ մար­դի­կը հոն չեն, որ­պէս­զի աշ­խա­տին եւ պա­հեն մեր հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րը:
Ու­րեմն՝ այս բո­լո­րին իբ­րեւ հե­տե­ւանք, կրնանք ը­սել, որ մեր ազ­գա­յին, հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րը հետզ­հե­տէ պի­տի տկա­րա­նան, եւ ար­դէն ո­րոշ չա­փով տկա­րա­ցած են: Այ­սինքն՝ կը նշա­նա­կէ, որ փո­խա­նակ քսան դպրոց ու­նե­նա­լու, թե­րեւս պէտք է մտա­ծենք զա­նոնք միաց­նե­լու հինգ, վեց դպրոց­նե­րու մէջ:

Իսկ մար­դու­ժը, որ տար­բեր եր­կիր­ներ կ­՚եր­թայ, իր դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ­՚ու­նե­նա՞յ այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ, մա­նա­ւանդ որ մենք այդ եր­կիր­նե­րու հա­յու­թեան մա­սին գի­տենք, թէ աշ­խա­տա­սէր են, շէնց­նող են, ո՛ւր որ եր­թան՝ ինք­զինք­նին կը փաս­տեն եւ այդ­պէս ե­ղած է դա­րե­րու ըն­թաց­քին:

­Հե­տաքրք­րա­կան հար­ցում մըն է, ո­րուն կրնանք թէ՛ դրա­կան, թէ՛ ժխտա­կան ձե­ւով նա­յիլ:
­Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ալ, երբ ­Հա­յաս­տա­նը տկար ե­ղած է եւ ան­կու­մի մէջ գտնո­ւած է, ու­րիշ գա­ղութ­ներ սփիւռ­քի մէջ ծաղ­կած են: Օ­րի­նակ՝ Ա­նիի կոր­ծա­նու­մէն յե­տոյ, Ե­գիպ­տո­սի մէջ ձե­ւա­ւո­րո­ւած է ծաղ­կուն հայ­կա­կան հա­մայնք մը: Ու­րեմն երբ գա­ղու­թէ մը ար­տա­գաղթ կայ, ո՛ւր որ ուղ­ղո­ւի ար­տա­գաղ­թի հոս­քը, այն­տեղ կը շա­րու­նա­կո­ւի կամ կը վե­րա­կանգ­նի հա­մայն­քա­յին կեան­քը: Այ­սօր վստա­հօ­րէն ­Գա­նա­տա­յի մէջ սփիւռ­քա­հա­յե­րը ձե­ւով մը նոր շունչ տա­րած են հայ հա­մայն­քին, օ­րի­նակ՝ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն մէջ կրնան ­Հա­լէ­պէն գա­ցած ու­սու­ցիչ­ներ աշ­խա­տիլ եւ այլն: Ա­տի­կա դրա­կան բան մըն է, իսկ երկ­րորդ խնդի­րը այն է, որ ե­թէ Ս­փիւռք ե­րե­ւոյ­թի տե­սան­կիւ­նէն նա­յինք՝ ­Լի­բա­նան, ­Սու­րիա կամ ­Մոնթ­րէալ, նո­րէն սփիւռ­քի մա­սին է խօս­քը:
Այ­սինքն՝ աշ­խար­հագ­րա­կան տար­բե­րու­թիւ­նը կայ, բայց բո­վան­դա­կու­թեան, ի­րա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով՝ կը մնայ Ս­փիւռ­քեան ի­րա­կա­նու­թիւն: Ան­շուշտ, այն­տեղ կան նրբու­թիւն­ներ. ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ հա­յե­րը լա­ւա­պէս պահ­պա­նած են լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը, այն ալ ո­րով­հե­տեւ կ­՚ապ­րին իբ­րեւ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն՝ իս­լամ եր­կիր­նե­րու մէջ: Իսկ Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ տար­բեր է, բայց սփիւռ­քը՝ Ս­փի՛ւռք է:
Ու­րիշ հարց մըն ալ, ո­րուն մա­սին վեր­ջերս սկսայ մտա­ծել. հի­մա կայ սփիւռ­քին Ս­փիւռ­քը՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: Այ­սինքն՝ սփիւռ­քա­հա­յեր, ո­րոնք ե­կած են ­Հա­յաս­տան եւ եր­կար տա­րի­ներ հոս կ­՚ապ­րին, ձե­ւով մը «Ս­փիւռք» մըն են՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ընդ­հան­րա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ կը դի­տո­ւին որ­պէս սփիւռ­քա­հա­յեր, ոչ թէ իբր հա­մա­քա­ղա­քա­ցի­ներ, եւ ա­նոնք կրկին կը մնան Ս­փիւռք, այս ան­գամ՝ հայ­րե­նի­քի մէջ: Եւ ու­նինք նաեւ միւս ե­րե­ւոյ­թը՝ ­Հա­յաս­տա­նի Ս­փիւռ­քը՝ սփիւռ­քի մէջ: Այս հար­ցե­րը ու­սում­նա­սի­րու­թեան նիւ­թեր են, ո­րոնք կրնան տոք­թո­րա­կա­նի լաւ նիւթ դառ­նալ:

­Վե­րա­դառ­նա­լով ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քին՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նը խա­ղա­ղե­լուն պէս գաղ­թող­նե­րը ետ կը դառ­նա՞ն:

­Միշտ պա­տե­րազ­մէն փախ­չող մար­դը պար­տադ­րո­ւած կը փախ­չի՝ այն միտ­քով, որ քա­նի մը տա­րի եր­թայ, այդ ա­մէն ին­չը անց­նի, նո­րէն ետ դառ­նայ: Ն­ման պա­րա­գա­նե­րուն միշտ այդ­պէս է՝ ժա­մա­նա­կա­ւոր կ­՚եր­թաս, բայց այդ ժա­մա­նա­կա­ւո­րը կը դառ­նայ մշտա­կան: ­Շատ քիչ ան­գամ­ներ ե­ղած են ետ դար­ձող­ներ, օ­րի­նակ՝ ­Լի­բա­նա­նի պա­տե­րազ­մէն երբ մար­դիկ Է­մի­րու­թիւն­ներ կամ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ գաղ­թած են, այ­սօր ե­րե­սուն տա­րիէ ի վեր ա­նոնք հոն են, օր մը թե­րեւս վե­րա­դառ­նան, բայց այդ ժա­մա­նա­կա­ւո­րը յա­ճախ տաս­նեակ տա­րի­նե­րով կ­՚եր­կա­րի, ե­րե­խա­նե­րը կը մեծ­նան, կեան­քը կը փո­խո­ւի եւ վե­րա­դար­ձը կը դժուա­րա­նայ: ­Կեանքն է նաեւ, որ մեզ կը ձե­ւա­ւո­րէ:

Ի՞նչն է պատ­ճա­ռը, որ հա­յեր, այս կամ այն երկ­րին մէջ ապ­րե­լով եւ ­Հա­յաս­տա­նը այն­քան ալ գրա­ւիչ ապ­րե­լու մի­ջա­վայր չնկա­տե­լով, ի­րենց միտ­քին մէկ ան­կիւ­նը ան­պայ­ման ու­նին ­Հա­յաս­տա­նը: Ար­դեօք հայ­րե­նի­քի ո՞ւժն է այդ մէ­կը, թէ՞ ու­րիշ պատ­ճառ մը եւս կայ:

Ան­շուշտ, հայ­րե­նի­քի ուժն ալ կայ: Իբ­րեւ ըն­կե­րա­բան՝ իմ մօ­տե­ցումս այն է, որ երբ դուն կ­՚եր­թաս ու­րիշ եր­կիր մը, միշտ այդ երկ­րի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պայ­ման չէ, որ քեզ ըն­դու­նի իբ­րեւ իր մէկ մաս­նի­կը, դուն միշտ դրսե­ցի ես, միշտ օ­տար ես, կրնաս այդ երկ­րին անձ­նա­գի­րը ու­նե­նալ, բայց խօս­քիդ մէջ օ­տար շեշտ մը կայ, մոր­թիդ գոյ­նը քիչ մը թուխ է, եւ այլն: Եւ ո­րո­վետ­հեւ այդ «օ­տա­րու­թիւ­նը» կայ, դուն կը զգաս, որ քու ար­մատդ ­Հա­յաս­տանն է, հայ­րե­նիքն է: Ս­փիւռ­քը իր զգա­ցու­մով իր հա­ւա­քա­կան ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րը պա­հեր է, իբ­րեւ իր գո­յու­թեան աղ­բիւ­րը ստեղ­ծե­լով իր ե­րե­ւա­կա­յա­կան հայ­րե­նի­քը: Ան­շուշտ, ­Հա­յաս­տա­նին հա­կե­լու պատ­ճառ­նե­րէն են նաեւ մշա­կոյթն ու լե­զուն, եւ ­Հա­յաս­տա­նը ի վեր­ջոյ այդ բո­լո­րին աղ­բիւրն է, որ մե­զի ե­կած է դա­րե­րէ ի վեր: