Քրիստափոր Միքայէլեան (1859-1905)

Քրիստափոր Միքայէլեան (1859-1905). ­Հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քին դար­բինն ու նոր ­Հա­յաս­տա­նի վեած­նուն­դին դրօ­շա­կի­րը Ն.

0
3380

­Հոկ­տեմ­բեր 18ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ան­զու­գա­կան կռա­նո­ղին եւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռաջ­նոր­դին՝ Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նի։
Ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան-բա­րո­յա­կան իր վար­քով եւ գոր­ծով՝ Ք­րիս­տա­փոր ներշնչ­ման անս­պառ աղ­բիւր կը հան­դի­սա­նայ ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան մեծ պայ­քա­րին, ո­րուն բախ­տո­րոշ նո­րա­գոյն փու­լը բո­լո­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը ներ­կա­յիս ըն­ձե­ռո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ապ­րող սե­րուն­դին։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ իբ­րեւ հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քին անձ­նո­ւէր դար­բի­նը, Ք­րիս­տա­փոր ի­րա­ւամբ ա­ռա­ջա­տար եւ մղիչ ու­ժը կը հան­դի­սա­նայ մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ վե­րած­նո­ւող եւ բարձ­րա­հա­սակ ոտ­քի կանգ­նող ­Նոր ­Հա­յաս­տա­նի գա­ղա­փա­րա­կան խո­յան­քին։
­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան ե­րի­ցա­գոյնն ու կեդ­րո­նա­կան դէմքն է Ք­րիս­տա­փոր, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­դի պատ­մու­թեան մէջ անկրկ­նե­լի բար­ձունք մը նո­ւա­ճեց իբ­րեւ հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քին ու յանդգնու­թեան, այ­լեւ մար­տու­նակ ու­ժին եւ կազ­մա­կեր­պա­կան տա­ղան­դին ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ դար­բի­նը։
­Կամ­քեր կռա­նե­լու եւ հզօ­րաց­նե­լու բնա­տուր տա­ղան­դով էր օժ­տո­ւած Ք­րիս­տա­փոր, որ կրցաւ հա­յոց ցի­րու­ցան եւ ե­սա­կեդ­րոն կամ­քե­րէն հա­ւա­քա­կան ու կազ­մա­կերպ ուժ ստեղ­ծել՝ ա­պա­կեդ­րոն մեծ ըն­տա­նի­քի մը մէջ բո­լո­րը միա­ձու­լե­լով ան­սա­կարկ զո­հա­բե­րու­թեան եւ եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեան անս­պառ ո­գիով։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի կե­ցու­թեան ընդ­հա­նուր բա­րեշրջ­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան մեծ դա­տին անն­կուն դրօ­շա­կիրն է Ք­րիս­տա­փոր, որ իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, ան­յող­դողդ կամ­քով եւ ա­րու­թեան գոր­ծե­րով գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան ան­վե­հեր եւ եր­կա­րա­շունչ պայ­քար շղթա­յա­զեր­ծեց՝ յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան վե­րած­նուն­դին եւ վե­րա­կերտ հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մին յա­րա­տեւ կռո­ւի ու­ղին հար­թե­լով նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ։
­Բայց մա­նա­ւանդ ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռուի դաշ­տե­րէն յաղ­թա­կան դուրս գա­լու հայ­կա­կան հաս­տա­տա­կա­մու­թեան ու ինք­նավս­տա­հու­թեան մարմ­նա­ւո­րու­մը կը հան­դի­սա­նայ Ք­րիս­տա­փոր՝ դա­րե­րով գե­րու­թեան, անձ­նա­տո­ւու­թեան եւ մեղ­կու­թեան հա­մա­կեր­պած հայ մար­դոց­մէ կեր­տե­լով նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ՀԱ­Յը, ա­նոր մէջ ամ­րապն­դե­լով յա­նուն ա­զա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնն ու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։
­Մէկ խօս­քով՝ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով անձ­նա­ւո­րող ա­ռաջ­նորդն է Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեան, որ իր թո­ղած գա­ղա­փա­րա­կան-քա­ղա­քա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ եւ բա­րո­յա­կան-կազ­մա­կեր­պա­կան կեր­պա­րով՝ կը շա­րու­նա­կէ ներշնչ­ման աղ­բիւր եւ լու­սա­տու փա­րոս մնալ հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած ուխ­տա­ւոր­նե­րուն հա­մար։
­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ­Գողթն գա­ւա­ռի ­Վե­րին Ա­գու­լիս մեծ գիւ­ղի ծնունդ է ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­քեա­լը։
­Մա­նուկ տա­րի­քէն սկսաւ կեան­քի պայ­քա­րը Ք­րիս­տա­փո­րի հա­մար.- 4 տա­րե­կան էր, երբ մայ­րը կորսն­ցուց, իսկ 10 տա­րե­կա­նին՝ հայ­րը։ ­Նիւ­թա­կան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու մէջ նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին մէջ եւ փայ­լուն ար­դիւն­քով ա­ւար­տեց զայն։ Դպ­րո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, տես­նե­լով եւ գնա­հա­տե­լով որբ ա­շա­կեր­տին ու­սում­նա­տեն­չու­թիւ­նը, ստանձ­նեց հո­գա­տա­րու­թիւ­նը Ք­րիս­տա­փո­րի հե­տա­գայ ուս­ման ծախ­սե­րուն՝ պայ­մա­նաւ, որ Ք­րիս­տա­փոր յանձն առ­նէ վե­րա­դառ­նալ հայ­րե­նի գիւղ եւ ստանձ­նել ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին մէջ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն։ Այդ­պէ՛ս, 1874ին, Ք­րիս­տա­փոր ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր եր­կու տա­րո­ւան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան պա­րապ­մուն­քէ ետք՝ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ու­սուց­չա­կան ­Ճե­մա­րա­նը, ո­րուն քա­ռա­մեայ ուս­ման շրջա­նը ա­ւար­տեց 1880ին՝ ա­ռա­ջին կար­գի մրցա­նա­կով։
­Ճե­մա­րա­նի տա­րի­նե­րը բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­քը թե­ւա­կո­խող Ք­րիս­տա­փո­րի հա­մար։ ­Ռու­սա­կան «­Նա­րոդ­նա­յա ­Վո­լիա» (­Ժո­ղովր­դա­յին ­Կամք) յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան վե­րել­քի ժա­մա­նա­կաշրջանն էր եւ կով­կա­սա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ փա­րած էր ա­նոր տա­րա­ծած ըն­կեր­վա­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րուն։ ­Հա­մա­ռու­սա­կան այդ շարժ­ման ան­մի­ջա­պէս միա­ցաւ նաեւ Ք­րիս­տա­փոր՝ ռուս յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հետ սերտ կա­պեր հաս­տա­տե­լով եւ հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն այդ կա­պե­րը ամ­րապն­դե­լով։
­Ճե­մա­րա­նը ա­ւար­տե­լով՝ Ք­րիս­տա­փոր վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայր գիւ­ղը եւ եր­կու տա­րի ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ։ Ու­սուց­չա­կան այդ տա­րի­նե­րը Ք­րիս­տա­փո­րի մէջ ար­մա­տա­ւո­րե­ցին յե­ղա­փո­խա­կան ու ըն­կեր­վա­րա­կան խոր հա­մո­զում­նե­րու տէր գոր­ծի­չը։ ­Տե­սաւ ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեան գոր­ծած ա­ւե­րը ընդ­հան­րա­պէս գիւ­ղա­կան աշ­խար­հին եւ յատ­կա­պէս հայ գիւ­ղա­ցիու­թեան մէջ։ ­Ծա­ռա­ցաւ այն բո­լոր ա­նար­դա­րու­թեանց եւ ա­նի­րա­ւու­թեանց դէմ, ո­րոնց կ­þեն­թար­կո­ւէր հայ ժո­ղո­վուր­դը ցա­րա­կան պաշ­տօ­նէու­թեան կող­մէ պար­զա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ հայ էր…
Ա­մառ­նա­յին իր ար­ձա­կուրդ­նե­րը ­Թիֆ­լիս ան­ցը­նե­լով, Ք­րիս­տա­փոր մօ­տէն շփում հաս­տա­տեց հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ե­րե­ւան ե­կած ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման խմո­րում­նե­րուն հետ՝ յատ­կա­պէս Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի հրա­տա­րա­կած «Մ­շակ»ին շուրջ խմբո­ւած մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ծա­նօ­թա­նա­լով։ Այդ շրջա­նին է, որ Ք­րիս­տա­փո­րի մէջ սկսաւ ձե­ւա­ւո­րո­ւիլ ազ­գա­յին հո­ղի վրայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լու գա­ղա­փա­րը։ Եւ երբ 1885ին ցա­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շեց փա­կել 400 հայ դպրոց­ներ՝ ա­նոնց 20.000 ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը եւ 3000 ու­սու­ցիչ­նե­րը փո­ղոց ձգե­լով, Ք­րիս­տա­փոր իր ըն­կեր­նե­րով ձեռ­նար­կեց ժո­ղո­վուր­դին մէջ թռու­ցիկ­ներ բաժ­նե­լու եւ բո­ղո­քի ա­լիք բարձ­րաց­նե­լու շար­ժու­մին։ ­Բայց հա­յու­թիւ­նը դեռ հա­սուն­ցած չէր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­զա­տագրու­մի մտա­ծո­ղու­թեամբ եւ Ք­րիս­տա­փոր չգտաւ այն ար­ձա­գան­գը, որ հե­տա­գա­յին՝ 1903ին, պի­տի ա­ռա­ջա­նար հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման դէմ նոյ­նինքն Ք­րիս­տա­փո­րի հիմ­նած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած բո­ղո­քի շար­ժու­մին շուրջ։
1885ի վեր­ջե­րուն, մե­ծա­նուն վի­պա­սան ­Րա­ֆիի բա­րե­խօ­սու­թեամբ ­Մոս­կո­ւա­յի մե­ծա­հա­րուստ ­Մել­քոն ­Գաս­պա­րիչ ­Փա­նեան­ցէն նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն գտնե­լով՝ Ք­րիս­տա­փոր մեկ­նե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա, որ­պէս­զի բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւի։ ­Բայց մէկ կող­մէ նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ յե­ղա­փո­խա­կան տրա­մադ­րու­թեանց բոր­բո­քու­մը մղե­ցին Ք­րիս­տա­փո­րը, որ եր­կու տա­րի ետք, կի­սատ ձգե­լով հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը, վե­րա­դառ­նայ ­Թիֆ­լիս եւ ամ­բող­ջա­պէս նե­տո­ւի յե­ղա­փո­խա­կան պայ­քա­րի աս­պա­րէզ։
Ար­մե­նա­կան եւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ար­դէն կեան­քի կո­չո­ւած էին, բայց տա­կա­ւին մեծ էր թի­ւը այն խմբակ­նե­րուն, ո­րոնք ­Կա­րի­նէն մին­չեւ ­Թիֆ­լիս եւ ­Մոս­կո­ւա յե­ղա­փո­խա­կան բուռն խմո­րում­նե­րու մէջ էին, բայց միա­ւո­րո­ւած չէին եւ ցի­րու­ցան վի­ճակ կը պար­զէին։ Ք­րիս­տա­փոր ձեռ­նար­կեց ե՛ւ նո­րաս­տեղծ զոյգ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ե՛ւ ան­ջա­տա­բար պայ­քա­րի լծո­ւած խմբակ­նե­րը ի­րա­րու մօտ բե­րե­լու եւ միաց­նե­լու աշ­խա­տան­քին։ ­Թէեւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ­Ռու­բէն ­Խա­նա­զատ հա­մա­ձայ­նու­թիւն յայտ­նեց դաշ­նակ­ցու­թեան մը մէջ բո­լոր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ի մի բե­րե­լու գա­ղա­փա­րին, բայց Հն­չա­կեան ­Կեդ­րո­նը հե­տա­գա­յին մեր­ժեց միա­նալ նո­րա­կազմ հո­սան­քին՝ հա­մա­ձայն չգտնո­ւե­լով ա­պա­կեդ­րոն կազ­մա­կեր­պու­թեամբ գոր­ծե­լու Ք­րիս­տա­փոր­նե­րու վար­քա­գի­ծին եւ այդ­պէ՛ս, 1890ի ամ­րան, յատ­կա­պէս Ք­րիս­տա­փո­րի ու ­Զա­ւա­րեա­նի ջան­քե­րով, ծնունդ ա­ռաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը։
­Նո­րաս­տեղծ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­կան տար­բեր աշ­խար­հա­յեաց­քի տէր հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու դաշ­նադ­րու­մին-միա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ ա­ռանց­քա­յին ե­ղաւ Ք­րիս­տա­փո­րի անձ­նա­կան ներդ­րու­մը։ Ո­րո­շա­պէս իր նկա­րագ­րին շնոր­հիւ՝ Ք­րիս­տա­փոր յա­ջո­ղե­ցաւ ստեղ­ծել գա­ղա­փա­րա­կան, կազ­մա­կեր­պա­կան եւ գործ­նա­կան այն հա­մախմ­բող ա­ւա­զա­նը, ուր ի­րա­րու կա­պո­ւե­ցան անխ­տիր բո­լո­րը՝ եր­կու տա­րի ետք, 1892ին, դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, պաշ­տօ­նա­պէս վե­րա­ծո­ւե­լու հա­մար ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան։
Այ­նու­հե­տեւ սկսաւ նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թիւ­նը գա­ղա­փա­րա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ մար­տա­կան ինք­նա­հաս­տատ­ման հու­նով գործ­նա­պէս յա­ռաջ մղե­լու դժո­ւա­րին աշ­խա­տան­քը։ ­Զա­ւա­րեա­նի եւ ­Ռոս­տո­մի հետ գոր­ծակ­ցա­բար՝ Ք­րիս­տա­փոր ա­մուր հի­մե­րու վրայ դրաւ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ը, ո­րուն է­ջե­րուն լոյս տե­սան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ծ­րա­գիրն ու քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը հիմ­նա­ւո­րող Ք­րիս­տա­փո­րի ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւած­նե­րը։ Ք­րիս­տա­փոր նաեւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Ժը­նեւ՝ «Դ­րօ­շակ»ի կող­քին ար­տա­սահ­մա­նեան քա­րոզ­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու, «Փ­րօ Ար­մե­նիա»ն ­հիմ­նե­լու եւ Երկ­րի մէջ ծա­ւա­լած կեն­դա­նի պայ­քա­րին ի սպաս Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին հա­յան­պաստ շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լու հա­մար։
Ար­դէն իր ու­ղին գտած եւ գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տը մե­ծա­պէս ընդ­լայ­նած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան առ­ջեւ նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ դրո­ւե­ցան 1890ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն։ ­Յե­ղա­փո­խա­կան բուռն կռի­ւը զէն­քի եւ զի­նամ­թեր­քի յա­րա­ճուն աղ­բիւր­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը շեշ­տած էր, իսկ հայ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թիւ­նը՝ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ան­յա­ջո­ղու­թիւ­նը պատ­րո­ւակ գոր­ծա­ծե­լով, ընդ­հան­րա­պէս վար­կա­բե­կել կը փոր­ձէր հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը։
Ք­րիս­տա­փոր վե­րա­դար­ձաւ ­Կով­կաս եւ ձեռ­նար­կեց «­Փո­թո­րիկ»ին, որ հայ ու­նե­ւոր խա­ւը դրաւ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծին նիւ­թա­պէս զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ, ի հար­կին ծան­րա­գոյն պա­տի­ժի են­թար­կե­լով ­Ժամ­հա­րեա­նի օ­րի­նա­կով այն մե­ծա­հա­րուստ­նե­րը, ո­րոնք ոչ միայն ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը մեր­ժե­ցին բե­րել ընդ­հա­նուր պայ­քա­րին, այ­լեւ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց մօտ մատ­նի­չի ա­մօ­թա­լի վարք դրսե­ւո­րե­ցին՝ ցա­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւնն ու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը խնդրե­լով ընդ­դէմ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն։
Վ­րայ հա­սան պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ մե­ծակ­շիռ զար­գա­ցում­ներ.- ա.) 1903ի հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման ցա­րա­կան հրա­մա­նա­գիրն ու ա­նոր դէմ ծա­ւա­լած հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ըմ­բոս­տա­ցու­մը. բ.) ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թիւնն ու հա­մի­տեան նոր ջար­դե­րը ան­զէն հա­յու­թեան դէմ։
­Դէմ յան­դի­ման այդ բո­լո­րին՝ Ք­րիս­տա­փոր իր տա­րեր­քին մէջ էր, բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ յե­ղա­փո­խա­կան կռո­ւի վճռա­կա­նու­թեան թափ տա­լով, հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծը ա­մուր հի­մե­րու վրայ դնե­լով, Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին ի նպաստ հա­յու­թեան ազ­դու շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լով։
Ա­հա այդ մթնո­լոր­տին մէջ, Ք­րիս­տա­փոր Հ.Յ.Դ. Եր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցուց ­Կար­միր ­Սուլ­թա­նը ա­հա­բե­կե­լու ծրա­գի­րը, ստա­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Կամ­քը ներ­կա­յաց­նող ժո­ղո­վին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը եւ ան­ձամբ լծո­ւե­ցաւ ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան։
­Բայց ճա­կա­տա­գի­րը ու­րիշ եւ դառ­նա­գոյն վախ­ճան վե­րա­պա­հեց ­Հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան յանդգ­նու­թեան անկրկ­նե­լի ռահ­վի­րա­յին։ ­Վի­տոշ լե­րան լան­ջին, ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ, Վ­ռամ­շա­պուհ ­Քեն­տի­րեա­նի հետ ռում­բի փոր­ձարկ­ման պա­հուն, 1905 թո­ւա­կա­նի ­Մարտ 17ին, ­Մեծ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը իր ըն­կե­րոջ հետ զոհ գնաց ռում­բի ա­պա­ժամ պայ­թու­մին…
46 տա­րե­կա­նին կտրո­ւե­ցաւ կեան­քի թե­լը Ք­րիս­տա­փո­րի։
Իր մար­տի­րո­սա­ցու­մով եւս՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դի­րը պատ­մա­կան օ­րի­նակ մարմ­նա­ւո­րեց.- ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռաջ­նոր­դը սե­փա­կան օ­րի­նա­կը տո­ւաւ յա­նուն գա­ղա­փա­րի իր սե­փա­կան գե­րա­գոյ­նը զո­հա­բե­րե­լու յանձ­նա­ռու­թեան։
Ք­րիս­տա­փոր իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն եւ գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ հռչա­կո­ւե­ցաւ «­Մար­դա­կերտ», ո­րով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ընդ­հա­նուր կե­ցու­թեան բա­րե­փոխ­ման ճամ­բով՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մեծ դար­բի­նը հե­տա­մուտ ե­ղաւ ­Հա­յու հո­գե­կեր­տուած­քին յե­ղաշրջ­ման՝ ստրկա­ցո­ւած հա­յուն սե­փա­կան տկա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ ար­տա­քին թէ ներ­քին կաշ­կան­դում­նե­րէ ա­զա­տագ­րեալ լիար­ժէք ­Հա­յը կեր­տե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան։
Այդ մղու­մով՝ Ք­րիս­տա­փոր հայ ժո­ղո­վուր­դի ստրկամ­տու­թիւ­նը եւ ե­սա­պաշ­տու­թիւ­նը «­Պատ­մա­կան ­Չա­րիք» ո­րա­կեց ու յոր­դո­րեց՝
«­Մենք կա­րող ենք, ի հար­կէ, նոյն մեր անձ­նա­պաշտ ա­րեան հե­տե­ւե­լով, ա­նի­ծել երկ­րագն­դիս բո­լոր քա­ղա­քա­կիրթ ազ­գե­րին էլ, որ այն ժա­մա­նակ, երբ մենք ա­նաս­նա­կան թէ սրի­կա­յա­կան, վաշ­խա­ռո­ւա­կան թէ ստրկա­կան ժպիտ­նե­րով վե­րա­բե­րո­ւե­ցինք դէ­պի օ­րա­ւուր մեր ա­ռա­ջը գտնո­ւող խնդիր­նե­րը, նրանք — այդ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը — գլխա­պա­տառ, ո­տի տակ չտո­ւին ի­րենց բո­լոր շա­հե­րը եւ հայ­կա­կան կռո­ւի դաշ­տը չգրա­ւե­ցին… Ա­յո՛, կա­րող ենք այդ էլ ա­նել, ու­րիշ շատ բա­ներ էլ ա­նել, բայց երբ պի­տի քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­մար­ձա­կու­թիւն ու­նե­նանք մի փոքր էլ մեզ վրայ անդ­րա­դառ­նա­լու եւ մեր բա­րո­յա­կան պա­կա­սու­թիւն­նե­րին, մեր վա­տա­ռողջ բնազդ­նե­րին, մեր ազ­գա­յին ախ­տե­րին՝ «պատ­մա­կան այդ չա­րի­քին» եւս՝ ո­րոշ տեղ տա­լու մեր կրած տա­ռա­պանք­նե­րի ու մեր ներ­կայ ծանր կա­ցու­թեան մէջ…»։
­Նոյն հա­մո­զու­մով էր, նաեւ, որ «մար­դա­կերտ»ի նա­խան­ձախնդ­րու­թեան ան ուղ­ղեց ու հու­նա­ւո­րեց քայ­լե­րը իր գոր­ծա­կից­նե­րուն, ինչ­պէս որ կը պատ­գա­մէր իր քրոջ զաւ­կին՝ Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի գոր­ծիչ ­Յով­սէփ ­Թա­դէո­սեա­նին, ա­նոր ուղ­ղո­ւած նա­մա­կի մը մէջ.-
«­Զար­մա­նա­լի բնա­ւո­րու­թիւն ու­նես դու. ո՛ւր գնում ես, մարդ­կանց բա­ժա­նում ես այ­ծե­րի եւ ոչ­խար­նե­րի… Այդ­պէ՛ս չի կա­րե­լի։ ­Մար­դիկ ո՛չ հրեշ­տակ­ներ են եւ ոչ էլ սա­տա­նա­ներ։ Ա­մէն մար­դու մէջ կան ե՛ւ լաւ, ե՛ւ վատ կող­մեր։ ­Պէտք է գի­տե­նալ լաւ կող­մե­րի վրայ յե­նո­ւել ու գոր­ծել։ ­Պէտք է աշ­խա­տել մարդ­կանց ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը դրսե­ւո­րել տալ…»։
­Հայ մար­դուն մէջ ա­ռա­քի­նի յե­ղա­փո­խա­կա­նը թրծող ­Մար­դա­կեր­տը ե­ղաւ ու պի­տի մնայ ան­զու­գա­կան Ք­րիս­տա­փո­րը՝
­Հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քին եւ մար­տու­նակ ու­ժին դար­բի­նը՝ յա­նուն նոր ­Հա­յաս­տա­նի վե­րած­նուն­դին ու վե­րա­կեր­տո­ւած հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մին։