Տխրունի — Մարօ Օննիկեան

0
241

­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան մէջ նո­ւի­րու­մի ու գա­ղա­փա­րա­կան ան­սա­կարկ հա­ւա­տար­մու­թեան կաղ­նի մը եւս, իր կեան­քի գրե­թէ մէկ­դա­րեայ տե­ւո­ղու­թեամբ, ճամ­բան ա­ռաւ դէ­պի ան­դե­նա­կան։
Դ­ժո­ւար է ամ­բող­ջու­թեամբ ար­տա­յայ­տո­ւիլ բո­լո­րէն յար­գո­ւած ու սի­րո­ւած ըն­կե­րու­հի ­Մա­րօ Օն­նի­կեա­նին մա­սին, որ իր աչ­քե­րը յա­ւի­տե­նա­պէս փա­կեց Ե­րեք­շաբ­թի, 12 ­Մա­յիս 2026-ի օ­րը, մին­չեւ խոր ծե­րու­թիւն վա­յե­լած ըլ­լա­լով ըն­տա­նի­քի ջերմ գուր­գու­րանքն ու խնամ­քը։
­Լե­ցուն ե­ղաւ կեան­քը ­Մա­րո­յին, այն ալ միշտ կա­պո­ւած յու­նա­հայ գա­ղու­թի ի­րա­կա­նու­թեան հետ, ո­րուն սառ օ­րե­րուն ա­կա­նա­տեսն ու դառն ճա­շա­կո­ղը դար­ձաւ, սա­կայն իր հե­տա­գայ անս­պառ կո­րո­վը, վե­րապ­րու­մի ո­գին, ցաւն ու վիշ­տը կեան­քի բա­րի­քի վե­րա­ծե­լով, զա­նոնք դրոշ­մեց գա­ղու­թի ու հա­յու­թեան ա­մէն քայ­լա­փո­խին վրայ, ցոյց տա­լով զօ­րա­ւոր ան­հա­տա­կա­նու­թեան, ի­մա­ցա­կան կա­րո­ղու­թեան, բարձր ար­ժէք­նե­րու եւ նուի­րա­կան կեան­քի ան­խոնջ զի­նո­ւո­րի մը բա­ցա­ռիկ յատ­կա­նիշ­ե­րը։
­Մա­րօ Օն­նի­կեան մտա­ւո­րա­կան կազ­մա­ւոր­ման, հայ միտ­քի ու գի­րի հա­մեստ սպա­սար­կու մը ըլ­լա­լով, ցոյց տո­ւաւ սե­րուն­դի մը այն բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ու­ղեն­շա­յին յատ­կու­թիւն­ներն էին բո­լոր ա­նոնց, որ ան­դի­մադ­րե­լի կիր­քով ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ ա­ռին սոս­կա­լի ցնցում­նե­րէն ետք հիւ­ծած գա­ղու­թի մը վե­րա­կեն­սա­ւոր­ման պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։
Իս­կա­պէս, պար­տա­կա­նու­թեան գի­տա­կից անձ մըն էր հան­գու­ցեա­լը։ ­Թե­րեւս, ներ­կայ սե­րունդ­նե­րը նո­ւազ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նին ­Մա­րո­յին մա­սին, — կեան­քի թա­ւա­լու­մը, հի­նե­րու մեկ­նու­մը միա­սին կը տա­նին նաեւ ապ­րում­ներ ու յի­շո­ղու­թիւն­ներ – ­սա­կայն, կը մնայ անջն­ջե­լի հետ­քը ե­րախ­տա­ւո­րին, որ յա­մառ տո­կու­նու­թեան մարմ­նա­ցու­մը ե­ղաւ գա­ղու­թա­հայ կեան­քին։
­Մա­րօ Օն­նի­կեան ծնած էր Ա­թէնք, 1929-ին, մտա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քէ մը ներս։ Իր հայրն էր վաս­տա­կա­շատ ու­սու­ցիչ եւ կու­սակ­ցա­կան հան­րա­յին գոր­ծիչ, տա­րա­բախտ ­Մա­նուկ ­Մա­նու­կեա­նը, որ իր կեան­քի թե­լը միան­գա­մընդ­միշտ խո­ցո­ւե­ցաւ անս­պա­սե­լի պա­հու մը, քստմնե­լի ոճ­րա­գոր­ծու­թեան մը հե­տե­ւան­քով, որ իր մռայլ ու մութ շու­քը թո­ղեց ­Մա­րո­յի նրբազ­գաց պա­տա­նե­կան կեան­քին վրայ։
­Մա­նուկ ­Մա­նու­կեան, յու­նա­հայ գա­ղու­թի ղե­կա­վար գոր­ծիչ ­Միհ­րան ­Փա­փա­զեա­նի, ա­նոր կնոջ Ար­շա­լոյս ­Փա­փա­զեա­նի եւ զաւ­կին ­Սեր­գօ Օն­պա­շեա­նին հետ զո­հը կը դառ­նար ա­նարգ մար­դասպա­նու­թեան մը, որ ծայր ա­ռաւ 1944-ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ­Յու­նաս­տա­նի եղ­բայ­րաս­պան կռիւ­նե­րուն ժա­մա­նակ, կռնա­կէն հա­րուած ստա­ցած ըլ­լա­լու տմար­դի չա­րա­գոր­ծու­թեամբ։
Որ­քան ալ այդ ան­հա­ւա­տա­լի ա­րար­քը իր սեւ բի­ծե­րը թո­ղեց յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան վրայ, կա­րե­լի չէ նկա­րագրել մարդ­կա­յին ցա­ւը, դառ­նու­թեան վիշ­տը, խո­րունկ վեր­քի ձգած սպին, որ յատ­կան­շեց ­Մա­րո­յին բո­վան­դակ կեն­ցա­ղը։ Կ­՚ը­սո­ւի, թէ 15-ա­մեայ ­Մա­րո­յին վրայ ին­կաւ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ստու­գե­լու հօր անշն­չա­ցած մար­մի­նին ինք­նու­թիւ­նը, մէկ ան­գա­մէն ճա­շա­կե­լով պա­տա­նե­կան կեն­սու­րախ ու փխրուն տա­րի­քի տա­պա­լու­մը, մին­չեւ վերջ յի­շե­լով նա­հա­տակ հօր ու մտա­ւո­րա­կան մար­դուն գա­զա­նա­յին շի­ջու­մը։
­Մա­րոն իր ամ­բողջ ու­ժով նե­տո­ւե­ցաւ գա­ղու­թի հան­րա­յին կեան­քին մէջ, լուռ խոս­տում մը տո­ւած ըլ­լա­լով իր հօր, որ պի­տի շա­րու­նա­կէ նո­ւի­րու­մի ճամ­բան, հօր ա­նա­ւարտ գոր­ծին հետ­քե­րէն քա­լե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ, վե­րապ­րե­լու հա­ւատ­քով, դար­ձեալ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու եւ հա­ւա­տա­ւոր զի­նո­ւոր մը դառ­նա­լու գի­տակ­ցու­թեամբ։
­Զի­նո­ւոր մըն էր ­Մա­րոն, բա­ռին բուն ի­մաս­տով ու տա­րո­ղու­թեամբ։ ­Գոր­ծեց յու­նա­հայ գա­ղու­թի զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս, մա­նա­ւանդ իր մէջ ար­մա­տա­ւո­րած ու­նե­նա­լով Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան վսե­մա­գոյն ի­տէալ­նե­րը, ո­րոնց ա­ռա­ջին սեր­մե­րը ար­դէն իր ման­կա­կան էու­թեան մէջ ցա­նած էր ե­ղե­րա­բախտ հայ­րը։
­Տա­կա­ւին պա­տա­նի էր ան, երբ ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րու­մով մտաւ «Ա­զատ Օր»-ի ըն­տա­նի­քէն ներս, որ­պէս գրա­շար ու աշ­խա­տող, հա­յա­կեր­տու­մի ու հայ միտ­քի մեծ դարբ­նո­ցին մէջ թրծո­ւե­լու հա­մար գա­ղա­փա­րա­կան պա­շա­րով, ո­րուն շտե­մա­րա­նը գուր­գու­րան­քով պա­հեց մին­չեւ վերջ։ ­Թեր­թը դար­ձաւ իր կռո­ւա­նը, շնչեց կեն­դա­նի ո­գին Ան­տոն ­Կա­զէ­լին, ­Սեդ­րակ ­Գո­հա­րու­նիին, ­Վազ­գէն Ե­սա­յեա­նին ու Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նին, ո­րոնք ­Մա­րո­յին հո­գեմ­տա­ւոր կազ­մո­ւած­քին մէջ տե­սան հօր նա­յո­ւած­քը, ա­նոր բո­ցա­շունչ միտ­քը։ ­Մա­րոն մին­չեւ իր կեան­քի վեր­ջին կա­թիլ­նե­րը մնաց թեր­թի հա­ւա­տա­րիմ հե­տե­ւոր­դը։ ­Շա­րեց ա­նոր տա­ռե­րը, զգաց մես­րո­պեան ո­գիին սփո­փան­քը, յօ­դո­ւած­ներ ստո­րագ­րեց, նոյ­նիսկ չվա­րա­նե­ցաւ հե­տա­գա­յին իր ուղ­ղա­միտ թե­լադ­րանք­նե­րով օգ­տա­կար դառ­նալ ի­րե­րա­յա­ջորդ սպա­սա­ւոր­նե­րուն, միշտ «Ա­զատ Օր»-ի ա­նու­նին մէջ տես­նե­լով ու զգա­լով թեր­թի ան­փո­խա­րի­նե­լի դերն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը սե­րունդ­նե­րուն վրայ։
­Գա­ղու­թի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ան­ցաւ հան­գու­ցեալ ­Մա­րոն։ Այդ օ­րե­րու Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դաց ­Միու­թեան ան­դամ, կու­սակ­ցա­կան եր­դու­մին գի­տա­կից, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան նո­ւի­րա­կան աշ­խա­տող, հայ կեան­քի ա­մէն դար­ձին ներ­կայ, ա­մուս­նոյն կու­սակ­ցա­կան եւ ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն զօ­րա­վիգ, զա­ւակ­նե­րուն հա­յե­ցի կազ­մա­ւո­րում տա­լու բարձր ըմբռ­նում։ ­Հա­ւա­նա­բար, քի­չե­րու վի­ճա­կո­ւած ըլ­լայ ցա­ւէն դէ­պի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն տա­նող ճամ­բա­նե­րու ա­կո­սու­մը, ո­րուն ե­տին ցա­նած սեր­մե­րը դար­ձան պտղա­տու ծա­ռեր։
­Մա­րոն իր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը եւս ծա­ւա­լեց մշա­կու­թա­յին բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Երբ յու­նա­հայ կեան­քի մշա­կու­թա­յին նո­ւա­ճում­նե­րը ի­րենց պտղա­բեր օ­րե­րը կ­՚ապ­րէին, թի­ւե­րով կա­րե­լի չէ համ­րել ­Մա­րո­յին ներ­կա­յու­թիւ­նը բե­մին վրայ, թա­տե­րա­կան եւ գրա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, ուր իր յատ­կան­շա­կան ձայ­նը, դե­րե­րը ամ­բող­ջա­պէս մարմ­նա­ւո­րե­լու յատ­կու­թիւ­նը, բո­ցա­վա­ռող ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը կը զար­դա­րէին ­Հա­մազ­գա­յի­նի ար­գա­սա­բեր գոր­ծու­նէու­թեան տար­բեր ե­րես­նե­րը։
Իր կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րեց յու­նա­հայ գա­ղու­թի ե­րախ­տա­շատ սպա­սար­կու եւ նո­ւի­րեալ ղե­կա­վար Օն­նիկ Օն­նի­կեա­նին հետ։ ­Բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցան եր­կու դուստ­րե­րով, ­Լու­սին եւ Ա­նին, ո­րոնց կա­նու­խէն մղե­ցին պա­տա­նե­կան, ե­րի­տա­սար­դա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ազ­գա­յին գոր­ծու­նէու­թեան, հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լա­լու պա­հան­ջով հայ ազ­գին նո­ւի­րա­բե­րե­լու պար­տա­կա­նու­թեան դի­մաց։
Երբ այ­լեւս տա­րի­նե­րու ծան­րու­թիւ­նը սկսաւ կքել ­Մա­րո­յի ու­սե­րը, ան աս­տի­ճա­նա­բար կորսն­ցուց իր տե­սո­ղու­թիւ­նը եւ ա­ռանձ­նա­ցաւ իր ըն­տա­նի­քի ջերմ խնամ­քին տակ։ ­Նոյ­նիսկ այն ժա­մա­նակ, երբ այ­լեւս «Ա­զատ Օր»-ը իր ձեռ­քը առ­նե­լու ֆի­զի­քա­կան տկա­րու­թեան մէջ սա­հե­ցաւ, պա­հան­ջեց, որ իր շուր­ջին­նե­րը կար­դան թեր­թը, ու ան գէթ լսե­լով միայն, ապ­րի ու շնչէ տա­ռե­րու ու­ժը, հայ լե­զո­ւի ցայ­տող քա­մին, նոյ­նիսկ թեր­թին անհրա­ժեշտ թե­լադ­րանք մը ը­նե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը պա­հե­լով իր հո­գեմ­տա­յին խառ­նո­ւած­քին մէջ։
­Յու­զու­մով կը վեր­յի­շենք այն պա­հը, երբ «Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կի հան­դի­սա­ւոր նշու­մին օ­րը, իր դուստ­րը՝ ­Լու­սին, ստա­ցաւ մօր յի­շա­տա­կի նո­ւէ­րը, ար­ձա­գան­գե­լով ե­րախ­տա­պարտ յու­զիչ ձայ­նը թեր­թի սպա­սա­ւո­րին, որ­պէս ար­ժան եւ ի­րաւ հա­տու­ցում։
­Մա­րօ Օն­նի­կեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ուր­բաթ, 15 ­Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, որ պատ­շաճ քա­րո­զով մը վեր ա­ռաւ հան­գու­ցեա­լի բազ­մաբ­նոյթ ար­ժա­նիք­նե­րը։ ­Գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ դամ­բա­նա­կան խօ­սե­ցաւ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գափ­լա­նեան։ Ա­պա, մար­մի­նը թա­ղո­ւե­ցաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի ըն­տա­նե­կան դամ­բա­րա­նին մէջ, ըն­կեր­նե­րու եւ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան, «­Վէր­քե­րով լի» եր­գի կշռու­թա­ւոր հնչիւ­նին տակ, որ­պէս վեր­ջին հրա­ժեշտ գա­ղա­փա­րա­կան նո­ւի­րու­մի տէր՝ ­Մա­րո­յի ան­մո­ռաց յի­շա­տա­կին։
­Սա­կա­ւա­թիւ տո­ղե­րը բա­ւա­րար չեն բնո­րո­շե­լու ­Մա­րօ Օն­նի­կեան սոս­կա­կան մարդն ու հա­ւա­տա­ւոր նո­ւի­րեա­լը։ ­Սա­կայն, ե­տին թո­ղած յի­շա­տա­կի հետ­քե­րը կը մնան անջն­ջե­լի, որ­պէս կեն­դա­նի օ­րի­նակ շա­րու­նա­կո­ւող եր­թին հա­մար։
­Հան­գիստ՝ իր տա­ռա­պած ա­ճիւ­նին։

Ք.Է.