«Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ­Մայր ե­կե­ղե­ցին, տաս­նեակ մը եւ ա­ւե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, ո­րոնք բա­րե­պաշ­տա­կան սո­վո­րու­թեան, ան­սա­սան հա­ւատ­քի, աս­տո­ւա­ծա­վախ ապ­րուﬓեր եւ ժահ­րա­յին ա­մէն տե­սակ ախ­տե­րէն վա­րա­կո­ւած հի­ւանդ­նե­րու բուժ­ման ա­ղօթք­նե­րով, ­Կի­րա­կի՝ 17 ­Մա­յի­սին, Ս. ­Պա­տա­րա­գի ժա­մէն իսկ ա­ռաջ, փութա­ցեր էին ե­կե­ղե­ցի, որ­պէս­զի կի­րակ­նօ­րեայ Ս. ­Պա­տա­րագ­նե­րու եր­կամ­սեայ պար­տադ­րեալ զրկու­մէ ետք, գո­հա­բա­նու­թեամբ մաս­նա­կից ըլ­լան մա­տու­ցա­նե­լի Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան։
Եւ ար­դա­րեւ, պսա­կա­ձեւ ժահ­րի առ­թած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն ծան­րու­թեան տակ, եւ ա­ռա­ւել՝ ա­նոր կա­պուած պե­տա­կան պատ­կան մարﬕննե­րուն կող­մէ թե­լադ­րո­ւած ﬕջո­ցառﬓե­րուն են­թար­կո­ւե­լով, փոք­րա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու եր­կիւ­ղած ներ­կա­յու­թեամբ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ՝ նոր օ­րե­րու «բնա­կա­նոն եւ դռնբաց», Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գը։
Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, ար­դէն իսկ օր ա­ռաջ, բան­կա­լի սե­ղա­նին վրայ տե­ղադ­րած էր ձեռ­քե­րու հա­կա­նե­խիչ օ­ճառ­ներն ու դի­մա­պահ­պան­ման տե­սա­կա­ւոր սար­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ յա­տուկ նշան­նե­րով ճշդած՝ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րած­քին հա­մա­ձայն ար­տօ­նո­ւած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու նստա­րան­նե­րը։
Ս. ­Պա­տա­րա­գին խորհր­դա­ւո­րու­թեան ա­ռըն­թեր, ինք­նին խոր­հուրդ մըն էր նաեւ սա­կա­ւա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք տե­ղեակ ըլ­լա­լով հան­դերձ, որ հա­զիւ 10 հո­գի­ներ ար­տօ­նո­ւած պի­տի ըլ­լար ե­կե­ղե­ցիէն ներս մտնել եւ մաս­նակ­ցիլ Ս. ­Պա­տա­րա­գին, ար­հա­մար­հե­լով ա­մէն տե­սակ դժո­ւարու­թիւն՝ հե­ռա­ւո­րու­թիւն եւ վա­րա­կի փո­խանց­ման վտանգ, ա­նոնք՝ բո­լորն ալ, ջերﬔռանդ ու ա­ղօ­թա­շուրթն եր­ցե­ցո­ղու­թեամբ հի­ւան­դաց ա­ռող­ջու­թիւն, պսա­կա­ձեւ եւ այլ ախ­տե­րու վե­րա­ցում, ինչ­պէս նաեւ հա­րա­զատ­ներ կորսն­ցու­ցած ըն­տա­նիք­նե­րու եւ ան­ձե­րու ﬗի­թա­րու­թիւն եւ համ­բե­րու­թիւն խնդրե­ցին ա­մէ­նա­կա­րող կե­նա­րար Աս­տուծ­մէ։
Օ­րո­ւան քա­րո­զա­պա­հին, ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վի­ւը ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն թե­լադ­րեց, որ շա­րու­նա­կեն ﬓալ հնա­զանդ՝ պե­տա­կան պատ­կան մարﬕննե­րու թե­լադ­րանք­նե­րուն եւ ըլ­լալ ﬕշտ ­համ­բե­րա­տար՝ ա­մէն տե­սակ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու եւ ան­չափ ան­հա­շիւ զրկանք­նե­րու, ո­րով­հե­տեւ՝ եզ­րա­կաց­նե­լով իր քա­րո­զը, հո­վի­ւը ը­սաւ. «Ան որ ﬕնչեւ վերջ կը համ­բե­րէ՝ յա­ւի­տեան պի­տի ապ­րի» (­Մատ­թէոս 10։22)։


Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հո­վիւ