Ձախէն աջ՝ Գէորգ Տէրղազարեան, Մարիալենա Արապաճեան, Անեսթիս Գաբրալոս, Վանեսա Մուրատեան, Էլենա Թերմեճեան, Կիրակոս Մկրտիչեան, Արմենուհի Գազարեան, Կարի Եորղանճեան, Իլիանա Յովհաննէսեան, Մարինա Միսոյեանի, Սարգիս Պուրուշեան, Մելինէ Մալթոզեան, Յովհաննէս Սրապեան, Էվա Մինասեան, Ակնեսա Եփրեմեան։

Տ­նօ­րէ­նու­հի ­Հայ­կան ­Մի­նա­սեա­նի խօս­քը
2023-24 տա­րեշր­ջա­նի փակ­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին (14-6-2024)

Ար­դիւ­նա­շատ, պտղա­բեր տա­րեշր­ջան մը բո­լո­րե­ցինք եւ թէ ինչ­պէս վեր­ջա­ցաւ, դեռ չենք հասկ­ցած. երբ կ­՛աշ­խա­տիս, ժա­մա­նա­կը շուտ կ­՛անց­նի..։
­Տա­րեշր­ջան մը, ո­րուն ըն­թաց­քին մեր դպրո­ցին մէջ ըն­դու­նե­ցինք հիւ­րեր, կազ­մա­կեր­պե­ցինք ե­լոյթ­ներ, հե­տաքրք­րա­շարժ այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցինք, մաս­նակ­ցե­ցանք դպրո­ցէն դուրս կա­տա­րո­ւած տար­բեր ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու։ Ինչ­պէս նաեւ, հա­ւա­տա­րիմ մեր ընտ­րած ուղ­ղիին՝ ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք հե­տաքրք­րա­կան, ա­շա­կեր­տա­կեդ­րոն նո­րա­րար եւ գործ­նա­կան ծրա­գիր­ներ. եւ հոս կ­՛ու­զեմ շնոր­հա­կա­լու­թիւնս յայտ­նել բո­լոր ու­սուց­չա­կան կազ­մին, որ այս ուղ­ղու­թեամբ ե­զա­կի աշ­խա­տանք տա­րաւ։
Այս տա­րի ալ, ինչ­պէս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, գոր­ծակ­ցե­ցանք ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման բա­ժան­մուն­քին հետ եւ ըն­դա­ռա­ջե­լով ա­նոր հրա­ւէ­րին, ման­կա­պար­տէ­զին ու նա­խակր­թա­րա­նին հայ ու­սու­ցիչ­ներս մաս­նակ­ցե­ցանք հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու հա­մար ստեղ­ծա­րար ծրա­գիր-աշ­խա­տա­նո­ցի մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Լիոն 14-20 Ապ­րիլ։ Ու այս ուղ­ղու­թեամբ, ու­սուց­չու­հի­ներ Ա­նի Ա­բի­կեան, Ա­նուշ ­Ֆեն­դեան եւ ­Հայ­կա­նուշ ­Մի­նա­սեան, յանձն ա­ռած ենք յա­ջոր­դող ա­միս­նե­րուն մնա­ցեալ մաս­նակ­ցող­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցա­բար, մշա­կել ստեղ­ծա­րար, նո­րա­րար եւ գործ­նա­կան ծրա­գիր­ներ։
Ն­շենք թէ սոյն աշ­խա­տա­նո­ցը շա­րու­նա­կու­թիւնն էր նա­խորդ տա­րեշր­ջան­նե­րուն ըն­թաց­քին՝ 2022, ­Մա­յիս 22-29, մեր դպրո­ցին մէջ կա­յա­ցած, ինչ­պէս նաեւ ­Փա­րի­զի ­Մես­րո­պեան-Ա­րա­պեան դպրո­ցին մէջ՝ 10-15 ­Փետ­րո­ւար 2023, Եւ­րո­պա­յի հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­ւաք-աշ­խա­տա­նոց­նե­րուն։
Շ­նոր­հա­կալ ենք ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման բա­ժան­մուն­քին մեր հան­դէպ ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թեան հա­մար։

Դպ­րո­ցա­կան կեանք
Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ապ­րու­մի՝ խա­ղի, ըն­տե­լա­նա­լու, մտա­ծու­մի, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան, լե­զու.
­Կա­րե­ւոր է ե­րե­խա­յին ման­կա­պար­տէ­զէն նա­խակր­թա­րան փո­խան­ցու­մը դիւ­րա­հոս ըլ­լայ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նին մէջ «ա­րեւ, լու­սին, ժա­պա­ւէն» գոր­ծադ­րո­ւած ծրա­գի­րը, հեզ ու յա­ջող շա­րու­նա­կու­թիւնն է ­Ման­կա­պար­տէ­զին մէջ կի­րար­կո­ւած «­Բա­րեւ ա­րեւ» ծրագրին (այդ փաս­տած է վեր­ջին տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը)։
­Զար­դիս մա­տե­նա­շար. ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան ­Հիմ­նար­կի Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման ­Բա­ժան­մուն­քին հետ մեր գոր­ծակ­ցու­թեան որ­պէս ար­դիւնք, նա­խորդ տա­րեշր­ջա­նէն «­Զար­դիս ­Մա­տե­նա­շար»էն ստա­ցած ենք հե­տաքրքրա­կան ման­կա­վար­ժա­կան ո­ճով գրա­կա­նու­թեան գիր­քեր, ո­րոնք կը զար­գաց­նեն ա­շա­կերտ­նե­րուն ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը, ա­նոնց զգա­ցա­կան աշ­խար­հը։ Ա­շա­կերտ­նե­րը հա­յե­րէ­նով կ­՛ապ­րին, կ­՛ե­րե­ւա­կա­յեն, կը ստեղ­ծա­գոր­ծեն եւ կը հարս­տաց­նեն ի­րենց բա­ռա­պա­շա­րը։ 3րդ ­դա­սա­րա­նէն մին­չեւ 6-րդ ­դա­սա­րան, իւ­րա­քան­չիւ­րը մշա­կած է իր յա­տուկ ծրա­գի­րը եւ ա­շա­կերտ­նե­րը կը գոր­ծա­ծեն այդ գիր­քե­րը։ Ծ­րա­գի­րին վեր­ջա­ւո­րու­թեան, գրա­կա­նու­թեան գիր­քե­րը ա­շա­կերտ­նե­րուն նո­ւէր կը տրո­ւին։

­Հո­գե­բա­նա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն. ­Մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տենք ի­րենց բե­րած սի­րա­յօ­ժար ու ան­շա­հախն­դիր ներդ­րու­մին ու շնոր­հա­կալ ենք տի­կին­ներ՝ Ար­թե­միս ­Քիւր­տօղ­լա­նեա­նին. ան մեր դպրո­ցին մէջ կա­տա­րեց հո­գե­բա­նու­թեան մաս­նա­գի­տու­թեան իր փոր­ձա­վար­ժու­թիւ­նը։
­Տա­րեշր­ջա­նին ըն­թաց­քին շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ, մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ ու քա­ջա­լե­րեց յար­մա­րակ­ցու­թեան եւ ըն­կե­րա­կա­նաց­ման հար­ցեր ու­նե­ցող ե­րե­խա­նե­րու ու ա­նոնց ծնող­նե­րուն։
Ա­նի ­Տէօք­մէ­ճեա­նին՝ իր խորհր­դա­տո­ւա­կան ա­ջակ­ցու­թեան երբ որ պէտք ե­ղաւ ու­սուց­չա­կան կազ­միս ու ծնող­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ա­շա­կերտ­նե­րու հետ իր գործ­նա­բու­ժա­կան մաս­նա­գի­տու­թեան զօ­րակ­ցու­թեան։

­Ճատ­րակ. ­Վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին, Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ա­մէն Ուր­բաթ կէ­սօ­րէն ետք, ճատ­րա­կի դա­սեր կը տրո­ւին «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի 2րդ ­յար­կին մէջ։ Այս տա­րի, ան­նա­խա­դէպ յա­ջո­ղու­թիւն էր «­Զա­ւա­րեան» ճատ­րա­կի խում­բին թի­ւի բարձ­րա­ցու­մը 25-ի։ ­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ու­շի ու­շով ճատ­րա­կի դա­սե­րուն հե­տե­ւե­ցան եւ տա­րե­փա­կին՝ Ուր­բաթ 7 ­Յու­նիս, ու­նե­ցան ի­րենց ներ­քին խա­ղե­րը։ ­Շար­քով կը դո­ւենք ա­խո­յեան­նե­րը. ա­ռա­ջին՝ ­Սե­ւակ ­Մի­նա­սեան (4-րդ ­դաս.), երկ­րորդ՝ ­Սե­րոբ ­Սե­րո­բեան (2-րդ ­դաս.), եր­րորդ՝ ­Ռա­ֆա­յէլ Մ­խի­թա­րեան եւ ­Նա­րեկ Ար­թե­նեան (3-րդ ­դաս.)։ ­Մեծ շնոր­հա­կա­լու­թիւն մեր սի­րե­լի Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան, ինչ­պէս նաեւ մար­զի­չին պր. Եա­նիս ­Բա­բա­դի­միթ­րիո­ւին։

­Լող. Այս տա­րին ալ, ­Զա­ւա­րեա­նի 3-րդ­ եւ 4-րդ ­դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը բ.­ ե­ռամ­սեա­յին ըն­թաց­քին շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ եւ եր­կու դա­սա­պա­հի հա­մար մեր դպրո­ցին մօ­տա­կայ լո­ղա­ւա­զան­նե­րէն մէ­կուն մէջ ի­րենց լո­ղի պա­հե­րը վա­յե­լե­ցին։ ­Վեր­ջին դա­սա­պա­հին, ա­շա­կերտ­նե­րը ա­նակն­կալ մը ը­րին լո­ղա­ւա­զա­նի պա­տաս­խա­նա­տու ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ի­րենց մար­զան­քի ու­սուց­չու­հիին եւ ինք­նա­փուխ պա­րե­ցին ի­րե՛նց ստեղ­ծած պա­րագ­րու­թեամբ «­Մենք ենք մեր սա­րե­րը»։

Ա­զատ Օր. 6-րդ­ եւ 5-րդ ­դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թին խմբագ­րա­տու­նը։ Ա­նոնք մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցան թեր­թի մը տպագ­րու­մին եւ հրա­տա­րակ­ման փու­լե­րուն։ Ու­շադ­րու­թեամբ լսե­ցին ու լու­սա­բա­նա­կան հար­ցում­ներ ու­ղե­ցին խմբագ­րա­կան կազ­մին եւ պաշ­տօ­նէու­թեան՝ ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նի, ­Մայք ­Չի­լին­կի­րեա­նի ու տի­կին Ա­լիս ­Յա­րու­թիւ­նեա­նին, եւ գո­հա­ցում ստա­ցան ի­րենց տո­ւած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րէն։ Իսկ «­Նոր Օ­րէն – Ա­զատ Օր» 100-ա­մեա­կի ե­լոյ­թին ա­ռի­թով, նա­խակր­թա­րա­նի բո­լոր դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը անխտիր, մաս­նակ­ցե­ցան խմբա­յին ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ ան­հա­տա­կան շնոր­հագ­րե­րով։

­Դես­պա­նու­թիւն. Ըն­դա­ռա­ջե­ցինք ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նին՝ պա­րոն ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նին հրա­ւէ­րին եւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րը մերթ ընդ մերթ՝ ա., բ.­ եւ գ. ­դա­սա­րան­ներ եւ ա­պա դ., ե. եւ զ. ­դա­սա­րան­նե­րը դես­պա­նա­տուն այ­ցե­լե­ցին եւ հան­դէս ե­կան եր­գե­րով, պա­րե­րով եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։ ­Սի­րե­լի պա­րոն դես­պա­նը բո­լո­րին տո­ւաւ իր բա­րե­մաղ­թանք­ներն ու ա­պա ա­շա­կերտ­նե­րը դես­պա­նու­թեան ազ­նիւ անձ­նա­կազ­մին կող­մէն հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան։
­
Ներ­քին դպ­րո­ցա­կան ե­լոյթ­ներ
1.- Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին զօ­րակ­ցու­թիւն.
­Ման­կա­պար­տէ­զէն մին­չեւ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ին ա­ջակ­ցե­ցան ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան հա­մասփիւռ­քեան ծրա­գի­րին եւ զօ­րակ­ցու­թեան գծագ­րու­թիւն­ներ եւ նա­մակ­ներ ղրկե­ցին Ար­ցա­խի ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն։
2.- ­Սուրբ ­Յա­կոբ. Շր­ջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ տէր ­Պա­րետ քհնյ. ­Խա­չե­րեան կրօ­նա­կան տօ­նե­րուն նա­խօ­րեա­կին այ­ցե­լեց մեր դպրո­ցը եւ 5րդ­ ու 6րդ ­դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ զրու­ցեց։ ­Սուրբ ­Յա­կո­բի տօ­նին նա­խօ­րեա­կին, 3-րդ­ եւ 4-րդ ­դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը ե­կե­ղե­ցի այ­ցե­լե­ցին եւ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը ի­րենց խօ­սե­ցաւ ե­կե­ղե­ցո­ւոյ պատ­մու­թեան մա­սին եւ գո­հա­ցում տո­ւաւ ա­նոնց գե­տաքրք­րու­թեան։
3.- ­Խաղ եւ դաս. ­Խա­ղը կա­րե­ւոր է դա­սի ըն­թաց­քին։ ­Դա­սա­րան­նե­րը ի­րենց դա­սա­պա­հե­րուն ըն­թաց­քին, բա­ցի ի­րենց դա­սա­րա­նէն, օգ­տա­գոր­ծե­ցին նաեւ շրջա­փա­կը, ինչ­պէս նաեւ մար­զա­դաշ­տը զա­նա­զան դաս­տիա­րակ­չա­կան խա­ղե­րու հա­մար։
4.- ΤΡΕΧΩ ΓΙΑ ΤΟ ΕΥΖΗΝ. ­մեր մար­զան­քի ու­սուց­չու­հիին տի­կին Էղ­լի ­Քա­լիո­րա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, աշ­նան, դպրո­ցին մար­զա­դաշ­տին մէջ իւ­րա­յա­տուկ եւ ե­զա­կի իր յղաց­ման մէջ, սննդա­կա­նո­նի վե­րա­բե­րեալ դրօ­շար­շաւ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ։ ­Մաս­նակ­ցե­ցաւ բո­լոր ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը։ Ան­շուշտ կրնաք հասկ­նալ որ­քան մեծ ե­ղաւ ա­նոնց ե՛ւ մեր խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։
5.- ­Տօ­ներ. ­Հո­գե­ւոր, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան տօ­նե­րուն առ­թիւ, բո­լոր դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան ի­րենց նա­խա­ձեռ­նած աշ­խա­տանք­նե­րով եւ ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։

6-րդ ­դա­սա­րա­նին պտոյտ­նե­րը
Այս տա­րի, մեր ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նը 3 ան­գամ՝ 2-ա­կան դա­սա­պահ տրա­մադ­րե­լով, շրջե­ցաւ դպրո­ցին շրջա­նը ու ճանչ­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ թա­ղե­րը եւ տե­ղե­կա­ցաւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քին հա­րուստ պատ­մու­թեան մին­չեւ այ­սօր։

Ըն­դա­ռա­ջե­ցինք եւ մաս­նակ­ցե­ցանք
— ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կում. ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տխուր տա­րե­լի­ցին առ­թիւ ­Կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կին որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­թէն­քի Ե­րաժշ­տաս­րա­հին մէջ (ΩΔΕΙΟ ΑΘΗΝΩΝ), ­Կի­րա­կի, 21 Ապ­րիլ 2024-ին, մեր նա­խակր­թա­րա­նի բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան 4 հայ­կա­կան եւ 1 յու­նա­կան եր­գե­րով։ Օ­տար հան­րու­թեան ցոյց տո­ւինք թէ կանք եւ վե­րապ­րող սե­րունդ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն պայ­քա­րիլ հայ ժո­ղո­վուր­դին ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար։ ­Կը գնա­հա­տենք բո­լոր ծնող­նե­րուն օգ­նու­թիւ­նը։ Շ­նոր­հա­կալ ենք։
— ­Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վար­չու­թեան դի­մու­մին եւ քա­ջա­լե­րե­ցինք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցին վո­լէյ պո­լին հետ ծա­նօ­թաց­ման 2024 ­Յու­նիս ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին յետ­մի­ջօ­րէի ա­մե­նօ­րեայ մար­զա­խա­ղե­րուն։
— Ա­թէն­քի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վար­չու­թեան դի­մու­մին եւ քա­ջա­լե­րե­ցինք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցին ­Յու­նի­սի ա­ռա­ջին շա­բա­թա­վեր­ջին կո­ղո­վագն­դա­կի մի­նի-մրցա­խա­ղե­րուն։

Այ­ցե­լու­թիւն­ներ
1.- Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի ալ իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­րան ամ­սա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ, դա­սա­րա­նին մէջ նա­խա­պէս ծրագ­րո­ւած եւ մշա­կո­ւած, դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ տո­ւաւ զա­նա­զան վայ­րեր՝ ­Յու­նաս­տա­նի հին եւ նոր խորհր­դա­րա­նի շէն­քե­րը, STEM/ռո­պո­թի­քի (յա­տուկ ծրա­գիր­ներ), ­Հին շու­կայ, գրա­դա­րան­ներ, զա­նա­զան թան­գա­րան­ներ՝ Ա­թէն­քի Ազ­գա­յին հնա­բա­նա­կան, Աք­րո­բո­լի­սի հնա­բա­նա­կան թան­գա­րան, հե­ռա­խօ­սու­թեան, ռազ­մա­կան, նա­ւա­յին, ե­ւայլն, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս կա­պո­ւած են ի­րենց դա­սա­նիւ­թե­րուն հետ՝ Հմ­տու­թեան աշ­խա­տա­նոց (Εργαστήριο Δεξιοτήτων), ­Պատ­մու­թիւն, Գ­րա­կա­նու­թիւն, Մթ­նո­լորտ եւ բնա­պահ­պա­նում, լե­զու/ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւն….։
2.- ­Հա­յե­րէ­նը կեն­դա­նի լե­զու տ­նօ­րէ­նու­թիւնս եւ հայ ու­սուց­չա­կան կազմս կը հա­ւա­տայ թէ հա­յե­ցի կրթու­թեան գլխա­ւոր ազ­դակն է հա­յե­րէ­նը դառ­նայ մեր ե­րե­խա­նե­րուն ա­ռօ­րեան ար­տա­յայ­տող լե­զուն. այս ուղ­ղու­թեամբ հա­րա­տեւ եւ ծրագրուած աշ­խա­տան­քը կա­րե­ւոր է։
ԻԱ. դա­րուն մէջն ենք, դժբախ­տա­բար բո­լորս նկա­տած ենք թէ գրա­ւոր ու բա­նա­ւոր լե­զուն նա­հան­ջի մէջ են։ ­Սա­կայն չենք վհա­տիր։ Այս ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծակ­ցե­լով ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան ­հիմ­նար­կին հետ, մեր դպրո­ցին բո­լոր դա­սա­րան­նե­րը տա­րին եր­կու ան­գամ (որ­քան օ­րէն­քը կը թոյ­լատ­րէ նոյն տա­րո­ւան ըն­թաց­քին նոյն վայ­րը այ­ցե­լել, ան­կապ մե­ծա­րո­ւած ծրագ­րին) կ­՛այ­ցե­լեն ΚΗΠΟ ΤΗΣ ΚΑΛΜΗΣ – ΜΙΚΡΟ ΒΟΥΝΟ վայ­րը։ ­Միակ վայրն է ուր բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը կը կա­տա­րո­ւին հա­յե­րէ­նով, ա­շա­կերտ­նե­րուն կեն­դա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ ­Հոն իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­րան կը հե­տե­ւի ի­րեն յար­մար ծրա­գի­րի մը, յա­տուկ նիւ­թով որ կապ ու­նի բնու­թեան հետ, ե­րե­խա­յին ա­ռօ­րեա­յին հետ՝ սեր­մա­նում, ծաղ­կում, քա­ղում, գաղ­թող թռչուն­ներ, թռչուն­նե­րու բոյ­նե­րու շի­նու­թիւն, թռու­ցիկ պատ­րաս­տել ու թռցնել, ըն­տա­նի կեն­դա­նի­ներ կե­րակ­րել, ե­ւայլն։ ­Քիչ մը հե­ռու է վայ­րը, սա­կայն ա­շա­կերտ­նե­րուն գո­հու­նա­կու­թիւ­նը տես­նե­լով, ինչ­պէս նաեւ ծնող­նե­րուն գո­հու­նա­կու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նե­րը լսե­լով, մենք ալ ա­ւե­լի կը քա­ջա­լե­րո­ւինք։
3.- ­Մօ­տիկ բե­րել եւ ծա­նօ­թաց­նել ի­րա­րու Հ.Կ.Խ­.ի դպրոց­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը ­Հա­ւա­տա­րիմ նպա­տա­կին՝ մօ­տիկ բե­րել եւ ծա­նօ­թաց­նել ի­րա­րու Հ.Կ.Խ­.ի եր­կու նա­խակր­թա­րան­նե­րուն եւ միջ­նա­կար­գին ա­շա­կերտ­նե­րը, ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րին ալ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նը այ­ցե­լեց Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան նա­խակր­թա­րա­նը, ուր մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ այդ դրպո­ցին իր դա­սըն­կեր­նե­րուն հետ, ինչ­պէս նաեւ ծա­նօ­թա­ցաւ «­Ճե­նա­զեան» միջ­նա­կար­գին մի­ջա­վայ­րին, դա­սա­րան­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն։

­Մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին
1.- Ա­մա­նո­րի եւ ­Սուրբ Ծնն­դեան տօ­նե­րուն առ­թիւ, Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը կար­կան­դակ­նե­րով եւ նո­ւէր­նե­րով այ­ցե­լե­ցին մեր դպրո­ցը, ու ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն փո­խան­ցե­ցին ի­րենց բա­րե­մաղ­թան­քե­րը։
2.- Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուր­դին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բին, մեր դպրո­ցը այ­ցե­լեց պատ­մա­բան տի­կին ­Գո­հար ­Գան­տա­հա­րեան։ Ան Հ.Կ.­խա­չի եր­կու նա­խակր­թա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ, մեր դպրո­ցին 6-րդ ­դա­սա­րա­նին եր­կու դա­սա­պա­հի ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուց ­հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սա­նիւ­թէն ­Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը։
3.- Ս­փիւռ­քի հայ­կա­կան երկ­րոր­դական վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­ներ, ինչ­պէս նաեւ հայ հրա­տա­րակ­չա­տան տու­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։
­Նաեւ մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին եւ հե­տաքրքրա­կան զրոյց­ներ ու­նե­ցանք ի­րենց հետ՝
— ­Հա­յաս­տա­նէն պատ­մա­բան­ներ պա­րոն­ներ ­Խա­չա­տուր Ս­տե­փա­նեան եւ Էտ­կար ­Յով­հան­նէ­սեան
— Εταιρία Φιλων Αρχαιολογικού Μουσείου Αθηνών
— Σύνδεσμος Συριανών Αθηνών-Πειραιώς
— Σύλλογος Ειρήνης Νικαιας
— ΕΚΠΑ / Καποδιστριακό հա­մալսա­րա­նէն խումբ մը ու­սա­նող­ներ ի­րենց դա­սա­խօս­նե­րուն հետ — «­Մո­նու­մեն­թա» ծրա­գի­րին ծի­րէն ներս, ճար­տա­րա­պետ տի­կին ­Մա­թի­նա ­Մա­լի­քու­թի
­Մեր վար­ժա­րա­նի այս տա­րո­ւան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն ցու­ցա­կը բա­ւա­կան եր­կար է. կրնաք յա­ւե­լեալ տե­ղե­կա­նալ այ­ցե­լե­լով մեր վար­ժա­րա­նին կայ­քէ­ջը՝ https://dim-kyan-stavr-nikaias.att.sch.gr/

­Մեր շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քը կ­՛ուղ­ղենք՝
— ­Թե­միս ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նին, շրջա­նիս Ս.­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ հայր ­Պա­րէտ ­Խա­չէ­րեա­նին ու ­Թա­ղա­յին եւ ­Տիկ­նաց ­մար­մին­նե­րուն։
— Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մօտ յար­գե­լի դես­պա­նին, պա­րոն ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նին, ինչ­պէս նաեւ դես­պա­նու­թեան անձ­նա­կազ­մին։
— ­Վար­ժա­րա­նին բա­րօ­րու­թեան հո­գա­տար՝ Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան, Տն­տե­սա­կան եւ ­Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն։
— ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ քոյր մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն վար­չու­թիւն­նե­րուն։
— ­Բի­րէա­յի ­Տար­րա­կան Կր­թու­թեան Գ­րա­սե­նեա­կին տ­Նօ­րէ­նու­հի տի­կին ­Մէյ­տա­սիին եւ պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն։
— Շր­ջա­նիս ­Դաս­տիա­րակ­չա­կան Աշ­խա­տանք­նե­րու ­խորհ­դա­տու պր. Ա­խի­լէաս ­Մի­թի­լի­սին։
— ­Նի­քէա­յի Ու­սու­ցիչ­նե­րուն միու­թեան։
— ­Նի­քէա-­Ռեն­տի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան։

­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լան խօսք՝
— ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան ­հիմ­նար­կի հայ­կա­կան բաժ­նին տնօ­րէ­նու­թեան եւ վա­րիչ պա­տաս­խա­նա­տո­ւին, ի­րենց կրթա­կան, բա­րո­յա­կան, նիւ­թա­կան զօ­րակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ցոյց տո­ւած վստա­հու­թեան հա­մար։
— Ա­մե­րի­կա­յի ­Յու­նա­հա­յե­րուն ­միու­թեան՝ բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան շա­րու­նակ ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար.
— ­Վար­ժա­րա­նիս Ծ­նո­ղա­կան ­միու­թեան ­Վար­չու­թեան սի­րե­լի ծնող­նե­րուն՝ ­Դա­նիկ ­Քէօ­սէ­յեան-Եոր­ղան­ճեան, ­Մա­րալ Ա­սատրեան-­Զօ­լա­մեան, Ա­լիս ­Տէ­րար­թի­նեան, Ազ­նիւ ­Մով­սէ­սեան, ­Մա­րի Ա­ճէ­մեան, Հ­ռիփ­սի­մէ ­Կա­րա­պե­տեան. ­տա­րեշր­ջա­նին ըն­թաց­քին ճիգ չխնա­յեց դպրո­ցին զա­նա­զան կա­րիք­նե­րը հո­գալ։ Ծ­նո­ղա­կա­նը ա­մէն տա­րի կը կազ­մա­կեր­պէ գի­րե­րու ցու­ցա­վա­ճառք եւ գի­տա­կից հայ գիր­քին կա­րե­ւո­րու­թեան՝ հեր­թա­բար ցու­ցա­հան­դէ­սը կը հարս­տաց­նէ հե­տաքրք­րա­կան հայ­կա­կան ման­կա­պա­տա­նե­կան գիր­քե­րով, ո­րոնք իս­կա­պէս ծնող­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէն կը յափշ­տա­կո­ւին։ ­Նաեւ, կը հո­գայ մեր ա­ւար­տա­կան­նե­րուն յի­շա­տա­կի նո­ւէր­նե­րը։ ­Նաեւ կը շա­րու­նա­կէ ճատ­րա­կի դա­սե­րը շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝
— ­Սան պա­հող բա­րե­րար ­Տի­կին ­Պեր­ճու­հի Ուն­ճեա­նին։ Ա­մէն տա­րի 500 եւ­րո­յի կրթա­թօ­շա­կով կը պար­գե­ւատ­րէ հայ­կա­կան դա­սա­նիւ­թե­րուն մէջ բա­ցա­ռիկ ճիգ թա­փող եւ գե­րա­զանց ար­դիւնք­ներ ձեռք­բե­րող ա­շա­կերտ մը։
— Ա­րամ եւ Իոան­նա ­Գա­սար­ճեա­ներ եւ պա­րոն ­Հայկ Ա­ճէ­մեան նո­ւի­րա­տու­նե­րուն։ Եւ մեր բո­լոր բա­րե­կամ­նե­րուն, ո­րոնք թի­կունք կը կանգ­նին մեր սի­րե­լի «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նին ու կը հո­գան ա­նոր բազ­մա­տե­սակ կա­րիք­նե­րուն։
— Հ.Կ.­Խա­չի «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղին շատ սի­րե­լի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ո­րոնք մշտա­պէս բա­րո­յա­պէս եւ երբ կա­րի­քը զգա­ցո­ւի նիւ­թա­պէս, նե­ցուկ կը կան­գին մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն։
— «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի ու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեանց, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի խոր­հուր­դին:

Մր­ցա­նակ­ներ
Ա­մէն տա­րի Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. ­վար­չու­թիւ­նը ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին, հա­յե­րէն լե­զո­ւի մէջ գե­րա­զանց ար­դիւնք բե­րող ա­շա­կեր­տին կը պար­գե­ւատ­րէ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ա­մա­ռո­ւան բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցու­թեան մրցա­նա­կով։
­Մեր դպրո­ցի շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն պա­րոն հայկ Ա­ճէ­մեան, 100 եւ­րո­յի մրցա­նա­կով կը պար­գե­ւատ­րէ մեր վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն հա­յոց պատ­մու­թեան գե­րա­զանց ա­շա­կեր­տը։
Դ­ժո­ւար է զա­նա­զա­նել, մա­նա­ւանդ երբ դա­սա­րան մըն է ո­րուն 15 ա­շա­կերտ­ներն ալ հա­յե­րէ­նի դա­սա­նիւ­թե­րուն ըն­թաց­քին՝ լե­զու, ­հա­յոց ­պատ­մու­թիւն, աշ­խար­հագ­րու­թիւն եւ գրա­կա­նու­թիւն, բա­ցա­ռիկ հե­տաքրք­րու­թիւն եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին։ ­Չա­փա­զան­ցու­թիւն չէ երբ ը­սեմ թէ դա­սա­պա­հե­րը ի­րե՛նք վա­րե­ցին, ուր ան­շուշտ՝ ստեղ­ծա­գոր­ծե­ցին։ Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. ­վար­չու­թեան մրցա­նա­կին կ­՛ար­ժա­նա­նայ ­Վա­նե­սա ­Մու­րա­տեան, իսկ ­հա­յոց ­պատ­մու­թեան մրցա­նա­կին՝ ­Կի­րա­կոս Մկր­տի­չեան։

­Վարձ­քը կա­տար՝
­Մեր ­սի­րե­լի ա­շա­կերն­տե­րուն, ո­րոնք տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին բա­ցի ի­րենց ա­մե­նօ­րեայ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն, գուր­գու­րա­ցին ի­րենց վար­ժա­րա­նին վրայ:
­Ման­կա­պար­տէ­զի ու նա­խակր­թա­րա­նի բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնց հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ ան­կեղծ գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ, մեր վար­ժա­րա­նը կը զար­գա­նայ, կը բար­գա­ւա­ճի կիրթ մթնո­լոր­տի, ան­կեղծ, ջերմ ու հա­ղոր­դա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ։ ­Մաս­նա­ւո­րա­բար հայ ու­սուց­չա­կան կազ­մին, որ ա­մէն ջանք կը թա­փէ, որ­պէս­զի մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ապ­րու­մով ճանչ­նան մեր հե­քեաթ­նե­րը, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, մեր հա­րուստ մշա­կոյթն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը։ Այս­պէս՝ կը կազ­մեն հա՛­յօ­րէն ապ­րող, ստեղ­ծող ինք­նավս­տահ հայ ան­հատ­ներ։

­Մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն՝
Դպ­րո­ցի մա­տա­կա­րար, տի­կին ­Կա­րի­նէ ­Խա­չատ­րեա­նին, դպրո­ցա­կան ինք­նա­շարժ­նե­րու վա­րորդ­նե­րուն՝ ­Նո­րա ­Յա­կո­բեան եւ ­Նի­քօ ­Ծա­վա­րա, ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն՝ ­Լո­ւի­զա Ա­ւա­գեան եւ ­Սու­զան­նա ­Պօղոսեան։
­Ձե­զի, շատ սի­րե­լի ծնող­ներ, որ մե­զի կը վստա­հիք ձեր զա­ւակ­նե­րը, ձեր աչ­քի լոյ­սե­րը։ ­Դուք՝ ան­կեղծ գի­տա­կից հայ­կա­կան դպրո­ցին ա­ռա­քե­լու­թեան, հա­մես­տօ­րէն կը շա­րու­նա­կէք ա­նոր նե­ցուկ կանգ­նիլ։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն։
Վ­կա­յա­կան­նե­րու փաշխ­ման չան­ցած, սրտիս խօս­քը կ­՛ուղ­ղեմ մեր այս տա­րուան 15 շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։

­Սի­րե­լի ա­շա­կերտ­ներս,
Աշ­խա­տու­նակ, փնտռո­ւող, հե­տաքր­քիր ու աշ­խուժ՝ կայ­տառ ու խան­դա­վառ, դա­սա­րան մը ե­ղաք։ 15 ա­շա­կերտ­ներ, սա­կայն իւ­րա­քան­չիւրդ իր ձիր­քե­րով ու բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով։
­Պատ­րաստ ո­րե­ւէ մար­տահ­րա­ւէ­րի։
­Ձեր սէ­րը դպրո­ցին հան­դէպ ար­տա­յայ­տե­ցիք իւ­րա­յա­տուկ ա­ռա­ջարկ­նե­րով եւ ե­զա­կի աշ­խա­տանք­նե­րով, հե­տաքրքրուե­ցաք մեր ժո­ղո­վուր­դին պատ­մու­թեամբ եւ մա­նա­ւանդ մեր հա­մայն­քին պատ­մու­թեամբ։ ­Մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան մէջ ար­ժէք­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան գա­ղա­փա­րը մշա­կե­ցիք եւ ըն­կա­լե­ցիք ձեր մատ­ղաշ հո­գի­նե­րուն մէջ։ Իւ­րա­քան­չիւր պահ ձեր հե­տը, ին­ծի հա­մար յայտ­նու­թիւն մըն էր, իսկ բո­լո­րիս հա­մար՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան պահ մը։ Վս­տահ եմ թէ ուր որ ալ պի­տի շա­րու­նա­կէք ձեր ու­սու­մը, հոն ալ պի­տի ծաղ­կիք ու ա­ւե­լիով պի­տի զար­գաց­նէք ձեր տա­ղանդ­նե­րը։ Ապ­րի՛ք, հա­զա՛ր ապ­րիք ու բա­րի շա­րու­նա­կու­թիւն ու­նե­նաք…. եւ դուք ծնող­ներ, հե­րեր­նին տես­նէք։