­Բա­րե­խօ­սա­կան կարգ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ

­Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2024-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11:30-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն ­Բա­րե­խօ­սա­կան կար­գը, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ հոգշ. Տ. Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեա­նի, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ եր­կու սար­կա­ւագ­նե­րու, ներ­կա­յու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րուն, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ ան­դամ­նե­րուն, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, ազգ. հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, պե­տա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան, քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ե­րես­փո­խան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու:
Ն­շենք, որ ե­կե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նը զե­տե­ղուած էր Ապ­րի­լեան Ս. ­Նա­հա­տակ­նե­րու նո­ւի­րուած փայ­տեայ շար­ժուն յու­շար­ձա­նը, ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու մա­սունք­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ զար­դա­րո­ւած ծա­ղիկ­ներ: Ե­կե­ղե­ցա­կան գո­հա­բա­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ի­րենց կար­գին, մեր ժո­ղո­վուր­դին փո­խան­ցե­ցին սրտի խօսք:

­Ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ցոյց դէ­պի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան

­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2024-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 06:30-էն սկսեալ Աղիաս ­Սո­ֆիա­սի հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ տե­ղադ­րո­ւած ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­ղա­ւա­րէն ըն­թացք ա­ռաւ ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ցոյց դէ­պի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան, ներ­կա­յու­թեամբ հա­րիւ­րա­ւոր թե­սա­ղո­նի­կա­հայ պա­տա­նի­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, փոք­րե­րու եւ տա­րէց­նե­րու, ո­րոնք ներ­կայ ե­ղան հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գիով եւ պատ­րաս­տա­կամ ուղ­ղո­ւե­լու տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թեամբ:
Ն­շենք, որ ­Հինգ­շաբ­թի, 18 Ապ­րի­լէն մին­չեւ ­Հինգ­շաբ­թի, 25 Ապ­րիլ 2023, Ա­ղիաս ­Սո­ֆիա­սի հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ տե­ղադրուած էր Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան տա­ղա­ւա­րը, ուր ան­ցորդ­նե­րուն՝ հայ թէ յոյն, ու մա­նա­ւանդ օ­տար­նե­րուն, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցո­ւե­ցան ­Հայ դա­տի վե­րա­բե­րեալ ու մաս­նա­ւո­րա­բար ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճշմար­տու­թեանց կա­պակ­ցու­թեամբ:
Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 06:30-ին, ըն­թացք ա­ռաւ բո­ղո­քի ցոյ­ցը, շար­քե­րու խմբո­ւա­ծու­թեամբ, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ճշդա­պահ կար­գա­պա­հու­թեամբ եւ բարձ­րա­խօս­նե­րու ու մա­նա­ւանդ օ­րո­ւան կար­գա­խօս­նե­րը պար­զող ցու­ցա­պաս­տառ­նե­րու եւ ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րու կող­քին՝ ե­ռա­գոյն դրօ­շով, թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը իր բո­ղո­քի ցա­սու­մը յայտ­նեց ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան: Բ­նա­կա­նա­բար, ճամ­բու ըն­թաց­քին, ա­պա­հո­վու­թեան ոս­տի­կան­ներ հսկե­ցին ներ­կա­նե­րուն քայ­լեր­թին եւ օգ­տա­կար դար­ձան ճամ­բորդ­նե­րուն՝ ուղ­ղո­ւե­լու տար­բեր ճա­նա­պարհ­նե­րով: Երբ բո­ղո­քի ցու­ցա­րար­նե­րը մօ­տե­ցան թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան, այս ան­գամ եւս՝ ինչ­պէս միշտ, յոյն ոս­տի­կան­ներ ար­գելք հան­դի­սա­ցան յա­ռա­ջա­նա­լու դէ­պի հիւ­պա­տո­սա­րա­նի փո­ղո­ցը, հե­տե­ւա­բար, չար­տօ­նե­ցին նաեւ որ ցոյ­ցը ներ­կա­յացնող պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը մօ­տե­նայ եւ յանձ­նէ յու­շա­գի­րը, այլ՝ թե­լադ­րեց պա­տի մը վրայ փակց­նել հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րը: ­Ցու­ցա­րար­նե­րը ա­ւե­լի բարձ­րա­ձայն հնչե­ցու­ցին ար­դա­րու­թեան ձայ­նի պա­հանջ­նե­րը: Ի վեր­ջոյ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը յու­նա­րէն լե­զո­ւով խօսք ա­ռին եւ ո­գե­շունչ ու խրա­խու­սիչ պատ­գամ­նե­րով յոր­դո­րե­ցին բո­լո­րին, վճռա­կամ քայ­լե­րով շա­րու­նա­կե­լու մեր եր­թը, յա­նուն ար­դա­րու­թեան, յա­նուն պա­հան­ջա­տէր մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ յա­նուն մեր Ս. ­Նա­հա­տակ­նե­րու թա­փած ա­րեան ա­մէն մէկ կա­թի­լին փո­խա­րէն:
­Բո­ղո­քի ցոյ­ցը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին քայ­լերգ­նե­րով:

­Քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նարկ

­Կի­րա­կի, 28 Ապ­րիլ 2024-ին, ժա­մը 11:30-ին, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Վե­լի­տիո­յի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նարկ, ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ հոգշ. Տ. Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեա­նին, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տին եւ ան­դամ­նե­րուն, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Հ. դես­պա­նա­տան հիւ­պա­տո­սի ներ­կա­յա­գու­ցիչ ­Սար­գիս ­Տա­կա­զեա­նի, ազգ. կա­ռոյց­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նին հո­գե­ւոր, քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, յոյն ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան:
Ն­շենք նաեւ, որ սոյն ձեռ­նար­կին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ­Սեր­րե­սի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը:
­Ձեռ­նար­կի բաց­ման խօս­քը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեա­նին կող­մէ: Ա­պա, հրա­ւի­րո­ւե­ցան քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ ի­րենց ող­ջոյ­նի խօս­քը փո­խան­ցե­ցին ներ­կա­նե­րուն: Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի ու­ղեր­ձը ար­տա­սա­նեց ընկ. Ան­նա-­Մա­րիա Ա­լեք­սա­նեան։ Մ­շա­կու­թա­յին ծի­րէն ներս, հան­դէս ե­կաւ «Ա­ղա­բի» երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Է­լէո­նո­րա ­Գա­լայ­ծի­տո­ւի, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին հրամ­ցուց կո­մի­տա­սեան եւ յու­նա­կան ազ­գա­յին ու հո­գե­ւոր եր­գեր։
Ե­լոյ­թին բա­նա­խօ­սեց պատ­մա­բան ­Քոնս­տան­թի­նոս ­Սա­մուր­քա­ցի­տիս «­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն. պատ­մու­թեան յի­շա­տա­կու­մի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ մին­չեւ այ­սօր շա­րու­նա­կո­ւող ա­նար­դա­րու­թիւ­նը» խո­րա­գի­րով: Ան լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած չար­չա­րանք­նե­րուն ու տա­րա­պանք­նե­րուն մա­սին:
Ե­լոյ­թէն ան­մի­ջա­պէս ետք, բո­լոր ներ­կա­նե­րը, քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, թա­փօր կազ­մած քայ­լար­շաւ կա­տա­րե­ցին դէ­պի Եր­րորդ զօ­րա­բա­նա­կի Ան­ծա­նօթ զի­նո­ւո­րի յու­շար­ձա­նը՝ ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­լու հա­մար:
­Ժո­ղովր­դա­յին թա­փո­րի սկիզ­բին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի խում­բը, ազ­գա­յին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշ­նե­րը պար­զած, ա­ռաջ­նոր­դեց եր­թը դէ­պի յու­շար­ձան, ներ­կա­յաց­նե­լով տպա­ւո­րիչ պատ­կեր մը, որ գնա­հա­տո­ւե­ցաւ բո­լո­րին կող­մէ։
Ե­լոյ­թը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին քայ­լերգ­նե­րու կա­տա­րու­մով: