Հիւսիային Յունաստանի մէջ հայութեան ներկայութիւնը պատմական բազմերես հանգրուաններ արձանագրած է վերջին հարիւր եւ աւելի երկար տարիներուն ընթացքին։ Հայկական կազմակերպ կեանքը այս գաղութներէն ներս պայմանաւորուած եղած է միշտ հայկական վարժարաններու առկայութեամբ, եւ անոնց շուրջ համախմբուող եռանդուն երիտասարդ սերունդի մը խիստ ջանքերով։
Քսանթիի մէջ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի «Արաքս» մասնաճիւղի ջանքերուն շնորհիւ պահուող միօրեայ վարժարանը՝ իր իւրայատուկ տեղը ունի Յունաստանի մէջ գործող հայկական վարժարաններուն կարգին։ Շաբաթական դրութեամբ գործող, յանձինս երիտասարդ ուսուցչուհի Սոնա Մուսայէլեանի եւ Հայ Գթութեան Խաչի վարչական ընկերուհիներուն՝ շրջանի «Կարօ Մորալեան» ակումբէն ներս կը գործէ վարժարանը, որ կը համախմբէ Քսանթիի եւ շրջակայքի մէջ բնակող պատանիներու ստուար թիւ մը։ Անոնք Կիրակի օրերը կը համախմբուին, հայկական լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը ուսումնասիրելու եւ հայկական շունչով դաստիարակուելու համար։
Դիւրին չէ ուսուցչուհիին աշխատանքը, որովհետեւ դասարանը կը համախմբէ տարբեր տարիքի պատանիներ, որոնք շաբաթը անգամ մը հնարաւորութիւնը կ‘ունենան հայերէն լեզուով արտայայտուելու, գրել-կարդալու, մինչ աւելի փոքրիկ պատանիները գծագրութիւններով եւ խաղերով կը սկսին սիրվիլ հայերէնը։
Դասերու պահերուն զուգահեռ այլ աշխատանքներ ալ կը կատարուին փոքրերուն համար։ Անցեալ շաբթու ընթացքին փորձառու նկարչուհի մը իր գիտելիքները կը փոխանցէր այն պատանիներուն, որոնք յաւելեալ ձիրք ու տաղանդ կը ցուցաբերեն նկարչութեան գաղտնիքներուն հանդէպ։ Վարժարանի սաները մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ գաղութային կեանքին, իրենց երգերով, թատերականներով եւ արտասանութիւններով ճոխացնելով տօնական հանդէսները։
Քսանթիի փոքրաթիւ բայց պատմական հարուստ անցեալ ունեցող գաղութը, յաջողած է հայկական իր շունչը պահել՝ շնորհիւ կազմակերպ միութենական կեանքին մասնակցող հայրենակիցներուն։
Անոնց մեծ մասը հայկական վարժարանը աւարտած սաներն են, որոնք ջերմ զգացումներ կը շարունակեն տածել իրենց դպրոցին հանդէպ։
Բարի ու յաջող ուսումնական տարեշրջան կը մաղթենք Քսանթիի միօրեայ դպրոցին։