ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ար­ցա­խի կո­րուս­տով ու հա­յա­թա­փու­մով մեր հպար­տու­թիւ­նը կա­ցի­նա­հա­րո­ւե­լէ եւ ազ­գի ա­պա­գա­յի տես­լա­կա­նը պղտո­րե­լէ ետք, ե­րէկ, ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով ա­թե­նա­հա­յու­թիւ­նը մխի­թա­րա­կան պա­հեր ու­նե­ցաւ, երբ լսեց բե­մէն ար­տա­սա­նո­ւած զօ­րակ­ցա­կան ու ո­գե­ւո­րիչ խօս­քե­րը ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տի ան­ձին ու կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, հա­մայն Ատ­տի­կէի նա­հան­գա­պե­տին, ­Փան­տիոյ հա­մալ­սա­րա­նի գլխա­ւոր թրքա­գէտ դա­սա­խօ­սին, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջած էին ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի հրա­ւէ­րին՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-րդ ­տա­րե­լի­ցի կեդ­րո­նա­կան մի­ջո­ցառ­ման: (Ի դէպ, կա­րե­լի չէ չնշել, որ թէ բո­վան­դա­կու­թեամբ ու թէ ներ­կա­յա­ցո­ւած ձե­ւով ան­գոյն ընդ­հան­րու­թիւն մըն էր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին ար­տա­սա­նած խօս­քը, որ ա­ղերս մըն ալ չու­նէր օ­րո­ւան խոր­հուր­դին հետ):
­Մի­ջո­ցառ­ման ներ­կայ էին նաեւ ­Խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ու մեծ հա­յա­սէր Ա. ­Քաք­լա­մա­նիս (հա­կա­ռակ յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քին), ինչ­պէս նաեւ բազ­մա­թիւ ա­կա­դե­մա­կան­ներ, քա­ղա­քա­կան այ­րեր, գոր­ծող ու նախ­կին ե­րես­փո­խան­ներ, եւ­րոե­րես­փո­խան­ներ, քա­ղա­քա­պե­տեր, քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ եւ այլն: Տ­պա­ւո­րիչ էր թի­ւը ա­կա­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք չկա­րե­նա­լով ֆի­զի­քա­պէս ներ­կայ ըլ­լալ, հե­ռագ­րով կ­՚ող­ջու­նէին մի­ջո­ցա­ռու­մը եւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէին հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ա­նոր դա­տին:
­Մի­ջո­ցառ­ման ա­ւար­տին, Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի նո­ւա­գա­խում­բի, սկաուտ­նե­րու եւ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ժո­ղովր­դա­յին թա­փօ­րը ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բան, ուր բա­նա­կա­յին պա­տո­ւոյ ջո­կա­տի ներ­կա­յու­թեան սկիզբ ա­ռաւ ա­րա­րո­ղա­կար­գը եւ Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նը դափ­նեպ­սակ­նե­րով ո­ղողուե­ցաւ: ­Հուսկ, ա­րա­րո­ղու­թեան վեր­ջա­ւո­րու­թեան հնչե­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը՝ հել­լէն բա­նա­կի զի­նո­ւո­րա­կան բազ­ման­դամ նուա­գա­խում­բի կա­տա­րո­ղու­թեամբ:
­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կող­մէ դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղո­ւե­ցաւ՝ յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին, վար­չա­պե­տին ու կա­ռա­վա­րու­թեան, խորհր­դա­րա­նին, ­Կիպ­րո­սի նա­խա­գա­հին, ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին հել­լէն բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն (նե­րա­ռեալ հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թիւ­նը), ­Յու­նաս­տա­նի ծո­վու­ժին, բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան, Ատ­տի­կէի նա­հան­գա­պե­տա­րա­նին, Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան, Հ.Հ. դես­պա­նա­տան, պոն­տոս­ցի­նե­րու միու­թեան, հայ հա­մայն­քին եւ այլն եւ այլն…:
Եւ հոս, տե՞ղն է ար­դեօք ը­սե­լու, որ վեր­ջերս Հ.Հ. վար­չա­պե­տը Ա­թէնք կա­տա­րած իր շատ կարճ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ժա­մա­նակ չգտաւ… դափ­նեպ­սակ մը զե­տե­ղե­լու հա­մար Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին…:
Այս բո­լո­րէն ետք, կ­՚ար­ժէ քիչ մը շո­յո­ւիլ եւ ար­ձա­նագ­րել, թէ ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հի մէջ չկայ եր­կիր, որ նման պաշ­տօ­նա­կա­նու­թեամբ ու պե­տա­կան ծան­րու­թեամբ կը նշէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած մի­ջո­ցա­ռու­մը… : Ան­կաս­կած, յու­նա­հայ փոքր գա­ղու­թին մեծ յա­ջո­ղու­թիւնն է սա, որ պէտք չէ մսխո­ւի ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռով:

22-4-2024