Նէոս Գոզմոսի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին՝ 1950ականներուն
Արխիւային այս լուսանկարը ցոյց կու տայ երբեմնի Տուրղութիի (Նէոս Գոզմոս) հայոց Սուրբ Կարապետ փայտաշէն ու թիթեղածածկ եկեղեցին։ Լուսանկարը 1950ի թուակիր է եւ մեծ հաւանականութեամբ կը ներկայացնէ Հաճնոյ Հերոսամարտի Օրուան տօնախմբութիւնը՝ հոծ բազմութեամբ, սկաուտներու մասնակցութեամբ եւ Հաճնոյ հերոս նահատակներու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման ու յարգանքի դափնեպսակով։