Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան 1880-1961

Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան (1880-1961). Վաստակաշատ հայ հոգեւորականի բազմաշնորհ դէմքը Ն.

0
2070

22 ­Յու­նի­սի օ­րը, 56 տա­րի ա­ռաջ, ­Պոլ­սոյ ­Բե­րա­յի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, տե­ղի կ’ու­նե­նար հան­դի­սա­շուք պա­տա­րագ, նո­ւի­րո­ւած՝ Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց ­Սա­հա­կայ եւ ­Մես­րո­պայ յի­շա­տա­կին։ ­Պա­տա­րա­գիչն էր ­Թուր­քիոյ հա­յոց ծե­րու­նա­զարդ ­Պատ­րիար­քը՝ ­Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Խա­չա­տու­րեան։ ­Պա­տա­րա­գի պա­հուն սրտի կա­թո­ւած ու­նե­ցաւ Սր­բա­զան ­Հայ­րը եւ քա­նի մը ժամ ետք վախ­ճա­նե­ցաւ։
­Խորհր­դան­շա­կան եւ խո­րի­մաստ էր ­Գա­րե­գին ­Պատ­րիար­քին այ­դօ­րի­նակ վախ­ճա­նը։ ­Հայ մշա­կոյ­թի եւ գրա­կա­նու­թեան եր­կու մեծ ե­րախ­տա­ւոր­նե­րուն իր յար­գան­քի տուր­քը ըն­ծա­յա­բե­րե­լու պա­հուն, այդ­պէ՛ս, աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց իր կար­գին մշա­կու­թա­յին եւ գրա­կան բազ­մաշ­նորհ վաս­տա­կի տէր հայ հո­գե­ւո­րա­կան մը։
Որ­քան մեծ ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէջ վախ­ճա­նեալ ­Պատ­րիար­քին ներդ­րած ա­ւան­դը, նոյն­քան տա­ղան­դա­շատ վաս­տակ մը ան կա­պեց իր ա­նու­նին՝ իբ­րեւ բա­նաս­տեղծ, ար­ձա­կա­գիր եւ գրա­բար գլուխ-գոր­ծոց­նե­րու աշ­խար­հա­բա­րի թարգ­մա­նիչ։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի լու­սապ­սակ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու փա­ղան­գին մէջ իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճած հե­ղի­նա­կու­թիւն ե­ղաւ ­Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս Տ­րա­պի­զո­նին, ինչ­պէս ինք կը սի­րէր կո­չո­ւիլ՝ գոր­ծա­ծե­լով ե­պիս­կո­պո­սա­կան ա­նո­ւա­նու­մի յու­նա­կան ո­ճը։
Ծ­նած էր Տ­րա­պի­զոն, 6 ­Նո­յեմ­բեր 1880ին։ Ա­ւա­զա­նի ա­նունն էր ­Խա­չիկ ­Խա­չա­տու­րեան։ Իր ծննդա­վայ­րի նա­խակր­թա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, 1896ին ղրկուած էր ­Վե­նե­տիկ, յա­ճա­խե­լու հա­մար Մ­խի­թա­րեան­նե­րու ­Մու­րատ ­Ռա­փա­յէ­լեան վար­ժա­րա­նը։ 1899ին, հո­գե­ւո­րա­կա­նի կո­չում զգա­լով, մտած էր Ար­մա­շի դպրե­վան­քը՝ Ե­ղի­շէ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Դու­րեա­նի վե­րա­տես­չու­թեան օ­րօք։
Ար­մա­շի դպրե­վան­քէն ներս տի­րող հո­գե­ւո­րա­կան ու մտա­ւո­րա­կան ջերմ մթնո­լոր­տը եւ անձ­նա­պէս ­Դու­րեան Ար­քե­պիս­կո­պո­սի հո­գե­պա­րար շունչն ու պայ­ծառ մտա­ծո­ղու­թիւ­նը հիմ­նա­կան դեր ու­նե­ցան ե­րի­տա­սարդ ­Խա­չի­կի հո­գեմ­տա­ւոր նկա­րագ­րի ամ­րա­կերտ­ման մէջ։ 1901ին վար­դա­պետ ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ՝ վե­րա­նո­ւա­նո­ւե­լով ­Գա­րե­գին։ Եր­կու տա­րի ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն վա­րեց դպրե­վան­քին մէջ՝ միա­ժա­մա­նակ նո­ւի­րո­ւե­լով գրա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու։ 1903ին շրջուն քա­րո­զի­չի ա­ռա­քե­լու­թեան կո­չո­ւե­ցաւ ­Պոլ­սոյ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ։ Ան­մի­ջա­պէս ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց իբ­րեւ ի­մաս­տուն եւ հա­ւա­տա­ւոր քա­րո­զիչ եւ 1906ին ղրկո­ւե­ցաւ գա­ւառ­նե­րը՝ իբ­րեւ կրթա­կան տե­սուչ ու ա­ռաջ­նորդ։
­Յա­ջոր­դա­բար գոր­ծեց ­Սի­սի, ­Մա­րա­շի, Ար­մա­շի, Ա­րաբ­կի­րի եւ ­Մու­շի մէջ։
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի եւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի շրջա­նին ­Գա­րե­գին ­Վար­դա­պետ ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց ­Հա­լէ­պի եւ ­Դա­մաս­կո­սի մէջ։ ­Զի­նա­դա­դա­րէն ետք, 1919ին, վե­րա­դար­ձաւ Տ­րա­պի­զոն՝ իբ­րեւ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ։ 1922ին ան­ցաւ Ս. Էջ­միա­ծին, ուր Ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ։ Այ­նու­հե­տեւ՝ ա­ռաջ­նոր­դա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­ներ ստանձ­նեց ­Պաղ­տա­տի եւ ­Պոլ­սոյ մէջ, մին­չեւ որ 1928ին ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Քա­լի­ֆոր­նիա­յի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ եւ այդ պաշ­տօ­նը վա­րեց մին­չեւ 1935։ Ա­պա՝ իբ­րեւ կա­թո­ղի­կո­սա­կան պա­տո­ւի­րակ, ծա­ռա­յեց հա­րա­ւա­յին Ֆ­րան­սա­յի մէջ, ուր­կէ 1938ին ղրկո­ւե­ցաւ Ար­ժան­թին՝ իբ­րեւ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ։ ­Գա­րե­գին Արք. ­Խա­չա­տու­րեան Ար­ժան­թի­նի Ա­ռաջ­նորդ էր 2 ­Դեկ­տեմ­բեր 1950ին, երբ ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Թուր­քիոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս։
­Պատ­րիար­քա­կան իր ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նը եւս յատ­կան­շո­ւե­ցաւ մնա­յուն ի­րա­գոր­ծում­նե­րով։ ­Յատ­կա­պէս Ս­կիւ­տա­րի Ս. ­Խաչ դպրե­վան­քին հիմ­նադ­րու­թիւ­նը օրհ­նա­բեր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ՝ ­Թուր­քիոյ գա­ւառ­նե­րէն սա­ներ հա­ւա­քե­լու, ա­նոնց ու­սում եւ ազ­գա­յին շունչ ջամ­բե­լու եւ իբ­րեւ կու­սակ­րօն հո­գե­ւո­րա­կան­ներ վերս­տին գա­ւառ ու­ղար­կե­լու եւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հայ բե­կոր­նե­րը հայ ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ բո­լո­րե­լու գոր­ծին մէջ։
­Թե­մէ թեմ եւ գա­ղու­թէ գա­ղութ իր շրջա­գա­յու­թեամբ հան­դերձ, ուր որ ալ գտնո­ւե­ցաւ, հո­գե­ւոր իր ծա­ռա­յու­թեան զու­գա­հեռ, ­Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս Տ­րա­պի­զո­նի ժա­մա­նա­կը գտաւ եւ ե­ռան­դը ու­նե­ցաւ ծա­ւա­լե­լու ման­կա­վար­ժա­կան իր գոր­ծու­նէու­թիւնն ու գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։
Գ­րա­կան իր լա­ւա­գոյն աշ­խա­տան­քը եւ եր­կա­րա­մեայ եր­կուն­քին ար­գա­սի­քը ե­ղաւ «­Նա­րեկ»ի աշ­խար­հա­բար թարգ­մա­նու­թիւ­նը, որ ­Նա­րե­կա­ցիի յու­զաշ­խար­հի վեր­ծան­ման ե­զա­կի գործ մը կը նկա­տո­ւի միա­ժա­մա­նակ։
­Նոյն­պի­սի նո­ւա­ճում մը կը հան­դի­սա­նայ Եզ­նի­կի «Եղծ Ա­ղան­դոց»ի աշ­խար­հա­բար թարգ­մա­նու­թիւ­նը։ Իսկ 1910ա­կան­նե­րուն լոյս տե­սած «­Տա­րօ­նա­շունչ» եւ երկ­հա­տոր «Աշ­խար­հի լոյս ի ­Հայս» գոր­ծե­րը պեր­ճա­խօս վկա­յու­թիւնն են քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի, ազ­գա­յին ո­գիի եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան մեծ պա­շա­րի տէր հայ մտա­ւո­րա­կա­նի իր ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան։ Իսկ «Ք­նար Ա­րե­ւա­գա­լի» բա­նաս­տեղ­ծա­կան եւ «­Խո­հեր ու ­Յու­շեր» ար­ձակ հա­տոր­նե­րով՝ հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ ան ու­նե­ցաւ իր ու­րոյն տե­ղը։
­Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս նաեւ հիմ­նեց ու խմբագ­րեց կրօ­նա­կան ու գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հան­դէս­ներ, ինչ­պէս 1909ի «­Տա­ճար» կրօ­նա­թեր­թը, 1947ին Ար­ժան­թի­նի մէջ «Ա­րա­րատ» ամ­սա­գի­րը եւ 1950ա­կան­նե­րուն իր աշ­խոյժ նպաս­տը ­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիար­քու­թեան «­Շո­ղա­կաթ» ամ­սա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան։
­Գա­րե­գին ­Պատ­րիար­քի վաթ­սու­նա­մեայ հո­գե­ւո­րա­կան եւ գրա­կան ծա­ռա­յու­թեան նո­ւի­րո­ւած այս ամ­փոփ յի­շե­ցու­մը ա­նար­դար պի­տի ըլ­լայ եզ­րա­փա­կել՝ ա­ռանց ակ­նար­կե­լու այն խնդրա­յա­րոյց դե­րա­կա­տա­րու­թեան, որ մե­ծար­ժէք հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նը ու­նե­ցաւ 1956ի ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Տագ­նա­պի շրջա­նին։ ­Հա­կա­ռակ տաս­նա­մեակ­ներ ամ­բողջ իր պահ­պա­նած պայ­ծա­ռա­միտ եւ հաշ­տա­րար դե­րա­կա­տա­րու­թեան՝ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին յու­զող ու տագ­նա­պեց­նող խնդիր­նե­րու ժա­մա­նակ, ­Գա­րե­գին ­Պատ­րիարք ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կիր­քով դիր­քո­րո­շո­ւե­ցաւ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Զա­րեհ Ա­ռա­ջի­նի ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս ընտ­րու­թեան դէմ, ինչ­պէս նաեւ՝ այ­նու­հե­տեւ ստեղ­ծո­ւած թե­մա­կան տագ­նա­պին ա­ռի­թով։
1961ի ­Յու­լի­սին, սրբա­լոյս ­Պատ­րաիար­քի վախ­ճան­ման ա­ռի­թով, ­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք»ը, խմբագ­րա­կա­նով մը, ­Գա­րե­գին ­Պատ­րիար­քի այ­դօ­րի­նակ վար­մուն­քը կը բա­ցատ­րէր անձ­նա­կան քի­նախնդ­րու­թեամբ՝ զայն ան­յա­րիր նկա­տե­լով ընդ­հան­րա­պէս բա­րե­համ­բոյր հո­գե­ւո­րա­կա­նի համ­բաւ նո­ւա­ճած ­Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պո­սի վար­քագ­ծին։ ­Կեան­քը բե­րաւ այն­պէս, որ ­Գա­րե­գին Ա­քե­պիս­կո­պոս ­Խա­չա­տու­րեան եր­կու ան­գամ թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րո­ւե­ցաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, բայց եր­կու ա­ռիթ­նե­րով ալ չընտ­րո­ւե­ցաւ. ­Փո­խա­րէ­նը՝ ա­ռա­ջին ան­գամ ­Գա­րե­գին Ա­ռա­ջին ­Յով­սէ­փեան, իսկ երկ­րոր­դին՝ ­Զա­րեհ Ա­ռա­ջին ­Բա­յաս­լեան ար­ժա­նա­ցան ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան գա­հա­կա­լի պաշ­տօ­նին։
­Բայց հա­մակ ծա­ռա­յու­թեամբ եւ բազ­մաշ­նորհ վաս­տա­կով յատ­կան­շո­ւած ­Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Խա­չա­տու­րեա­նի անձն ու գոր­ծը բնաւ չին­կան ստո­ւե­րի տակ՝ ա­նոր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին ար­ձա­նագ­րո­ւած այդ վրէ­պին հե­տե­ւան­քով։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը, ի ­Հա­յաս­տան թէ ի սփիւռս աշ­խար­հի, ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան ե­զա­կի դրսե­ւո­րում մը ու­նե­ցաւ ծե­րու­նա­զարդ ­Պատ­րիար­քի վախ­ճան­ման ա­ռի­թով։
­Բազ­մաշ­նորհ եւ վաս­տա­կա­շատ ­Հայ ­Հո­գե­ւո­րա­կա­նի ար­ժա­նա­ւո­րու­թեամբ յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նո­ւե­ցաւ՝ Տ­րա­պի­զոն ծնած եւ աշ­խար­հով մէկ ­Հա­յու հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րը տա­րա­ծած ու ար­մա­տա­ւո­րած ­Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Խա­չա­տու­րեա­նը, ո­րուն ի­մաս­տա­սի­րա­կան հե­տե­ւեալ խորհր­դա­ծու­թեամբ թող պսա­կո­ւի ո­գե­կո­չա­կան այս յի­շե­ցու­մը.
— «Ա­մէն վա­յելք պէ՛տք է ու­նե­նայ իր ո­րոշ բե­ւե­ռա­կէ­տը, ուր կեան­քը գտնէ իր ի­մաստն ու ամ­բող­ջա­ցու­մը»։