Հրանդ Տինքի սպանութեան տասներորդ տարելիցին՝ Ռաքէլ Տինքի արտասանած խօսքը
Տասը տարի: Ըսելը դիւրին է: Ճիշդ տասը տարի: Առանց քեզ բնաւ դիւրին չէր: Առանց քեզ ըլլալ, սիրելիիդ մօտ չըլլալը, մանաւանդ նենգ ծրագիրով մը ինձմէ առնուիլը աւելի ցաւ կը պատճառէ, աւելի վիշտ ու թախիծով լեցուն է:
Հիմա ես ի՞նչ ըսեմ անոնց, որոնք քսան տարի է, երեսուն, քառասուն տարիէ ի վեր այս ցաւը կը տանին: Ի՞նչ ըսեմ անոնց, որոնց զաւակը սպաննուած է:
Տասը տարուան մէջ սորվեցայ, թէ ինչպէ՜ս արցունքներս կը թրջեն ոսկորներս, թէ որքա՜ն աղի են:
Մեծ համբերութեամբ սորվեցայ, թէ ինչպէ՜ս ատելութեան եւ զայրոյթի դէմ կարելի է պայքարիլ:
Երբ քու չգոյութեանդ մասին մտածեմ, կարծես կրակ մը մարմինս կ՚այրէ ու կ՚այրէ. կարծես՝ եթէ մաշկս վերցնեմ, տակէն կրակ պիտի ժայթքէ:
Տասը տարուան ընթացքին ինչե՜ր-ինչե՜ր պատահեցան:
Ա՜հ, սիրելիս:
Մալաթիայի կոտորածը, Իսկենտէրուն, Սեւակ Պալըքճը, Ռոպոսքի, Կեզիի դէպքերը, Սուրուջ, Տիարպեքիր, Սուր, Մարտին, Նուսայպին, Ճիզիր, Շըրնաք, Թահիր Էլչի, Անգարա, Յուլիս 15, Մաչքա, Իզմիր, Այնթապ, Օրթագիւղ, Օդակայան, Միջին Արեւելքի պատերազմ: Գործողութիւններ, ահաբեկչութիւն, եւ տակաւին ինչե՜ր…
Երկիրը արեան լճակի վերածուած է:
Ոմանք ցանկացան լոգնալ մարդու արեան մէջ: Երկիրը մղձաւանջի մը մէջ է: Մարդիկ սկսան վախնալ, շնչահեղձ ըլլալ: Անձնաւորութիւններ ոտքի տակ առնուեցան: Արժանապատուութիւնը ոտնակոխ եղաւ, արհամարհուեցաւ:
Կարծես մայրեր իրենց զաւակները ծնած ըլլան՝ հողին յանձնելու համար: Կը խրախուսեն ծնելիութիւնը, բայց ոչ ոք կը մտածէ ծնունդներուն կեանքի իրաւունքը պաշտպանելու մասին:
Ամէն օր եւ ամէն գիշեր գործուած այլ ոճիրները, աշխատանքի ոճիրները, կանանց դէմ ոճիրները չեն նկատուիր որպէս քաղաքական ոճիր: Ոչ ոք պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ:
Ահաբեկչութեան ուժի եւ ուժին ահաբեկչութեան միջեւ դարձեալ ժողովուրդն է տուժողը:
Որո՛ւ ինչի՜ն ի՛նչ ըսած ըլլալը չի փոխեր մեր գլխուն եկած արհաւիրքը:
Այն պետութիւնները, որ կ՚ըսեն, թէ ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարին, իրենց պատճառած ահաբեկչութեամբ կը նոյնանան ահաբեկիչներուն հետ: Օր մը այդ պետութիւնը Ա.Մ.Նահանգներն են՝ Ապու Ղուրէյպի մէջ. ուրիշ օր մը Ռուսիան է՝ Հալէպի մէջ. օր մըն ալ հարաւ-արեւելքի մէջ Թուրքիան է. այլ օր մը Սուրիան է՝ ընդդիմադիրներուն դէմ…
Օր մը հիւսիսէն փչող քամին կը հնձէ մահուան դաշտը, ուրիշ օր մը՝ հարաւէն փչողը… Իսկ անիծեալ հունձքը քաղողը դարձեալ մենք են, դարձեալ ժողովուրդս… Մեր ծովափներուն երեխաներու դիակներ կը բարձրանան… Կա՞յ ասկէ աւելին:
Ո՛վ երկինք եւ երկիր… Ո՛վ լեռներ եւ ծովեր… Վե՛ր կեցէք եւ վկայ կեցէ՛ք: Այս հողերուն վրայ թափուած արիւնին դո՛ւք վկայ եղէք: Քանի որ մարդիկը լռեցին, լռեցուեցան: Մեռաւ, սպաննուեցաւ: Սգալու կարողութիւնն իսկ հատած է: Բռնատիրութիւնը եւ մարդասպանութիւնը անցած են բոլոր սահմանները: Խելքերը կեցած են, խելացիները ոչնչացուեցան:
Ելէ՛ք լեռներ ու ծովեր, երկինք եւ երկիր… Դո՛ւք եղէք վկան: Պատմութեան եւ այսօրին դո՛ւք վկայեցէք: Մեղքերու ծանրութեան, ոճիրներու բազմազանութեան, կեանքերու շիջումին դո՛ւք վկայ եղէք: Սատանայի անվերջ խաղերուն, սուտերուն, անվերջ յոխորտանքին եւ անպատկառութեան դուք վկա՛յ եղէք: Արդարութիւնը բեկանողներուն, այս վաղեմի հողերուն վրայ ապրուած զզուելիութեան դուք վկա՛յ եղէք:
«Ունայնութիւններո՜ւ ունայնութիւնը»,- յայտարարեց.- «Մեծ գործեր կատարեցի: Ինծի համար տուներ կառուցանեցի եւ այգիներ տնկեցի: Ինծի համար պարտէզներ ու մրգաստաններ շինեցի, եւ անոնց մէջ ամէն տեսակ պտղատու ծառ տնկեցի:
Ինծի համար ջուրի աւազաններ շինեցի, որպէսզի անոնցմով ծառաստանը ոռոգուի: Ստրուկներ եւ ստրկուհիներ գնեցի… Շատ արջառներու եւ ոչխարներու նախիրներ ունեցայ: Նաեւ ինծի համար դիզեցի արծաթ եւ ոսկի, ու թագաւորներու եւ գաւառներու սեփական գանձերը… Մեծ եղայ, ու գերազանցեցի ինձմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղող բոլորն ալ. իմաստութիւնս ալ իմ քովս կը մնար: Իմ աչքերս իրենց բոլոր փափաքներէն չզրկեցի, ու սիրտիս ո՛չ մէկ ուրախութիւն մերժեցի… Յետոյ ձեռքերուս կատարած բոլոր գործերուն նայեցայ, ու զանոնք կատարելու համար իմ կրած ամբողջ տաժանքիս, եւ ահա՛ ամէն ինչ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էր, եւ արեւին տակ ո՛չ մէկ օգուտ կար:»*։
10 տարուան ընթացքին ինչե՜ր-ինչե՜ր պատահեցան:
Մեր դիմաց դրին դատավարութեան մը գործընթացը: Դատարաններ մտանք-ելանք: Մեր վրան խնդացին, մեզ ծաղրեցին, «կա՛մ կը սիրես, կա՛մ կը լքես» ըսին:
Նախ ըսին՝ «ոճիրին մէջ կազմակերպութիւն մը չկայ», յետոյ՝ Գերագոյն Ատեանը ըսաւ.- «Կազմակերպութիւն կայ, սակայն սահմանափակուած է քանի մը ազգայնական երիտասարդներով»: Ապա՝ եկաւ օրը, ոճիրը գործած, վրան ծածկած, ասկէ օգտուիլ փորձած պետութեան մէջի խմբաւորումները իրար ինկան… Մի քանի ազգայնական երիտասարդէ բաղկացած կազմակերպութիւնը գնաց, տեղը ՖԷԹՕն եկաւ: Ատեն մը ձեւացուցին, թէ Էրկենեքօնն է, սակայն մեր դատին միայն քովէն անցան: Պետութիւնը ամէն անգամ դէպքի վայրը իր պոչը կը ձգէ, եւ «ահա՛ սատանան» կ՚ըսէ: Ո՛չ սուտ է, ո՛չ իրաւ: Սատանային ետեւէն երթալու փոխարէն, սատանային շապիկին հետ խաղալէն ե՞րբ պիտի յոգնինք:
10 տարի առաջ մեր հարցուցած հարցումը դարձեալ կը հարցնենք.
— Թիրախ ցոյց տուողները, սպառնացողները, «Հրա՛նդ, մեր զայրոյթի թիրախն ես» ըսողները, Բանակի Հրամանատարութենէն զեկոյց հրատարակողները, ե՞րբ պիտի ներկայանան արդարութեան առջեւ:
Դէպքի վայրի արձանագրութիւնները դարձեալ կը սփռուին ամէն կողմ: Կ՚ըսուի, թէ 10 տարի առաջ, այս ժամերուն, այստեղ քաղաքացիներէն աւելի ռազմական ոստիկանութիւնը ներկայ էր: Սպասենք, տեսնենք, քանի տարի տեւած այս հարցաքննութիւնը ե՞րբ պիտի հասնի իր աւարտին:
Նախապէս ըսած ենք, դարձեալ պիտի ըսենք: Այս ոճրագործը յայտնի է: Այս ոճիրին իրագործողը, ըստ երեւոյթին, իր բոլոր աստիճաններով, պետութիւնն է:
Ժողովուրդին խիղճը այս իրականութիւնը հասկնալու համար տասը տարուան մէջ ի յայտ եկած խայտառակութենէն զար ուրիշ ոչ մէկ բանի կարիք ունի:
Իսկ եթէ պետութիւնը չէ, ապա պետութիւնը յանցաւոր է իր մէջի այդ խաղաքարերը արտամղելով:
Սուրբ չէ պետութիւնը, մա՛րդն է սուրբը: Կեա՛նքն է սուրբը:
Տասը տարիէ ի վեր պետութիւնը այս երկրի սրբութիւնները կը վիրաւորէ: Ճիշդ ինչպէս որ հարիւր տարի առաջ, հարիւր տարիէ ի վեր, կը վիրաւորէ… Ո՛ր ազգէն ալ որ ըլլայ, ո՛ր ցեղէն ալ, ո՛ր կրօնքէն ըլլայ, այնքան ատեն որ չես սրբացներ կեանքը՝ այս հողերուն վրայ արժանի կեանք կարելի չէ ունենալ, սիրելիներս:
Այսօր ձեր հետ տասը տարի առաջ սպաննուած ամուսինիս ցաւը կիսել, իր դատին մասին խօսիլ, հաւատացէ՛ք շատ կը ցաւցնէ: Սակայն երկրին ժողովրդավարացման համար, ժողովուրդին համար, այս դատը եւս կարեւոր դատերէն մէկն է: Ամուսինս, դատարաններէն աւելի, ժողովուրդին խիղճը կը կարեւորէր: Բոլոր այս մեր ապրածներուն ընդմէջէն, մեզի յանուն ապագայի միայն յուսադրիչ է ոճիրին դատապարտուիլը ժողովուրդի խղճին մէջ:
Այս դատը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման բանալիներէն մէկն է: Եթէ անպայման բանի մը համար պիտի շահագործէք, ապա այս նպատակին համար շահագործեցէք ծայրէ ի ծայր:
Այս դատը նաեւ դատն է մեր բարեկամներուն, իրականութիւնը փնտռելու ժամանակ իրենք զիրենք բանտին մէջ գտած, խաղաղութեան եւ ազատութեան համար պայքարելու ընթացքին՝ իրենց ազատութիւնը առնուած, ձերբակալուած լրագրողներուն եւ երեսփոխաններուն դատն է: Աստուծմէ խնդրանքս է, որ պահ առաջ, ողջ առողջ միանան իրենց սիրելիներուն։
Այսօր, այս խաւար ժամանակահատուածին, «գոնէ մերինները իշխանութեան վրայ են» ըսելով սփոփանք փնտռողնե՛ր չկարծէ՛ք, թէ իշխանութեան վրայ եղողները ձեզմէ են: Ձեր բարի նպատակներով, երկիրը կառավարելու համար ուղարկուած մարդիկը, ժողովուրդի զաւակ էին, սակայն «Պետական Այրեր» դարձան: Շատոնց մոռցան իրենց խոստումները: Այժմ կ՚ուզեն իրենց ոճիրներուն ձեզ ալ մեղսակից դարձնել: Դուք արժանի չէք այսպիսիին: Բոլորս մէկ, շատ աւելիին արժանի ենք: Եւ կը յուսամ, որ շատ աւելի լաւը պիտի յաջողինք:
Սէրը ուրիշին համար բան մը ընել է: Սիրոյ ուղիին վրայ քալելու ժամանակ ցաւ պիտի զգաք անշուշտ: Սէրը ամէնէն զօրեղ հոգեւոր պայքարն է: Սէրը չարիքին բարիքով կը պատասխանէ: Առանց սիրոյ հաւատք չկայ:
Զարդարուեցէ՛ք սիրով:
Եթէ մէկը ըսէ՝ «Ես կը սիրեմ Աստուած», եւ ատէ եղբայրը, ստախօս է. որովհետեւ ա՛ն որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել Աստուած՝ որ չի տեսներ:
Սիրելի բարեկամներ:
Ճիշդ տասը տարի է, որ ձեզի հետ միասին այստեղ ենք: Ցաւին մէջ ազգական դարձանք ըսած էինք: Մեր պատմութիւնները պատմեցինք, լսեցինք: Այդքան մըն ալ ցաւով լեցուն, վիշտով ու արցունքով լեցուն նոր պատմութիւններ գոյացան, շատցան, հազարներով, տասնեակ հազարներով…
Պարզապէս միասին ապրիլը չէ, հաւասար եւ ուրախ ապրիլն է կարեւորը: Եւ արժանապատիւ, ազատ ապրիլը…
Եկէ՛ք, այս երկրի աղաւնիի դողդոջը վերցնենք:
Եկէ՛ք չվիրաւորենք աղաւնիները: Ինչպէս որ իմ ջութակս կ՚ըսէ՝
Եկէ՛ք նախ իրար հասկնանք…
Եկէ՛ք նախ իրարու ցաւերը յարգենք…
Եկէ՛ք նախ իրար ապրեցնենք: