Շուշիի շրջանի Քարին Տակ համայնքին մէջ Յուլիս 10ին տեղի ունեցաւ նոր կառուցուած մանկապարտէզի շէնքի բացման արարողութիւնը:
«Արցախփրես»ի թղթակիցին՝ Քարին Տակ համայնքի ղեկավար Մխիթար Առուշանեան ըսած է, որ շէնքը կառուցուած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի եւ Արցախի կառավարութեան համատնտեսաւորմամբ:
«50 տեղանոց մէկ յարկանի մանկապարտէզը ունի անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւնները` ննջասենեակ, ճաշասենեակ, խաղասրահ: Մանկապարտէզ յաճախող երեխաներուն թիւը 28 է. աւելանալու միտում կայ»,- նշած է ան:
Արարողութեան ներկայ եղած են Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, պատգամաւորներ, գիւղացիներ եւ այլք:
Քարին Տակ
Քարին Տակի մէջ տեղի ունեցաւ նոր մանկապարտէզի բացման արարողութիւնը