«Մ­շա´կ, ցա­նէ՛.- յա­նուն նօ­թի թշո­ւա­ռին
­Թող գոգ­նո­ցէդ կէս չել­լէ ափդ բնաւ.
Աղ­քատ մ’այ­սօր ճրա­գին մէջ տա­ճա­րին
­Վա­ղո­ւան հունձ­քիդ հա­մար վեր­ջին ձէ­թը դրաւ։»

­Ցան՝ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան

Կր­թու­թիւնն ու կրթա­կան հա­մա­կար­գը հա­մա­մարդ­կա­յին, հա­մաշ­խար­հա­յին խնդիր է։ Ա­մէն ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, իր մշա­կոյ­թին հա­մա­ձայն ձե­ւա­ւո­րո­ւած կրթա­կան հա­մա­կար­գը ու­նի։ ­Նոր սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է ա­մէն երկ­րի պե­տու­թեան հա­մար։
Կր­թու­թիւ­նը նոյն­քան եւ ա­ւե­լի կեն­սա­կան եւ անհ­րա­ժեշտ է հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ ­Մեր դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը վկայ է, որ նոր սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը մեր գո­յու­թեան պահ­պան­ման գրա­ւա­կանն է ե­ղած։
­Յատ­կա­պէս մեր պատ­մու­թեան այն ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն, երբ գտնո­ւած ենք օ­տար աշ­խարհ­նե­րու եւ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու տակ։ ­Մեր գո­յու­թեան պահ­պան­ման գրա­ւա­կա­նը ե­ղած է, տա­րաբ­նակ պայ­ման­նե­րու մէջ, մեր նոր սե­րունդ­նե­րուն ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ ա­նոր տէր կանգ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։ Իբ­րեւ հայ ժո­ղո­վուրդ, մեր ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թիւ­նը կ­՚ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ։ Ո­րով­հե­տեւ, մեր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին շատ են օ­րի­նակ­նե­րը աշ­խար­հաս­փիւռ հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու, հա­մայնք­նե­րու ա­նէաց­ման, ո­րոնք ֆի­զի­քա­պէս գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լով հան­դերձ, կորսն­ցու­ցած են ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը, դադ­րած են իբ­րեւ հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն ըլ­լա­լէ եւ տա­րա­սե­ռե­լով ձու­լո­ւած՝ ի­րենց ապ­րած մի­ջա­վայ­րի մշա­կոյ­թին մէջ։ ­Մեր գո­յա­պայ­քա­րի գու­պա­րին մէջ, ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լը կի­սատ գործ կա­տա­րո­ւած կ­՚ըլ­լայ, ա­ռանց ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան։
­Նոր սե­րուն­դի ­Հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս հայ գաղ­թաշ­խար­հի պայ­ման­նե­րուն մէջ, միշտ ալ ան­սա­կար­կե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն ե­ղած է։ ­Հո­գե­ւոր թէ ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տու հան­գա­մանք­նե­րու բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը գո­յա­պայ­քա­րի հիմ­նա­կան ե­րաշ­խիք­նե­րէն մին հան­դի­սա­ցած է։
­Հայ­կա­կան իւ­րա­քան­չիւր հա­մայնք, իր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը պա­հե­լու հա­մար, դպրոց ու­նե­նա­լու եւ զայն պա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան դի­մաց կը գտնո­ւի։ Ո­րով­հե­տեւ, պատ­մու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը բազ­միցս ա­պա­ցու­ցած է, թէ այն պա­հէն, որ տո­ւեալ հա­մայն­քի մէջ կը դադ­րի հայ դպրո­ցը գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ, եւ նոր սե­րունդ­նե­րը կը սկսին ամ­բող­ջու­թեամբ օ­տար կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ դաս­տիա­րա­կո­ւիլ, այդ հա­մայն­քին հայ­կա­կան նկա­րա­գի­րը, պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը տա­կաւ առ տա­կաւ կորսնց­նե­լով իր կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը, կը սկսի գու­նա­տիլ եւ դառ­նալ՝ էր եր­բեմն հայ ե­ղած ըլ­լա­լու յուշ։
­Հե­տե­ւա­բար, հայ դպրո­ցի իւ­րա­քան­չիւր վե­րա­մուտ, տո­ւեալ հա­մայն­քին հա­մար գո­յա­տեւ­ման ե­րաշ­խա­ւո­րող ազ­դակ մըն է, թէ նոր սե­րունդ­նե­րուն մօտ հայ ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւն մշա­կե­լու եւ զար­գաց­նե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը առ­կայ է։
Կր­թա­կան վե­րա­մու­տը, սոսկ ա­շա­կերտ­նե­րու եւ ա­նոնց ծնո­ղաց, դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չաց, դպրո­ցին պա­տաս­խա­նա­տու եւ հո­վա­նա­ւոր ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու վե­րա­բե­րող ա­ռիթ մը չէ։ Ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն այդ­պէս կրնայ թո­ւիլ, բայց իս­կու­թեան մէջ տո­ւեալ հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թեան կամ հա­մայն­քին ամ­բող­ջու­թիւ­նը զբա­ղեց­նող ի­րա­կա­նու­թիւն է։ ­Հայ դպրո­ցը, իր ա­ռա­քե­լու­թեամբ ամ­բողջ հայ­կա­կան զան­գո­ւա­ծը շա­հագրգ­ռող ի­րա­կա­նու­թիւն է։
Ա­նոր հա­մար, երբ հայ դպրո­ցի կրթա­կան վե­րա­մու­տի զան­գը հնչէ, ոչ միայն ա­շա­կերտ­նե­րուն ու ա­նոնց ծնո­ղաց, այ­լեւ ամ­բողջ հա­մայն­քին հո­գի­նե­րուն մէջ կ­՚ար­ձա­գան­գէ։
­Հայ դպրո­ցին մէջ, մեր դաս­տիա­րակ­նե­րուն կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը, հայ մա­նու­կին մտքին ու հո­գիին մէջ ցա­նած ազ­գա­յին սեր­մերն, հա­մայն­քին հա­մար ա­պա­գա­յի հունձ­քի յոյսն է։ Այս հիմ­նա­կան խնդրին հա­մար է, որ դպրո­ցին բար­ւոք գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի թէ ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով կը հե­տաքրք­րէ եւ կը շա­հագռգ­րէ հա­մայն­քը ամ­բող­ջա­պէս, իր ժո­ղո­վուր­դով թէ կա­ռոյց­նե­րով։ ­Բո­լո­րին գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը ի վեր­ջոյ պէտք է որ նպաս­տեն դպրո­ցին ազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան շա­րու­նա­կու­թեան։
­Հայ դպրո­ցին ի նպաստ բե­րե­լիք մեր բո­լո­րին սա­տա­րը, հա­մա­հունչ է՝ նա­հա­տակ բա­նաս­տեղծ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի պատ­կե­րած յա­նուն նօ­թի թշուա­ռին՝ մշա­կին կա­տա­րած լիա­բուռն սերմ­նա­ցան­քին, որ վա­ղո­ւան հունձ­քին յոյ­սով տա­ճա­րին կան­թե­ղին մէջ իր ու­նե­ցած վեր­ջին ձէ­թը դրաւ։ Գ­րե­թէ մեր բո­լոր հա­մայնք­նե­րուն մէջ նօ­թի թշո­ւառ պայ­ման­նե­րը շա­տոնց յաղ­թա­հա­րո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ,այ­սօր սա­կայն, նիւ­թա­պէս բա­ւա­րա­րո­ւած վի­ճա­կին մէջ, հայ հո­գիի եւ գի­տակ­ցու­թեան նօ­թի թշո­ւառ պայ­ման­նե­րը հա­մայ­նա­տա­րած սկսած են ըլ­լալ ար­դէն։
­Հայ լե­զո­ւի, ի մաս­նա­ւո­րի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով հա­յա­խօ­սու­թեան, հա­յօ­րէն ապ­րե­լու եւ հա­մայն­քի կեան­քին մէջ գոր­ծօն ըլ­լա­լու սո­վը ծանր կը կշռէ հայ­կա­կան շատ մը հա­մայնք­նե­րէն ներս։ Ինչ­պէս որ սնուն­դի պա­կա­սը եւ սո­վը ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան սպառ­նա­լիք է, նոյն­պէս ալ հայ­կա­կան սնուն­դի պա­կա­սը ու սո­վը մեր հա­մայնք­նե­րու գո­յու­թեան սպառ­նա­լիք է։ Սկ­սած ենք ծանր զգալ հայ­կա­կան սո­վին հե­տե­ւան­քը։ ­Հեգ­նաքն այն է որ, իբ­րեւ հա­յեր, կուշտ ըլ­լա­լով հան­դերձ, սո­վա­մահ կրնանք ըլ­լալ։ Այս պա­րա­գա­նե­րը նկա­տի ա­ռած, իւ­րա­քան­չիւր հայ, ան­հա­տա­պէս թէ հա­ւա­քա­կա­նօ­րէն, հայ դպրո­ցի մշա­կէն կ­՚ակն­կա­լէ, որ վա­ղո­ւան հունձ­քին յոյ­սով, իր մտքէն, իր հո­գիէն հայ նոր սե­րուն­դի հո­գի­նե­րուն մէջ լիա­բուռն ազ­գա­յին սեր­մեր ցա­նէ, ո­րուն հա­մար ալ, ինք իր կար­գին, կը ջա­նայ իր նիւ­թա­կան թէ բա­րո­յա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը իբ­րեւ ձէթ հայ­թա­թել ազ­գին կան­թե­ղին մէջ։
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թին, եւ ա­պա կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­մայն­քին տա­րեգ­րու­թիւ­նը սա­կայն, առ այ­սօր տար­բեր ա­ւանդ ու­նի։ ­Յու­նա­հայ հա­մայն­քին գոր­ծած ու ան­ցած պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կտա­կը, հա­ւա­քա­կան ազ­գա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թեամբ նոր սե­րունդ­նե­րու ա­պա­գա­յի հունձ­քը ա­պա­հո­վելն է ե­ղած։
­Հայ դպրո­ցի վե­րա­մու­տի ա­ռա­ջին զան­գը, հայ ա­շա­կեր­տը դէ­պի դա­սա­րան ա­ռաջ­նոր­դե­լուն կող­քին, հա­մայն­քին բո­լոր ան­դամ­ներն ու կա­ռոյց­նե­րը նախ­նեաց կտա­կին հա­ւա­տար­մու­թեամբ գոր­ծե­լու եւ վա­ղո­ւան հունձ­քը ա­պա­հո­վե­լու հրա­ւէր է։
­Վա­ղո­ւան ա­կաղ­ձուն հունձ­քին ակն­դէտ՝
Բա­րի վե­րա­մուտ։

Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի թե­մին