­­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­­Հա­մազ­գա­յի­նի «­­Ղա­զա­րոս ­­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղը վեր­ջին մէկ ամ­սո­ւան մէջ ու­նե­ցած է ե­րեք յա­ջող ձեռ­նարկ­նե­րու հրա­պա­րա­կա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն՝ խան­դա­վա­ռու­թիւն յա­ռա­ջաց­նե­լով նախ իր ան­դամ­նե­րուն, ա­պա նաեւ իր ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կին շուրջ գտնո­ւող ու իր շար­ժում­նե­րուն հե­տե­ւող գա­ղու­թի հա­յու­թեան։
Ա­ռա­ջի­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Կի­րա­կի՝ 12 ­­Փետ­րո­ւա­րին ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­­Տէր ­­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս, ուր ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ­­Յով­հան­նէս-­­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեա­նի՝ «­­Հայ­կա­կան ազ­գա­նուն­նե­րը ու­նին ի­րենց պատ­մու­թիւ­նը» խո­րագ­րով գիր­քը։ ­­Գիր­քի ներ­կա­յաց­ման՝ հոն կը գտնո­ւէր նաեւ Ա­րիս­տո­տէ­լեան հա­մալ­սա­րա­նի պա­տո­ւա­կալ դա­սա­խօս փրոֆ. Եան­նիս ­­Խա­սիո­թիս։
­­Գիր­քը կ­՚անդ­րա­դառ­նայ հայ­կա­կան ազ­գա­նուն­նե­րու պատ­մու­թեան եւ ա­նոնց ծա­գու­մին։
Երկ­րորդ ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Կի­րա­կի՝ 19 ­­Մար­տին, շրջա­նի «­­Տէր ­­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս մշա­կու­թա­յին հա­ւա­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ պատ­րաս­տո­ւած գե­ղե­ցիկ տա­րազ­նե­րով՝ ժո­ղո­վուր­դին խան­դա­վա­ռեց միու­թեան «­­Մա­սիս» երկ­սեռ պա­րա­խում­բը հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պա­րե­րով։
Եր­րորդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կող­մէ նիւ­թա­կան ու բա­րո­յա­կան ա­պա­հո­վող վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մըն էր, ուր իբ­րեւ նո­ւէր դրո­ւած էր դէ­պի հայ­րե­նիք ճամ­բոր­դու­թեան եր­կու տոմ­սակ­ներ եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ եօթ­նօ­րեայ կե­ցու­թեան ի­րա­ւուն­քով եր­կու ճամ­բորդ­նե­րու ծախ­սի ստանձ­նու­մը։ ­­Վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը քա­շո­ւե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան եւ նո­ւէ­րին տի­րա­ցաւ Ա­թէն­քէն բախ­տա­ւոր մը։
Ս­րա­հին մէջ հա­մախմ­բո­ւած ներ­կա­նե­րուն յայ­տա­րա­րո­ւե­ցան նաեւ յա­ռա­ջի­կայ միու­թե­նա­կան եր­կա­մեայ նստաշր­ջան՝ 2016-2018ի նոր վար­չա­կան կազ­մը, որ կը բաղ­կա­նայ 11 ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րէ, ո­րոնք հե­տե­ւեալ­ներն են. — ­­Տի­րու­հի ­Ղա­լի­լէա-­­Գալ­ֆա­յեան, ­­Մար­տիկ ­­Մար­տի­կեան, Սմ­բատ Վրդ. ­­Սա­պուն­ճեան, ­­Տիգ­րան ­­Սար­գի­սեան, ­­Ռու­զան­նա ­­Սե­մէր­ճեան, ­­Ռո­զա ­­Թէր­զեան, ­­Մա­րի ­­Քիւրք­ճեան, Ա­րաք­սիա ­­Կա­նա­պե­տեան, Ա­լի­նա ­­Մա­թո­սեան, ­­Լի­լիթ ­­Շահ­զա­տէեան, ­­Մե­լի­նէ ­­Քա­րաօղ­լա­նեան։
­­Վար­չու­թիւ­նը իր դի­ւա­նը կազ­մած է հե­տե­ւեալ ձե­ւով՝ ընկ. ­­Գալ­ֆա­յեան (ա­տե­նա­պետ), ընկ. ­­Մար­տի­կեան (փոխ-ա­տե­նա­պետ), ­­Հայր ­­Սուր­բը (ա­տե­նադ­պիր), ընկ. ­­Սար­գի­սեա­նը (գան­ձա­պահ) եւ մնա­ցեալ եօ­թը ըն­կեր­նե­րը վար­չա­կան խորհրդա­կան։
Վս­տահ ենք, որ վար­չու­թիւնն ու մաս­նա­ճիւ­ղը ան­ցեա­լի նման պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց բազ­մա­ճիւղ հա­րուստ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ ընդ­հան­րա­պէս ­­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին, բայց մաս­նա­ւո­րա­բար ­­Մա­կե­դո­նիոյ ու ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, հայ մշա­կոյ­թի անգ­նա­հա­տե­լի ար­ժէք­նե­րը միու­թեանս ճամ­բով փո­խան­ցե­լով ու տա­րա­ծե­լով ե՛ւ մեր հա­սա­րա­կու­թեան, ե՛ւ եղ­բայ­րա­կից հել­լէն ժո­ղո­վուր­դին։
­­Բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Յաջորդ յօդուածըԱպ­րի՛ք