ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Անգամ մը եւս Հայաստանի հարազատները կանչեցին մեզ, որ միասնաբար փոխենք տարին հայրենիքին մէջ: Երկար մտածելէ ետք, գերակշռելով կարօտը, որոշեցինք ընդառաջել ազնիւ հրաւէրին:
Դեկտեմբեր 30ի կէսօրին ուղղուեցանք դէպի օդակայան: «Ազատ Օր»էն արդէն իմացած էինք, որ նախորդ օրը ատրպէյճանական բանակը փորձեց, Տաւուշի սահմանէն, ներխուժել Հայաստան՝ ստանալով արժանի պատասխանը մեր ռազմիկներէն: Սակայն երեք հայ ընտանիքներ եւս պիտի չտօնեն այս օրերուն:
Ուքրանիա՝ սպասելով օդանաւը դէպի Երեւան, սրահին մէջ ամէնուրեք կը լսուի մեր մայրենին: Չեմ գիտեր, եթէ պէտք է ուրախանամ, որ շրջապատուած եմ հայրենակիցներով կամ տխրիմ, որ այսքան շատ են պանդուխտ հայերը:
Պտտելով ձիւնոտ ու սիրուն զարդարուած մայրաքաղաքին մէջ՝ առաջին հայեացքէն իսկ, յայտնի են փոփոխութիւններ, որ կը ցոլացնեն «եւրոպականացման» ուղղութիւն մը: Նորաոճ եւ անշուք բազմայարկանի շէնքեր, ուր կը տեղակայուին ծառայութիւններ, տպաւորիչ հիւրանոցներ եւ նոր առեւտրական կեդրոններ: «Mall»երը իրենց գեղեցիկ խանութներով, սրճարաններով, ճաշարաններով, սուփերմարքէթներով (հանրախանութներով) ու շարժապատկերի սրահներով կ’ընդունին բազմաթիւ յաճախորդներ: Անշուշտ երբ թաքսի նստողը հասկցուի վարորդէն, որ սփիւռքահայ է, փոխադրման արժէքը հաւանաբար աւելնայ… մի քիչ:
Նոր Տարուայ գիշեր է: Երեւանցին քանի մը օրուան համար մէկդի կը ձգէ իր կենցաղային իրավիճակի ծանր, երբեմն ալ դաժան, խնդիրերը եւ կը պատրաստուի սեղան դնելու ու հիւրեր ընդունելու: Հայաստանի մէջ տօնական մթնոլորտը կը տիրէ մինչեւ Յունուար 13, երբ կը նշուի հայոց հին տոմարով Ամանորը: Ազգականները եւ բարեկամները կը կատարեն փոխադարձ այցելութիւններ, մեկուսի կամ ընտանիքով: Բայց ժամանակը անցաւ եւ դեռ մազերս չեմ կտրած: Սակայն հարցը կը լուծուի լաւ ընկերոջ մը բարեխօսութեամբ:
Վերջապէս սպասուած պահը կը հասնի: Տան մէջ արդէն հաւաքուած ենք ընտանեկան ճոխ սեղանին շուրջ: Հեռատեսիլէն կը հնչէ «Մեր Հայրենիք»ը: Իրար կը զարնենք շամբայնով լի բաժակները ու կ’ելլենք դուրս, որ դիտենք հրավառութիւնը, որ կը բարձրանայ Երեւանի երկինքին:
Կաղանդ Պապան, օգտուելով մեր կարճատեւ բացակայութենէն, Տօնածառին տակ կը ձգէ նուէրներ՝ մեծերու եւ փոքրիկներու համար:
Կաղանդի սեղանին անհրաժեշտ են չոր միրգերը, պտուղները եւ փուռի եփուած խոզի «պուտ»ը: «Երեւանի սիրուն աղջիկներ»ը, գեղանի հայուհիները, կը կատարեն իրենց լաւագոյնը, «մայրիկներու» օգնութեամբ: Ուտեստեղէններու տեսականիները բազմաթիւ են՝ պանիրներ, երշիկներ, «սուճուխ», ապուխտ («պաստրմա»), հաւով եւ նուռով աղցան, «թուրշու», ձիթապտուղ, «տոլմա», կարագով կարմիր խաւեար, «գոթլեթ», «պլինջիկ» (ռուսական «սպրինկ րոլ»՝ «խյմայ»ով կամ պանիրով), երբեմն ալ հնդկահաւ եւ Գաւառի «քիւֆթա» (քարով ծեծուած տաւարի միս): Գրեթէ անպակաս է «իջլի քիւֆթա»ն: Այցելութեան մը ընթացքին, գիւմրեցի անուշիկ տանտիկինը հրամցնելով զայն, զգուշացուց մեզ.- «միջուկի մը մէջ կայ զէյթուն (ձիթապտուղ): Ըստ Գիւմրրի աւանդոյթին՝ բախտ է գտնողին համար»: Անուշեղէններէն կարելի է նշել «բախլավա»ն, գաթան, «նափոլէոն»ը եւայլն:
Արդէն Յունուար 5ն է, կէսօրէ ետք: Խորհրդային տարիներու հակակրօնային մթնոլորտը կարծես թէ հեռաւոր անցեալ մըն է: Հայ ժողովուրդը, միշտ բարեպաշտ, խուռներամ կ’ուղղուի դէպի եկեղեցի: Հասնելով Սուրբ Էջմիածին, վանքի տարածքին կարելի է նկատել նոր շինութիւններ, շքեղ սրահներ եւ խաչքարներ: Ձիւնը կը տեղայ եւ ցուրտ քամին արցունք մը կը բերէ աչքիս:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոսը, մտնելով մայր տաճար, ձեռամբ կ’օրհնէ հաւատացելներուն: Կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ երկսեռ երգչախումբի հիասքանչ երգեցողութեամբ: Արդեօք հրեշտակնե՞րը իջան երկինքէն: Աւարտին՝ Վեհափառ Հայրապետը երեք անգամ կը բացագանչէ.- «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ», ստանալու համար ժողովուրդին պատասխանը. «Օրհնեալ է Յայտնութիւնը Քրիստոսի»: Ապա՝ կը բաշխէ Ճրագալոյցի «Լոյս»ը, որ մարդիկ տանին տուն ու պահեն: Մինչ այդ վանքին ծառերը լուսաւորուած են՝ զանազան գունաւորումներով:
Սուրբ Ծնունդի ճաշասեղանը կը պարունակէ եւս՝ բրինձ չամիչով ու չոր միրգերով եւ ձուկ՝ իշխան, Արաքս գետի բելամոր կամ ուրիշ: Տրամաբանական է առատ խմիչքի գոյութիւնը՝ գինի, կոնյակ եւ օղի: Բաժակաճառներուն կը յիշատակուին նաեւ «կեանքէն բացակաները»: Յաջորդ օրը, Մեռելոցին, անոնք ալ պիտի ընդունին «այցելուներ»:
Այսպէս ալ հասաւ վերջին օրը ինծի համար: «Համալիր»ին կայ մանկական ներկայացում: Երեկոն կ’աւարտի Կասկատի կոկիկ սրճարանի մը մէջ, համտեսելով «սբաս» (թանապուր):
Մեկնելով՝ կը յիշեմ նաեւ ազնիւ պարոնի մը բաժակաճառը. «Հայը ետ ձգած է այդ մութ տարիները: Այսօր թէեւ ունի մեծ դժուարութիւններ, կրնայ դարձեալ սեղան դնել եւ հիւր ընդունիլ: Ասիկա յաղթանակ մըն է»:
2016ին տօնեցինք մեր երկու Անկախ Հանրապետութիւններուն 25ամեակը: Սակայն՝ անցած տարին ցնցիչ էր համայն հայութեան համար: Երանի թէ 2017ը Հայաստանի-Արցախի-Սփիւռքի համար ըլլայ խաղաղ եւ ստեղծագործական: