ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

Ա­մե­րի­կեան ու­ժե­րու կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած վեր­ջին յար­ձա­կու­մը Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին կեդ­րոն­նե­րուն վրայ բա­ցած է ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ լա­րո­ւա­ծու­թեան նոր էջ մը եւ կը նշա­նա­ւո­րէ տագ­նա­պա­լի զար­գա­ցում մը տա­րա­ծաշր­ջա­նի ար­դէն պայ­թու­նավ­տանգ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ։ ­Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը այժմ կը թե­ւա­կո­խէ նոր փուլ մը։
Ան­գամ մը եւս ա­կա­նա­տես կը դառ­նանք ա­մե­րի­կա­ցի նա­խա­գա­հի վտան­գա­ւոր եւ այ­լան­դակ քա­ղա­քա­կան ընտ­րանք­նե­րուն։ Անձ մը, որ իր քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զը հիմ­նեց պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու կա­սեց­ման վրայ, նախ ձա­խո­ղե­ցաւ զէն­քե­րը լռեց­նել ­Կա­զա­յի եւ Ուք­րա­նիոյ մէջ եւ այս ան­գամ ո­րո­շեց ա­ջակ­ցիլ Իս­րա­յէ­լի ռազ­մա­կան յար­ձակ­ման Ի­րա­նի դէմ։ Ա­պա­ւի­նե­լով այն մտայ­նու­թեան վրայ, թէ ար­դէն թու­լա­ցած վար­չա­կար­գի մը պա­րա­գա­յին Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին հար­ցը կրնայ լու­ծո­ւիլ ու­ժի կի­րար­կու­մով, ան որ­դեգ­րեց վտան­գա­ւոր ու­ղի մը։
­Քա­ղա­քա­կան փոր­ձա­գէտ­նե­րուն հա­մա­ձայն, ստեղ­ծո­ւած նոր ի­րադրու­թիւ­նը կը յի­շեց­նէ 2003-ի Ի­րա­քի դէմ ար­շա­ւան­քը։ ­Պատ­մու­թիւ­նը ցոյց տո­ւաւ, թէ այդ օ­րե­րու շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մը յան­գե­ցաւ ող­բեր­գա­կան մար­դա­սի­րա­կան հսկայ տագ­նա­պի, ո­րուն հե­տե­ւան­քով ա­մե­րի­կեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ռազ­մա­վա­րա­կան լրջա­գոյն հա­րո­ւած ստա­ցաւ։
Այս զար­գա­ցում­նե­րը կը սրեն ոչ միայն ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ-Ի­րան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը, այլ նաեւ վտան­գա­ւոր նա­խա­դէպ կը ստեղ­ծեն տա­րա­ծաշրջա­նա­յին ու մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ակնյայտ է, որ վեր­ջին ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը պի­տի ու­նե­նան եր­կա­րա­ժամ­կէտ հե­տե­ւանք­ներ։ Երբ գեր­տէ­րու­թիւն մը միա­կող­մա­նի ո­րո­շում­նե­րով կը յար­ձա­կի այլ երկ­րի մը մի­ջու­կա­յին կեդ­րոն­նե­րուն վրայ՝ ա­ռանց Մ.Ա.Կ.-ի Անվտան­գու­թեան խոր­հուր­դի լիա­զօ­րու­թեան, հարց կը ծա­գի, թէ ի՞նչ դեր ու­նի մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քը եւ որ­քա­նո՞վ կը գոր­ծեն բազ­մա­կող­մա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան հար­թակ­նե­րը։
Ա­ռայժմ, ան­պա­տաս­խան կը մնան շարք մը հրա­տապ հար­ցեր, թէ ի՞նչ տե­սա­կի վնաս կրեց ի­րա­նեան մի­ջու­կա­յին ծրա­գի­րը (Թ­րամփ շտա­պեց յայ­տա­րա­րել «լրիւ կոր­ծա­նում»), Ի­րան ի՞նչ տե­սակ հա­կա­պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պի­տի դի­մէ եւ ինչ­պէս պի­տի ար­ձա­գան­գեն ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ աս­կէ ետք։ Ըստ վեր­լու­ծող­նե­րու հաս­տա­տում­նե­րուն, ներ­կա­յիս շուրջ 40.000 ա­մե­րի­կա­ցի զի­նո­ւոր­ներ տե­ղա­կա­յո­ւած են այն տա­րածք­նե­րուն մէջ, ո­րոնք կը գտնո­ւին ի­րա­նեան հրթիռ­նե­րու հա­սա­նե­լիու­թեան ծի­րէն ներս, մինչ ­Թեհ­րան ար­դէն ո­րո­շեց փա­կել ­Հոր­մու­զի նե­ղու­ցը, որ աշ­խար­հի նաւ­թի մա­տա­կա­րար­ման 20 տո­կո­սը կը փո­խադրէ։
­Ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռու­մով, հա­ւա­նա­բար Ի­րան պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ ա­ւե­լի բուռն դիր­քո­րո­շում ցու­ցա­բե­րել, մի­ջու­կա­յին ծրա­գի­րի ա­ւե­լի ա­րագ զար­գա­ցու­մով, ինչ­պէս նաեւ դաշ­նա­կից­նե­րու ո­րո­նու­մով այլ տէ­րու­թիւն­նե­րու հետ, ինչ­պի­սին են ­Ռու­սիա կամ ­Չի­նաս­տան։ ­Տա­րա­ծաշրջա­նէն ներս հա­ւա­նա­բար սպա­սել տար­բեր տե­սա­կի բա­խում­ներ (­Դա­մաս­կո­սի քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ յար­ձա­կու­մը մտա­հո­գիչ դէպ­քե­րու նա­խա­բա­նը կրնայ ըլ­լալ), ո­րոնք պի­տի ազ­դեն նաեւ այլ եր­կիր­նե­րու վրայ։ Ի­րա­նի ար­ձա­գան­գը, ա­ռաջ­նոր­դո­ւած իր գո­յա­տեւ­ման բնազ­դով, պի­տի ճշդէ ե­թէ ար­կա­ծախն­դիր այս ռմբա­կո­ծում­նե­րը պի­տի դառ­նան խա­ղա­ղու­թեան սկիզբ, կամ նոր պա­տե­րազ­մի նա­խեր­գանք՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը խո­րա­պէս ներգ­րա­ւե­լով ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի պայ­թու­նա­կա­լից ի­րա­վի­ճա­կին մէջ։
Այժմ, դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը կը թո­ւի ձա­խո­ղած ըլ­լալ։ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կու­մը ոչ միայն կը վտան­գէ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի փխրուն կա­յու­նու­թիւ­նը, այլ նաեւ լուրջ հա­րո­ւած կը հասցնէ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան հա­մա­կար­գի հա­ւաս­տիու­թեան։ Իսկ ա­մե­րի­կա­ցի ընտ­րող­նե­րու զան­գո­ւա­ծը, յատ­կա­պէս Թ­րամ­փի կողմ­նա­կից­նե­րը թե­րեւս նոր հար­ցադ­րում­ներ պի­տի ուղ­ղեն վար­չա­կար­գին, թէ ո՞րն է ար­դեօք ի­րենց տո­ւած քո­ւէի նպա­տա­կա­կէ­տը։ ­
Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հի ձեռ­քը կեդ­րո­նա­ցած իշ­խա­նու­թիւ­նը եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ո­րո­շում­նե­րու ան­զուսպ վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը այ­սօր եր­կի­րը կը դարձ­նեն աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ան­կա­յու­նու­թեան գլխա­ւոր աղ­բիւր։ Այս ան­կա­յու­նու­թիւ­նը այ­լեւս չէ սահ­մա­նա­փա­կո­ւած միայն ճա­ռե­րու մէջ՝ այլ ռում­բե­րու տա­րա­փին հե­տե­ւան­քով կը ցաւց­նէ ամ­բողջ աշ­խար­հը։
Ա­ւե­լի քան եր­բեք հար­կա­ւոր են մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան զգօն, պա­տաս­խա­նա­տու ու հա­ւա­սա­րակշռուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը՝ դէ­պի նոր պա­տե­րազ­մի շե­մը չա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու հա­մար։ Այժմ, դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը պէտք է ինք­զինք գե­րա­զան­ցէ։ ­Մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու վրայ լրջա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը դրո­ւին, ղե­կա­վար­նե­րու սթա­փու­մը աշ­խար­հա­կար­գի կա­յու­նու­թեան հիմ­նա­կան ա­ռա­ջադ­րան­քը կը հան­դի­սա­նայ։