Էր­տո­ղան կը խոս­տո­վա­նի, որ ­Թուր­քիան… Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան «շա­րու­նա­կու­թիւնն» է

Էր­տո­ղան կը խոս­տո­վա­նի, որ ­Թուր­քիան... Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան «շա­րու­նա­կու­թիւնն» է

0
40721

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»

­Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ թուրք պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը հեր­քած են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը: ­Սա­կայն, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, կարգ մը թուր­քեր կ­՛ար­դա­րա­նա­յին, որ այ­սօ­րո­ւան ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նա­տու չէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար, քա­նի որ այդ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է ներ­կա­յիս գո­յու­թիւն չու­նե­ցող Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կող­մէ:
Հար­ցը այ­լեւս չի դրո­ւիր այն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցո­ւա՞ծ է, թէ՞ ոչ, այլ՝ թէ ո՞վ պա­տաս­խա­նա­տու է ե­ղա­ծին հա­մար: Ա­նոնք, ո­րոնք կ­՛օգ­տա­գոր­ծեն այս հիմ­նա­ւո­րու­մը, կը պնդեն, որ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ո՛չ ի­րա­ւա­յա­ջորդն է, ոչ ալ ա­նոր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը, այլ՝ ա­նի­կա նոր եւ ան­ջատ պե­տու­թիւն մըն է…
Այս փաս­տար­կը աս­տի­ճա­նա­բար թոյլ­ցաւ, երբ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան սկսաւ խօ­սիլ եւ գոր­ծել իբ­րեւ օս­մա­նեան սուլ­թան…:
Եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ ­Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րը ա­ւե­լի բար­դա­ցուց ի­րա­վի­ճա­կը իր երկ­րին հա­մար, երբ ըստ լոն­տո­նեան «­Թայմզ» թեր­թին պնդեց, որ «ժա­մա­նա­կա­կից ­Թուր­քիան Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան «շա­րու­նա­կու­թիւնն» է՝ ուղ­ղա­կի հա­կա­սե­լով Ա­թա­թուր­քի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան, որ մեր­ժած էր կայ­սե­րա­կան դա­րաշր­ջա­նը՝ իբ­րեւ յե­տամ­նաց, հին­ցած, եւ որ պէտք է ան­տե­սո­ւի ու մոռ­ցո­ւի, այլ ոչ թէ փա­ռա­բա­նո­ւի»:
Յայ­տա­րա­րե­լով, որ ­Թուր­քիա Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան «շա­րու­նա­կու­թիւնն» է՝ Էր­տո­ղան փաս­տօ­րէն կ­՛ըն­դու­նի, որ ­Թուր­քիա պա­տաս­խա­նա­տու է Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար: Այլ կերպ ը­սած՝ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ ժա­ռան­գած է Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ու­նե­ցո­ւած­քը, միա­ժա­մա­նակ ժա­ռան­գած է նաեւ ա­նոր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը…
Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան նկատ­մամբ իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու հա­մար, այս ամ­սո­ւան սկիզ­բը Էր­տո­ղան մաս­նակ­ցած է սուլ­թան Ապ­տիւլ ­Հա­միտ Բ.ի (յայտ­նի՝ «­Կար­միր ­Սուլ­թան» մա­կա­նու­նով) մա­հո­ւան հա­րիւ­րա­մեա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան, զոր ներ­կա­յիս կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նած է: Էր­տո­ղան ան­տե­սած է այն փաս­տը, որ ­Կար­միր ­Սուլ­թա­նը 1894-1896 թո­ւա­կան­նե­րուն հրա­մա­յած էր 300 հա­զար հա­յե­րու սպան­դը, որ յայտ­նի է իբ­րեւ «հա­մի­տեան ջար­դեր»: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «­Թայմզ» թեր­թը՝ «­Վեր­ջին օս­մա­նեան սուլ­թան­նե­րէն մէ­կուն ժա­ռանգ­նե­րուն պէտք է տրո­ւի ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցիու­թիւն, վերջ դնե­լով ա­նոնց գրե­թէ հա­րիւ­րա­մեայ պանդխ­տու­թեան եւ ար­տաքս­ման»:
Ըստ «­Թայմզ» թեր­թի՝ Ապ­տիւլ ­Հա­միտ Բ. ղե­կա­վա­րած է 1876էն մին­չեւ 1909, եւ շատ պա­խա­րա­կո­ւած է ­Քե­մալ Ա­թա­թուր­քի ժա­մա­նա­կա­կից թրքա­կան հան­րա­պե­տու­թեան մէջ՝ իր բռնա­տի­րու­թեան, հա­կա-ա­րեւմ­տեան մտայ­նու­թեան եւ մա­մու­լի վրայ ճնշում­նե­րուն հա­մար: ­Սա­կայն, նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի իշ­խա­նու­թեան օ­րօք վե­րա­կանգ­նած են զայն: Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տի կեան­քը նկա­րագ­րող Payitaht հե­ռա­տե­սի­լա­յին շար­քը, որ Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տի կեան­քը կը ներ­կա­յաց­նէ շատ վառ գոյ­նե­րով, բարձր գնա­հա­տա­կա­նի ար­ժա­նա­ցած է Էր­տո­ղա­նի կող­մէ՝ զայն հա­մա­րե­լով որ­պէս անհ­րա­ժեշտ դի­տում ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար՝ ի­րենց երկ­րի պատ­մու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու նպա­տա­կով…: «­Մենք սուլ­թան Ապ­տիւլ ­Հա­միտ Բ.ը կը հա­մա­րենք ա­մե­նա­կա­րե­ւոր, ա­մե­նա­հե­ռա­տես եւ ռազ­մա­վա­րա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն ու­նե­ցող մէ­կը այն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք ի­րենց դրոշ­մը թո­ղած են մեր պե­տու­թեան վեր­ջին 150 տա­րի­նե­րուն վրայ»: Էր­տո­ղան ը­սած է.- «­Մենք պէտք է դադ­րինք Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւ­նը եւ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը իբ­րեւ զի­րար հա­կա­սող եր­կու դա­րաշր­ջան­ներ դի­տար­կե­լէ»: Ապ­տիւլ ­Հա­միտ մա­հա­ցած է 1918 թո­ւա­կա­նին, եւ այս շա­բաթ ա­նոր մա­հուան հա­րիւ­րա­մեա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մեվ­լութ ­Չա­ւու­շօղ­լու ը­սաւ, որ ինք ան­ձամբ պի­տի զբա­ղի ա­նոր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն քա­ղա­քա­ցիու­թիւն շնոր­հե­լու հար­ցով»:
Այ­նու­հե­տեւ, Էր­տո­ղան մե­ծամ­տօ­րէն նա­խազ­գու­շա­ցու­ցած է, որ ա­մե­րի­կեան զի­նո­ւոր­նե­րը ­Հիւ­սի­սա­յին ­Սու­րիոյ մէջ շու­տով «օս­մա­նեան ապ­տակ» պի­տի ստա­նան,- կը հա­ղոր­դէ «­Ռոյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը: Ան «կ­՛ակ­նար­կէր կի­սա-ա­ռաս­պե­լա­կան թրքա­կան մար­տա­կան շար­ժու­մին, որ կը ներ­կա­յա­նայ իբ­րեւ լայն բա­ցո­ւած ա­փով հզօր հա­րո­ւած մը, որ կրնայ գե­տին տա­պա­լել կամ նոյ­նիսկ գանկ կոտ­րել ու սպան­նել»։ Թր­քա­կան կա­ռա­վա­րա­մէտ լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րէն մէ­կուն հրա­պա­րա­կած ծաղ­րան­կա­րին մէջ պատ­կե­րո­ւած է ­Տա­նըլտ Թ­րամփ, ո­րուն «օս­մա­նեան ապ­տակ» կը հասց­նէ Էր­տո­ղան։ ­Բա­ցի աս­կէ՝ «­Ռոյ­թըրզ» մէջ­բե­րած է ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Չա­ւու­շօղ­լո­ւի այն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ Ո­ւա­շինկ­թըն կը զօ­րակ­ցէր YPGին (քրտա­կան ու­ժեր ­Սու­րիոյ մէջ), քա­նի որ վեր­ջինս կը դա­ւա­նի նոյն «մարք­սա­կան, հա­մայ­նա­վա­րա­կան, ա­նաս­տո­ւա­ծու­թեան» գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը…
Վե­րա­դառ­նա­լով այն հար­ցին, թէ ար­դեօ՞ք ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ նոր եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թե­նէն ան­ջատ պե­տու­թիւն է, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի փրո­ֆե­սոր Ալֆ­րէտ ­Տը ­Զա­յեաս կը բա­ցատ­րէ իր «­Հա­յե­րու դէմ 1915-1923 թո­ւա­կան­նե­րուն ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւ­նը 1948ի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը» խո­րա­գի­րը կրող գրու­թեան մէջ՝ ը­սե­լով, որ «ի­րա­ւա­յա­ջորդ պե­տու­թիւ­նը» պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կը կրէ նա­խորդ վար­չա­կար­գի կա­տա­րած յան­ցանք­նե­րուն հա­մար։
Թե­րեւս այն պե­տու­թիւ­նը, որ նա­խոր­դի «շա­րու­նա­կու­թիւն»ն­ է, նոյ­նիսկ ա­ւե­լի՛ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կը կրէ, քա­նի որ ա­նոնց մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն չկայ, ինչ­պէս խոս­տո­վա­նած է Էր­տո­ղան, եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ։
Ատ­կէ բա­ցի, Ալֆ­րէտ ­Տը ­Զա­յեաս իր ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ մէջ­բե­րած է փրո­ֆե­սոր Մ. ­Շե­րիֆ ­Պա­սիու­նը՝ նշե­լով, որ «­Մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի մէջ, պե­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ի­րա­ւա­կան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան եւ սկզբունք­նե­րու ուս­մուն­քը «ի­րա­ւա­յա­ջորդ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը» պա­տաս­խա­նա­տու կը հա­մա­րէ նախ­կին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու խախ­տում­նե­րէն բխած պա­հանջ­նե­րու առն­չու­թեամբ»։ Փ­րոֆ. ­Զա­յեաս եզ­րա­կա­ցու­ցած է, որ «հա­յե­րու պա­հանջ­նե­րը՝ կա­պո­ւած ա­նոնց ա­պօ­րի­նա­բար բռնագ­րա­ւո­ւած ու­նե­ցո­ւած­քին, չեն ան­հե­տա­նար սուլ­թա­նու­թե­նէ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի վար­չա­կարգ անց­նե­լուն հետ»։
Ի վեր­ջոյ, փրոֆ. ­Զա­յեաս հաս­տա­տեց, որ «ի­րա­ւա­յա­ջորդ պե­տու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան սկզբուն­քը պահ­պա­նո­ւած է, նոյ­նիսկ այն պա­րա­գա­յին, երբ այդ սխալ­նե­րը, զորս գոր­ծած են պե­տու­թիւ­նը եւ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, «ի­րա­ւա­յա­ջորդ պե­տու­թեան» չեն պատ­կա­նիր»: Այս սկզբուն­քը ձե­ւա­ւո­րո­ւած է, մաս­նա­ւո­րա­պէս, Մ­նա­յուն ի­րա­ւա­րար դա­տա­րա­նի կող­մէ՝ «­Փա­րոս» միջ­նոր­դա­կան գոր­ծով (Ֆ­րան­սա­յի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ, 1934)։
Կր­նանք եզ­րա­կաց­նել, որ Էր­տո­ղան՝ հաս­տա­տե­լով, որ ներ­կա­յիս ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն է, անզ­գու­շօ­րէն խոս­տո­վա­նած է, որ ­Թուր­քիա պա­տաս­խա­նա­տու է Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կող­մէ հայ ժո­ղո­վուր­դին հաս­ցո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան, տա­րած­քա­յին եւ տնտե­սա­կան վնաս­նե­րու հա­մար: Էր­տո­ղա­նի խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը պէտք է ներ­կա­յա­ցո­ւի որ­պէս ա­պա­ցոյց, երբ հա­յե­րու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ յա­ռա­ջա­ցած պա­հանջ­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւին Ար­դա­րա­դա­տու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին ­Դա­տա­րա­նին: