Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քին մէջ Դեկ­տեմ­բեր 5էն 8 պի­տի գու­մա­րո­ւի Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը:
Ժո­ղո­վին մա­սին կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը հրա­պա­րա­կած է հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ուր կ­՛ը­սո­ւի, թէ չորս տա­րին ան­գամ մը գու­մա­րո­ւող Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին պի­տի նա­խա­գա­հէ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս: Ժո­ղո­վին պի­տի մաս­նակ­ցին կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ թե­մե­րէն ժա­մա­նած շուրջ 100 պատ­գա­մա­ւոր­ներ եւ յա­տուկ հրա­ւի­րեալ­ներ: Հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կ­՛ը­սո­ւի.- «­Չորս օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը ըն­թացք պի­տի առ­նէ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մով, որ­մէ ետք տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան Կ­րօ­նա­կան ու Քա­ղա­քա­կան ժո­ղով­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան քա­ռա­մեայ տե­ղե­կա­գիր­նե­րու զե­կու­ցումն ու քննար­կու­մը: Ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գե­րուն մէջ ա­ռանց­քա­յին տեղ պի­տի գրա­ւեն կրօ­նա­կան եւ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը, սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը եւ սփիւռք-­Հա­յաս­տան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Կ­րօ­նա­կան եւ Քա­ղա­քա­կան ժո­ղով­նե­րու ընտ­րու­թիւն եւ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը նոր թա­փով շա­րու­նա­կե­լու ծրա­գիր­նե­րու մշա­կում»: