158 տարի առաջ, Հոկտեմբեր 18ի լուսաւոր օր մը, Հայաստան Աշխարհը ծնունդ տուաւ Քրիստափոր Միքայէլեան անուն արու զաւակի մը, որ կոչուած էր մարմնաւորելու բազմաչարչար ուղի կտրած եւ ստոյգ մահուան անդունդը գլորող մեր ժողովուրդին վերածնելու, այլեւ բաց ու խրոխտ ճակատով ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ իր արժանի տեղը վերահաստատելու յեղափոխական կամքը։
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ հանդիսացաւ 19րդ դարավերջի Հայկական Յեղափոխութեան մարտունակ խմբաւորումներու միաւորող գաղափարական մեծ կազմակերպութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյն ու կեդրոնական դէմքը։
Քրիստափոր իր բոլոր ուժերով ծառայեց մէկ ու միակ այն վեհ դաւանանքին, այլեւ՝ Արդարութեան եւ Իրաւունքի այն մէկ ու միակ հաւատամքին, որ կը խտանայ դարերուն ուղղուած իր յանդուգն պատգամին մէջ.- «Պատռել է հարկաւոր քարտէսների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները, ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում։
«Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալածանք, ո՛չ մի սահման չէ կարող բաժանել մի ժողովուրդ, եթէ նա տոգորուած է ընդհանուր շահերի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուելու անսասան վճռողականութիւն եւ կապուած, միացած է դարերով սնուած ու պահպանուած ընդհանուր բնազդների ու զգացմունքների առողջ զարկերով»։
Քրիստափորեան այդօրինակ յեղափոխական գաղափարապաշտութեամբ եւ մարտունակ հայութեան ցիրուցան կամքերը միաձուլելու կազմակերպչական հզօր տաղանդով կազմաւորուեցաւ ու թրծուեցաւ Դաշնակցութիւնը, որ մեր ժողովուրդին նորագոյն շրջանի պատմութեան յառաջատար ուժը դարձաւ՝ հայոց սերունդներուն իբրեւ ներշնչման աղբիւր կտակելով հայու յեղափոխական յանդգնութեան ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ դարբինը կերպաւորող Քրիստափորի անմահ աւանդը։
Կամքեր կռանելու եւ հզօրացնելու բնատուր հանճարով էր օժտուած Քրիստափոր ու կրցաւ, հայոց ցիրուցան եւ եսակեդրոն կամքերէն, հաւաքական ու կազմակերպ ուժ եւ միաձոյլ կամք ստեղծել՝ բոլորը յարատեւ կռուի մղելով անսակարկ զոհաբերութեան եւ երկաթեայ կարգապահութեան ոգիով։
Հայ ժողովուրդի կեցութեան ընդհանուր բարեշրջման եւ Հայաստանի ազատագրութեան մեծ դատին աննկուն դրօշակիրն է Քրիստափոր, որ իր անձին օրինակով, անյողդողդ կամքով եւ արութեան գործերով՝ գաղափարական ու քաղաքական անվեհեր եւ երկարաշունչ պայքարի ուղին հարթեց հայութեան նորահաս սերունդներուն առջեւ։
Քրիստափոր մանաւա՛նդ մարմնաւորումն է անհաւասար ուժերով կռուի դաշտերէն յաղթական դուրս գալու ՀԱՅու հաստատակամութեան՝ դարերով գերութեան, անձնատուութեան եւ մեղկութեան համակերպած հայ մարդոցմէ կերտելով նոր ժամանակներու ՀԱՅը, անոր մէջ ամրապնդելով յանուն ազատութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը։
Իբրեւ այդպիսին՝ Քրիստափոր իրաւամբ «Հասարակաց Հայր» կոչուեցաւ Աւետիս Ահարոնեանի կողմէ։ Հայ յեղափոխականի հայրական շունչը Քրիստափոր զգալի դարձուց ոչ միայն սեփական ժողովուրդին պարտադրուած դաժանագոյն ստրկութեան դէմ ծառացող հայ երիտասարդներուն վրայ, այլեւ՝ Հայ Դատին արդարացիութեան հաւատացող եւ ջերմեռանդօրէն պաշտպան կանգնող այն բոլոր գաղափարապաշտ օտարներուն վրայ, ինչպիսին էր անպայման հայապաշտպան «Փրօ Արմենիա» թերթի անձնուէր խմբագիրը՝ Փիեռ Քիյեառ, որ Քրիստափորի նահատակութեան առիթով պիտի վկայէր.
— «Ես հայկական դատին վերաբերմամբ ոչինչ չեմ ասել, ոչինչ չեմ գրել, ոչինչ չեմ արել առանց հարցնելու ինքս ինձ, թէ ի՛նչ կը մտածէր նա՝ այս խօսքի, այս նախադասութեան, այս արարքի մասին»։
Պատմական Հայաստանի Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս մեծ գիւղի ծնունդ էր Հայկական Յեղափոխութեան առաքեալը։ Մանուկ տարիքէն կեանքի պայքարը սկսաւ Քրիստափորի համար. 4 տարեկան էր, երբ մայրը կորսնցուց, իսկ 10 տարեկանին՝ հայրը։ Նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ նախնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի դպրոցին մէջ եւ փայլուն արդիւնքով աւարտեց զայն։ Հոգաբարձութիւնը, տեսնելով եւ գնահատելով որբ աշակերտին ուսումնատենչութիւնը, յանձն առաւ հոգալ Քրիստափորի հետագայ ուսման ծախսերը՝ պայմանաւ, որ ան յանձն առնէ վերադառնալ գիւղ եւ ստանձնել ծննդավայրի դպրոցին մէջ ուսուցչական պաշտօն։ Այդպէ՛ս, 1874ին, Քրիստափոր անցաւ Թիֆլիս, ուր երկու տարուան նախապատրաստական պարապմունքէ ետք՝ ընդունուեցաւ Ուսուցչական Ճեմարանը, որուն քառամեայ ուսման շրջանը աւարտեց 1880ին առաջին կարգի մրցանակով։
Ճեմարանի տարիները բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան երիտասարդական տարիքը թեւակոխող Քրիստափորի համար։ Ռուսական «Նարոդնայա Վոլիա» (Ժողովրդային Կամք) յեղափոխական կազմակերպութեան վերելքի ժամանակաշրջանն էր եւ կովկասահայ երիտասարդութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ փարած էր անոր տարածած ընկերվարական գաղափարներուն։ Համառուսական այդ շարժման անմիջապէս միացաւ նաեւ Քրիստափոր՝ ռուս յեղափոխականներու հետ սերտ կապեր հաստատելով եւ հետագայ տարիներուն այդ կապերը ամրապնդելով։
Ճեմարանը աւարտելով՝ Քրիստափոր վերադարձաւ իր ծննդավայր գիւղը եւ երկու տարի ուսուցչութիւն ըրաւ։ Ուսուցչական այդ տարիները Քրիստափորի մէջ արմատաւորեցին յեղափոխական ու ընկերվարական խոր համոզումներու տէր գործիչը։ Տեսաւ ցարական բռնատիրութեան գործած աւերը ընդհանրապէս գիւղական աշխարհին եւ յատկապէս հայ գիւղացիութեան մէջ։ Ծառացաւ այն անարդարութեանց եւ անիրաւութեանց դէմ, որոնց կ’ենթարկուէր հայ ժողովուրդը ցարական պաշտօնէութեան կողմէ՝ պարզապէս անոր համար, որ հայ էր…
Ամառնային իր արձակուրդները Թիֆլիս անցընելով, Քրիստափոր մօտէն շփում հաստատեց հայ իրականութեան մէջ երեւան եկած ազգային-ազատագրական շարժման խմորումներուն հետ՝ յատկապէս Գրիգոր Արծրունիի հրատարակած «Մշակ»ին շուրջ խմբուած մտաւորականութեան ծանօթանալով։ Այդ շրջանին է, որ Քրիստափորի մէջ սկսաւ ձեւաւորուիլ ազգային հողի վրայ յեղափոխական շարժում առաջացնելու գաղափարը։ Եւ երբ 1885ին ցարական կառավարութիւնը որոշեց փակել 400 հայ դպրոցներ՝ անոնց 20.000 աշակերտութիւնը եւ 3000 ուսուցիչները փողոց ձգելով, Քրիստափոր իր ընկերներով ձեռնարկեց ժողովուրդին մէջ թռուցիկներ բաժնելու եւ բողոքի ալիք բարձրացնելու շարժումին։ Բայց դեռ հասունցած չէր յեղափոխական հայութիւնը եւ Քրիստափոր չգտաւ այն արձագանգը, որ 1903ին պիտի առաջանար՝ հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման դէմ Դաշնակցութեան ծաւալած բողոքի շարժումին առիթով։
1885ի վերջերուն, մեծանուն վիպասան Րաֆիի բարեխօսութեամբ Մոսկուայի մեծահարուստ Մելքոն Գասպարիչ Փանեանցէն նիւթական աջակցութիւն գտնելով՝ Քրիստափոր մեկնեցաւ Մոսկուա, որպէսզի բարձրագոյն ուսման հետեւի։ Բայց մէկ կողմէ նիւթական դժուարութիւնները, իսկ միւս կողմէ հայ երիտասարդութեան մօտ յեղափոխական տրամադրութեանց բորբոքումը մղեցին Քրիստափորը, որ երկու տարի ետք, կիսատ ձգելով համալսարանական ուսումը, վերադառնայ Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նետուի յեղափոխական պայքարի ասպարէզ։
Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները արդէն կեանքի կոչուած էին, բայց տակաւին մեծ էր թիւը այն խմբակներուն, որոնք Կարինէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Մոսկուա յեղափոխական բուռն խմորումներու մէջ էին, բայց միաւորուած չէին եւ ցիրուցան վիճակ մը կը պարզէին։ Քրիստափոր ձեռնարկեց ե՛ւ նորաստեղծ զոյգ կուսակցութիւնները, ե՛ւ անջատաբար պայքարի լծուած խմբակները իրարու մօտ բերելու եւ միացնելու աշխատանքին։ Թէեւ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ Ռուբէն Խանազատ համաձայնութիւն յայտնեց դաշնակցութեան մը մէջ բոլոր յեղափոխականները ի մի բերելու գաղափարին, բայց հնչակեան կեդրոնը հետագային մերժեց միանալ եւ այդպէ՛ս, 1890ի ամրան, Քրիստափորի եւ Զաւարեանի ջանքերով, ծնունդ առաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը։
Նորաստեղծ Դաշնակցութեան կազմութեան եւ գաղափարական տարբեր աշխարհայեացքի տէր հայ յեղափոխականներու միաւորման գործին մէջ առանցքային եղաւ Քրիստափորի անձնական ներդրումը։ Յատկապէս իր նկարագրով՝ Քրիստափոր յաջողեցաւ ստեղծել գաղափարական, կազմակերպական եւ գործնական այն ընդհանուր աւազանը, ուր իրարու կապուեցան անխտիր բոլորը՝ երկու տարի ետք, 1892ին, դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր Ժողովին, պաշտօնապէս վերածուելու համար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Այնուհետեւ սկսաւ նորաստեղծ կուսակցութիւնը գաղափարական եւ կազմակերպական, քաղաքական եւ մարտական ինքնահաստատման հունի մէջ մտցնելու դժուարին աշխատանքը։ Զաւարեանի եւ Ռոստոմի հետ գործակցաբար, Քրիստափոր ամուր հիմերու վրայ դրաւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը, որուն էջերուն լոյս տեսան Դաշնակցութեան Ծրագիրն ու քաղաքական առաջադրանքները հիմնաւորող Քրիստափորի առաջնորդող յօդուածները։ Քրիստափոր նաեւ հաստատուեցաւ Ժընեւ՝ «Դրօշակ»ի կողքին արտասահմանեան քարոզչութիւնը կազմակերպելու, «Փրօ Արմենիա»ն հիմնելու եւ Երկրի մէջ ծաւալած կենդանի պայքարին ի սպաս Եւրոպայի տարածքին հայանպաստ շարժում առաջացնելու համար։
Արդէն իր ուղին գտած եւ գործունէութեան դաշտը մեծապէս ընդլայնած Դաշնակցութեան առջեւ նոր մարտահրաւէրներ դրուեցան 1890ականներու վերջերուն։ Յեղափոխական բուռն կռիւը զէնքի եւ զինամթերքի յարաճուն աղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը շեշտած էր, իսկ հայ պահպանողականութիւնը՝ յեղափոխականներու անյաջողութիւնը պատրուակ գործածելով, ընդհանրապէս վարկաբեկել կը փորձէր հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը։ Քրիստափոր վերադարձաւ Կովկաս եւ ձեռնարկեց «Փոթորիկ»ին, որ հայ ունեւոր խաւը դրաւ յեղափոխական գործին նիւթապէս զօրավիգ կանգնելու պարտաւորութեան տակ, ի հարկին ծանրագոյն պատիժի ենթարկելով Ժամհարեանի օրինակով այն մեծահարուստները, որոնք ցարական իշխանութեանց հովանաւորութիւնը խնդրեցին՝ խուսափելու համար հայկական յեղափոխութեան նիւթապէս օժանդակելու պարտադրանքէն։
Վրայ հասան պատմական տարողութեամբ մեծակշիռ զարգացումներ. հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման ցարական հրամանագիրն ու անոր դէմ ծաւալած համաժողովրդական ըմբոստացումը. Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնն ու համիտեան նոր ջարդերը։ Քրիստափոր իր տարերքին մէջ էր՝ բոլոր ճակատներուն վրայ յեղափոխական կռուի վճռականութեան թափ տալով, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործը ամուր հիմերու վրայ դնելով, Եւրոպայի տարածքին ի նպաստ հայութեան ազդու շարժում առաջացնելով։
Ահա այդ մթնոլորտին մէջ, Քրիստափոր 1904ի Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուց Կարմիր Սուլթանը ահաբեկելու ծրագիրը, ստացաւ Դաշնակցութեան Կամքը ներկայացնող ժողովին համաձայնութիւնը եւ անձամբ լծուեցաւ ծրագրի գործադրութեան։
Բայց ճակատագիրը ուրիշ եւ դառնագոյն վախճան վերապահած էր Հայու յեղափոխական յանդգնութեան անկրկնելի ռահվիրային։ Վիտոշ լերան լանջին, Պուլկարիոյ մէջ, Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ ռումբի փորձարկման պահուն, Մեծ Յեղափոխականը իր ընկերոջ հետ զոհ գնաց ռումբի ապաժամ պայթումին…
Հազիւ 46 տարեկանին կտրուեցաւ կեանքին թելը Քրիստափորի։
Իր նահատակութեամբ եւս Դաշնակցութեան հիմնադիրը պատմական օրինակ մարմնաւորեց։ Յեղափոխութեան ղեկավարը սեփական օրինակը տուաւ յանուն գաղափարի գերագոյն զոհաբերութեան։
Եւ որքան տարիները կ՛անցնին, հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն մօտ աւելիով կ’արմատաւորուի հմայքն ու խորհուրդը Քրիստափոր Միքայէլեան անուն Հայ Յեղափոխականին, որ 158 տարի առաջ իր աչքերը բացաւ հայոց բազմաչարչար հայրենիքին մէջ, որպէսզի իր անձին օրինակով, երկաթեայ կամքով եւ քաղաքական մտածողութեամբ վերջնականապէս փշրէ դարաւոր ստրկութեան շղթաները եւ կերտէ Հայու արդի կերպարը՝ Հայաստանի ազատութեան համար յարատեւ կռուի պատրաստ աննկուն Հայ Յեղափոխականը։
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ (Միքայէլեան, 1859-1905)
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ (Միքայէլեան, 1859-1905). Վերածնուած Հայաստանի ու հայկական յեղափոխութեան դրօշակիր առաջնորդը Ն.