Ի գիտութիւն Գարէայի եւ շրջակայքի մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդենք թէ, Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Շաբաթ, 22 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Գարէայի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» մատուռին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի։
Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ եւ իր Հայրական պատգամը փոխանցէ, Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ.ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի
դպրապետութեամբ՝ բարշ. Պետրոս սրկ. Պարսամեանի:
Պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:
Այսու կը հրաւիրուի շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու յիշեալ հոգեպարար արարողութեան եւ լսելու Սրբազան Հօր պատգամը։
Հոգեւոր Հովիւ եւ Թաղային Խորհուրդ