­Բո­ղո­քի ցոյց Ա­թէն­քի ատր­պէյ­ճա­նա­կան դես­պա­նա­տան առ­ջեւ
­Հա­ւաք ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ե­կե­ղեց­ւոյ առ­ջեւ

27 ­Սեպ­տեմ­բեր 2020-ի Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ Ար­ցա­խի վրայ սան­ձա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին տա­րե­լի­ցին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր բո­ղո­քի ար­դար ձայ­նը բարձ­րա­ցուց ընդ­դէմ թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան, ի­րա­գոր­ծե­լով բո­ղո­քի ցոյց Ա­թէն­քի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան առ­ջեւ եւ յար­գան­քի հա­ւաք ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ՝ «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ առ­ջեւ։

ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ԵՒ ՄԻՋԱԴԷՊ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Եր­կու­շաբ­թի՝ 27 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի հա­յու­թիւ­նը ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան կո­չին, ներ­կայ ե­ղաւ Փ­սի­խի­քօ շրջա­նը գտնո­ւող Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան առ­ջեւ, իր բո­ղոքն ու ընդվ­զու­մը բարձ­րա­ձայ­նե­լու հա­մար Ար­ցա­խի վրայ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին եւ մին­չեւ այ­սօր շա­րու­նա­կո­ւող ատր­պէյ­ճա­նա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն դէմ։
Ն­շենք, որ չա­փա­զանց զգա­լի էր ոս­տի­կա­նա­կան զրա­հա­ւոր յա­տուկ ու­ժե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք կանգնած էին շէն­քի եր­կայն­քին։
­Ցոյ­ցէն ա­ռաջ, Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տու­նը զայ­րաց­նող մի­տում­նա­ւոր քայ­լե­րու դի­մած էր, շէն­քի ցան­կա­պա­տին վրայ նա­խա­պէս տե­ղադրած ըլ­լա­լով պաս­տառ­ներ զա­նա­զան ընդվ­զե­ցու­ցիչ լո­զունգ­նե­րով, ո­րոնց վրայ յու­նա­րէն լե­զո­ւով գրուած էին «­Ղա­րա­բա­ղը Ատր­պէյ­ճա­նին կը պատ­կա­նի», «­Մեր հե­րոս­նե­րը կը յի­շենք» եւ «­Սու­քի ու յար­գան­քի օր Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար» գրու­թիւն­նե­րը։ Ա­ռա­ւել, մայր դռան վրայ զե­տե­ղած էին նկար­ներ ա­զե­րի բա­նա­կի ջո­կատ­նե­րէն եւ մար­տե­րու տե­սա­րան­նե­րէն։ ­Նաեւ, տե­ղադ­րած էին նոյ­նան­ման պա­րու­նա­կու­թեամբ թռու­ցիկ­ներ յոյն ան­ցորդ­նե­րուն հա­մար։
­Յան­կարծ, ցան­կա­պա­տին ե­տե­ւէն, դես­պա­նա­տան պաշ­տօ­նեա­նե­րը եր­կար ցո­ղե­րով փոր­ձե­ցին վար առ­նել հայ­կա­կան Ե­ռա­գոյ­նը, իսկ մէկ այլ պաշ­տօ­նեայ մը ցու­ցա­րար­նե­րուն վրայ ջուր կը թա­փէր։
­Հայ ցու­ցա­րար­նե­րը բուռն կեր­պով հա­կազ­դե­ցին ե­ղած գրգռու­թիւն­նե­րուն եւ վար ա­ռին ցան­կա­պա­տին վրայ տե­ղադ­րո­ւած ա­զե­րիա­կան ստա­յօդ գրու­թիւն­ներն ու նկար­նե­րը, իսկ ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւս պա­հան­ջե­ցին ատր­պէյ­ճան­ցի պաշ­տօ­նեա­նե­րէն դադ­րեց­նել ի­րենց բռնի շար­ժում­նե­րը։ ­Մի­ջա­դէ­պի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան եւ բո­ղո­քի ցոյ­ցի ըն­թաց­քին դես­պա­նա­տան բազ­մա­թիւ պաշ­տօ­նեա­ներ պա­տու­հան­նե­րուն ե­տե­ւէն նկա­րա­հա­նում­ներ կը կա­տա­րէին։
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը մե­ծա­դիր պաս­տառ­նե­րով գրա­ւե­ցին դես­պա­նա­տան առ­ջե­ւէն անց­նող ճամ­բան, իսկ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը Ե­ռա­գոյն դրօ­շակ­նե­րը ի­րենց ձե­ռին կը բա­ցա­գան­չէին լո­զունգ­ներ։ Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ­Կեդր. վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, փոխն ի փոխ բարձ­րա­խօ­սէն ներ­կա­յա­ցու­ցին ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը, յա­տուկ շեշտ դնե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան ան­մարդ­կա­յին ո­ճիր­նե­րուն վրայ, օ­տար վարձկան­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, ­Թուր­քիոյ ռազ­մա­կան մաս­նակ­ցու­թեան, Ար­ցա­խի ան­զէն բնակ­չու­թեան վրայ կա­տա­րո­ւած ռմբա­կո­ծում­նե­րուն, մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու ոչնչաց­ման, Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ պա­հո­ւող հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րուն եւ Ար­ցա­խի հո­ղե­րէն պո­կո­ւած հա­զա­րա­ւոր գաղ­թա­կան ժո­ղո­վուր­դին։ ­Ցու­ցա­րար­նե­րը պա­հան­ջե­ցին, որ Ատր­պէյ­ճան ան­յա­պաղ ա­զատ ար­ձա­կէ հայ գե­րի­նե­րը, իսկ կոչ ուղ­ղե­ցին մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին եւ մեծ պե­տու­թիւն­նե­րուն վե­րա­կանգ­նել ար­դա­րու­թիւ­նը եւ ճանչ­նալ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը։
Ակ­նե­րեւ էր հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը, որ վճռա­կամ եւ պայ­քա­րու­նակ ո­գիով սու­գի եւ ցա­սու­մի օ­րը վե­րա­ծեց պայ­քա­րի եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան օ­րո­ւան, ցոյց տա­լով որ հայ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի շա­րու­նա­կէ տէր կանգ­նիլ Ար­ցա­խի մեր ար­ծուա­բոյ­նին, հա­կազ­դե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան ա­մէն տե­սա­կի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն։
­Բո­ղո­քի ցոյ­ցը իր ա­ւար­տին հա­սաւ ուշ ե­րե­կո­յեան, ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ միա­բե­րան եր­գո­ւած հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րով։

ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, նոյն ե­րե­կոյ տե­ղի ու­նե­ցաւ յար­գան­քի հա­ւաք մը՝ ի յի­շա­տակ Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին քա­ջա­բար ին­կած հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն։
Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին« ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն Ար­տա­վազդ վրդ. ­Շա­րո­յեա­նի կող­մէ։ ­Հոծ բազ­մու­թեան առ­ջեւ ­Հայր սուր­բը իր քա­րո­զին մէջ վեր ա­ռաւ հայ զի­նո­ւոր­նե­րու ու Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի դի­մադ­րա­կա­նու­թեան, հե­րո­սա­կան մարտն­չու­մին եւ անձ­նա­զո­հու­թեան ո­գին։
­Յա­ջոր­դա­բար, բո­լոր ներ­կա­նե­րը հա­ւա­քո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­բա­կը, ուր պա­տե­րուն վրայ զե­տե­ղո­ւած էին քա­ջա­բար ի­րենց կեան­քը մա­տու­ցած հայ զի­նո­ւոր­նե­րու նկար­նե­րը եւ բո­լոր զո­հո­ւած հայ զի­նո­ւոր­նե­րու ա­նուն­նե­րու ցան­կե­րը։
­Տեղ­ւոյն վրայ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ յի­շա­տա­կի յա­տուկ յայ­տա­գիր, ո­րուն ըն­թաց­քին Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը հա­կիրճ ներ­կա­յա­ցում մը կա­տա­րեց ան­ցեալ ­Սեպ­տեմ­բե­րին ծայր ա­ռած պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, միա­ժա­մա­նակ մատ­նան­շե­լով մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի բա­ցա­կա­յու­թիւնն ու ան­տար­բե­րու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծած ո­ճիր­նե­րուն եւ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու փճա­ցու­մին հան­դէպ։ ­Խօս­քի ա­ւար­տին, ան յա­տուկ նշում կա­տա­րեց ի­րենց կեան­քը զո­հած հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնց յի­շա­տա­կը յար­գո­ւե­ցաւ այդ ե­րե­կո­յեան։ ­Մէկ վայր­կեա­նի լռու­թեամբ, ներ­կա­նե­րը խո­նար­հե­ցան մեր նա­հա­տակ հե­րոս­նե­րու ան­մո­ռաց յի­շա­տա­կին։
­Յար­գան­քի ե­լոյ­թին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան նաեւ Ար­ցա­խի վեր­ջին պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցած եր­կու հե­րոս­ներ՝ ­Հեն­րիկ Գ­րի­գո­րեան եւ Ա­րա­մա­յիս ­Յա­րու­թիւ­նեան, ո­րոնց Հ.Գ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան ա­նու­նով յա­տուկ յու­շա­նո­ւէր մը յանձ­նո­ւե­ցաւ, պա­տո­ւե­լով ա­նոնց հե­րո­սա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան վսեմ գոր­ծին։
­Գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ կո­կիկ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր մը, երգ­չու­հի ­Մա­րիա Ս­փի­րի­տո­նի­տո­ւի եւ տու­տու­կա­հար ­Սեր­գէյ ­Չո­պա­նեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ, ո­րոնց մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը յու­զու­մի զգա­ցում­ներ առ­թե­ցին ներ­կա­նե­րուն մօտ։
­Յուշ ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ լուռ քայ­լար­շա­ւով մը դէ­պի քա­ղա­քի կեդ­րո­նը գտնո­ւող խաչ­քա­րը, ո­րուն առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ծա­ղիկ­նե­րու զե­տե­ղում եւ մո­մա­վա­ռու­թիւն։ ­Յու­զիչ ե­լոյ­թը վերջ գտաւ «­Մեր հայ­րե­նիք» ո­գեր­գի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։