Ինչ­պէս ար­դէն ան­ցեալ ­Հինգ­շաբ­թի օ­րո­ւան մեր թի­ւով յայտ­նած էինք, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի դի­մու­մին ըն­դա­ռա­ջե­լով, Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պետ ­Քոս­թաս ­Պա­քո­յեա­նիս ո­րո­շած էր հայ­կա­կան Ե­ռա­գոյ­նով լու­սա­զար­դել Օ­մո­նիա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կի շատ­րո­ւա­նը։ Ուր­բաթ՝ 28 ­Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան, շատ­րո­ւա­նի եւ ջրա­ւա­զա­նի լու­սար­ձակ­նե­րը վա­ռե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին դրօ­շի գոյ­նե­րով, գե­ղե­ցիկ ու տպա­ւո­րիչ տե­սա­րան մը հրամց­նե­լով ան­ցորդ­նե­րուն։ ­Մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ այ­ցե­լե­ցին հրա­պա­րա­կը եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ հրա­պա­րա­կե­ցին յատ­կան­շա­կան նկար­ներ, ո­րոնց մէջ կ­՚ե­րե­ւի շատ­րո­ւա­նի գու­նա­գեղ լու­սա­զար­դու­մը։ Ն­շենք, որ Օ­մո­նիա­յի հրա­պա­րա­կը Ա­թէն­քի ա­մէ­նէն բա­նուկ մա­սե­րէն մէկն է։