Արամ Ա. Վեհափառի այցելութիւնը Հալէպ (Նկարներ)

­Բա­խում­նա­յին շր­ջան­նե­րու մէջ գտ­նո­ւող ­Հա­լէ­պի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն զան­գե­րը 5 տա­րո­ւան լ­ռու­թե­նէն ետք ղօ­ղան­ջե­ցին՝ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փա­ռին այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­ւե­տե­լով

0
2250

­Շա­բաթ 7 ­Յու­նո­ւար 2017ը նշա­նա­կա­լից եւ պատ­մա­կան թո­ւա­կան մը պի­տի մնայ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան յի­շո­ղու­թեան ու պատ­մու­թեան մէջ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ ­Հա­լէ­պի «­Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թը։
Ար­դա­րեւ, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:30էն սկսեալ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ի­րեն ըն­կե­րակ­ցող շքա­խում­բին ու պե­տա­կան, ազ­գա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, մին­չեւ կէ­սօր ի­րե­րա­յա­ջորդ այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րեց նախ ­Հա­լէ­պի Ս. ­Քա­ռաս­նից ­Ման­կանց ­Մայր ե­կե­ղե­ցի եւ ա­կա­նա­տե­սը ե­ղաւ ա­հա­բեկ­չա­կան հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րուն պատ­ճա­ռած ա­ւեր­նե­րուն։ Շ­քա­խում­բին մաս կը կազ­մէր ­Բե­րիոյ ­Հա­յոց ­Թե­մի ­Բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­­Շա­հան Արք. ­Սար­գի­սեան, որ ի­րա­զեկ դար­ձուց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռոյ­ցի մաս­նա­կի վնաս­նե­րուն: ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը ­Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քէն ետք շրջե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ ու շրջա­փա­կին մէջ։
Այ­ցե­լու­թեան յա­ջորդ վայ­րը ­Հա­լէ­պի Օ­մա­յատ պատ­մա­կան մզկիթն էր: Մզ­կի­թը ու­նի 1300 տա­րո­ւայ պատ­մու­թիւն։ Մզ­կի­թի մուտ­քին վե­հա­փառ հայ­րա­պետն ու շքա­խում­բը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան իս­լամ կրօ­նա­ւոր­նե­րու կող­մէ:
Մզ­կի­թէն ներս ­Հա­լէ­պի կրօ­նա­կան կա­լո­ւած­նե­րու տնօ­րէ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ինչ­պէ՛ս զի­նեալ ա­հա­բե­կիչ­ներ քան­դե­ցին մզկի­թը ու 2 հանգ­րո­ւա­նով թա­լա­նե­ցին ա­նոր պատ­մա­կան գան­ձե­րը՝ մաս մը փախց­նե­լով դէ­պի ­Թուր­քիա, մաս մը դէ­պի ­Հա­լէ­պի հիւ­սի­սա­յին ա­րո­ւար­ձան­ներ։ Մզ­կի­ ին մէջ Վե­հա­փառն ու ա­նոր ըն­կե­րակ­ցող հայ կրօ­նա­ւոր­նե­րը ­Սու­րիոյ նա­հա­տակ­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար «հոգ­ւոց»ը ա­ղօ­թե­ցին:
Այ­նու­հե­տեւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու շքա­խում­բը այ­ցե­լե­ցին ­Հա­լէ­պի պատ­մա­կան բերդ։ ­Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­կա­նա­տե­սը դառ­նա­լով բեր­դին շուրջ ե­ղած ա­ւե­րին ու հա­մա­տա­րած քան­դում­նե­րուն, տե­ղա­կան եւ հայ­կա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն դի­մաց խօսք առ­նե­լով՝ ը­սաւ.-«Այս պա­հուս կը յի­շեմ ֆրան­սա­ցի մտա­ւո­րա­կան ­Վիք­թոր ­Հիւ­կո­յի խօս­քը. «Այս­տե­ղէն թուր­քե­րը ան­ցան» ա­ւելց­նե­լով, որ ցե­ղաս­պան թուր­քը այն­պէս, ինչ­պէս 100 տա­րի ա­ռաջ պատ­մա­կան մեր հայ­րե­նի­քին մէջ, այժմ եւս ­Սու­րիոյ մէջ մահ ու ա­ւեր կը սփռէ։ ­Սա­կայն այս բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րուն դի­մաց ­Սու­րիոյ քրիս­տո­նեայ եւ իս­լամ մեր սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դին զա­ւակ­նե­րը պի­տի յաղ­թեն ու ան­կոտ­րում կամ­քով վե­րա­կա­ռու­ցեն ­Սու­րիան ու մա­նա­ւանդ ­Հա­լէ­պը։ «­Հա­լէ­պը խորհր­դա­նիշն է սի­րոյ եւ խա­ղա­ղու­թեան ու ես վստահ եմ, որ ան պի­տի վե­րա­կանգ­նի» նշեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։
Այս ա­ռի­թով խօսք ա­ռին նաեւ ­Հա­լէ­պի նա­հան­գա­պե­տը՝ եւ ­Պաաս կու­սակ­ցու­թեան ­Հա­լէ­պի քար­տու­ղա­րը յայտ­նե­լով, որ թրքա­կան բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րուն դի­մաց ­Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի չընկր­կի, այլ՝ ձեռք-ձեռ­քի տա­լով ­Սու­րիան պի­տի վե­րա­շի­նէ ու դարձ­նէ ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ։
Ետ­քը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու շքա­խում­բը ուղ­ղո­ւե­ցան ­Նոր ­Գիւղ։ Ա­նոնք նախ այ­ցե­լե­ցին ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ հրկի­զո­ւած Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցի: ­Նոր ­Գիւ­ղի հայ տղա­քը Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ի­րա­զեկ դար­ձու­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ հրկիզ­ման դէպ­քի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 2013ին։ ­Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը՝ շրջե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, «­Տէ­րու­նա­կան» եւ «­Հոգ­ւոց» ա­ղօթք­նե­րը բարձ­րա­ցուց առ Աս­տո­ւած ու ը­սաւ.-« ­Կը գտնո­ւիմ Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, հրկի­զո­ւած, քան­դո­ւած եւ կո­ղոպ­տո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, նոյն ­Ցե­ղաս­պան թուր­քին հետ­քը կը տես­նեմ այս­տեղ։ ­Քիչ ա­ռաջ շրջե­ցայ ­Հա­լէ­պի զա­նա­զան թա­ղա­մա­սե­րը եւ տե­սայ ա­հա­ւոր քան­դում, ա­ւեր, սար­սափ ու մահ: ­Կը կրկնեմ, որ­քան ճիշդ է ֆրան­սա­ցի մտա­ւո­րա­կան ­Վիք­թոր ­Հիւ­կո­յի խօս­քը, թէ՝ «Այս­տե­ղէն թուր­քը ան­ցած է, հե­տե­ւա­բար ա­մէն տեղ մահ է, քան­դում ու սար­սափ»: ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը կրնայ վկա­յել այս մա­սին: Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նէն, ­Կի­լի­կիա­յէն դար­ձեալ թուր­քը ան­ցաւ եւ քան­դեց, ա­ւե­րեց ու մէկ ու կէս մի­լիոն հայ ջար­դեց: Եւ այ­սօր այս տագ­նա­պա­հար ­Հա­լէ­պի մեր սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դին դի­մաց, մենք հա­ւա­քա­կան հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ կամ­քով պէտք է դի­մագ­րա­ւենք ու մա­նա­ւանդ վե­րա­կեր­տենք ­Հա­լէ­պի հա­յու­թեան կեան­քը, մեր կա­ռոյց­նե­րը: ­Վե­րա­շի­նենք ոչ միայն ֆի­զի­քա­կան ի­մաս­տով, այլ նաեւ մեր հա­մայն­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լով: Ես այս յոյ­սով ու յանձ­նա­ռու­թեամբ կ­՛ող­ջու­նեմ ­Հա­լէ­պի մեր սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դը եւ վստահ եմ, որ հա­յու­թիւ­նը ա­մէն տեղ զօ­րա­կից, լծա­կից ու մաս­նա­կից պի­տի դառ­նայ ընդ­հան­րա­պէս ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան ու յատ­կա­պէս ­Հա­լէ­պի հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի ու վե­րա­ծաղ­կու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն»:
Ա­պա՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու շքա­խում­բը այ­ցե­լե­ցին Ս.Օ.Խ.ի ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րոն, ուր դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան ՍՕԽ-ի պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն հետ։ Շրջ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Հ­ռիփ ­Կա­նա­նեան յայտ­նեց, թէ միու­թեան ան­դամ­նե­րը նոյն թա­փով ու ո­գիով կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց կա­մա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ հա­կա­ռակ կեդ­րո­նին կրած վնաս­նե­րուն եւ քա­ղա­քիս ծանր պայ­ման­նե­րուն: ­Վե­հա­փա­ռը ա­կա­նա­տե­սը ե­ղաւ նաեւ ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րո­նի ա­ւեր­նե­րուն ու խրա­խու­սեց խա­չու­հի­նե­րը ի­րենց ան­կոտ­րում կամ­քին ու հա­լէ­պա­հայ ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լու կո­չո­ւած ի­րենց գնա­հա­տե­լի աշ­խա­տան­քին հա­մար։
Այ­ցե­լու­թեան յա­ջորդ կա­յանն էր մար­դա­կերտ­ման ամ­րոց Ազգ. ­Քա­րէն Եփ­փէ ­Ճե­մա­րա­նը: ­Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն ­Յա­կոբ ­Քի­լէ­ճեանն ու խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Վե­հա­փառ Հօր բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լով հաս­տա­տե­ցին, թէ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի ա­շա­կե­րու­թիւ­նը վերս­տին պի­տի յա­ճա­խէ ­Ճե­մա­րան ու շէնց­նէ 70-ա­մեայ այս կրթօ­ճա­խը: Ա­պա՝ Վե­հա­փառն ու շքա­խում­բը մոմ վա­ռե­ցին հայ­կա­կան թա­ղե­րու պաշ­տա­նու­թեան ղե­կա­վար, նա­հա­տակ ­Ռաֆ­ֆի Պ­չաք­ճեա­նի յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած մա­տու­ռին դի­մաց եւ ուղ­ղո­ւե­ցան «­Տիգ­րա­նեան» սրահ, ուր զրու­ցե­ցին նո­ւի­րեալ հայ տղոց հետ՝ բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տե­լով պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­նոնց ազ­գա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թիւնն ու խի­զա­խու­թիւ­նը: Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք մա­տու­ցեց առ Աս­տո­ւած, ա­պա՝ տե­սակ­ցե­ցաւ Ս.Օ.Խ.Ազ­գա­յին ­Պատս­պա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու կազ­մին ու սա­նե­րուն հետ։ ­Պատս­պա­րա­նի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Զե­փիւռ Է. ­Րէի­սեան ի­րա­զեկ դար­ձուց Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը պատս­պա­րա­նի ի­րա­վի­ճա­կին:
­Հուսկ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու ի­րեն ըն­կե­րակ­ցող շքա­խում­բը հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած հայ տղոց հետ խմբան­կա­րով մը ան­մա­հա­ցու­ցին այս օ­րը։
5 տա­րի շա­րու­նակ, ­Հա­լէ­պի բա­խում­նա­յին շրջան­նե­րուն մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն զան­գե­րը կրկին ղօ­ղան­ջե­ցին՝ ա­ւե­տե­լով Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին այ­ցե­լու­թիւնն ու ­Հա­լէ­պի խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մը: Ն­շենք, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին նո­ւէր­ներ բաշ­խեց սու­րիա­կան բա­նա­կի զի­նո­ւոր­նե­րուն՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով ­Հա­լէ­պի յաղ­թա­նա­կը: