Ու­րու­կո­ւէ­յի մայ­րա­քա­ղաք ­Մօն­թէ­վի­տէո­յէն եւ ­Փի­րեա­փո­լիս Ա­մա­րա­նո­ցէն ետք, ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ա­մե­նա­յայտ­նի ա­մա­րա­նոց-քա­ղա­քին՝ ­Փուն­թա ­Տէլ Էս­թէի մէջ, 7 ­Յու­նո­ւար 2018ին, պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեամբ մը բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն» ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւած հրա­պա­րա­կին։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ ­Կա­րօ ­Հէ­քի­մեան։
­Մաս­նակ­ցե­ցան զբօ­սաշր­ջի­կու­թեան հա­յազ­գի նա­խա­րար ­Լի­լիան ­Քէ­շի­շեան, ­Մալ­տօ­նա­տո­յի նա­հան­գա­պետ Էն­րի­քէ Ան­թիա, ­Փուն­թա ­Տէլ Էս­թէի քա­ղա­քա­պետ Անտ­րէս ­Խա­ֆիֆ, Հ.Հ. դես­պան ­Տիկ. Էս­թէր Մկր­տու­մեան, Ու­րու­կուէ­յի հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ­Յա­կոբ Արք. ­Գըլն­ճեան, հիւ­րա­բար եր­կիր գտնո­ւող Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տաս­խա­նա­տու ­Վեր. ­Ռը­նէ ­Լե­ւո­նեան եւ բազ­մա­թիւ հայ եւ ոչ-հայ ներ­կա­նե­րու խումբ մը։
Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը սկիզբ ա­ռաւ Ու­րու­կո­ւէ­յի եւ ­Հա­յաս­տա­նի օրհ­ներգ­նե­րով, որ­մէ ետք քա­քա­քա­պե­տը իր ող­ջոյ­նի խօս­քը փո­խան­ցեց։ ­Նոյ­նը կա­տա­րե­ցին նա­խա­րա­րու­հին, Հ.Հ. դես­պա­նու­հին, ինչ­պէս նաեւ ­Մալ­տօ­նա­տօ նա­հան­գա­յին խոր­հուր­դի մշա­կու­թա­յին բաժ­նի տնօ­րէն ­Խոր­խէ ­Սէս­բէ­տէս, որ շեշ­տը դրաւ հայ կնոջ ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան վրայ, քա­նի որ հայ­րե­նի Ի­ջե­ւան քա­ղա­քը եւ ­Փուն­թա ­Տէլ Էս­թէն իբ­րեւ քոյր քա­ղաք­ներ, ի­ջե­ւան­ցի ե­րի­տա­սարդ քան­դա­կա­գործ ­Գոռ ­Դաւ­թեա­նի հայ կնոջ կեր­պա­րին նո­ւի­րո­ւած քան­դա­կը, որ բե­րո­ւած էր Ի­ջե­ւա­նէն որ­պէս նո­ւէր, տեղ գտաւ հրա­պա­րա­կի կեդ­րո­նը։ Պր. ­Խոր­խէ ­Սէս­բէ­տէս ը­սաւ.- «Ըն­տա­նի­քի մը կեան­քին կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­ղա­կը կինն է եւ յատ­կա­պէս հայ կնոջ դե­րը, այս հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, դա­րե­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­յին հան­գա­մանք կրած է ըն­տա­նի­քը զօ­րաց­նե­լու գոր­ծին մէջ։ ­Ճիշդ այս մէ­կը նկա­տի ու­նե­նա­լով է, որ այ­սօր, այս հրա­պա­րա­կին վրայ բարձ­րա­ցող հայ կնոջ տի­պա­րին նո­ւի­րո­ւած այս քան­դա­կը ձե­ւով մը յար­գան­քի տուրք մըն է հայ կնոջ դե­րին, որ շատ ան­գամ իր լռու­թեան մէջ կռա­նած եւ սե­րունդ­ներ հաս­ցու­ցած է։ Կր­կին շատ զօ­րա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն մը յայտ­նենք ա­նոնց, քա­նի որ կի­նե­րը համ­բե­րու­թեամբ եւ սի­րով ըն­տա­նի­քի հզօ­րաց­ման մեծ դե­րը վեր­ցու­ցած են»։