Ար­մե­նակ Ե­ղիա­յեան

Ա­մէն ինչ որ հե­քիա­թան­ման է, ան­պայ­ման հե­քիաթ չէ,
Իսկ ա­մէն ինչ որ հե­քիաթ է, ան­պայ­ման հե­քիա­թան­ման չէ:

Աշ­խար­հի վրայ կայ հե­քիա­թա­յին եր­կիր մը, որ կը կո­չո­ւի ­Լի­բա­նան, եւ այս­տեղ կը գտնո­ւի ե­զա­կի քա­ղաք մը (թե­րեւս՝ քա­ղա­քիկ), որ կը կո­չո­ւի ­Պուրճ-­Հա­մուտ:
­Պուրճ-­Հա­մու­տը խոր­քին մէջ ե­զա­կի էր մէ­կէ ա­ւե­լի յատ­կա­նի­շնե­րով, ո­րոնց կար­գին՝ իր ազ­գագ­րա­կան պատ­կե­րը. ա­նոր հիմ­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն (մօ­տա­ւո­րա­պէս 1933-34) բնակ­չու­թեան 99,99 տո­կո­սը հայ էր. 30-40.000 հա­զա­րի վրայ կա­յին ըն­դա­մէ­նը քա­նի մը ա­րաբ ըն­տա­նիք­ներ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նա­յի­նը, ժամ­կո­չի­նը, մուխ­թա­րի­նը եւ մէկ-եր­կու ու­րիշ­ներ ու այս­չափ միայն:
1946էն սկսեալ, որ կը զու­գա­դի­պի հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան, մեկ­նող­նե­րուն տու­նե­րը գնո­ւե­ցան ա­րաբ հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­մէ, տե­ղա­ցի թէ պա­ղես­տին­ցի գաղ­թա­կան­ներ: Եւ ազ­գագ­րա­կան ե­զա­կիու­թիւ­նը այս­պէ­սով խախ­տե­ցաւ…ի հա­շիւ ու­րիշ հա­յա­ւա­նի մը, որ Այն­ճարն է եւ ո­րը ծնունդ ա­ռած էր ­Պուրճ-­Հա­մու­տէն 4-5 տա­րի ետք:
Այն­ճար կը շա­րու­նա­կէ պա­հել իր այդ ա­նա­ղարտ դի­մա­գի­ծը, մինչ ­Պուրճ-­Համ­մուտ օր ըստ օ­րէ կը կորսնց­նէ ի­րը: ­Սա­կայն այս չէ իմ բնա­բանս, ես ու­րիշ բան պատ­մե­լու հա­մար ճամ­բայ ե­լայ: Ու­րեմն հա­կա­ռակ վե­րոն­շեա­լին՝ ­Պուրճ -­Հա­մու­տը կը շա­րու­նա­կէ պա­հել իր ե­զա­կիու­թիւ­նը այլ կէ­տե­րու մէջ, ո­րոնց­մէ մէկն ալ այս­տեղ հաս­տա­տո­ւած ա­րաբ խա­նութ­պան­նե­րու եւ եր­բեմն ալ սո­վո­րա­կան հայ­րե­նա­կից­նե­րու հա­յե­րէ­նաի­մա­ցու­թիւնն է: Ա­յո, սա այն­պի­սի իւ­րա­յատ­կու­թիւն մըն է, որ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ,–­ ի բաց ա­ռեալ ան­շուշտ ­Հա­յաս­տա­նը,– ­միակ պա­րա­գան է, ուր օ­տար­ներ հա­յե­րէն կը սոր­վին ի­րե­րու բո­լո­րո­վին բնա­կան ու անբռ­նազ­բօս բե­րու­մով:
­Պատ­կե­րա­ցու­ցէք ­Լի­բա­նա­նի ընդ­հան­րա­պէս հա­րա­ւէն ե­կած ա­րաբ ե­րի­տա­սարդ­ներ, բայց նաեւ օ­տա­րահ­պա­տակ­ներ՝ սու­րիա­ցի, ե­գիպ­տա­ցի, յոր­դա­նան­ցի, սու­տան­ցի եւ այլն, ո­րոնք ի­րենց կեան­քին մէջ հայ չեն տե­սած եւ ո­րոնք այս­տեղ հա­յա­հոծ թա­ղի մը մէջ պտու­ղի ու բան­ճա­րե­ղէ­նի խա­նութ կը բա­նան եւ կը սկսին ա­ռեւ­տու­րի…հա­յե­րու հետ կամ նա­՛եւ հա­յե­րու հետ: Եւ ո­րով­հե­տեւ հա­յը դժո­ւա­րու­թիւն ու­նի ա­րա­բե­րէն սոր­վե­լու, այս մար­դիկ կը ստի­պո­ւին ի­րե՛նք հա­յե­րէն սոր­վիլ, որ­պէս­զի դրամ կա­րե­նան շա­հիլ ու ապ­րիլ:
Ա­ռա­ջին ա­մի­սը կը սոր­վին թի­ւե­րը ու չա­փե­րը՝ մէկ քի­լօ, մէ­կու­կէս քի­լո, եր­կու ոս­կի, չորս, հինգ, եօ­թը ոս­կի կամ տո­լար եւ այլն: Ա­պա կը սկսին սոր­վիլ ապ­րան­քին ա­նու­նը՝ նա­րինջ, վա­րունգ, հա­զար, բողկ:
Երկ­րորդ-եր­րորդ ա­միս­նե­րուն կը սկսին կազ­մել ի­րենց ա­ռա­ջին կցկտուր նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը՝ շատ լաւ է, հա­մով է, թարմ է, ա­ժան է: ­Կամ՝ հի­մա չկայ, մէկ ժա­մէն կը հաս­նի…: ­Նաեւ՝ ա­նուշ ըլ­լայ, նո­րէն ե­կուր եւ այլն: Իսկ վե­ցե­րորդ ա­մի­սը կամ ա­մե­նաու­շը տա­րին չլրա­ցած՝ ար­դէն հա­յե­րէն կը խօ­սին քիչ մը… ա­մէն նիւ­թի մա­սին:
Եւ…կա­մաց-կա­մաց կը հա­յա­նան:
Եր­բեմն շատ զա­ւեշ­տա­կան պա­րա­գա­ներ ալ կը պա­տա­հին:
­Կը ճանչ­նամ ա­նոնց­մէ մէ­կը. իս­կա­կան աժ­դա­հայ մը, գո­նէ եր­կու մեթր հա­սա­կով եւ եր­կու հա­րիւր քի­լօ քա­շով, ա­րա­բա­կան կամ ա­րե­ւե­լեան բուր­դէ գլխար­կը մին­չեւ աչ­քե­րը ի­ջած, պե­խե­րը ա­կանջ­նե­րուն հա­սած, մօ­րու­քը ընդ­հան­րա­պէս անխնամ, «մի զըռ չո­բան»,–­ ինչ­պէս պի­տի ը­սէր ­Թու­մա­նեան,–­ որ սա­կայն…մա­քուր ու ծեք­ծե­քուն հա­յե­րէն մը կը խօ­սի, ծայ­րա­յե­ղօ­րէն կիրթ է եւ իս­կոյն կը հրա­պու­րէ քեզ: ­Չես կրնար ա­ռանց գնու­մի դուրս ել­լել խա­նու­թէն, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ քիչ մըն ալ կը տնտնաս, որ ա­ւե­լի լսես զինք:
­Կը ճանչ­նամ ­Ղաս­սան մըն ալ, որ ինք­նամ­փոփ ու լռա­կեաց ե­րի­տա­սարդ մըն է, ո­րուն հետ կա­րե­լի է եր­կար զրու­ցել,–­ եւ հա­ճոյ­քով կը զրու­ցեմ,– ­քիչ մը ա­մէն բա­նի մա­սին: Այն­քան լաւ կը տի­րա­պե­տէ հա­յե­րէ­նին: ­Կար­ծեմ հայ աղջ­կայ մը պա­րե­գօտն ալ ան­ցած է կեան­քէն, չեմ գի­տեր՝ իբ­րեւ նշա­նա­ծի՞, թէ՞ իբ­րեւ ըն­կե­րու­հիի,–­ եւ յու­զու­մով կ’ակ­նար­կէ թէ՛ հա­յե­րէ­նին, թէ՛ զայն խօ­սող աղջ­կան:
Ա­ռի­թով մը, երբ տա­կա­ւին լաւ չէի ճանչ­նար զինք, միամ­տա­բար հար­ցու­ցած եմ ի­րեն, թէ ին­չո՛ւ «օ­տար» ա­նուն կը կրէ:
Եւ այս­պի­սի­նե­րը բա­ցա­ռու­թիւն չեն:
Ս­տո­րեւ պատ­կեր մըն ալ:
­Տա­սը օր ա­ռաջ, ա­րեւմ­տեան Ծ­նուն­դի առ­թիւ, հրա­ւի­րո­ւած էի կա­թո­ղի­կէ բա­րե­կա­մի մը տու­նը, ուր, ի­մի­նէն զատ, կը գտնո­ւէին չորս ու­րիշ ըն­տա­նիք­ներ կամ ա­նոնց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, չորսն ալ ի­րենց ե­թով­պիա­ցի ա­ղա­խին­նե­րով: Երբ ե­րե­կոյ­թը իր ա­ւար­տին կը մօ­տե­նար, ու­զե­ցի զայն փա­կել գա­րե­ջու­րով մը: Եւ ո­րով­հե­տեւ մի­ջա­վայ­րին ծա­նօթ էի եւ չէի ալ ու­զեր ու­րի­շը խան­գա­րել, խո­հա­նոց ուղ­ղո­ւե­ցայ ինք­նաս­պա­սար­կու­թեան հա­մար: Ի՜նչ տես­նեմ. չորս ա­ղա­խին­նե­րը հա­ւա­քո­ւած էին ի­րե՛նց սե­ղա­նին շուրջ եւ ու­րախ կը ճռո­ւո­ղէին…մա­քուր հա­յե­րէ­նով:
­Կայ սա­կայն ա­ւե­լի ու­շագ­րաւն ալ, որ հե­տե­ւեալն է. այս օ­տար­նե­րուն սոր­ված հա­յե­րէ­նը զերծ է այն բո­լոր լե­զո­ւա­կան ա­րատ­նե­րէն, ո­րոնց դէմ ի զուր կը պայ­քա­րինք մեր՝ հայ խմբա­գիր­նե­րու, հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու աշ­խար­հիկ թէ հո­գե­ւոր բո­լոր ծի­րե­րէն ներս… ա­ռանց յա­ջո­ղե­լու սրբագ­րելու զա­նոնք: Օ­րի­նակ՝ ոչ մէ­կուն բեր­նէն լսած եմ փո­խան­ցել, իբ­րեւ հե­տե­ւանք, իբ­րեւ ար­դիւնք, ար­դիւն­քով, գծով, այն մա­սին, յե­տայ­սու եւ այս կար­գի ճի­ւա­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնք մե­րոնց հա­նա­պա­զօ­րեայ հացն ու սնունդն են:
–Ա­ղէկ,– ­պի­տի ը­սէք,– ­վեր­ջին հա­շո­ւով՝ ով­քե՞ր են ա­սոնց ու­սու­ցիչ­նե­րը, որ­պէս­զի քիչ մըն ալ մեր խմբագ­րա­տու­ննե­րը (ա­ռանց մոռ­նա­լու Ե­րե­ւա­նի «Ար­մէնպ­րե­սը»), դպրոց­նե­րը, գրա­սե­նեակ­նե­րը, տու­նե­րը, հե­ռա­ւոր թե­մերն ու ա­ռաջ­նոր­դա­րան­ներն ալ այ­ցե­լեն ու հա­յե­րէն սոր­վեց­նեն:
­Մի՛ հարց­նէք, ո­րով­հե­տեւ չեմ գի­տեր: ­Տա­րի­ներ ա­ռաջ կը խնա­մէի հի­ւանդ մը, ո­րուն հետ ա՛լ մտեր­մա­ցած էի, ինչ­պէս սո­վո­րա­բար կը պա­տա­հի հա­ւա­տա­րիմ յա­ճա­խորդ­նե­րուն հետ:
­Մօ­տա­ւո­րա­պէս 20-25 տա­րո­ւան ծա­նօ­թու­թիւն մը ու­նէինք ար­դէն, երբ օր մը ժա­մադ­րու­թիւն խնդրեց կնո­ջը հա­մար: Եւ քա­նի մը օր ետք դար­մա­նա­տունս մտաւ ա­նոր հետ: Գ­լու­խէս սառ ջուր թա­փե­ցաւ. կի­նը վե­րէն վար սեւ հա­գած, լա­չա­կա­ւոր իս­լա­մու­հի մըն էր:
Այ­լայ­լե­ցայ, շփո­թե­ցայ, բա­ռերս կորսն­ցու­ցի, բայց եւ այն­պէս, միւս կող­մէ, ցոյց տո­ւի ա­թո­ռը, ինքս ալ տե­ղա­ւո­րո­ւե­ցայ ու ան­ցայ գոր­ծի, մինչ ա­մու­սի­նը, քիչ ան­դին նստած, կը հե­տե­ւէր այս բո­լո­րին:
­Կը զգա­յի, որ մտեր­մու­թեան վտիտ կա­պը փրթած էր մեր մի­ջեւ. լռու­թիւն կը տի­րէր, ճնշիչ լռու­թիւն մը… գո­նէ ին­ծի հա­մար: ­Կը փոր­ձէի առ ի քա­ղա­քա­վա­րու­թիւն խզել զայն, նիւթ մը գտնել ու վե­րա­հաս­տա­տել կա­պը, սա­կայն չէի յա­ջո­ղեր: Երբ վեր­ջա­պէս շատ ան­ճա­րակ, բայց հա­ւա­նա­բար նաեւ ա­նի­րա­ւօ­րէն ը­սի, կար­ծես ա­նոր դա­տա­ւո­րը ըլ­լա­յի.
– Իս­լա­մի հետ ա­մուս­նա­ցեր ես:
– Ի՞նչ,– ­հար­ցուց՝ չըմբռ­նե­լով ակ­նար­կու­թիւնս:
– Ին­չո՞ւ իս­լա­մի հետ ա­մուս­նա­ցեր ես,– վ­րայ բե­րի, այս ան­գամ՝ ա­նի­րա­ւո­ւա­ծի պա­հան­ջա­տի­րա­կան զգա­լի շեշ­տով մը:
– Ի՞նչ կը խօ­սիս,– ­հա­կա­դար­ձեց ան շլմո­րած՝ ան­հան­դարտ շար­ժե­լով ա­թո­ռին, կար­ծես փու­շի վրայ նստած ըլ­լար:
– Եղ­բա՛յր, ի՞նչն է ան­հասկ­նա­լին. ին­չո՞ւ իս­լա­մի հետ ա­մուս­նա­ցած ես:
– ­Բայց, հա­քի՛մ, ե՛ս ալ իս­լամ եմ,– ը­սաւ՝ աչ­քե­րը լայն բա­ցած, ու հի­մա…ի՛մ կարգս էր շլմո­րե­լու եւ ա­թո­ռիս զիս նե­ղող փու­շե­րէն ան­հանգստա­նա­լու:
– ­Բա­րե­կա՛մ, այս­քան ա­տեն է մա­քուր հայ էիր ալ, հի­մա իս­լա­մու­թի՞նդ բռնեց:
Եւ ա­հա ան լայն ժպտե­լով ու հան­դար­տած պատ­մեց, որ պա­տա­նի հա­սա­կէն աշ­կեր­տը դար­ձած է հայ դեր­ձա­կի մը, որ­մէ ար­հես­տին հետ սոր­ված է նաեւ ա­նոր լե­զուն, եւ հի­մա, տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի­վեր, հաշտ ու հա­մե­րաշխ կը շա­րու­նա­կէ ծա­ռա­յել նոյ­նին հաս­տա­տու­թեան մէջ, ո­րուն վե­րա­կա­ցուն ալ դար­ձած է, շրջա­պա­տո­ւած հայ ար­հես­տա­ւոր­նե­րով, եւ այ­նու­հե­տեւ հա­յե­րէ­նը դար­ձած է իր երկ­րորդ լե­զուն, ո­րուն հա­մար շատ ու­րախ է եւ շատ կը սի­րէ զայն:
Այս ալ…այս­պէ՛ս: