Արխիւային այս լուսանկարը ցոյց կու տայ յունական «Իտրէոս» նաւը, որ 1932ին հայրենադարձ հայեր կը փոխադրէ Բիրէայի նաւահանգիստէն դէպի Բաթում, ուրկէ հայրենիք ներգաղթած մեր հայրենակիցներու հոծ բազմութիւնը մուտք գործած է Հայաստան։